Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ՍՈՓԵՍՏՆԵՐ SOPHISTS (7)

ՍՈՓԵՍՏՆԵՐ SOPHISTS (7)

ՍՈՓԵՍՏՆԵՐ  SOPHISTS
(7)

Սոֆիստ բառը կու գայ Սոֆիա բառէն որ կը նշանակէ իմաստութիւն:  Սոֆիստը այն է որ իմաստութիւնը ունի եւ զայն կը սորվեցնէ:

Բառը հին ատեն ստորարկիչ իմաստ մը չունէր, այլ պարզապէս կը նշանակէր Աթէնքի այն մարդիկը, որոնք երիտասարդութեան  կու տային տեսակ մը ընդհանուր մշակում  եւ մասնաւորապէս կը սորվեցնէին խօսիլ եւ վիճիլ, այսինքն արուեստը խօսքի , որ կը կոչուէր Հռետորութիւն, եւ արուեստը վիճելու՝ դիմացինին հետ խօսքի բռնուելու եւ իր խորհածը անոր տալու, զայն համոզելու, որուն կ՛ըսէին տիալէքդիք: Հետեւաբար Սոփեստները  Հռետորութեան   Rhetoric եւ   տիալէքդիքի    Dialectic  գիտցողներ եւ ուսանողներ էին:

Բառը  աւելի վերջը ստացած է ստորարկիչ իմաստ մը, որուն պատճառը այն է որ Սոփեսներու ձգտումներուն դէմ պայքարած է Սոկրատ, եւ Սոկրատի աշակերտ Պղատոն իր գործերուն մէջ մասնաւորաբար  յարձակած է  Սոփեստներուն վրայ ու անոնց ձգտումները ծաղրած, այնպէս որ դասական իմաստութեան մէջ Սոփեստ բառը ստացած է ստորարկիչ իմաստ մը եւ նշանակած սուտ, կեղծ իմաստուն, կամ այն իմաստունը, որ իմաստութիւն գիտնալը նպատակ չունի, այլ զայն որպէս միջոց կը գործածէ  յաջողութեան, փառքի ու համբաւի: Այսպէս վարպետութիւն կը ծախէ գիտնալուն մէջ, ուր իր բուն նպատակը իր հմտութիւնն ու մտքի բարձրութիւնը ցուցադրել է,  ուրիշներուն սորվեցնելով՝ սա կամ նա տեսակ յաջողութիւն մը ձեռք ձգել, որուն համար   իր գիտցող, իր իմաստուն ըլլալը, իր մտքի զօրութիւնը արժեցնել կը ջանայ:

Բառը տակաւին նշանակած է ուղղակի այն խաբեպատիր միջոցները, որոնցմով ճշմարտութեան տեղ սխալը յառաջ կը քշուի:

Տրամաբանութեան մէջ Սոֆիզմ կը կոչուին տրամաբանելու այն բոլոր ձեւերը, որոնք ճիշդ տրամաբանելու երեւոյթին տակ սխալի կը տանին: 

Օրինակ կրկնումն սկզբան Ձեւը ( Petition de principle), ուր վիճողը բան մը իբր սկզբունք ապացուցանելու համար մեկնակէտ կ'առնէ ճիշդ իր ապացուցանելիքը: Տրամախոհութիւն մը կ'ընէ, որուն մէջ կը հասնի այսինչ բանը  ցուցնելու, բայց երբ աղէկ նայիս կը տեսնես, որ զայն որպէս սկզբունք առած էր: Կրկնումն սկզբան  ձեւը ուրեմն կը կայանայ ապացուցանելիքը որպէս մեկնակէտ առնելուն  եւ վարպետ դարձուածքներով առաջ քշելուն մէջ: Օրինակ երբ պիտի ապացուցանենք թէ երկիրը տիեզերքի կեդրոնն է, կը մեկնինք սա սկզբունքէն թէ բոլոր իրերը երբ իյնան կ'իյնան դէպի աշխարհի կեդրոնը, ուրեմն երկիրը աշխարհի –տիեզերքի –  կեդրոնն է: Հոս սկզբունքը բոլոր իրերուն դէպի երկրի կեդրոն իյնալն է, բայց ասիկա ըսել է արդէն թէ երկիրը աշխարհի կեդրոնն է, զոր ապացուցանելու համար մեկնած ենք: Այսպէս շատ մը տրամախոհելու ձեւեր կան, որոնց  բոլորին Սոֆիզմ անունը կու տանք, որովհետեւ սխալ եւ կեղծ իմաստութեան մը գործածած ձեւերն են:

Բայգ ասիկա ըսէլ չէ որ Սոփեստները ամէնքն ալ կեղծ եւ միմիայն իրենց յաջողութիւնը նկատի ունեցող իմաստուններ էին: Իրենց մէջ կային շատ նուրբ ու շատ զօրաւոր միտքեր, որոնք սակայն այդ խորհելու կերպերը, վիճելու նուրբ ձեւերը կ'ուսուցանէին եւ փոխարէն կը վճարուէին: Այս վճարուիլը տեսակ մը մեղադրանք յարուցած է իրենց դէմ, որովհետեւ այն ատենուան ըմբռնումով  վճարումով ուսուցումը վատ բան մըն էր, եւ իմաստասէրը եթէ կ'ուզէր գիտնալ կամ ուսուցանել՝ բոլորովին անշահախնդիր կերպով գիտնալու եւ ուսուցանելու համար էր:  Անոնք, որոնք իրենց գիտութիւնը կը ծախէին՝ զայն որպէս շահու միջոց կը գործածէին ՝ հին ըմբռնումին մէջ կը դատապարտուէին:

Սոփեստներուն մէջ հետզհետէ տարածուած էր Սկեպտիկութեան Skepticism  հոգին: Ե-դարուն այն մեծ շրջանին,  որ Պէրիկլէսի  դար կոչուած է եւ ուր Աթէնքը փայլուն էր ամէն տեսակէտներով, քաղաքականապէս ազատ եւ արուեստներու կեդրոն, յառաջ եկած էին Սոփեստները: Որովհետեւ Աթէնքը հանրապետութիւն էր՝ մեծ արժէք ստացած էր հրապարակախօսելու արուեստը  եւ որովհետեւ քաղաքական զօրութիւնը ժողովուրդին ձեռքն էր՝ ով որ ժողովուրդը իր կողմը ունենար անիկա կը յաջողէր: Ժողովուրդը իր կողմը ունենալու միջոցն ալ անոր խօսիլ, զայն համոզելն էր: Ուրեմն երիտասարդներ կ'ուզէին խօսելու արուեստը սորվիլ : Խօսիլն ալ կը կայանար դիմացինը համոզելուն մէջ: Բայց համոզել ինչի: Այն բանին որ գործիդ կու գայ:

Սոփեստները իրենց կողմ մեծ թիւով մարդիկ շահելու համար կը սորվեցնէին ամէնուն իրենց ուզածը՝ ջանալով ցուցնել  զայն որպէս ճշմարտութիւն: Այս ոգին կը նշանակէ ճշմարտութեան չհաւատալ եւ այնպէս համարել թէ ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւրին համար տարբեր է: Այս ոգին է, որ շատերուն մէջ գոյութիւն ունէր եւ ասոր դէմ էր, որ պիտի  ծառանար Սոկրատ: Ատոր համար կ'ըսուի որ Սոկրատ  եղած է հակառակորդը սոփեստներուն, թէեւ իր ժամանակի մարդիկ զինք ալ կը համարէին  սոփեստ մը միւսներուն նման, որովհետեւ ինք ալ երիտասարդները համոզել կը ջանար եւ կը գորածածէր շատ նուրբ տրամախոհութեան ձեւեր, հետեւաբար մեծ վարպետ մըն էր վիճաբանութեան մէջ:  Ահա այս իրողութիւնն էր որ զինք ալ սոփեստներէն  մէկը նկատել տուած է եւ նոյնիսկ ծաղրուած Արիսթոֆանի կողմէ իր Ամպերը (Les Nuees) գործին մէջ,  որպէս թիփիք սոփեստ մը:  Բայց  Սոկրատ, ինչպէս պիտի տեսնենք, ուզած է հիմնել ճիշդ տրամաբանելու մեթոտ մը, որուն դէմ միւս բոլոր սոփեստներուն վարպետ ձեւերը դատապարտուած էին ի դերեւ ելլելու, անոր համար որ Սոկրատ բո'ւն ճշմարտութեան, ճշմարի'տ մարդն էր: 

Թէ ինչու' ճշմարութեան հասնելու մեթոտի մը ետեւէն էր Սոկրատ, պատճառը այն էր որ տեսականի մէջ  Սկեպտիկութիւնը  իր  ետեւէն  կը բերէր  բարոյական Սկեպտիկութիւն  մը որ չէր կրնար որպէս արդիւնք չունենալ բարոյական  անկում մը Սիթէին մէջ: Երբ ճշմարտութեան չես հաւատար առհասարակ, չես հաւատար նաեւ ճշմարտութեան այն տեսակին, որուն կ'ըսեն բարոյական ճշմարտութիւն  , թէ  իրաւ արդարութիւն մը կայ, իրաւ աղէկ մը, գէշ մը կայ, եւ ոչ թէ մեր գործին եկածը արդար է եւ չեկածը անարդար:

Այդ  յարաբերականութիւնը ետեւէն կը բերէ այն թէ բուն արդարութիւն մը չկայ, այլ արդարութիւն կ'ըսուի այն ինչ որ  զօրաւորին  գործին կու գայ,  կամ՝ ոչ թէ արդարութիւն մը կայ այլ ասոր գործին եկածը եւ չեկածը կան, եւ  կը բաւէ միայն այդպէս  հաւատացնել ուրիշներուն սոփեստական նուրբ ձեւերով : Այս տեսական սկիպտիկութիւնը իր ետեւէն կը բերէ ընդհանուր արդարութեան հանդէպ անհաւատութիւն  մը  Սիթէին մէջ ՝ զոր կը դարձնէ զանազան խմբակցութիւններու մրցումի վայր, ուր գործի գալ կ'ուզէ այսինչ խումբը՝ կարծելով եւ հաւատացնելով թէ իր' ըսածն է արդարութիւնը : Ասիկա բարոյական անկում մըն էր անշուշտ: Եթէ Սոկրատ բուռն պայքար կը մղէր Սոփեստներուն երիտասարդութիւնը սխալի եւ կեղծիքի  առաջնորդող ձեւերուն դէմ  իրեն նպատակ ունէր բարոյական զօրաւոր հիմեր բերել  Սիթէին համար,  որպէսզի ան իր գրեալ օրէնքները հիմնէր անգիր այն օրէնքներուն  վրայ  որոնք մարդկային բնութեան, իսկութեան ճշմարիտ օրէնքներն են եւ որոնց պէտք է պատշաճին դրեալները ,  եթէ կ'ուզուի Սիթէն հիմնել ճշմարիտ արդարութեան      տեւական սկզբունքներուն վրայ:

Սոփեստներուն մէջէն ամէնէն նշանաւորներն էին Փրօթակորաս եւ Գոգկէաս: Երկուքն ալ  շատ վարպետ միտքեր էին:

 Փրօթակորէասի Protagoras  նշանաւոր սկզբունքը սա էր. «Մարդ է չափը ամէն բանի»:

Այսինքն թէ ըստ ինքեան ճշմարտութիւն չկայ, այլ մարդ'ուն համար, միշտ յարաբերաբար  մարդ'ուն է ճշմարտութիւնը: Մարդը կը չափէ ,մարդը կրնայ ըսել ՝ իմ չափովս այս այս'պէս է: Ուրեմն երբ կ՝ըսենք այսինչ  բանը  այսպէս է , պէտք է իմանանք որ մարդ'ուն համար այդպէս է : Մարդ ըսելով  Իսկու'թիւն Մարդը  կը հասկնար  Փրօդակորաս:

Ասկէ կարելի է անցնիլ անհատ մարդուն – ինծի համար այսպէս է, քեզի համար այդպէս է-:

Երբ մարդ ըմբռնուի իբրեւ տիեզերական միտք՝ յարաբերականութիւնը կը ստանայ տիեզերական արժէք, բայց երբ մարդը ըմբռնուի անհատապէս՝ յարաբերականութիւնը  իր բացարձակ աստիճանին կը հասնի եւ հասարակաց գիտութիւն կարելի չ'ըլլար  ունենալ:

Սոկրատ Socrates , Պղատոն Plato, Արիստոտէլ Aristotle ցոյց պիտի տան թէ անհատ միտքերու մէջ տիեզերական  մտքի  ֆորմերը կան: Երբ այդ մտքին  ըրածը կամ մէկ արդիւնքը գտնենք՝ամէնուն համար ալ  արժեւոր է այն:

Գորգէաս Gorgias  ալ Եղէականներէն Eleatism  էր, բայց  կը ժխտէր Եղէական վարդապետութեան էութեան հասնելու կարելիութիւնը,  ըսելով  թէ  էութիւնը իր ընդհանուր հանգամանքին մէջ չկայ: Ա'յս  Է-ն կայ, ա'յն Է-ն կայ: Եթէ իրապէս կայ ըստ ինքեան Էութիւնը՝ չենք կրնար զայն մտածել. եթէ նոյնիսկ մտածենք զայն՝ չենք կրնար այդ մտածումը  ուրիշին արտայայտել:

Ամէն պարագայի Սոփեստները մեծ դեր կատարած են յունական փիլիսոփայութիւնը քննադատական  շրջանի մը մէջ մտցնելու տեսակէտով: Ամէն ինչ խնդրոյ առարկայ ընող , հանդարտ ու  հանգիստ գիտութեամբ  չգոհացող, այլ խնդիրները նուրբ կերպով  քննող եւ վիճաբանութեան  ենթարկող մարդիկ էին Սոփեստները : Խիստ քննողութեան ոգին բերած են  եւ  յունական փիլիսոփայութիւնը հանած այն ինքնավստահ տեսութիւններու շրջանէն ու վերածած  աւելի գիտակից ու զօրեղ կերպով   խնդիրները  քննող  ու  հաստատուն հիմերու  հասնիլ ջանացող փիլիսոփայութեան մը: Իրենց նուրբ տրամաբանելու ձեւերը ստիպած են փիլիսոփայութեան պաշտպանները դառնալու, տիալէքթիքը ստեղծողներ, եւ ասով  մեծ դեր կատարած են յունական փիլիսոփայութեան զարգացման մէջ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …