ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐԸ
1-ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌ
Աւետիք Իսահակեան կը գրէ.
Արարատի ծեր գմբէթէն
Դար է եկեր վայրկեանի պէս ու անցեր:
Անհուն թիւով կայծակներու
Թուրն է բեկուեր ադամանդին ու անցեր:
Մահախուճապ սերունդներուն,
Աչքն է դպեր լոյս գագաթին ու անցեր:
Կարգը պահ մը քուկդ է հիմա
Դուն ալ նայիր սէգ գագաթին ու անցիր:
Հրաբխային բարձրաւանդակի հարաւային մասին վրայ, կը գտնուին Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր լեռնագագաթներու մեծ մասը՝ ՄԱՍԻՍԸ:
Ան կը բարձրանայ Հայաստանի կեդրոնը, Արարատեան դաշտին մէջ: Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս՝ 5156 մ. եւ Փոքր Մասիս՝ 3925 մ.: Անոնք ծածկուած են յաւիտենական ձիւնով:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՎԵՀ Է ԱՐԱՐԱՏԸ
Արարատը վեհ է, որովհետեւ անոր կողերը ուղիղ գծով կը բարձրանան ընդարձակ եւ միաժամանակ բաւական ցած դաշտագետինի մը վրայէն:
Արարատը վեհ է, որովհետեւ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ, ան հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշն է:
ՄԱՍԻՍ ԼԵՌԸ հայկական լեռնաշխարհին եւ ընդհանրապէս հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է՝ 5156 մեթր:
Մասիս լեռը յայտնի է Աստուածաշունչի միջոցաւ, բայց ոչ թէ Մասիս, այլ ԱՐԱՐԱՏ անունով:
Աստուածաշունչի հեղինակները Արարատը կը համարեն այն լեռը, ուր
համաշխարհային ջրհեղեղի ժամանակ Նոյ նահապետը իր ընտանիքով ապաստանած
է եւ այնտեղէն կեանքը կրկին տարածուած է աշխարհով մէկ:
Աստուածաշունչի միջոցաւ Արարատ անունը ընդունուած է քրիստոնեաներու կողմէն եւ տարածուած միւս ժողովուրդներու մէջ:
Մասիսը կը գտուի Հայկական Պար լեռնաշղթայի արեւելեան ծայրը, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքի դէմ յանդիման:
Մասիսը լեռնազանգուած մըն է, որ կը զբաղեցնէ մօտ 1200 քկմ. մակերես: Ան կազմուած է ընդհանուր հիմքի վրայ նստած երկու կոնաձեւ՝ Մասիս եւ Սիս գագաթներէն:
Մասիսի հիւսիս-արեւելեան լանջին վրայ, պարզ օրերուն կ՛երեւի լերան գագաթէն մինչեւ ստորոտը ձգուող հսկայական խորխորատ մը, որ յայտնի է «Վիհ Մասեաց» անունով:
Իր գեղեցկութեամբ, դժուարամատոյց բարձրութեամբ, բնական սարսափազդու երեւոյթներով ( երկրաշարժ, սառցասահք, եւայլն) խորհրդաւոր ազդեցութիւն թողած է մարդկանց վրայ եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:
Մասիսի հետ կապուած է Հայոց Արտաւազդ թագաւորի մասին առասպելը: Ժողովուրդը Մասիսի անդունդներն ու վիհերը համարած է չարութեան ու նախանձի խորտակման վայրեր:
Ըստ աւանդութեան, Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ կործանուած է Արտաւազդը, որ նախանձով լեցուած է իր հօր՝ Արտաշէս արքայի հանդէպ, հետապնդած ու նուաստացուցած է իր եղբայրներն ու մերձաւորները: Ան որսի ժամանակ գլորուեր է Մասեաց վիհը, ուր քաջքերը շղթայած են զինք: Այնտեղ հաւատարիմ գամփռները շարունակ կը կրծեն շղթաները, իսկ դարբինները, կատարելով ժողովուրդի կամքը « կը զարնեն կռանը սալին, որ անիծեալ արքայի կապանքն ամրանայ»:
Մասիսը սուրբ սար համարելով, մարդիկ երկար ժամանակ չեն փորձած բարձրանալ Մասիսի գագաթը: Պատմութեան յայտնի է, որ առաջին անձնաւորութիւնը, որ փորձած է Մասիս լեռ բարձրանալ Յակոբ Մծբնացի եպիսկոպոսն է ( 4-րդ դար):
Առաջին անգամ Մասիսի գագաթը յաջողած է բարձրանալ Դորպատի համալսարանի փրոֆեսոր Ֆրետրիկ Պարոտը, որուն կ՛ուղեկցէր Խաչատուր Աբովեանը:
Եղիշէ Չարենց կը գրէ.
Իմ կարօտած սրտի համար, ոչ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ:
Նարեկացու Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ,
Աշխարհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում:
Իսկ Շիրազ կը գրէ՝
Բոլոր ազգերը թող հասնին լուսին,
Միայն թէ հայը հասնի Մասիսին:
***
ԲԻՒՐԱԿՆ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅ
ԲԻՒՐԱԿՆԻ լանջէն կը բխին հազարաւոր ջրառատ ջրաղբիւներ: Այստեղէն սկիզբ կ՛առնեն Արաքս գետը եւ Արածանիի քանի մը վտակները:
Գեղեցիկ է Բիւրակնի բնութիւնը: Հայ Ժողովուրդը սրբացուցած է իր բնօրրանի այս հրաշալի անկիւնը:
Ըստ աւանդութեան, Հայկ Նահապետը բռնակալ Բելի դէմ դուրս գալէ առաջ, իր նետը ամբողջ օրը պահած է Բիւրակնի սառնորակ աղբիւրներու ջուրին մէջ, համոզուած ըլլալով, որ հայրենի ջուրերը զօրութիւն կու տան իր զէնքին:
Բիւրակնը հայութեան համար եղած է ոգեշնչման աղբիւր: Անոր մասին յօրինուած են առասպելներ, անոր նուիրուած են բազմաթիւ երգեր ու բանաստեղծութիւններ:
***
ՍԻՓԱՆ ՍԱՐ
ՍԻՓԱՆ ՍԱՐԸ, կը գտնուի Նեմրութէն արեւելք, Վանայ լիճի հիւսիսային ափերուն մօտ: Ան իր բարձրութեամբ կը զիջի միայն Մասիսին եւ յաճախ կը կոչուի «Երկրորդ Մասիս»:
Սիփանէն հիւսիս-արեւելք կը տարածուի Ծաղկանց լեռները, ուր յայտնի է ԹՈՆԴՐԱԿ գագաթը: Այս գործող հրաբուխ է, այժմ այցելուները կը տեսնեն թէ ինչպէս ան կը ծխայ արտավիժելով ծծմբային կազ եւ ջրային տաք գոլորշիներ:
Սիփան սարը ունի 4434 մ. բարձրութիւն: Սիփանը Հայաստանի երկրորդ բարձր լեռն է:
Ըստ աւանդութեան Նոյի տապանը ուզած է հանգչիլ Սիփան սարին վրայ եւ ըսած է Սի՛ս, Սի՛ս ընդունէ զիս:
Իսկ Սիփանը պատասխանած է
Գնա՛ ի Մասիս, ան մեծ է քան զիս:
***
ՆԵՄՐՈՒԹ լեռնագագաթը, կը խոյանայ դէպի Վանայ Լիճի արեւմտեան ափը, ան ունի հատած Կոնի տեսք, լանջերը զառիթափ են:
***
Ծաղկանց լեռներու համակարգին մէջ, Թոնդրակէն արեւմուտք, յայտնի է նաեւ ՆՊԱՏ լեռը, որուն լանջէն, հայոց Պապ թագաւորը 371 թուականին ղեկավարած է Ձիրաւի դաշտին մէջ հայոց զօրքի ճակատամարտը պարսիկներուն դէմ:
ԱՐԱԳԱԾ ԼԵՌ
Հայկական բարձրաւանդակի հրաբխային մասին մէջ կը գտնուին ԱՐԱԳԱԾ ՈՒ ԳԵՂԱՄԱՅ լեռնազանգուածները:
Արաքսի եւ անոր վտակ Ախուրեանի մէջ կը գտնուի ԿԱՐՍԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՍԱՐԱՀԱՐԹԸ, որուն արեւելեան եզրին կառուցուած է միջնադարեան Հայաստանի Անի մայրաքաղաքը:
ԱՐԱԳԱԾ լեռը կը գտնուի Արարատ լեռէն 100ք.մ. դէպի հիւսիս:
Արագածը Հայաստանի երկրորդ բարձր լեռն է: Ունի 4095 մ. բարձրութիւն:
Իր չորս կոնաձեւ գագաթներուն համար կը կոչուի քառագագաթ:
Արագածի հողը բարեբեր է: Ան ունի առատ աղբիւրներ եւ լիճեր: Արագածի կողերուն կը ծլին բազմաթիւ ծաղիկներ, որոնցմով կը պատրաստուի շատ համեղ եւ ընտիր մեղր:
Ժողովուրդը Արագածը կը կոչէ նաեւ Ալագեազ, Ալագէօզ:
-Ըստ աւանդութեան, Արագածի գագաթին վերեւ կայ աստղ մը, որ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչին աչքն է: Այդ աչքը կը հսկէ Հայաստանին վրայ, որպէսզի վտանգներէ հեռու պահէ զայն եւ այդ կը կոչուի «Լուսաւորչի կանթեղ»:
-Արագածի անունը կապուած է Արա Գեղեցիկի հետ: Սկիզբը կոչուած է «Արայի գահ» յետոյ «Գահ» բառը դարձած է «Գած» եւ եղած «Արագած»:
-Արագածի ստորոտը կը գտնուի Բիւրականի աստղադիտարանը, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր աստղադիտարաններէն մէկն է:
Այնտեղ՝ Արագածին շուրջ, 2005-ի Մայիսին 28-ին, 200.000 հայեր պարեցին միասնութեան շուրջ պարը: