Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները եւ որպէս մղիչ ուժ միջազգային հանրութեան ներկայանալ վաւերական եւ փաստացի հիմքերով:

            Հարկ է փնտռել բարոյական կորուստին հետ զուգահեր հայկական տնտեսական կորուստը ու զայն մեկնակէտ ընդունելով անցնիլ պահանջատիրական պայքարին:

            Լուսարձակի տակ պէտք է ձգել ցեղասպանութեան նախօրեակին Օսմանեան գերակայութեան տակ ապրող հայ ժողովուրդին տնտեսական վիճակը որ կը բնութագրուի.-

            ա. Բնակչութիւն.-

Օսմանեան կայսրութիւնը կորսնցնելէ ետք եգիպտական եւ պալքանեան բաժինները, այսօրուան հասկացողութեամբ իր հակակշռին տակ կը պահէր, Հայաստանը, Թուրքիան եւ արաբական շրջանները:

            1912ի Հայոց Պատրիաքարանի վիճակագրութեանց տուեալներուն համաձայն, օսմանացի բնակչութիւնը թիւը կը հասնէր 14 միլիոն քաղաքացիի, որոնց մէջ հայ օսմանցիները համեմատական մեծամասնութիւն կը պարզէին հետեւեալ պատկերով.-

            5,460,000        հայեր                                                 39%

            3,500,000        թուրքեր                                             25%

            1,680,000        արաբներ                                           19%

            1,260,000        ասորիներ                                            9%

            840,000           քիւրտեր                                               6%

            700,000           յոյներ                                                    5%

            560,000           այլ փոքրամասնութիւններ                4%

             Այլ փոքրամասնութիւններուն մէջ կ’իյնային չերքեզները, լազերը եւ տիւրզիները: Վերոյիշեալ պատկերը պատասխան կը հանդիսանայ չորս կարեւոր հարցումներու:

             Առաջին հարցումը կու գայ թուրքերը թէ հայերը քանի՞ միլիոն էին բնակչութեան մէջ, որուն մէկ ու կէս միլիոնը նահատակուեցաւ ցեղասպանութեամբ:

            Երկրորդ հարցը ցոյց կու տայ քիւրտ բնակչութեան անհամեմատելի սակաւաթիւ ըլլալը: Այսօրուան տուեալներուն հետ բաղդատած, թէ ինչ նպատակներով է կիրարկուած յատուկ ռազմավարութիւնը քիւրտերու կողմէ, հայերու պարպած կալուածները լեցնելով, տիրանալու միտումները, նաեւ հայկական քաղաքակրթութենէն օգտուելով, հեռանալ իրենց շրջիկ կենցաղէն:

             Երրորդ հարցը կը պատասխանէ բազմաթիւ անգամներ յիշուած ասորիներու կորիստին, թէ ինչ կը միտի այդ մէկը հաւասարեցնել հայկական իրաւունքներուն: Այս գծով անոնք կրօնական դրոշմ կու տան տուեալ դատին, որ քաղաքական եւ տնտեսական բնոյթ ունի եւ այդ կրօնական դրոշմը տարբեր էութիւն կու տայ հայ դատին:

             Չորրորդ հարցը կը յստակացնէ թէ օսմանցիները չէին, որ ջարդեցին հայերը, եղբայրական կռիւ չէր եղածը, այլ Օսմանեան իշխանութիւնը հաւատադրժողական հիմքերով գործադրեց հայոց ցեղասպանութիւնը:

               բ. Առեւտուր եւ ճարտարարուեստ.-

               Բնակչութեան մը կարեւորութիւնը կը չափուի ոչ միայն իր թիւով, այլ նաեւ իր տնտեսական կարողութեամբ եւ մակարդակով:

               Օսմանեան տնտեսական դրոյթին մէջ գործող հայկական կարելիութիւնները, առեւտուրի, արտածումի եւ ներածումի, արհեստաւորներու եւ խանութպաններու, գործարաններու եւ դրամատուներու ծիրէն ներս գրաւած են հաշուարկային բարձր մակարդակներ, գերազանցելով 65% տոկոսը:

               գ. Հանրային կրթութիւն.-

                Օսմանեան կայսրութեան մէջ կրթական հաստատութիւններու բացարձակ մեծամասնութիւնը եղած է հայկական, ուր աշակերտած են մեծ թիւով հայ ուսանողներ ու դարձած՝ հիմն ու կորիզը օսմանեան գիտական արուեստի զարգացման:

                դ. Հարկային դրութիւն.-

                Օսմանեան հարկային դրութիւնը հիմնուած էր ցեղային զատորոշութեան հիման վրայ իր ենթաբաժանումներով.- զինուորական տուրք, առեւտրական տուրք, կրթական տուրք, գիւղատնտեսական տուրք, ճարտարարուեստական տուրք, առեւտրական տուրք, ուր հայերը կը վճարէին տարեկան դրութեամբ անհամեմատելի հաշուարկով անհամաչափ տուրքեր, տարբեր օսմանցի բնակիչներու շերտերէն:

                Հայ հատուածին կողմէ վճարուած տուրքերուն գումարը կ’անցնէր 65% տոկոսը ընդհանուր տուրքերէն:

                Հասկնալու համար Օսմանեան տնտեսական եւ հարկային ճնշող քաղաքականութիւնը պէտք է ճանչնանք անոր գործելաձեւը եւ գործակից Օսմանեան դրամատան դերը, որ ենթահող կը պատրաստէր տնտեսաքաղաքական իրերայաջորդ հանգրուաններուն:

                1808 թուին Պոլսոյ մէջ կը հիմնուէր օսմանեան դրամատուն՝ «Պանք Օթոման»ը, ուր բաժնետոմսեր ունէին հայերը ինչպէս այլ դրամատուներու մէջ, օրինակ՝ Րոթչիլտի Լոնտոնի մէջ: Բայց որոնք են րոթչիլտները, անոնց ակունքները կ’երկարին մինչեւ սիոնիստական կազմակերպութեան հիմնադիրներուն, որոնք կարմիր գոյնի վահանակներ կը գործածէին իրենց վաճառատուներուն մուտքին, զիրար ճանչնալու եւ իրար հետ գործակցելու նպատակաւ:

            Օսմանեան դրամատան հիմնադիրներուն նպատակը եղած էր հետապնդել օսմանեան տնտեսութիւնը ու անոր ընդմէջէն ձեռք ձգել հայկական կարելիութիւնները:

            Յստակ պէտք է ըլլայ մեր միտքերուն մէջ թէ Օսմանեան Դրամատունը չէր պատկաներ իրերայաջորդ Օսմանեան կառավարութեանց, այլ անոր տէրերն ու ղեկավարները տարբեր բնոյթի մարդիկ էին, որոնք տնտեսական մրցակցութիւն կը վարէին հայ տնտեսականներու դէմ: 1852 թուին Խրիմի պատերազմի առիթով, օրուան Օսմանեան կառավարութիւնը Օսմանեան դրամատունէն 2154 թոն ոսկի վարկ կը վերցնէ: Յետագային Փարիզի դաշնագիրով 1856ին, որպէս պարտք կը վաւերացուի 3080 թոն ոսկի, տասը տարիներու ընթացքին վճարելու պայմանաւ, տարեկան 308 թոն ոսկի, Օսմանեան կառավարութեան հարկային տնօրէնութեան երաշխաւորութեամբ:

            Այսպիսով սկիզբ կ’առնէ Օսմանեան դրամատնտեսական վեց հանգրուանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրի աւարտին կ’իրականանայ քաղաքական իրադարձութիւն մը: Տնտեսական հանգրուանները կը սկսին Խրիմի պատերազմով, կ’անցնին Պալքաններու յեղափոխութեան ապա անկախացումով, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բի գահակալութեամբ, Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրներով, հայութեան զարթօնքով ապա յեղափոխականացման ու անոր օսմանեան զսպումներով եւ համիտեան ջարդերով, հայկական ապստամբութիւններով, Օսմանեան դրամատունը գրաւելով: Անոր տէրերուն ուշադրութիւնը հայկական հարցի վրայ կեդրոնացնելու միտումով, երիտթուրքերու իշխանութեան գլուխը անցնելով, հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ:

            Որպէս եզրակացութիւն կը հասնինք այն համոզումին թէ Օսմանեան դրամատունը ինչ դեր խաղցած էր օսմանացի ժողովուրդը սնանկացնելու նպատակով:

            Վեց անգամ տասը տարիներու հանգրուաններ կը պսակադրուին հայոց ցեղասպանութեամբ, որոնց ընթացքին Օսմանեան դրամատունը կը յաջողի ձեռք ձգել հայկական դրամագլուխն ու անոր 60 տարուան շահարկման արժէքը, կառավարական օրինական խողովակը օգտագործելով: Վեցերորդ հանգրուանի ընթացքին Պանք Օթոմանը կեդրոնական դրամատան հանգամանք կը ստանայ ու իր մասնաճիւղի բացումը կը կատարէ Երուսաղեմի մէջ, արաբական դրամատան անունով, 10 Մարտ 1913ին:

            Վերոյիշեալ մանրամասնութիւններէն կ’եզրակացնենք հետեւեալները.-

            1.- Հայկական պահանջատիրութեան մէջ տնտեսական իրաւունքները չփնտռել պատմաբաններու օրորոցին մէջ՝ նկատի առած դատի օրինական եւ քաղաքական ըլլալը, այլ Օսմանեան դրամատան 1915 Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու մուտքի եւ ելքի օրատետրերուն եւ տոմարներուն մէջ, ուր կը գտնենք անտրամաբանական եւ յանկարծակի աճ, որ չի համապատասխաներ 60 տարուան դրամատանային աշխատանքներու ամսական ներդաշնակութեան հետ:

            2.- Օսմանեան դրամատան ծրագրած ընթացքը, որ պսակադրուեցաւ ցեղասպանութեամբ, ուղղակիօրէն կապուած է Պաղեստինի մէջ Սիոնիստական կառավարութեան եւ պետութեան ստեղծման ու ֆինանսաւորման հետ, որոնք շահագործեցին հայկական տնտեսական կարելիութիւնները:

            3.- Հայոց ցեղասպանութեան ոճրագործներու պատասխանատուութիւնները մասնայատել, ինչպէս՝ ծրագրող հեղինակներ, գործադրող իշխանութիւններ եւ օգտուող կողմեր, ի յայտ կու գայ որ ծրագրող հեղինակները բռնաբարած են հայկական տնտեսահան եւ քաղաքական իրաւունքներ, եւ անկէ բխած է մարդկային- ընկերային- մշակութային եւ գիտական զարգաղումը: Օգտուողները բռնաբարած են հայ ժողովուրդի հայրենիք վերադարձի իրաւունքը, սեփական հողի մէջ ապրելու եւ զարգանալու բնական հնարաւորութիւնը:

            4.- Պէտք է անջատել հողային տարածքի ու անոր վրայ հիմնուած քաղաքական պահանջքը, տնտեսական պահանջքէն, քանի որ անոնք տարբեր քաղաքական հակակշիռներ են եւ պէտք է լուծուին տարբեր ատեաններու մէջ: Սեւրի դաշնագիրի վերաշխուժացումով կարելի է ձեռք ձգել հողային պահանջքի գոհացումը եւ ապա անոր վրայ վերականգնել քաղաքական իրաւունքները: Տնտեսական իրաւունքներու պահանջքը գոհացնելու համար, պէտք է հիմնել միջազգային դատարան մը, հոն ուր ոճրագործութիւնը տեղի ունեցաւ այսինքն՝ Սուրիոյ Տէր-Զօր քաղաքին մէջ, գերմանական Նիւրէմպերկի օրինակով, վերականգնելու համար հայկական տնտեսական իրաւունքները:

About admin

Check Also

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի …