Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԲԻՒՐԱՏ ՍՄԲԱՏ (ՍՄԲԱՏ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆՑ)

ԲԻՒՐԱՏ ՍՄԲԱՏ (ՍՄԲԱՏ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆՑ)

 

 

 

 

 

 

ԲԻՒՐԱՏ ՍՄԲԱՏ (ՍՄԲԱՏ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆՑ)

(1862,ԶԷՅԹՈՒՆ-1915 ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)

 

Գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ: Աւարտած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը (1889), Սորպոնի համալսարաններուն մէջ եղած է մանկավարժական դասընթացքներու ազատ ունկնդիր: Ուսուցիչ՝ Մարաշի, Զէյթունի, Սիսի, Սամսոնի, Կ.Պոլսոյ, Ալեքսանդրիայի եւ Գահիրէի հայկական վարժարաններուն մէջ:

1890-ին Եարբուզ գիւղին մէջ ձերբակալուած է ընտանեօք եւ ուղղակի Մարաշ փոխադրուած, ուրկէ ալ Հալէպ՝ մահուան դատապարութեամբ: Հինգ տարիներ զնդանները մնալէ ետք, 1895-ի ընդհանուր ներումին ինք եւս ազատ արձակուած է Երուսաղէմ երթալ, ապա՝ Պոլիս, ուր մնացած է մինչեւ 1896-ի դէպքերը, որմէ ետք անցած է Եգիպտոս:

Գահիրէի մէջ հրատարակած է «Փիւնիկ» եւ «Նոր Օր» թերթերը: Երիտթուրքական յեղաշրջումէն (1908) ետք վերադարձած է Կ.Պոլիս: Զբաղած է կրթական եւ հասարակական գործունէութեամբ, շարունակած է «Փիւնիկ»-ի լոյսընծայումը, հրատարակած նաեւ՝ «Գաղափար» թերթը:

Բիւրատ Սմբատի երկերէն «Աւարայրի Արծիւը կամ Վարդանանք» (1909), «Արիւնի Ճամբուն վրայ» (1911), «Վերջին Բերդը» (հրտ.1929), «Ելտըզէ Սասուն» (1911) եւ «Ազատութեան համար» (Զէյթունի Վրէժը» 1911) կը պատկերեն հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը եւ ազատագրական շարժումները: 1911-ին հրատարակած է նաեւ «Արեւելեան խնդիր եւ Հայկական հարց» մենագրութիւնը:

Գրական ծածկանուններէն յիշենք՝ Հայկ, Լեւոն, Ապտակ, Թաթ, Մտրակ, Խայթոց, Լեռնորդի եւայլն.:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յիշէ Զիս

(Հալէպի բանտը գրուած քերթուած)

 

Յիշէ՛ զիս զով օդ, եղկ արեւ,

Քեզ տանին այցել Աւերակը սեւ,

Որ ծովահայեաց բըլուրին վըրայ

Պառկած՝ հսկայի քուն կը քընանայ.

Անխօսին երբ խօսիս,

Այն պահուն յիշէ՛ զիս:

Յիշէ՛ զիս, եթէ բլրէն իջնfլով՝

Երթաս ըզմայլիլ, դիտել կապոյտ ծով.

Խնդրեմ, քիչ մը կա՛նգ առ ճամբուդ վըրայ,

Հոն ուր, Լեւոնիկն  իմ քընանայ.

Շիրմակին երբ հակիս,

Տրտմագին յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, եթէ նետուելով նաւակ,

Պատռես ալիքը, մրմնջես նըւագ.

Քանի՛ հիանան ափն ու իր ժըխոր,

Կ՛օրօրուի հոգիդ քաղցր անցեալին խոր.

Ծովուն հետ երբ խօսիս ,

Ալեկոծ՝ յիշէ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, եթէ արեւմարգին դէմ

Բազմած ընկերոջ հետ զըւարթադէմ,

Ծովէն թրջըւած պատշգամին վրայ

Պարպես բաժակներ, գլուխդ երերայ.

Սրտիդ հետ երբ խօսիս,

Սրտագին յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, եթէ գիշերը մինակ,

Ըստուերի մը պէս սողոսկիս պուրակ,

Փարիս աչերովդ արծաթ լուսնակին,

Մըրմունջը լսես առուին լալագին.

Կամարին երբ նայիս,

Մութի մէջ յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, եթէ վերջ Նոյեմբերի՝

Մահամերձ երկիրը տարուբերի,

Ժամանէ ձըմեռն ու շունչովն ուժգին՝

Թօթափի տերեւ, սարսափի հոգին.

Մոտայած երբ յուզիս,

Դողագին յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, եթէ սեղանին բոլոր՝

Թաւալես սրբշիռ աչերդ մոլոր,

Պար, երգ ու ժպիտ, համբոյր ու տարփանք,

Անվերջ անթախիծ խոստանան քեզ կեանք.

Խնջոյքէն երբ զըզուիս,

Պահիկ մ՛ալ յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս …: Ցաւի ամիսներ, ամեր

Ճակատս են պեղեր, արիւնս են քամեր,

Հոգիս՝ դիակ մը, մարմինըս դագաղ,

Բանտը՝ գերեզմանս, ո՞վ լայ զիս , աւա՛ղ.

Դո՛ւ , հատոր իմ սրտիս,

Դո՛ւ միայն յիշէ՛ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս յաւէտ, երբ նիւթէն ի վե¯ր

Թեւածեն ըզքեզ Ցընորքին հովեր,

Կամ երբ նիւթին մէջ թաղուած ընկըղմած,

Կ՛ապրիս դու կեանքը ցամաք, տխրամած.

Անդունդին երբ նայիս,

Ցընորած յիշէ զիս:

 

Յիշէ՛ զիս, այո՛, յիշէ՛ քու Բիւրատ,

Որու սիրտն՝ աննենգ, սէրն՝ է անարատ.

Անի ցերեկով նետեցին զնդան,

Գիշերը շրջի դի կիսակենդան.

Սոսկումը զնդանիս

Յիշելով՝ յիշէ՛ զիս:

 

 

Իսկ երբ ինձ հըպի մահուան ձեռքն երկաթ,

Պաղ քրտնաց հեղեղ հոսէ իմ ճակատ,

Լոյսն իմ բաց աչքին, բոցն իմ խոց սրտին՝

Մարին ըսպառին շնչովը ցրտին,

Երակներուս մէջ արիւնը սառի,

Եւ լեզուս կարկամ՝ ա՛լ չը բարբառի.

Մարմինս, սառոյցէն, գորշ հոտէն , աւա՛ղ,

Խոյս տան օտարներ, զըէանան դագաղ.

Երբ ո՛չ հայր, ո՛չ մայր, ո՛չ եղբայր, ո՛չ քոյր,

Ո՛չ կին, ո՛չ որդի, տայ վերջին համբոյր.

Քանի մ՛անտանբեր մեռելաթաղներ՝

նետեն զիս փոս մը զոր նո՛ր են պեղեր.

Զազիր առարկայ դառնամ ամբոխին,

Մինչեւ որ հաճին տալ զիս սեւ հողին,

Տեղա¯յ խեղճ գլխիս՝ անէծքի կարկուտ,

Անունը սպաննէ ժամանակն անգութ.

Զիս մի հողակոյտ երբ նըշանակէ

Զոր ամէն անցորդ կը նըշաւակէ.

Քնարիս եզերքը կամաց կամաց

Բուսնին փուշ, ծաղիկ, զարդերը շիրմաց.

Երբ գետնին ներքեւ, խորն հողին խոնաւ՝

Որդերու գունդը խուժէ սըրարշաւ,

Լափէ լափլափէ¯ մարմինն իմ բոլոր.

Ափ մ՛աճիւն տըձեւ մի քանի ոսկոր,

Թողլով իմ կեանքէս մընացորդ միակ

Եւ սիրականիդ սիրոյն յիշատակ,

Յայնժամ, ո՛վ հատոր սրտիս եւ հոգւոյս,

Որ աչքէս հեռի, բայց աչքի՛ս ես լոյս,

Թէ կը փափաքիս որ ննջեմ հանգիստ,

Ծոցը կայանիս,- կայա¯ն լըռանիստ,

Յիշէ՛ զիս, յիշէ՛, եւ մի՛ մոռանար

Քու մըտերիմը որ սիրեց քընար.

Սիրեց ինչ որ էր գեղեցիկ, բարի,

Ինչ որ ճշմարիտ էր եւ անթերի.

Թէ ոչ՝ մի՛ յուսար որ պըրծիս ձեռքէս.

Ըզքեզ հալածող ուրուակա՛նն եմ ես:

Գիշերը, մինչ քունն անուշիկ հանդարտ,

Գրկէ զքեզ, կու գամ քեզ դէմ մըղել մարտ,

Սեւ ու սոսկալի երազով տանջեմ

Ամբո՛ղջ էութիւնդ, ե՛ս որ ոչինչ եմ …:

 

10-7-1893

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …