Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼԻՆԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՇԱՐԺԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ (5)

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼԻՆԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՇԱՐԺԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ (5)

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԼԻՆԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ

ՇԱՐԺԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
(5)

 

Հերակլիտեան վարդապետութիւն       Heraclitus

Ինչ որ կը յատկանշէ Հերակլիտեան իմաստասիրութիւնը՝ զօրաւոր զգացումն է իրականութեան շարժո’ւմ, լինելութի’ւն ըլլալուն: Իրականութիւնը էապէս շարժուն, ,տեւող,եղող անցող բան մըն է, իրերու հոսունութիւն մը (Ecoulement des choses ): Կեանքը միշտ ըլլալու եւ անցնելու վրայ է. օրերը միշտ կ’անցնին եւ ուրիշներ կը յաջորդեն: Այս անցնիլը եւ յաջորդելը ոչ թէ խաբկանք են, այլ իրականութեան բու’ն պաստայը ,իրականութիւնը իր լինելութեա’մբ բան մըն է: Ուրեմն երբ Եղէացիք կ’ըսէին թէ իրականութիւնը կայուն, յաւերժական տուեալ մըն է, Հերակլիտէս ,ճիշդ անոնց հակառակը, կ’ըսէ թէ իրականութիւնը այդ հոսունութի’ւնն իսկ է: Ա’յս է հիմնական յայտնատեսութիւնը Հերակլիտէսի մտածման: Իրմէ մնացած հատակոտորներէն կրնանք հանել  չորս գլխաւոր թէզեր.

Ա . ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ թէզ . –Ոչի’նչ կեցած է: Ամէն ինչ ի լինելութեան է. շարժումը, փոփոխութիւնը իրականն իսկ են: Ոչի’նչ  նոյնը կը մնայ ինքն իր մէջ, այլ ամէ’ն ինչ կը փոխուի: Երբեմն մենք իրերուն վրայ նայելով կ’ըսենք թէ այս բանը երէկ ինչպէս որ էր այսօր ալ նոյնն է: Ատիկա խաբկանք մըն է կու գայ անկէ որ մենք աղէկ չենք ճանչնար զայն: Այսպիսով է որ իրերու վրայ խօսած ատեննիս՝ ժամանակի  ընթացքին  զիրենք իրենց հետ  նոյնացնելով կը խօսինք: Ատիկա մեր խօսելու կերպն է. ոեւէ բան իրականին մէջ նոյնը չի մնար: Չենք կրնար ըսել թէ երէկ մարդ մը այս գետին մէջ մտաւ, այսօր ալ նոյն գետին մէջ մտաւ, որովհետեւ նոյն գետը չկայ այլեւս. տարբեր ջուր կայ հոն այսօր: Աւելին՝ մա’րդն ալ փոխուած է, ինչ որ երէկ   էր այսօր բոլորովին նոյնը չէ: Երբ հեռաւոր  ատեններու մէջ մեր ծանօթներէն մէկուն նայինք կը տեսնենք որ փոխուած է ան, իսկ մօտաւոր ժամանակով երբ նայինք անոր չենք զգար անոր փոխուիլը: Այս փոխուիլը երբեմն արագ կ’ըլլայ, երբեմն ալ յամր՝ ինչ որ չենք կրնար նկատել, որով կը կարծենք որ չի փոխուիր:

Ըստ Հերակլիտէսի լինող բանին մէջ միշտ նախորդէն բան մը կը մնայ: Փոփոխութիւնը պէտք չէ ըմբռնել բացարձակապէս իրարմէ անջատ վայրկեաններու փոփոխութիւն: Լինելութիւնը բացարձակ ջնջում եւ նոր ըլլալ մը չէ, այլ շարայար բան մըն է, այսինքն նախորդը ներկային մէջ առնող եւ պահող:

Տիեզերքի փոխուող բան մը  ըլլալու գաղափարը հիմնական թէզն էր Հերակլիտէսի, թէզ մը որ փիլիսոփայութեան մէջ շատ անգամ պիտի գայ: Օրինակ Հէկէլեան իմաստասիրութեան մէջ, Եղափոխութեան իմաստասիրութեան մէջ, ուր  տիեզերքը կը բացատրուի իբրեւ հետզհետէ յառաջ եկող բան մը, եւ կամ Պերկսոնեան իմաստասիրութեան մէջ, ուր  ցոյց կը տրուի թէ կեանքը, որ բուն իրականութիւնն է, կը կայանայ մշտական ըմթացքի մը մէջ, տեւական ստեղծագործում մըն է:

Բ.ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ թէզ.-   տիեզերքը տիեզերք ընողը տարբերութիւններն են. այսինքն այլազանութիւնը որ կը տեսնենք տիեզերքի մէջ անոր տեսակ մը հարստութիւնը կը կազմէ: Եթէ այլազանութիւնը ջնջուէր՝ տիեզերքը պիտի մարէր  եթէ նոյնին, բացարձակ միասեռին (homogene) գար:

Այդ տարբեր-տարբեր  բաներէ կազմուած ըլլալը տիեզերքին իր իրականութեան հանգամանքը: Ընդհակառակը նոյնին գալը զայն իրականութենէ կը զրկէ: Երբ ապրող էակ մը կը դիտես կը տեսնես որ իր զանազան մասերը իրարմէ տարբեր են: Երբ մեռնի, այն ատեն իր այդ զանազան, տարբեր մասերը գորշ մոխիրի մը կը վերածուին, ինչ որ զինք փոշիի վերածեց ճիշդ այդ այլազանութեան չըլլալն է: Կը նշանակէ որ կեանքը այլազանին մէջ ծաղկիլն է: Ուրեմն ինչպէս փոփոխութիւնը նոյնպէս եւ այլազանութիւնը բուն իրականութիւնը կազմող յատկանիշներէն մէկն է:

 

Գ.ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ թէզ .- Ոչ միայն փոփոխութիւնն ու այլազանութիւնը կը կազմեն իրականութիւնը, այլ նաեւ հակադրութիւնը, իրարու դէմ լարուիլը , հակառակներու կռիւը թէ’ Լինելութեան մէջ եւ թէ’ կայական դրութեան մը մէջ: Եթէ աղեղը ուժ ունի եւ արդիւնք կու տայ պատճառը այն է, որ աղեղին երկու ծայրերը  հակառակ ուժերու մէջ պրկուած են: Լարը այդ երկու հակադիր ուժերուն մէջ  մնացած կը պրկուի: Այդ պրկումը կու գայ հակառակներուն դէմ դիմաց գործելէն: Հետեւաբար  պէտք չէ մաղթել որ հակառակութիւնը վերնայ տիեզերքէն: Հակառակութի’ւնն է, որ տիեզերքը կենդանի բան մը կը դարձնէ, եթէ ամէն բան թուլնար եւ չլարուէր տիեզերքի խոր ուժը՝ պրկումը (tension) գոյութիւն պիտի  չունենար:

Նոյնպէս երբ Լինելութիւնը կը դիտենք  կը տեսնենք որ ամէն բան իր հակառակէն կ’ելլէ : Օրինակ ցերեկը՝ գիշերէն, գարունը՝ ձմեռէն, կենդանիներու կեանքը՝ բոյսին մահէն, առաքինութիւնը  յաղթանակ մըն է տարուած չարիքին վրայ, չարիքը ոտնակոխելուն մէջ է որ  առաքինութիւնը գոյութիւն կ’առնէ եւ կը զօրանայ: Ժամանակին մէջ հակառակներու պայքարն է, որ կեանքը յառաջ կը բերէ : Հետեւաբար պայքարը, դէմ դիմաց գալը իրերուն թէ’ ըստ երեւոյթին կայական պատկերը եւ թէ լինելային ընթացքը բացատրելու համար անհրաժեշտ է:

Գ.ՄԻՈՒԹԵԱՆ թէզ.-  Հերակլիտ այս թէզով ցոյց կու տայ թէ պարզ հակառակութիւն մը չէ, որ իրերուն իրականութիւն կու տայ, այլ հակառակներու  միութիւնը: Իրերու տարրերուն պարզ հակադրութիւնը  յառաջ պիտի բերէր ոչ թէ տիեզերքը, այլ քաոսը: Եթէ տիեզերքի մէջի տարբերութիւնները ջնջուին, այն ատեն կը մարի տիեզերքը, անզգալի, անտեսանելի բանի մը կը վերածուի: Ինչ որ կը տեսնենք տարբերութիւններն են. որակը տարբերութիւն մըն է:  Սակայն երբ միայն տարբերութիւն ըլլայ  եւ տարբերութիւններու  հակադրութիւն՝ այն ատեն տիեզերք չենք ունենար   այլ խառնափնդոր բան մը, քաոս մը: Ինչ որ նոյնէն իրականութեան կը բերէ տիեզերքը  հակադրութիւններն են. բայց ինչ որ իրականութեան կու տայ տիեզերքի’ հանգամանքը՝ տարբերութիւններու հակադրութիւններուն մէջ  միութիւնն է: Այսպէս եթէ լարը զօրութիւն ունի պատճառը այն է որ երկու հակառակները իր վրան կը միանան, ինք հանդիսանալով կապը անոնց մէջ:

Արուեստի գործերը, որոնց գեղեցկութեան վրայ կը հիանանք, շինուած են տարբերութիւններէ, այլազանութիւններէ որոնց մէջ ներդաշնակութիւն մը, միութիւն մը կայ: Օրինակ երաժշտական կտորի մը մէջ ինչ որ ներդաշնակութիւն կու տայ իր նօթերուն նոյնը չըլլալն է: Սակայն մելոտին չի բացատրուիր միայն նօթերուն այլազանութեամբ: Մելոտին մելոտի ընող բանը տարբերութիւններուն մէջ մտցուած միութիւնն է, որ մէկ կողմէ պիտի ջնջէ տարբերութիւնները եւ միւս կողմէ ալ այդ տարբերութիւնները լոկ տարբերութիւն պիտի չձգէ: Դարձեալ, եթէ նկարի մը գոյները նոյնի վերածենք երբեք գեղեցկութիւն չենք ունենար. հակադարձաբար, նաե , պաստառի մը վրայ բազմաթիւ գոյներ դնելը նկար յառաջ չի բերեր. այլ այդ բազմաթիւ գոյներուն  մէջ մտցուած միութիւնը, ներդաշնակութիւնն է որ կը կազմէ նկարին էութիւնը: Եւ ներդաշնակութեան գաղտնիքը տարրերուն, հակառակներուն միութեան մէջն է: 

Տիեզերքն ալ բուն իսկ տիեզերք ընող բանը այդ միութիւնն է, որուն ԶԵՒՍ անունը կու տայ Հերակլիտ:

Այս հարցին հանդէպ իր դիրքը բոլորովին ալ չի դներ զինք իբրեւ ներակայացուցիչը տարբերութեան, այլազանութեան, փոփոխութեան ջատագովութեան, քանի որ ինք իսկ կ’ըսէ թէ, իրաւ որ այս բոլորը՝ բազմութիւն, լինելութիւն, տարբերութիւն, փոփոխութիւն իրականութիւն են, խաբկանք չեն, եւ կը ջնջուին երբ նոյնին գան, սակայն բան մը կայ, որ կը պահէ Եղէական դպրոցէն  այդ ալ ՄԻՈՒԹԻՒՆն է: Բայց մինչդեռ Եղէականները միութիւնը անգործ, անշարժ եւ իր նոյնութեան մէջ կ’ըմբռնէին, Հերակլիտէսի ըմբռնած միութեան սկզբունքը գործօն միութեան սկզբունքն է, որ կը միջամտէ այլազանութեան եւ յառաջ կը բերէ գեղեցկութիւն, տիեզերքը տիեզերք կը շինէ՝ զայն ազատելով քաոսէն: Ուրեմն Հերակլիտէսի մէջ միացման, համաձայնութեան միտում մը կայ ՄԻ-ի եւ Բազումի, Անփոփոխի եւ փոփոխականի, նոյնի եւ այլազանի, եւ այլն: Տիեզերքի մէջ կը գործէ Տիեզերական մտածումը՝ ԶԵՒՍը: Տիեզերքը բուն իսկ տիեզերք  ընող բանը կարգաւորիչ բանի մը ներկայութիւնն է:

Զինք արմատական վարդապետութիւններու մէջ կը դնենք, որովհետեւ շատ զօրաւոր կերպով կը մերժէ Եղէական Դպրոցին բացարձակ ժխտումը լինելութեան, որով իր թէզը տեսակ մը հակաթէզն է Եղէական թէզին:


 

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …