Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու ընկալելուն որպէս իր էութիւնը:
Ինքնաօտարացած մարդը այն անհատն է, որ հեռացած է իր մարդկային արմատներէն: Այդ կը կատարուի այն ժամանակ, երբ մարդը կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ կամ մշակութային պատճառներով այլեւս ինքնիր հետ կախում չունի եւ կը կորսնցնէ իր իրաւունքները նոյնիսկ այն աստիճան, որ անոր հետ կը վերաբերուին ինչպէս առարկայի մը հետ եւ ան կը դառնայ առարկաներու, յատկապէս դրամի ստրուկ:
Ոմանք կռապաշտութիւնը կը համարեն ինքնաօտարացման ձեւ, ուրիշներ դրամը կը համարեն այն գործօնը, որուն պատճառով մարդը կ’օտարանայ ինքնիրմէ: Դրամը կը դառնայ կեանքի նպատակ եւ մարդը կը մտածէ ու կ’ապրի միայն անոր համար:
Մարքսի կարծիքով աշխատանքի բաժանումը մարդուն կ’օտարացնէ աշխատանքէն: Աշխատանքը կը նմանի օտարացած բանի մը, պարտականութիւն մը, որ մարդը պարտաւոր է կատարել եկամուտ ձեռք բերելու համար:
Հասարագիտական տեսանկիւնէն ինքնաօտարացումը կը նշանակէ մարդու յարաբերութիւններու քայքայում եւ խզում հասարակութեան անդամներու, բնութեան եւ սեփական ստեղծագործութիւններու հետ, այլ խօսքով կը նշանակէ հեռանալ մարդոցմէ, աշխատանքէն եւ Աստուծմէ:
Ինքնաօտարացումը կը դրսեւորուի հետեւեալ ձեւերով.-
ա. Մարդը կը զգայ, որ անկարող ու անկամ է եւ չի կրնար ազդել շրջապատին վրայ:
բ. Մարդը կը զգայ, որ իր նպատակներուն հասնելու համար պիտի դիմէ անօրէն միջոցներու, կը կատարէ այնպիսի գործեր, որոնք հասարակութեան կողմէն ընդունելի չեն:
գ. Մարդը կը կասկածի իր համոզումներուն ու մտածմունքներուն եւ չգիտեր, թէ այլեւս ինչին պիտի հաւատայ:
դ. Մարդը հասարակութեան չափանիշներն ու արժէքները իրեն խորթ կը համարէ եւ կը մեկուսանայ:
ե. Մարդը հաճոյք չստանար այն ամէնէն, որ ինքը ստեղծած է ու իր մտքին ձեռքի արդիւնքն է:
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իշխանաւորները մարդկանց կը մղեն ինքնաօտարացման:
Իշխանաւորները կը ձգտին մարդկանց ինքնաօտարացնել որպէսզի այդպիսով յաւերժացնեն իրենց իշխանութիւնը: Այլ խօսքով՝ ինքնաօտարացած մարդը, մտածելու ու սեփական կամքը գործադրելու կարողութիւն եւ կամք չունեցող մարդը, ամենալաւ երաշխիքն է իշխանութեան անսասան գոյութեան ու պահպանման համար, իսկ այդ կ’իրականացուի կամ կոպիտ կերպով՝ բռնութեան հետեւանքով, կամ մեղմ ու արդիական կերպով քարոզչութեամբ ՝ հանրային կարծիքի վրայ ազդելու ձեւով:
Մարդու համար յարաբերութիւն մշակելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ միայն յարաբերութեան միջոցով է, որ մարդը կարող է իր նիւթական ու բարոյական կարիքներուն բաւարարութիւն տալ: Յարաբերութեան միջոցով կը ստեղծուի մշակոյթը: Մշակոյթի այն բաժինը, որ կը կապուի հասարակութեան քաղաքական հայացքներու հետ, կը կոչուի քաղաքական մշակոյթ, որ դրսեւորումներէն մէկը հանրային կարծիքն է:
Հանրային կարծիքը հասարակութեան անդամներու տեսակէտն է նիւթի մը մասին, որու նկատմամբ անոնք միասնական հակում ու շահ ունին:
Իշխանաւորները հանրային կարծիքի վրայ ազդելու համար, կ’օգտուին նաեւ մէկ այլ ձեւէն կաղապարուած մտայնութենէն: Կաղապարուած մտայնութիւնը կարող է կապ ունենալ իրականութեան հետ, սակայն կեղծ ու մակերեսային մօտեցում է: Հետեւաբար մարդը կը տեսնէ այն ինչ որ կ’ուզէ տեսնել եւ ոչ թէ այն ինչ որ կայ իրականութեան մէջ: Ամէն մարդ բառերուն իմաստը կը հասկնայ ու կ’ըմբռնէ այնպէս ինչպէս իրեն հրամցուած են:
Հանրային կարծիքի օրէ օր աճող կարեւորութիւնը պատճառ դարձած է, որ ճարտարարուեստականացած եւ բռնատիրական երկիրներու մէջ ստեղծուին ճնշման խումբեր, որոնք կը փորձեն տարբեր միջոցներով ու ձեւերով իրենց միտքն ու կամքը պարտադրել հանրային կարծիքին:
Անոնք կը փորձեն ստեղծել հոգեբանական այնպիսի պայմաններ որ իւրաքանչիւր մարդ ընդունի եւ համոզուի, որ պետութիւնը իր մասին կը մտածէ եւ միւս մարդկանց միջեւ տարբերութիւն չի դներ:
Իշխանաւորները ներքին բնագաւառին մէջ օտար ազգերուն գերի դարձնել, անոնց շահագործելու համար, որոնցմէ մէկը քարոզչութիւնն է: Անոնք քարոզչութեան միջոցով կ’ազդեն հանրային կարծիքին վրայ: