Քարը – ագաթ, տոպազ, օպալ
Մետաղը – պղինձ
Բոյսը – հովտաշուշան, յասմիկ, մանուշակ
Գոյնը – դեղին, վառ երկնագոյն, կանաչ
Կենդանին – ցուլ
Թիւը – 2 . 6
Յաջող օրերը – Երկուշաբթի, Ուրբաթ
Տարին յաջող է նկարչութեամբ եւ երաժշտութեամբ զբաղուողներու համար: Ցուլերու համար 2011 թուականի Յունուար եւ Մարտ ամիսները յաջող պիտի ըլլան առեւտուրի ասպարէզին մէջ: Համբերութեամբ զինուելով Ցուլերը կրնան ետ վերադարձնել անցեալ տարուայ պարտքերը: Աստղերը ցուլերուն խորհուրդ կու տան, որ սիրելիի հետ յարաբերութիւնները կառուցեն յարգանքի եւ փոխ վստահութեան վրայ: Ընդհանուր առմամբ, տարին Ցուլերու համար պիտի ըլլայ փոփոխական` յաջողութիւններուն կը փոխարինեն անյաջողութիւնները եւ` հակառակը: