Home / Ա / Նիւթեր / Հայագիտական / ԵՐՈՒԽԱՆ (ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ)

ԵՐՈՒԽԱՆ (ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ)

ԵՐՈՒԽԱՆ (ԵՐՈՒԱՆԴ ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆ

(1870,Կ.ՊՈԼԻՍ-1915 ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)

Գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, մանկավարժ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ներսիսեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէն ներս: 1890-էն սկսեալ աշխատած է «Արեւելք» թերթի խմբագրութեան մէջ: 1896-ի Համիտեան ջարդերուն ժամանակ տեղափոխուած է Պուլկարիա, ուր հրատարակած է «Շաւիղ» թերթը եւ զբաղած՝ ուսուցչութեամբ, ապա 1904-ին) Եգիպտոս, ուր շրջան մը ստանձնած է «Լուսաբեր»ի խմբագրութիւնը: Հոն, 1905-ին ամուսնացած է իր աշակերտուհիներէն մէկուն հետ եւ Եգիպտոս մնացած՝ մինչեւ Օսմանեան Սահմանդրութեան հռչակումը:

Տարագրութեան մէջ Երուխան շարունակած է իր գրական, խմբագրական գործունէութիւնը. դասաւանդած է Վառնայի, Ալեքսանդիայի եւ Գահիրէի ազգային վարժարաններուն մէջ: 1908-ի երիտթուրքական յեղաշրջումէն ետք, վերադարձած է Կ.Պոլիս եւ ստանձնած՝ «Արեւելք»-ի խմբագրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ս.Խաչ Ազգ.Վարժարանի տնօրէնութիւնը (1910-13), ապա մեկնած է Խարբերդ եւ ստանձնած՝ Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանի տեսչութիւնը:

Երուխան գրած է պատմուածքներ, հրապարակագրական յօդուածներ, թարգմանութիւններ, վէպ ու վիպակ: 1904-ին Վառնայի մէջ լոյս տեսած է անոր «Մերժուած Սէր» վէպը, որ վերահրատարակուած է Կ.Պոլսոյ մէջ՝ «Ամիրային Աղջիկը» վերնագրով: 1910-ին տպագրուած է նորավէպերու ժողովածուն՝ «Կեանքին մէջ» խորագիրով: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Երուխան անդրադարձած է հայութեան բոլոր շերտերու կեանքին՝ չարիքի աղբիւրը համարելով Թուրքիոյ մէջ տիրող իրաւակարգը:

«… Մեր թշնամիները յափշտակեցին մեր հարստութիւնները, քանդեցին մեր տունն ու տեղը, մոխիրի վրայ նստեցուցին զմեզ, տասանորդեցին մեր ցեղը, նմանը չտեսնուած վայրագութեամբ մեր անջատումին ձգտեցան, բայց մազի չափ չկրցան վնասել մեր մտքին, մեր այն սրբազան մասունքին, զոր ցեղին հանճարը արտադրած էր եւ որ պիտի մնայ տոկուն ու անսասան ու յաւերժական, ինչպէս մեր վեհապանծ Մասիսը», որ գրած է Երուխան՝ Հայ գիրերու ստեղծման 1500 ամեակին առիթով:

1915-ին ձերբակալուած է եւ Յունիսին՝ Խարբերդի մօտ սպաննուած:

 

 

 

 

Խարբերդի մեր զոհերէն (քաղուածք Թէոդիկէն)

 

Գաղափար մը տալու համար որ Խարբերդի մտաւորական մեր փաղանգը հոգեվարքի ինչ դժնդակ օրեր անցուց, յառաջ կը բերենք քանի մը հատուած Վահէ-Հայկի նօթերէն՝ յատկապէս Տարեցոյցիս համար գրուած:- «Ահազանգի ամենավերջին նախօրեակին՝ քովն էի անոնց եւ տեղեակ անոնց մտմտուքին: Դպրոցները գոց, քսակները դատարկ, մթնոլորտն ալ սեփ սեւ: Դէպ ի Պոլիս փախուստս զգուշացոուց Թլկատենցին՝ յաւիտենակա՛ն չափաւորը, մինչ Երուխան եւ Պսակ Վրդ.քաջալերեցին: Բաժնուեցայ անոնցմէ՝ Մեծ-Եղեռնէն 2 ամիս առաջ: Անդին 2 տնօրէն՝ գրագէտները- Թլկատեցին եւ Երուխան բանտ նետուած են արդէն՝ հարիւրաւոր մտաւորականներու հետ: Բինկեանցի Ասլանեան Վարդան քահանան Թլկատենցիի անբաժան ընկերն ու մխիթարիչը կը դառնայ: Օրերը կ՛անցնին, գերոճիրը կ՛սկսի ծեծով: Փրօ.ներ Թէնէքէճեան, Պուճիտգանեան, Որբերեան, Սողիկեան (ծանօթ բանաստեղծը որ բանտին մէջ հիւանդանալով՝ դուրսը մեռաւ) կը փշրուին, կը խենթանան, ուռած կծիկներ կը դառնան: Կարգը Թլկատենցիին է: Սարսա¯փ: Խաւարն իր բովանդակ մոլուցքը կը ծափէ այս լուսաւորին գլխուն: Ծերունի գրագէտը մանուկի մը պէս կը ճուայ. բանտին քարեր՛րը միայն կը լսեն: Քանի մը օր վերջ, անճանաչ մարդերու այս շարոցը, գլխաբաց, պատառատուն եւ անկօշիկ: Մէզրէ կ՛իջեցնեն: Մտրակին օձը կըը սողայ անոնց ետեւէն: Երուխան առաջուց հոն է արդէն՛ կարկառուն հայերու, բժիշկներու, փաստաբաններու եւ առեւտրականներու հետ: Անվերջ հարցաքննութիւն ու տփոց: Ամէն օր զոյգ զոյգ կալանկապ՝ կը տարուին անվերադարձ: Ասլանեան քհ. կը ցցնէ Վարդանի իր բաշերը, կը խօսի եւ կը պատրաստէ մահուան, աւելի քան յուսալից՝ ապագային համար: Գսակ Վրդ.ի եւ ուրիշներու հետ գոց կառքերով կը տանին Էնդի Դէմէնի եւ Հարազատ Որդի ի անզուգական հեղինակները դէպ ի Տիարպէքիր: 4 ժամ անդին, Խարբերդի երգիչները ներշնչող սէգ Մաստառին մօտիկ ստորոտը, Տէվէ-Պոյնին կը կենան: Կարգը կացինինն ու մանգաղինն է: Եւ աստղիկ գլուխներ կ՛իյնան, արեւներ կը մարին»:

 

‏* «Ամէնուն Տարեցոյցը» . 1916-1920, Ժ.-ԺԴ Տարի, Թէոդիկ, Բ.հրատարակութիւն, Հալէպ 2009, էջ 150 :

 

 

 

About talar

Check Also

ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ 1800-ական թուականներուն, հայ ժողովուրդը, ըլլայ Տաճկահայաստանի ըլլայ Կովկասի մէջ, զարմանալի կերպով մտային եւ …