Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՔՍՈՐՈՒՄԸ

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՔՍՈՐՈՒՄԸ

ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՔՍՈՐՈՒՄԸ

ՊՈԼԻՍԷՆ 1915ԻՆ

(ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻՆ)

«Կարմիր Կիրակին» այն գիշերն է, որ Պոլիսի մէջ գտնուող հայ մտաւորականները եւ Ղեկավարները կը ձեռբակալուին եւ կը տեղափոխուին ու կ՛աքսորուին Անգարայի մօտ գտնուող երկու «Սպասման կեդրոններու» Մուհամէտ Թալիաթի հրամանով:

Օսմանեան Թուրքիայի ներքին գործոց նախարար Թալիաթ 1915Ապրիլին Պոլիսէն հրահանգ տուաւ … եւ 24-25 Ապրիլի գիշերները Պոլիսի Մտաւորականներու առաջին ալիքը, որ կը բաղկանար կղերականներէ, բժիշկներէ, խմբագիրներէ, թղթակիցներէ, իրաւաբաններէ եւ փաստաբաններէ, ուսուցիչներէ … կը ձերբակալուին 235-270 հոգիով, ներքին գործերու նախարարութեան կողմէ ղրկուած հրահանգով: Անոր յաջորդեց երկրորդ ալիքը 500-600 հոգիով:

Իսկ 1915ի Օգոստոսին Ռուսական հպատակութիւն ունեցող 150 հայ մտաւորական ղեկավարներ կը ձեռբակալուին եւ կ՛աքսորուին Պոլիսի մէջ ղրկուելով Անգարա եւ Մուտշուր (Mudshur) :

‎ Օսմանեան կայսրութեան կատարած ձեռբակալումները կը կատարուէր Պէիր պէյի հսկողութեան տակ որՊոլիսի ոստիկանապետն էր:

Ձերբակալուածները ղրկուած են տարբեր վայրեր, մաս մը Cankiri   , իսկ մաս մը Ayas , մաս մը ազատ արձակուած, մաս մը բանտարկուած, իսկ մաս մըն ալ սպաննուած:

Ձերբակալուած մտաւորականները եւ ղեկավարները փոխադրուած են եւ ղրկուած տեղ տեղ կառքերու եւ շոգեկառքերու միջոցաւ:

Հետեւեալ ցանկը կը պարունակէ Պոլիսէն-Անգարա ուղղուող շոգեկառքի մէջ գտնուող ձեռբակալուած հայերու անունները, որոնց կը սպասեր տարբեր ճակատագրեր:

Մեծամասնութեան Սեւ Ճակատագիրը ..

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …