Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Uncategorized / Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին:

          Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքի՝ անոր իրաւայաջորդին:

Ֆետրիքօ Անտրէու-Քուզման, աւագ
Իրաւախորհրդատու, Իրաւաբաններու
Միջազգային Յանձնաժողով (Ժընեւ)

 

       Մարդկային կեանքը գերագոյն եւ բացառիկ արժէք է: Անիկա անգին է: Բնականաբար, խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մենք առաջին հերթին, եւ գրեթէ բացառապէս, շեշտեր ենք հայ ժողովուրդի մարդկային կորուստները: Սակայն ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդը ունեցեր է նաեւ հսկայական նիւթական կորուստներ: Անվիճելի է, որ ցեղասպանութեան ածանցեալ նպատակներէն եղած է հայ ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական սեփականութեան իւրացումը:

      1918 Նոյեմբեր 11-ին Առաջին Աշխարհամարտի ռազմական գործողութիւնները վերջնականապէս դադրեցնող զինադադարը պաշտօնապէս մտաւ ուժի մէջ: Երկու ամիս անց՝ 1919 Յունուար 18-ին, Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովը, որուն նպատակն էր համապարփակ քննութեան ենթարկել պատերազմին առնչուող բոլոր հարցերը եւ նախապատրաստել խաղաղութեան պայմանագիրնները: Կարեւորագոյն հարցերու թուին կը պատկանէր պատերազմի հրահրման համար մեղաւոր երկիրներու կողմէ նիւթական կորուստներու փոխհատուցումը: Ըստ այդմ, Փարիզի վեհաժողովի կազմին մէջ կար յատուկ յանձնաժողով փոխհատուցումներու հարցով:

     Գրեթէ երկու ամիս տեւած աշխատանքներէն յետոյ պարզ դարձաւ, որ նիւթական կորուստներ ունեցած չեն միայն պատերազմին անմիջականօրէն մասնակցած երկիրները: Ուստի, Մարտ 7-ին նշեալ յանձնաժողովը ձեւաւորեց առանձին մարմին՝ Յատուկ յանձնախումբ, որուն նպատակն էր ի մի բերել յանձնաժողովի մէջ չներկայացուած երկիրներու եւ ժողովուրդներու նիւթական կորուստները եւ ատոնց հատուցման տալ պաջտօնական ընթացք:

      Յանձնախումբի ձեւաւորման յաջորդ իսկ օրը՝ Մարտ 8-ին, անիկա դիմեց Պոլիվիոյ, Պրազիլի, Չինաստանի, Էքուատորի, Կուաթեմալայի, Հայիթիի, Հեճազի (ներկայիս՝ Սէուտական Արաբիա), Լիպերիոյ, Փանամայի, Փերուի, Սիամի (ներկայիս Թայլընտ) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւններուն՝ տեղեկութիւններ խնդրելով կրած նիւթական կորուստներու վերաբերեալ:

      Մէկ ամսուան ընթացքին Յատուկ յանձնախումբը ամփոփեց պատուիրակութիւններու ներկայացուցած, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներէ հայթայթած փաստաթուղթերը եւ 1919 Ապրիլ 14-ին ներկայացուց իր նախնական զեկոյցը։

      Թէեւ արեւմտահայութեան եւ արեւելահայութեան համար հաշուարկները կատարուեր էին առանձին– առանձին, սակայն կորուստները ներկայացուած էին միասնական վերջնական թիւով։

      Ըստ այդմ, հայութեան ամբողջական նիւթական կորուստը 1914-1919 թթ. 1919–ի գիներով կազմեր է 19.130.982.000 ֆրանսական ֆրանք կամ 3.693.239.768 ԱՄՆ տոլար: Ըստ զեկուցագիրին, հայութեան նիւթական կորուստները ունէին հետեւեալ պատկերը.

  1. Արեւմտահայաստան (կամ ինչպէս փաստաթուղթի մէջ գրուած Turkish Armenia).

ա) գիւղաբնակներու անհատական 4.601.610.000 նիւթական կորուստները

բ) քաղաքաբնակներու անհատական 3.235.550.000 նիւթական կորուստները

գ) ոչ անհատական նիւթական կորուստները 6.761.350.000
Ընդամէնը՝ 14.598.510.000 ֆրանք

  1. Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Կովկասի այլ հայաբնակ տարածքներ.

ա) այն բնակավայրերու բնակչութեան կորուստները, որոնց բնակչութիւնը ամբողջովին տեղահանուած է 1.831.872.000

բ) այն բնակավայրերու բնակչութեան կորուստները, որոնց բնակչութիւնը չէ տեղահանուած 1.293.600.000
գ) այլ նիւթական կորուստներ 1.407.000.000
Ընդամէնը՝ 4.532.472.000 ֆրանք

      Համընդհանուր նիւթական կորուստները՝ 19.130.982.000 ֆրանք Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այս թիւին մէջ ներառուած չեն հայերու 1920, 1921 եւ 1922 թթ. (համապատասխանաբար՝ Արեւելեան Հայաստան, Կիլիկիա, Զմիւռնիա եւ այլն) նիւթական կորուստները։ Եթէ հաշուառուին նաեւ նշեալ ժամանակահատուածի կորուստները, ապա վերոնշեալ թիւը առնուազն պէտք է 15-20 % մեծցուի։

      Հատուցումներու հարցով անհրաժեշտ է առանձնացնել կարեւոր հանգամանք մը՝ ժամանակային գործօնը բնաւ հիմք չէ նիւթական պարտաւորութիւններէն խուսափելու համար։

      Շեշտել հաշւարկային փոխարժէքը, այն է՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակաշրջանի մէկ ֆրանսական ֆրանքը ներկայիս հաւասար է 2.17 ԱՄՆ տոլարի : Այսինքն, դատական նախադէպի կիրառմամբ, մենք կրնանք հաշուարկել հայութեան նիւթական կորուստներու չափը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով՝

                  19.130.982.000 Ֆրանսական Ֆրանք x 2.17 = 41.514.230.940 ամերիկեան տոլար։

      Այսպիսով, Թուրքիոյ Հանրապետութեան, որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդի,փոխհատուցման պարտաւորութիւնը ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որպէս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան իրաւայաջորդի, կը կազմէ առնուազն 41 միլիառ 514 միլիոն 230 հազար 940 ամերիկեան տոլար :

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …