Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐ)
(1863,ՄԵՂՐԻ -1915 ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)
Հասարակական, քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս: Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան անդամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը (1883թ.), իսկ յետագային ուսումը շարունակած է Ժնեւի մէջ:
Աշխատակցած է «Մշակ»ին եւ եղած՝ խմբագրութեան քարտուղար 1899-էն , Ժնեւի մէջ աշխատած է «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մէջ, ուր տպագրուած է իր «Կովկասեան խապրիկներ» յօդուածաշարը՝ Է.Ակն ստորագրութեամբ:
1908-էն սկսած աւելի աշխոյժացած է անոր հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը Կ.Պոլսոյ մէջ: 1910-1911-ին քարոզչութեամբ հանդէս եկած է հիւսիսային Ամերիկայի, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Զմիւռնիայի եւ Էրզրումի մէջ: