Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 6 ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

6 ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

6

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Քաղացիական հասարակութեան հասկացութիւնը

Քաղաքացիական հասարակութիւնը սկսած է ձեւաւորուիլ դեռ համայնական հասարակարգի աշխատանքային բաժանման ժամանակաշրջաններէն, կենսապայմաններու ապահովման եւ հաւաքականութեան պաշտպանուածութեան նպատակներով:

Միջին դարերուն ան ձեւակերպուած է միապետութիւններու դէմ ընկճուած դասակարգերու պայքարով: Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք, մեծ շրջադարձ կատարուած է Քաղաքացիական հասարակութեան եւ պետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն միջեւ, առ այդ այժմեան հասկացութեամբ՝ Քաղաքացիական հասարակութիւն կը նշանակէ ժողովրդական սկզբունքներով օրինականացուած անհատներու եւ հասարակական խմբաւորումներու կենսագործունէութիւնը ապահովող, ոչ պետական տնտեսական, քաղաքական, կրօնական եւայլ յարաբերութիւններու ոլորտը:

Քաղաքացիական հասարակութիւնը ինքնակառավարուող եւ ինքնակարգաւորուող համակարգ է, որ անարգել կրնայ գործել ներքին եւ արտաքին քաղաքական բարենպաստ պայմաններու մէջ, որ կրնայ ապահովել ինքը՝ հասարակութիւնը, իր պետութեան միջոցով:

Պետութիւնը սակայն՝ իր նպատակաուղղուած գործունէութեամբ, կրնայ կաշկանդել կամ խթանել Քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումը եւ զարգացումը, ինչպէս յստակօրէն կարելի է նման զարգացումներ նկատել հասարակական վերափոխումներու ուղին թեւակոխած երկիրներու մէջ, ուր հասարակութիւնները երբեմնի քաղաքական սուր պայքարով կը ձգտին ապակեդրոնացնել մենատիրութեան ձգտող  իշխանութիւնները:

Քաղաքացիական հասարակութեան տնտեսական հիմքը, սեփականութեան ձեւերու բազմազանութիւնն է, որ հասարակութեան կենսունակութեան հիմնաքարն է: Անոր տարբերակիչ գիծը՝ հասարակութեան անդամներու զարգացման բարձր մակարդակը, ներքին ազատութիւնն ու ինքնուրոյն հասարակական գործունէութիւններ կատարելու ազատութիւններն են:

Իրաւական պետութեան հասկացութիւնը

Իրաւական պետութեան մասին գաղափարները ունին հին պատմութիւն: Այդ մասին խօսած են յոյն իմաստասէրներն ու հռոմի կայսրերը:

Այսօրուան հասկացութեամբ Իրաւական Պետութիւն կը նշանակէ՝ ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պետութիւն, որու նպատակն է պահպանել ու խորացնել ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը:

Այդ մէկը տեղի կրնայ ունենալ միմիայն պետական, իրաւական մարմիններու եւ բոլոր քաղաքացիներու նկատմամբ օրէնքներու գերակայութեամբ: Հասարակութիւն եւ պետութիւն փոխադարձ պատասխանատուութեամբ, հասարակական բարիքներու հաւասար բաժանմամբ, միջազգային նորմերով սահմանուած քաղաքացիական իրաւունքներու գործադրմամբ, մարդկային տարրական ազատութիւններու յարգմամբ, էթնիք եւ հաւատամքային պատկանելիութեան անխտրականութեամբ, եւայն: Այլ խօսքով օրէնքի երկիրի իրականացմամբ, որու իրականացումը բաւականին դժուար գործընթացք է, որ սակայն անիրականանալի չէ, եթէ կայ քաղաքական ղեկավարութեան ցանկութիւնն ու այդ ուղղութեամբ հասարակութեան պայքարը:

 

 

 

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …