Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ (Ե. ԴԱՐ)

ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ (Ե. ԴԱՐ)

yezig Goghpatsi

Եզնիկ՝ Մեսրոպի եւ Սահակի աւագ աշակերտներէն էր, շատ խելացի եւ ուշիմ: Կողբացի կը կոչուի, Այրարատ գաւառին Կողբ գիւղը ծնած ըլլալուն համար: Իր կեանքին մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ կան: Կ՛ենթադրուի որ ապրած ըլլայ 400էն 470ի շրջանին: Յայտի է որ ան իր հաւատակից-եղբայր Յովսէփին հետ, Մեսրոպի եւ Սահակի կողմէ, ղրկուած է նախ Եդեսիա, ապա՝ Բիւզանդիոն, ուր խորացած է ասորերէնի, յունարէնի, քրիտոնէական ուսմունքի ուսումնասիրութեան մէջ: Տիրապետած է նաեւ պարսկերէնի: Բիւզանդիոն եղած շրջանին ձեռք ձգած է Աստուածաշունչի «հաստատուն օրինակներ»ը, այսինքն՝ յունական լաւագոյն թարգմանութիւնները, որոնց հիման վրայ, վերադարձին, սրբագրած է հայերէն թարգմանութիւնը իր հետ Հայաստան բերած է նաեւ շրջանի Ինկիոյ եւ Եփեսոսի մէջ տեղի ունեցած եկեղեցական ժողովներու կանոնները: Հոն է որ խորապէս ուսումնասիրած է եւ պարսիկներու Մազդեզանց կրօնքը, որուն սկզբունքներուն քննութեան ու հերքմանն է նուիրած իր «Եղծ Աղանդոց»ը:

Հայաստանի մէջ, կը կարծուի՝ կարգուած ըլլալ Բագրեւանդի եպիսկոպոս եւ եռանդուն մասնակցութիւն ունեցած ըլլալ 449ի Արտաշատի ժողովին՝ ուր կը քննուէր Յազկերտ Բ.ի Հայաստան ղրկած «Թուղթ»ը եւ անոր տրուելիք պատասխանը:

Եզնիկէն մեզի մէկ գործ հասած է, մէկ ձեռագիր օրինակով՝ «Եղծ Աղանդոց»ը (տպագրուած է երբեմն այլ խորագիրներով՝ «Հակաճառութիւն» եւ այլն): Ասիկա գրուած է բարեկամներու խորհուրդով, եւ անով հեղինակը հետապնդած է երկու նպատակ. իր հաւատակիցներուն ճշմարիտ պատկերացում տալ քրիստոնէական ուսմունքին վրայ, եւ հերքել Մազդեզանց կրօնքին կեղծ ու պատիր սկզբունքները:

«Եղծ Աղանդոց»ը գրուած է ճոխ ու տիպար գրաբարով մը, բարձր ոճով եւ կուռ տրամաբանութեամբ: Եզնիկ իր մտքերը կը շարայարէ վիճաբանութեան ձեւով («հակաճառութիւն»). մէկիկ-մէկիկ կ՛առնէ պարսից քէշին (կրօնքին) որդեգրած սկզբունքները եւ տրամաբանական դատողութիւններով կը հերքէ անոնց «Ճշմարտութիւնը»: Խօսքը կենդանի է, աշխոյժ, երբեմն ճարտասանական փայլուն պոռթկումներով, երբեմն՝ հեգնախառն: Ամէն տողէն զգալի է որ հեղինակը կարծես բուռն վէճի մէջ է իր առջեւ կեցած մէկու մը հետ՝ որ իրմէ տարբեր, հակառակ հայեացքներ ունի, եւ ինք կ՛աշխատի մերթ համոզել զայն, մերթ ցոյց տալ անոր սխալները, մոլմրութիւնները, մերթ ծաղրի ենթարկել զայն իր անտրամաբանական պնդումներուն համար, պարզապէս ձեռքէն բռնած առաջնորդել դէպի ճշմարտութիւնը:

«Եղծ Աղանդոց»ը դարեր շարունակ սեղանի գիրք եղած է: Թարգմանուած է աշխարհաբար եւ օտար կարգ մը լեզուներով (Ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ անգլերէն): Անոր մասին ուսումնասիրութիւններ գրած են թէ՛ հայեր, թէ՛ այլ ազգիներ:

About admin

Check Also

ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12)

ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12) Աղեքսանդրի մահէն վերջ Յունաստանի համար կը սկսի երկար քաղաքական խառնակութեան …

Leave a Reply