ՖՐԱՆՑ ՎԻԿՏՈՐ ՎԵՐՖԵԼ

verfel

Աւստրիացի գրող եւ հումանիստ: Սորված է Պրահայի, Լայպցիգի եւ Համբուրգի համալսարաններուն մէջ: Ի սկզբանէ մերժած է բռնութիւնը եւ պայքարած անոր դէմ: Դեռ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն՝ 1912-ին աւստրիական բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ ելոյթներ ունեցած է  երկրին մէջ տիրող ռազմամոլական մթնոլորտին դէմ եւ այդ պատճառով բանտարկուած: Մասնակցած է համաշխարհային առաջին պատերազմին, ապա՝ յեղափոխական շարժման:  Այնուհետեւ նուիրուած է գրականութեան: 1938-ին՝ Ֆաշիստական Գերմանիոյ կողմէն Աւստրիայի բռնկումէն յետոյ, անցած է Իտալիա, Ֆրանսա, յետոյ Ամերիկա:

Գրական գործունէութիւնը սկսած է, որպէս բանաստեղծ, հրատարակած է քանի մը ժողովածու: Գրած է նաեւ վէպեր, դրամատիկական ստեղծագործութիւններ:

«Մուսա լերան Քառասուն օրերը» վէպը լոյս տեսած է 1933-ին: Նուիրուած է Մուսա լերան հերոսամարտին: Վէպը գրելու ժամանակ ան օգտուած է ականատեսի վկայութիւններէն, մամուլի հրապարակումներէն, Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ ուսումնասիրած հայ ժողովուրդի պատմութենէն եւ կրօնէն:

«Մուսա լերան Քառասուն օրերը» վէպը 1934-ին արժանացած է տարուան լաւագոյն վէպի միջազգային մրցանակին:

Վէպը հրատարակուած է աւելի քան քսան լեզուներով:

 

About talar

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …