Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ / 13-14 տարեկան / ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՒՈՒՍ 1858-1926

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՒՈՒՍ 1858-1926

 

Lepsius_(1810-1884)

Յովհաննէս Լեփսիւուսը բողոքական պատուելի էր, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր: Յովհաննէսի հայրը յայտնի եգիպտագէտ էր, Պեռլինի համալսարանի եգիպտական թանգարանի տնօրէն:

Ան քանի մը տարի անցուցած է Երուսաղէմի մէջ, յետոյ վերադարձած է Գերմանիա եւ բնակութիւն հաստատած ՖրիզդորՖ լեռնային գիւղին մէջ եւ այնտեղ իր միջոցներով հիմնած է գորգագործարան:

1895-ին ՖրիզդորՖի մէջ տեղի կ՛ունենայ միսիոնարներու հաւաք եւ կը ստեղծուի «Գերման-հայկական առաքելութիւնը»: Այս համախմբումի նպատակն էր լուսաւորութիւն տարածել Օսմանեան Թուրքիոյ  ժողովուրդներուն մէջ եւ քարոզելով աւետարանական ճշմարտութիւն՝ օգնութիւն ցոյց տալ հայութեան:

Այդ ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ արդէն կոտորածներ էին: 1896-ին Առաքելութեան յանձնարարութեամբ Լեփսիւուսը կը մեկնի Հայաստան, կ՛ուսումնասիրէ իրավիճակը, ականատես կը դառնայ այդ անլուր սարսափներուն, որոնց կ՛ենթարկուէր հայ ժողովուրդը եւ հայութեան օգնելու ուղիներ կ՛որոնէ: Գերմանիա վերադառնալով՝ Լեփսիւուս տագնապի փող կը հնչեցնէ եւ կը ներկայացնէ հայութեան աղիտալի վիճակը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ:

Ան կը հրապարակէ յօդուածներ՝ «Ճշմարտութիւն Հայաստանի մասին» խորագրով, ապա եւ՝ «Հայաստանն ու Եւրոպան» աշխատութիւնը: Այս իր տեսակին եւ ժամանակին մէջ բացառիկ աշխատութիւն էր, ուր պաշտօնական փաստաթղթերով, ականատեսներու վկայութեամբ ցոյց կը տրուէր Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութիւնը 19-րդ դարու վերջաւորութեան:

Այս աշխատութիւնը մեծ յուզում կ՛առաջացնէ Եւրոպայի Հումանիստներու շրջանին մէջ եւ կը թարգմանուի անգլերէն ու Ֆրանսերէն լեզուներու:

Այդ ժամանակէն ի վեր Լեփսիւուսը անբաժան է հայութենէն: Ըլլալով Պեռլինի «Հայերու օժանդակութեան հիմնարկ»ի քարտուղար, հետամուտ մարդասիրական վեհ առաքելութեան ՝ Լեփսիւուս լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ արեւմտահայութեան օգնելու համար:

Լեփսիւուսի ջանքերուն շնորհիւ 1890-1914 թուականներուն արեւմտահայութեան տրամադրուած է  շուրջ 2.5 միլիոն ոսկէ Ֆրանկի նիւթական օգնութիւն: Հայկական բնակավայրերու մէջ հիմնուած է երկու գորգագործարան, գործած է վեց որբանոց, ուր տարեկան խմբուած է մօտ վեց հարիւր որբ (Լեփսիւուս անսահման կը սիրէր երեխաներուն, ինք տասներկու երեխայ  ունէր):

Անոր անմիջական ջանքերով եւ մասնակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ կը ստեղծուի հայութեան օգնելու կոչուած երկու ընկերութիւն. մէկը՝ Էռնեստ  Լոհմանի ղեկավարութեամբ, միւսը՝  իր:

Անոր հայանպաստ գործունէութեան արմատական աւարտը եղաւ «Գերման-հայկական ընկերութեան» ստեղծումը 1914 թուականին (ընկերութեան գործավարներէն մէկը՝ Աւետիք Իսահակեանն էր):

Այս ընկերութիւնը կը հետապնդէր մշակութային եւ հումանիստական նպատակներ, կը տարածէր տեղեկատուութիւն, կը ջանար բարելաւեւ արեւմտահայութեան վիճակը: Այս ընկերութիւնը հրատարակած է նաեւ ամսագիր մը «Մեսրոպ»՝ ընդամէնը մէկ թիւ:

Դժբախտաբար ընկերութեան գործունէութիւնը խաղաղ պայմաններու մէջ  կարճ տեւեց: Սկսաւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմը: Անոր յաջորդեց հայոց Մեծ Եղեռնը:

Լեփսիւուս ի հարկէ, չէր կրնար ձեռնածալ նստիլ: Ան հնարաւորին չափ կը փորձէր օգնութիւն կազմակերպել եւ մեղմել հայ տարագիրներուն վիճակը, բայց հասկնալի է, որ այդ ամէնը սոսկ կաթիլ էր սպանդի համատարած ովկիանոսին մէջ:

Որեւէ արդիւնաւէտ քայլ ձեռնարկելու պահանջէն մղուած ՝ Լեփսիւուսը կը մեկնի Թուրքիա, կը յաջողի հանդիպիլ Էնվէրի հետ, կը փորձէ մեղմել գազանի սիրտը, նոյնիսկ կը խնդրէ իրեն յանձնարարել հայերու քարաւաններու կազմակերպումը:

Միամիտ, բարի ազնիւ մարդ: Թուրքերը հայերուն կը տեղահանէին սպանդի ենթարկելու նպատակով, իսկ ան կ՛առաջարկէր հայերու վիճակը թեթեւացնող պայմաններ ստեղծել, տեղահանութեան անմարդկային ծրագիրը չէր կրնար փոխել, բայց կը խնդրէր այդ յանձնարարել իրեն, որպէսզի ապահովեր տեղահանուածներու անվտանգութիւնը…

Լեփսիւուսը հանդէս եկաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան ժամանակ (2-3 Յունիս 1921, Պեռլին): Անոր ելոյթը մեծապէս ազդեց դատավարութեան վրայ եւ շատ բան որոշեց՝ Սողոմոն Թէհլիրեանը ազատ արձակուեցաւ:

Լեփսիւուսը 1915-ի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածի մասին.

«Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Միջագետքի մէջ սկիզբը միջոցառումները սահմանափակուած էին ազդեցիկ մարդոց ձերբակալումով: Տարագրութիւնները կը սկսին Մայիսի վերջը եւ կը շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը:

Անատոլիայի արեւելեան վիլայէթներէն տեղահանութիւնը կ՛իրագործուէր երկու էտապով:

Կոստանդուպոլսոյ մտաւորականութեան ձերբակալութենէն երեք օր առաջ, իշխանութիւնները ձեռնարկեցին մեծ թիւով անուանի քաղաքացիներու ձերբակալութեան:

Մայիսի երկրորդ կէսին կարգը հասաւ Տիար Պէքիրին…Նոյնը պատահեցաւ նաեւ  Բաբերդի եւ Յոզղաթի մէջ, նոյնպէս Մարաշի եւ ՈւրՖայի մէջ…»:

 

About talar

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …