(1884-1915)
(1915-Ի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)
Ծնած է 1884ին Սեբաստիոյ մօտ, Բրզնիկ գիւղը: Հայրը կանուխէն պանդխտած է Պոլիս ՝ դրամ շահելու համար:
1896ի կոտորածներու տարին Դանիէլ կը ղրկուի Պոլիս, ուր իր հայրը կը գտնէ բանտ նետուած: Կը յաճախէ Մխիթարեան վարժարանը, ուր Հայր Արիստակէս Գասգանտիլեան Դանիէլի մէջ գրական շնորհներ տեսնելով, զինք կը տանի Վենետիկ 1902ին: Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի ընթացքը աւարտելէ ետք, 1905ին կը յաջողի անցնիլ Պելճիքա եւ մտնել Կան քաղաքի համալսարանը:
1909ին կը վերադառնայ իր գիւղը եւ երեք տարի ուսուցչութեամբ կը զբաղի Սեբաստիոյ մէջ: Կ՛ամուսնանայ եւ 1912ին կ՛անցնի Պոլիս, ուր կը ստանձնէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Միաժամանակ առաջ կը տանի գրական աշխատանքները: Կը նահատակուի 1915ին:
Դ.Վարուժանի գրական գործունէութիւնը տեւած է հազիւ տասնամեակ մը՝ 1905էն 1915: Այսուհանդերձ կրնանք բեղուն համարել այս կարճատեւ շրջանը, որու ընթացքին Վարուժան մեր գրականութեան տուաւ չորս մեծարժէք հատորներ.-
1.-«Սարսուռներ» (1906), որ կը բովանդակէ պատանեկան նախափորձերը, գրուած Վենետիկ, աշակերտութեան օրերուն:
«Սարսուռներ»ը շնորհալի բանաստեղծի մը երեւումը ծանուցանող գեղեցիկ խոստում մըն է լոկ:
2.-«Ցեղին Սիրտը» (1909), գրուած օտարութեան մէջ, համալսարանի ուսանողութեան օրերուն: Այս գիրքը հայ գրականութեան մէջ դիմաւորուեցաւ իբրեւ անվիճելի գլուխ-գործոց մը եւ մէկ անգամէն Դ.Վարուժանը պսակեց մեծ քերթողի դափնիով: Գիրքին գրեթէ բոլոր բանաստեղծութիւններն ալ կ՛երգեն հայ ժողովուրդի տառապանքը, ջարդերը ու նահատակութիւնը եւ նոյն ատեն հերոսական խյոանքները, պայքարի հզօր ոգին եւ լուսաւոր ապագայի մը անշէջ հաւատքը: Բովանդակութիւնը բաժնուած է երեք գլուխներու՝ «Բագինին վրայ», «Կրկէսին մէջ» եւ «Դիւցազնավէպեր»: Հոս Դ.Վարուժան դիւցազներգակ եւ ողբերգակ բանաստեղծ մըն է:
3.-«Հեթանոս Երգեր» (1912).- Փառաբանանքը հին հեթանոս կեանքին, ուր ուժն ու գեղեցկութիւնը պաշտամունքի բարձրագոյն արժէքները կը կազմէին:
Ժամանակակից այլ գրողներ եւս ձգտումը ունին ոգեկոչելու նախաքրիստոնէական հայոց անցեալը:
Ստրկութեան լուծը թօթափել փորձող հայ հոգին կարօտը ունի հին դարերու ուժին ու փառքին:
Գրքին երկրորդը մասը, որ կը կոչուի «Գողգոթայի ծաղիկներ», մեծ մասամբ նուիրուած է տառապող աշխատաւորներուն, որոնք կը տուայտին «նոր արշալոյսի երկունքէն բռնուած»:
4.-«Հացին Երգը»(1921).- Վարուժան այս անգամ հովուերգակ մըն է, որ գոյներու եւ ձայներու սքանչելի ներդաշնակութեամբ կ՛երգէ հողագործին աշխատանքը, հողին հրաշալի կերպարանափոխութիւնները եւ հացին պատրաստութիւնը: Վարուժանի նկարած գիւղը կիսաւեր եւ կեղեքուած գիւղը չէ, այլ կակաչներու հրավառ ժպիտով եւ ցորենի ոսկեծուփ ծովերով հարուստ այն աշխարհը, ուր հերկին, ցանքին, հունձքին եւ կալին օրհնեալ բարիքները կ՛անձրեւեն:
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ի՞նչպէս Նահատակուեցան Դ.Վարուժան եւ Ռուբէն Սեւակ
Պատմողն է Հասան անուն կառապան մը, որ հայերու Չանղըրը աքսորուած միջոցին նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի: Իրիկուն մը երբ նստած է ախոռին դրան առջեւ, անծանօթ եւ դաժան դէմքով ձիաւոր մը, առանց ասպնջականութիւն խնդրելու, կու գայ իր ձին կը կապէ Հասանի ախոռին մէջ, ու հեռանալէ առաջ, յիշեալին կը հրամայէ խնամել իր ձին եւ պատրաստել յաջորդ առտուան համար: Հասան գաղտնի կը հետեւի անծանօթին, որ կը մտնէ ծանօթ իթթիհատականներէն մէկուն տունը, ուր քանի մը օրէ ի վեր ժողովներ կը գումարուին եղեր:
Այժմ թողունք որ թուրք կառապանը ի՛նք խօսի.-
«Հետեւեալ օրը, արեւածագէն առաջ ուրիշ անձ մը եկաւ ձին առնելու: Այդ մարդը ինծի միաժամանակ ազդարարեց, թէ պարտաւոր էի կառքովս միասին երթալ գիւղէն քառորդ ժամ հեռու տեղ մը եւ ինքզինքս դնել ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ: Հրաման մըն էր որ ինծի կը հաղորդէր. հարկադրուեցայ հնազանդիլ: Առաջադրուած տեղին մէջ ուրիշ կառք մը կեցած էր: Հոն կը գտնուէին ոստիկանական պաշտօնեայ մը՝ ոստիկան-զինուորի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Պոլսէն Չանղըրը աքսորուած հինգ էֆենտիներ: Անոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն էր, սեւ մօրուքով ու վառվռուն աչքերով: Անոնց ամէնքն ալ քաղաքին պէյերուն պէս լաւ հագուած էին: Ոստիկանական պաշտօնեան զանոնք առաջնորդեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւսին մէջ՝ ոստիկան-զինուորներն ալ միասին: Մեզի հրաման տրուեցաւ ճամբայ ելլել Թիւէյ գիւղի ուղղութեամբ, որ Չանղըրըէն վեց ժամ հեռու է:
«Ժամ մը յառաջացած էինք, երբ ճամբու դարձած մէկ կէտին վրայ տեսնուեցաւ իրիկուան ձիաւորը, որ մեր ճամբան խաչաձեւեց եւ առաջ անցաւ առանց բառ մը արտասանելու: Քիչ վերջ կրկին ու երկրորդ անգամ խաչաձեւեց մեր ճամբան՝ մեր շուրջ դեգերելու երեւոյթով մը: Թիւնէյի կէս ժամ մօտեցած էինք, երբ յանկարծ միեւնոյն անձը մեր առջեւ տնկուեցաւ: Շիտակ կառքիս վրայ եկաւ, իջաւ ձիէն եւ իմ ձիերուս սանձերէն բռնելով, ուզեց կառքը առաջնորդել ճամբէն դուրս, բլուրին տակը, հեղեղատէ գոյացած խորունկ ձորամէջը: Գետին ցատկեցի, նոյնը ըրաւ նաեւ ոստիկան-զիուորը, կարծեցինք որ աւազակներէ յարձակում պիտի կրենք եւ ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուէինք, բայց վրայ հասաւ ոստիկանութեան պաշտօնեան եւ մեզի հրամայեց քաշուիլ եւ միաժամանակ մեծ ակնածանքով անծանօթը բարեւեց: Այդ րոպէին մեր առջեւ ցցուեցան չորս հոգիներ՝ մինչեւ իրենց ակռաները զինուած:
«Անծանօթը, որ կը թուէր թէ անոնց պետն էր, նշան մը տուաւ: Այս մարդիկը բռնեցին զիս եւ միւս կառապանը, մեր ձեռքերը կապելէ ետք՝ կառքէն վար իջեցուցին հինգ աքսորականները, որոնց հրամայեցին իրենց ունեցած դրամները յանձնել: Եւ որովհետեւ ձեռքերնին կապուած էր, զանոնք խուզարկելու գործը ստանձնեցին ոստիկանները, որոնք անոնցմէ կողոպտեցին ինչ որ ունէին- դրամ, զանազան առարկաներ, սիկառնիկ, թղթապանակ, համրիչ: Ոստիկանը քանի մը բառեր փսփսաց չեթէներու պետին ականջին: Կ՛երեւայ թէ վերջինէս խնդրեց կողոպուտը իրեն եւ ոստիկան զինուորին թողուլ: Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէն ետք, ոստիկանը եւ ոսիկան-զինուորը միւս կառքը նստելով մեկնեցան: Իմ ձեռքերս ալ քակելով արտօնեցին որ քաղաք վերադառնամ: Գալով աքսորականներուն, չորս չեթէներուն եւ անոնց պետին կողմէ հրամայուեցաւ իրենց հետեւիլ:
Զանոնք հեռուէն կը դիտէի. հետաքրքրութիւնը զիս անհանգիստ կ՛ընէր… արդեօք այդ էֆենտիները ո՞ւր կը տանէին: Ձորամէջը կտրելով անցան միւս եզրը, ուր փոքր անտառիկ մը բլուրը կը զարդարէ: Քիչ մը աւելի յառաջանալով, անոնց պետը արտասանեց քանի մը բառեր՝ որոնք չկրցի հասկնալ, քանի որ ես անոնցմէ բաւական հեռու էի: Ասկէ ետք մարդիկը յարձակեցան էֆենտիներուն վրայ, անոնց զգեստները հանեցին եւ բոլորովին մերկացուցին… չեմ կրնար նկարագրել այն տեսարանը որուն ներկայ եղայ … Այս խեղճ զոհերը մէկիկ-մէկիկ ծառերուն կապուեցան: Իրենց ձեռքերը կապուած ըլլալով չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել: Յետոյ չեթէապետը եւ իր մարդիկը իրենց դաշոյնները մերկացուցին եւ սկսան դանդաղօրէն եւ հանդարտ կերպով զանոնք մորթատել: Դատապարտեալներու աղաղակը եւ անոնց յուսահատ կատարողութիւնը սիրտս կը ճմլէին …»
ՇԱՄՏԱՆՃԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ
ձֆ
ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ
Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ՛հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նուէր է ան. զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ,- մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վրայ յառած կը մնամ
Լուռ եւ թախծոտ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր:-
Կը մտածեմ,- Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւուած բնութեան ներհուն օրէնքէն:
Վէրքերու սպունգ մ՛ըլլալով
Խմած է մաս մը կեանքի, մաս մ՛արեւու,
Եւ իբր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ՛է եղած, հայ հող մ՛ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջը կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին-հին փառքին,
Ձայնն ամրակուռ սմբակներու, որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տակ փոշիով:
Կ՛ըսեմ.- իր մէջ դեռ կ՛ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տուաւ
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին, նոյն եւ նման հոգիով
Կիրք մ՛եփրատէն առնուած,
Սիրտ մը կամշոտ, թաքստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բուռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ՛հին
Հին դիւցազնի եղած փսոր մը գուցէ
Կոյսի մ՛աղուոր արցունքով:
Տիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ՛Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն.
Ազգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ՛ոգեղինէ- եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ-
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ՛ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջիղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ՛յորդ, ա՛յն սարսուռով՝ որ մտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Եւ կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերու, հոգիներու դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի՛ շրթունքներ,
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքան սիրով՝ որքան հոգիս պիտ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գտնէր,
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինք ի վեր, գրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծնած վեհ վայրկեանին
Զիս հապշտապ կը մղէ
Մերթ լալու, մերթ մռնչելու,
Եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցիս մէջ:
«Ցեղին Սիրտը»