Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

Աշխարհագրական իր դիրքով, Կիպրոս ռազմագիտական մեծ արժէք կը ներկայացնէ Արեւելեան միջերկրականի մէջ: Ան կրնայ հսկել Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ափերուն եւ այդ երկիրներէն ներս տեղի ունեցող զինուորական շարժումներուն. ան կը հսկէ Սուէզի ջրանցքին եւ Հնդկաստան տանող ճամբուն: Այս դիրքին պատճառով, Կիպրոս որ նաեւ Միջերկրականի երկրորդ ամենամեծ կղզին է, միշտ կռուախնձոր եղած է մեծ պետութիւններուն միջեւ:

Մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւնը, Կիպրոս կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ: 1878-ին, Անգլիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած գաղտնի համաձայնութեամբ, կղզին անցաւ անգլիացիներուն տիրապետութեան տակ:

Կիպրոսի ճակատագիրը որոշող այս համաձայնագիրը  ստորագրուեցաւ Պերլինի Վեհաժողովէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ, երբ այդ ժողովին պիտի արծարծուէր Հայկական Հարցը, որ սակայն դրական որեւէ լուծում պիտի չի ստանար: Գաղտնի այս դաշնագրով, Անգլիա կը խոստանար համոզել ռուերը որ իրենց գրաւած շրջանները՝ Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը յանձնեն թրքական իշխանութեան, պայմանաւ սակայն, որ փոխարէնը, Օսմանեան կայսրութիւնը Անգլիոյ յանձնէ Կիպրոս կղզին: Համաձայնութիւնը գործադրուեցաւ. Կիպրոս անցաւ Անգլիոյ ձեռքը, իսկ հայկական շրջանները ինկան Թուրքիոյ իշխանութեան տակ:

Այս կացութիւնը շարունեկուեցաւ մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի վերջերը:

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն վերջ, անգլիական մեծ կայսրութիւնը կը սկսի քայքայուիլ, եւ իշխանութեան տակ գտնուող երկիրները, մէկը միւսին ետեւէն, կը տիրանան իերնց անկախութեան: 1955-ին Կիպրոսի յոյները կը փորձեն ազատել Կիպրոսը անգլիական իշխանութենէն եւ զայն կցել Յունաստանին: Փորձը կը ձախողի քանի որ Անգլիան չէր ուզեր կորսնցնել դիրք ունեցող կղզին: Յունաստանի կցուելու գաղափարին հակառակ էին նաեւ Կիպրոսի թուրք բնակիչները եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

1960 թուականին Կիպրոս վերջապէս անկախացաւ: Անկախութենէ անմիջապէս ետք սկսան տարակարծութիւնները Կիպրոսի յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ: Յոյները կ՛առարկէին քանի որ թուրքերը փոքրամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, ստացեր էին յոյներուն հաւասար իրաւունքներ: Այս անհամաձայնութիւնը եւ փոխադարձ անզիջողութիւնները շարունակուեցաւ մինչեւ 1974:

1974 ամռանը, Յունաստանի կառավարութեան օժանդակութեամբ, տեղի ունեցաւ պետական հարուած մը նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի իշխանութեան դէմ: Առիթէն օգտուեցաւ Թուրքիան, որ զինեալ ուժերով միջամտեց եւ գրաւեց Կիպոսի Հիւսիսային մասը, այսինքն կղզիին ընդհանուր տարածութեան մօտաւորապէս 40%-ը: Իր զինական տկարութեան պատճառով, Կիպոսի ազգային պահակագունդը անկարող եղաւ կղզին պաշտպանելու թրքական ներխուժումին դէմ:

1974-ին կիպրական հողի վրայ թրքական բանակի ցամաքահանումով սկսաւ կոտորածի եւ բռնագրաւման նոր արշաւ մը: Թրքական բանակը վայրագօրէն յարձակեցաւ անզէն ժողովուրդին վրայ, սպաննելով եւ թալանելով: Թուրքերը չխնայեցին մանուկներուն, ծերերուն եւ կիներուն, սպաննեցին եւ թալանեցին հաւատարիմ մնալով թուրքի հրէշային դիմագիծին:

Հայերը եւս ենթարկուեցան կողոպուտի եւ հալածանքներու թուրքին կողմէ: Ան գրաւեց հայկական կալուածներ եւ յոյներուն հետ հայերն ալ գաղթական դարձուց Կիպրոսի մէջ: Հիւսիսային շրջաններէն տեղահան ըրաւ բոլոր ոչ-թուրք ժողովուրդները, զանոնք քշելով դէպի հարաւային շրջանները: Թուրք պետութեան կատարած այս ոճրային հալածանքին պատճառով, յոյն քաղաքացին, իր իսկ երկրին մէջ, դարձաւ գաղթական ու այսպէս, ենթարկուեցաւ հայու ճակատագրին:
best online casino sites
Իր կատարած բռնագրաւումը Թուրքիա արդարացուց, ըսելով թէ ինք գրաւած է Կիպրոս կղզին պաշտպանելու համար կիպրացի թուրքերուն իրաւունքները, որովհետեւ յոյները կը ծրագրէին Կիպրոսը միացնել Յունաստանին: Սակայն, Թուրքիա Կիպրոսի թուրք ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութեան մասին չէ որ կը մտածէր, այլ նպատակ ունէր գրաւել եւ իր իշխանութեան տակ առնել կարեւոր դիրք ունեցող այս կղզին:

Թրքական ուժերը գրաւեցին Կիպրոսի ամենաբերրի եւ զարգացած շրջանները, տեղահան ըրին մօտ 200.000 յոյներ, որ այդ շրջաններու բնիկ ժողովուրդն էին եւ հոն կ՛ապրէին դարերէ ի վեր: Գրաւուած հողերուն վրայ, թուրք պետութիւնը հաստատեց թուրքերու յատուկ բնակչութեան առանձին շրջան մը, օժտուած հարուստ հողով եւ տնտեսական լաւ կարելիութիւններով:

1975-ին, Կիպրոսի հիւսիսային գրաւուած շրջանին մէջ, Թուրքիոյ համաձայնութեամբ եւ Թելադրութեամբ, հաստատուեցաւ թրքական ինքնավար պետութիւն մը թուրք նախագահով:

Այս ձեւով, Կիպրոս բաժնուեցաւ երկու մասերու՝ մէկ մասը բնակուած թուրքերով, իսկ միւսը՝ յոյներով: Արուեստական այս բաժանումը կատարուեցաւ բռնի ուժով, գոհացում տալու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակներով:

Կը տեսնենք որ անգամ մը եւս թուրքերը, հետեւելով իրենց նախնիներուն սովորութեան, կը խլեն ժողովուրդներուն իրաւունքները, կը գրաւեն անոնց հողերը, անոնց բնակիչները թափառական դարձնելով: Ճիշդ այս պատճառով ծնունդ առած են կիպրական, հայկական, քրտական նոյնանման հարցերը եւ ազատագրական պայքարները: Կիպրական ազատագրական պայքարին նպատակն է ազատագրել իր հիւսիսային հողամասը ստեղծելու համար միացեալ եւ անկախ Կիպրոս. Հայկական Հարցը կը հետապնդէ ազատագրումը Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերուն, ստեղծելու համար Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, իսկ քրտական պայքարին նպատակն է Ազատ եւ Անկախ Քիւրտիստան: Այս երեք ժողովուրդներուն թշնամին նոյն, ցեղասպան եւ թալանող թուրք պետութիւնն է:

Աշխարհի բոլոր պետութիւններն ալ կը տեսնեն թրքական այս անիրաւութիւնները, բայց ոչ մէկը պատրաստ է միջամտելու եւ պարտադրելու թուրք բնակիչներուն որ հեռանան Կիպրական հողերէն կամ հայուն վերադարձնեն իր իրաւունքները: Այս պատճառով, Կիպրոսի կառավարութիւնը առիթ չի փախցներ եւ ամէն ջանք կը թափէ իր դատը միջազգային ժողովներու օրակարգի վրայ դնելու, այնպէս ինչպէս հայ ժողովուրդը ամէն առիթ կ՛օգտագործէ իր իրաւունքները եւ պահանջները ծանօթացնելու աշխարհին, պահանջելով թուրք պետութենէն բռնագրաւուած հողերուն վերադարձը իրենց բուն տէրերուն:

Այնքան ատեն որ թուրք պետութիւնը կը պահէ իր նախնիներէն ժառանգ մնացած հրէշային թալանողի նկարագիրը, այնքան ատեն որ թուրք պետութիւնը չի վերադարձներ հիւսիսային Կիպրոսը յոյներուն եւ հայկական հողերը՝ հայերուն, պիտի չլուծուին կիպարական, հայկական եւ նոյն տեսակի հարցերը:

Այնքան ատեն որ Թուրքիա բռնագրաւած կը պահէ յոյներուն եւ հայրուն հողերը, թրքական թալանիչ պետութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի:

765qwerty765

About admin

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …