Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / Ինքնավստահութիւն

Ինքնավստահութիւն

 

Confident-Pose

Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը վարուի բնականապէս առանց մտահոգութեան կամ վախի: Իր վարմունքներուն ինքն է որ կ’իշխէ անոնց վրայ եւ ոչ թէ ուրիշը:
Անոր հակառակը անինքնավստահութիւնն է, որ կը ձգէ անձը վարուի եւ կարծէս թէ քննութեան տակ է բոլոր շուրջիններուն կողմէ: Այս է պատճառը, որ կը ձգէ իր շարժումները, վարմունքը եւ կարծիքը կարգ մը ատեն հակադիր ըլլան իր բնաւորութեան, եւ այս պարագային մտահոգութիւնը կ’ըլլայ իր առաջին հետեւորդը ամէն մէկ քայլ կամ որոշում առնելու:
Ինքնավստահութիւնը իծնէ չէ: Ինքնավստահութիւնը հաւատք ունենալն է՝ անձին, նպատակներուն, որոշումներուն եւ կարողութիւններուն:
Ուրեմն, ինքնավստահութիւնը կը բխի մարդու անձնաւորութենէ եւ կը մղէ զինք շարունակել կեանքը: Ինքնավստահութիւնը մարդուն ցոյց կու տայ նայելու համար իր անցեալին, ներկային եւ ապագային, որպէսզի կարենայ բախդատել իր կարողութիւնները բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին:

Ինքնավստահութեան մասնիկները:
– Մարդու շարժումները
– Արտայայտած բառերը
– Իր համոզումները

Ինքնավստահութեան տեսակները:
ա.- Անսահման վստահութիւն, Այն անձերն են որոնք կասկած չեն ունենար եւ այսպիսի վստահութիւն ունեցողները, կեանքը կ’ապրին առանց վախի եւ չեն փախչիր անոր դժուարութիւններէն:
բ.- Չափաւոր վստահութիւն, որը ի յայտ կու գայ որոշ կեցուածքներու մէջ, եւ այս վստահութիւնը կը նուազի կամ կ’անհետանայ, այլ կեցուածքներուն մէջ այս ուղղութիւնը շիտակ է, եւ այսպիսիները կը յաղթեն իրենց կարողութիւններուն դէմ կեցող բոլոր դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ աւելի տկար ծանօթացում կ’ունենան իրենց իսկական ոյժին քան ուրիշը:

Անինքնավստահութեան Պատճառները:
-Մանուկներու մօտ:
– Միշտ հանդիմանել, շարունակ ազդարարել եւ վախի մէջ ձգել մանուկը:
– Խստօրէն իշխել մանուկին վրայ, կարգիլէ մանուկը ազատօրէն արտայայտուիլ:
– Հօրը խիստ վերաբերմունքը իր կնոջ եւ զաւակներուն հանդէպ:
– Ծնողքի չափազանց մտահոգութիւնն ու գուրգուրանքը:

-Պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ:
– Չափահասներու իշխողութիւնը երիտասարդին վրայ:
– Գուրգուրանքի պակասութիւնն ու խիստ վարվիլը զաւակին հետ զառնելով անոր:
– Մեծերուն կողմէ ծիծաղի առարկայ դառնալ իրենց մարմինի պատահած փոփոխութիւններուն համար:
– Վարժեցնել պատանիին ուրիշին վստահիլ անոնցմէ օգնութիւն ստանալով:
– Երիտասարդին մղել գործերու կամ ձիրքերու որ չսիրեր եւ կամ չփափաքիր:
– Չափահասներուն չվստահիլը երիտասարդներուն եւ իրենց կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ զգացնել անոնց այդ մէկը:

-Չափահասներու մօտ:
– Առիթը չտալ իրենց, հնարելու եւ կամ իրենց միտքերն ու գաղափարները իրականացնելու:
– Զարգացման, նիւթական եւ ընկերային մթնոլորտի կարիքը, կ’ոչնչացնէ աշխատելու իր փափաքն ու կորովը, ինչպէս նաեւ յաջող ընկերային յարաբերութիւն կազմելը:
– Կարողութիւնը չունենար փաստելու իր անձը:
– Անտեսել չափահասներու կարողութիւնները:
– Առիթը չընծայել չափահասներուն փոփոխութիւն կատարելու իրենց ապրելակերպին մէջ որը՛ կը թողէ իրենց կաղապարուած:
– Նեղութիւններու հանդիպիլ բարեկամներու կողմէ մրցակցութեան նպատակով որը՛ կը կաշկանդէ զիրենք:

Բուժումի Ձեւերը:
1-Ընդունիր ինքզինքդ, երբ որ դուն քեզ ընդունիս ինչպէս որ ես, ինքզինքդ յարգած կ’ըլլաս:
2-Եթէ դուն քեզ կը բաղդատես ուրիշներու հետ, գիտցիր որ կը մերժես ընդունիլ ինքզինքդ:
3-Դուն քեզ առիթը տուր յառաջանալու:

              Ի՞նչ է տարբերութիւնը ինքնավստահութեան եւ ինքնահաւանութեան միջեւ.
Ինքնավստահութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը զոյգ հակապատկեր յատկութիւններ են: Անձի մը պարծանքի եւ ինքնավստահութեան սէրը, որոնք ի յայտ կու գան յաջողութենէ եւ կեանքի պատահարներէ, կարեւորագոյն դրդապատճառներ են վերակազմելու անձնաւորութիւնը:
Այսպիսին կը նկատուի հոգեկան հաւասարակշիռ անձ, գիտակցելու իր անձն ու կարողութիւնները:
Ինքնավստահութեան դրդապատճառներն են՝ կրկանակի յաջոշութիւնները, կեանքի դժուար պարագաներն ու դէպքերը յաղթահարելը, իմաստութիւնը մարդոց հետ յարաբերելու եւ անձը վարժ դարձնել ընդունելու որեւէ գործի մը արդիւնքը ըլլայ ան դրական թէ ժխտական, ինչ որ դրական երեւոյթ է:
Որքան անձ մը ինքնավստահ ըլլայ, այնքան աւելի կարող է յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները, հոգերն ու պէտքերը: Սակայն եթէ ինքնավստահութիւնը չափազանց աւելի ըլլայ անձը կրնայ վտանգել իր հոգեկանը, որովհետեւ այս պարագան ինքնահաւանութիւն կը սեպուի:
Ինքնահաւանութիւնը գէշ յատկութիւն է, որովհետեւ ինքնահաւանը ինքզինք իրաւացին եւ լաւագոյնը կը նկատէ: Այսպիսի անձեր կ’ըլլան տգէտ: Անոնք կ’անտեսեն մարդոց, յաճախ իրենցմէ նուազ համարելով նրանց: Ընդհանրապէս ինքնահաւան մարդիկ կը նկատենք հարուստ դասակարգի, յետամնաց եւ սահմանափակ մտայնութիւն ունեցող մարդոց մօտ:
Ինքնահաւանութիւնը հիւանդութիւն է որ կը պատահի տկար անձնաւորութիւն ունեցող մարդոց: Եւ աւելի վտանգաւորը այն է որ ինքնահաւան չես նկատեր ինքզինքդ, սակայն շուրջիններդ կարող են յստակ նկատել այդ մէկը:
Կրնանք ըսել թէ, ինքնավստահութիւնն ու ինքնահաւանութիւնը տարբեր յատկութիւններ են ինչպէս՝ սէրն ու ատելութիւնը, կեանքն ու մահը: Եւ միայն խելացին կարող է այս զոյգ յատկութիւնները իրարմէ զանազանել:

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …