Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ

   Արդէն իսկ անդրադարցած ենք այն իրողութեան որ ամէն քաղաքական հաւաքականութիւն, երկիր, պէտք ունի, արժէքներու հէղինակաւոր բաշխման համար, որոշում առնողներու  կառոյցի մը: Բոլոր տեսակի վարչակարգերու պարագային, բարձրագոյն ղեկաւարներն են, որ կը ստանձնեն կարեւորագոյն դերը այդ կարոյցին մէջ:

Քաղաքական հաւաքականութեան մէջ, անոնք ամէնէն յայտնի եւ ճանչցուած ղեկավարներն են:

Միշտ ալ եղած են անհատներ, որ ղեկավարութեան մը գոյութիւնը վերագրած են ղեկավար դիրքի տիրացած մարդոց անհատական կարողութեանց:

Այսինքն զօրաւոր անհատականութիւն ունեցող եւ խելացի մարդիկ յաջողածեն տիրել ուրիշներու վրայ եւ այս ձեւով մէջտեղ եկած է «ղեկավարութիւն» կոչուած ըմբռնումը եւ ղեկավարներ ունենալու սովորոյթը:

Սակայն ըստ մեր բացատրութեան, ղեկավարները պարզապէս անհրաժեշտ դեր մըն է որ կը խաղան հաւաքականութենէ ներս, ինչպէս հաւաքականութեան միւս անդամները,իրենց կարգին, ստանձնած են այլ դերեր:

Հաւաքականութիւնը պէտք ունի հեղինակութեան մը, որ կատարէ արժէքներու բաշխում: Բարձրագոյն ղեկավարները, այս հեղինակութեան ամենակարեւոր մէկ բաժինը կը կազմեն եւ այսպիսով կը կատարեն կարեւոր եւ անհրաժեշտ դեր մը:

Ղեկավարի մը անհատական յատկութիւնները եւ կարողութիւնները կարեւոր են, այն իմաստով, որ միշտ գոյութիւն ունեցած են կարող եւ անկարող ղեկավարներ: Ինչեն այն նւազագոյն պայմանները, որ ղեկավար մը միշտ պէտքէ գոնէ որոշ չափով գոհացնէ: Առաջին, ան պէտքէ կարող ըլլայ սահմանելու, արտայայտելու եւ ներկայացնելու կամ պարզելու իր հետեւորդներուն իղձերն ու պահանջքները: Որքան որ ղեկավար մը յաջողի գոհացնել այս պայմանը,նոյնքան կը դիւրանայ իր դերը: Երկրորդ պայմանը աւելի կազմակերպչական բնոյթ ունի եւ կը կայանա ղեկավարին գործեր բաժնելու, եւ ծրագիրեր իրագործելու համար գործելակերպ եւ ռազմավարութիւն ճշդելու' կարողութեանց մէջ: Կարեւոր է' որ ղեկավար մը ճանչնայ իր շրջապատը եւ իւրաքանչիւր գործ յանձնէ յարմարագոյն թեկնածուին: Նոյնքան կարեւոր է այն, որ ղեկավար մը կարող ըլլայ ծրագրել իր հետապնդելիք նպատակներու իրագործումը, խնայելով ուժեր ու աղբիւրներ եւ դասաւորէ ամէն ինչ ըստ առաջնահերթ կարեւորութեան եւ ոչ թէ գործէ ըստ պատահականութեան:

Ղեկավարներու դերին ու յատկութեանց մասին տրուած այս բացատրութիւններէ ետք,պէտքէ անդրադառնալ այլ կարեւոր հարցի մը: Ինչու մարդիկ կը հետեւին ղեկավարներու. որոնք են հոգեբանական այն ազդակները' որ մարդոց կը մղեն հնազանդիլ ղեկավարութեան: Պարզ իրականութիւն է,որ պաշտոնապէս որպէս ղեկավար ճանչցուիլը,բաւարար չէ մարդոց հպատակութիւնը ձեռք բերելու համար:
Կարելի է թուել վեց տարբեր ազդակներ, որոնք առանձնապէս,կամ միասին մարդոց կը մղեն հետեւիլ ղեկավարներուն:

1- Անհատ մը կրնայ հետեւիլ արդեն իսկ ղեկավար ճանչցուած ուրիշ անհատի մը' պարզապէս սովորութեան բերմամբ, առանց զգալու եւ ինքնաբերաբար:

2- Անհատ մը կրնայ համաձայն գտնուիլ ղեկավարի մը որոշումներուն կամ նպատակներուն հետ ու հնազանդիլ անոր:

3- Անհատ մը կրնայ հետեւիլ ղեկավարի մը, որովհետեւ անոր հանդէպ կը զգայ հաւատարմութիւն. եւ կամ անհատը հաւատարմութիւն կը զգայ խմբակցութեան մը հանդէպ «կուսակցութիւն», որուն ներկայացուցիչն է այդ ղեկավարը, կամ այդ խմբակէն բխած է ղեկավարութիւնը:

4- Անհատ մը կ՛ընդունի ղեկավարութեան մը որոշումները, որովհետեւ կը հաւատայ թէ' անոնք կրնան ճշգրիտ եւ օգտակար որոշումներ առնել եւ իրենց դատողութիւնը միշտ անսխալական է:

5- Անհատ մը կրնայ պարզապէս հնազանդիլ, քանի որ ան կ՛ընդունի հեղինակութեան հպատակելու սկզբունքը: Անհատը կը հաւատայ, որ իր հաւաքականութեան օրէնքներու եւ սովորութիւններու հիման վրայ պաշտօնի կոչուած ղեկավարներուն պէտք է որ հնազանդի:

6- Վերջապէս, մարդիկ յաճախ կը հպատակին ղեկավարութեան մը որոշումներուն, զգուշանալով հաւանական պատիժներէ ու նաեւ յուսալով,որ հնազանդելով ոչ թէ միայն չեն ենթարկուիր պատիժի, այլ նաեւ կը ստանան որոշ հատուցում «պաշտօն, դրամ եւ այլըն»: Պէտքէ նաեւ շեշտել այն իրողութիւնը թէ այս վեց ազդակներէն, ոմանք աւելի հիմնական ազդեցութիւն ունենալով, աւելի հնազանդութիւն կ՛ապահովեն:

Իբրեւ եզրափակում, կարելի է կատարել հետեւեալ,մասամբ հակասական նկատառումներ, բարձրագոյն ղեկավարութեան կամ գործադիրներու հետ, կապուած հարցերու շուրջ:

ա.- գործադիր ղեկավարներուն ուժն ու ազդեցութիւնը նկատելի չափով զօրացած է վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, բոլոր վարչակարգերու պարագային ալ:

բ.- Այս սակայն չի նշանակեր թէ այսօր, ղեկավար-գործադիրները ունին անսահմանափակ ուժ: Արդարեւ, անոնք ընդհանրապէս կը դիմեն բանակցութեանց եւ շատերու կը համոզեն փոխադարձ զիջումներով:

գ.- Իսկ ժողովրդավարական երկիրներու պարագային,կարելի է ըսել' որ ներկայիս շատ աւելի դժուարացած է հաշիւ պահանջել ղեկավարներէն եւ ոմանք հարց կը դնեն թէ արդեօք բաւարարեն հաշուեուական ձեւերն ու միջոցները: Արդեօք կարելի է ներկայ իրականութեան մէջ ղեկավարներու ուժը նկատել օրինական սահմաններէն ներս:

դ.- Նոյն ատեն սակայն,կարելի է ըսել' որ քաղաքական գործադիրին պարտականութիւնները չափազանց դժուարացած եւ ընդարձակուած են: Յաժախ կարելի է նոյնիսկ խորհիլ թէ Ամերիկայի նման երկիրի մը պարագային անկարելի է սպասել' որ մէկ անհատ մը կարենայ իրագործել նախագահին վերապահուած հսկայական պարտականութիւնները:

zp8497586rq

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …