Քարը – փիրուզ, տոպազ, օպալ
Մետաղը – ցինկ, անագ
Բոյսը – արմաւենի,նարկիզ, մեխակ
Գոյնը – կապոյտ, երկնագոյն, ալ կարմիր
Կենդանին – ձի, շուն
Թիւը – 3 . 4 . 9
Յաջող օրերը – Հիգշաբթի
Աղեղնաւորներու համար 2011 թուականը շատ յաջող տարի է: Անոնց կը սպասեն հաճելի եւ նոր փոփոխութիւններ: Չնայած անոնք միշտ փնտռտուքներու մեջ են, սակայն կրնան հանգիստ ձեւով ելք գտնել նման իրավիճակներէ: Անոնց համար բնորոշ է համբերատարութիւնը եւ ստեղծուած բարդութիւններէ դուրս գալու հնարամտութիւնը: Աստղերը կը յուշեն եւ միաժամանակ կը զգուշացնեն զգոյշ ըլլալ ուրիշի դրամի հետ եւ անտեղի գլխու ցաւեր չստեղծել իրենց եւ շրջապատի մարդոց համար: Տարուան վերջը, երբ Աղեղնաւորները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց անցած ճամբան, կը նկատեն, որ ունին բաւական յաջողութիւններ անձնական կեանքի եւ աշխատանքի մէջ:
Ընդհանուր առմամբ տարին Աղեղնաւորներու համար հիանալի է: