ՆԵՒՐՈՒԶ ԵՒ ԽԱՆ

Նեւրուզ, բուն անունով Օննիկ, ծնած է Մարմարա ծովու ափին, Ռոտոսթօ քաղաքը:

Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն վարժարանի մէջ, ապա՝ զբաղած է ծխախոտի մշակութեամբ:

Ամուսնացած էր եւ ունէր չորս զաւակ, շատ անգամ, իր զաւակներուն ձեռքը մէկական գաւազան տալով, ինք ալ սուրը բռնած՝ անոնց առջեւէն քալելով ու հայրենասիրական երգեր երգելով թափօր կ՛ընէր ու կ՛ըսէր.- «Տղաքս, դուք Հաաստանի զինուոր պիտի ըլլա՛ք, իսկ ես՝ պահեստի…»:

1894ին, Նեւրուզի եռանդուն ջանքերով կը կազմակերպուի Ռոտոսթոյի Դաշնակցութեան կոմիտէն: Նեւրուզ շուտով քաղաքի հայկական թաղերուն մէջ կը զինէ խումբեր, որոնք ապագային իրենց դերը պիտի ունենային յեղափոխութեան

գործին մէջ:

Աւելի ուշ, Նեւրուզ կը մեկնի Պոլիս, ապա՝ կ՛անցնի Թի‎ֆլիս, մօտէն ծանօթանալու «Դրօշակցի խմբագիրներուն: 1902ին, Շուշիի մէջ ան կը մասնակցի Քրիստափորի «Փոթորիկ» շարժումին, իբրեւ ահաբեկիչ: 1903ի Սեպտեմբեր 17ին, Նեւրուզի քումբը կ՛անցնի սահմանը, զէնք հասցնելու համար Սասունի, սակայն Խնուսի մէջ նշմարուելով, կռուի կը բռնուի ու հերոսաբար կը նահատակուի Երկրի ճամբուն վրայ:

***

Խան, բուն անունով Բարեղ Թիրեաքեան: Ծնած է 1863ին, Տիրէ վանք (Կեսարիա): Փոքր տարիքէն ըմբոստ Բարսեղը յաճախ կռուի կը բռնուէր հայերը անարգող կամ հարստահարող թուրքերուն հետ: Մեկնելու Պոլիս՝ ան նախ կը յարի Հնչակեան կուսակցութեան ու կը մասնակցի Գում Գափուի ցոյցին, որուն ընթացքին ի յայտ կու գայ անվախ ու համարձակ մարտիկի իր բնաւորութիւնը:

Սակայն Պոլիսը չի գոհացներ զինք: Երկիրէն հասնող լուրերը զինք կը քաշեն դէպի Հայաստանի լեռներն ու ձորերը: Միանալով Դաշնակցութեան՝ ան կը մասնակցի Խանասորի արխաւանքին, որմէ ետք կը ճանչցուի իբրեւ Խան ու կը դառնայ նշանաւոր հայդուկ ու խմբապետ:

Նշանաւոր են Խանի վարած երկու կռիւները (զէնքի փոխադրութեան ժամանակ, Երկրի ճամբուն վրայ), մէկը՝ 1899ին, Ալաշկերտի Խաստուր գիւղին մէջ, միւսը 1903ին՝ Բասէնի մէջ, «Կայծակ» ձեաւոր խումբին գլխաւորութեամբ: Այս բուռն ճակատամարտին ընթացքին է որ ան, վերջին փամփուշտը կրակելով, հերոսաբար կ՛իյնայ կռուի դաշտին վրայ:

Խանը հայ յեղափոխական ամէնէն ժողովրդկան հերոսներէն է, որուն անուան շուրջ առասպելական պատմութիւննր հիւսուած են, իսկ անոր նուիրուած երգը մինչեւ այսօր ժողովուրդը ոգեւորութեամբ կ՛երգէ:

Խանին երգը

Լուսին չկար, մութ գիշեր էր,
Մի խումբ կ՛երթար արագ-արագ,
Տեսանք որ քաջ Խանի խումբն էր,
Զինուած էին բոլոր նրանք:

Կեանքերը ազգին նուիրուած,
Կտրիճ Խանը առաջ ինկած՝
Գնում էին տաճկաց սահման,
Թռչում էինա կրկին նման:

Հրացանները ուսերին,
Դրօշակը պարզել էին,
Գնում էին ուրախ զուարթ,
Ազատութիւն երգում էին:

Մութ անտառից անցնում էին,
Ամէն մէկը առիւծ էին,
Նժոյգ ձեան վրայ նստած՝
Մերկ սուրերը քաշել էին:

Երբ քաջ Խանը ելաւ Բասէն,
Թնդանօթներ արձակեցին,
Հայ քաջերի մոսիններից
Գնակները գոռգոռացին:

Երբ քաջ Խանը հրահանգ կու տար՝
Արի՛ք առիւծներս իմ քաջ,
Մտան թշնամու խիտ շարքերը,
Կոտորեցին ձախն ու աջ:

Կեցցէ՛ Խանը իր խումբովը,
Սարսափ թողեց Բասէնումը,
Երեք օր ու գիշեր կռուեց,
Աչիցը կտրեց քունը:

Հայաստանի հողի վրայ,
Քաջը թափեց իւր արիւնը,
Յիշենք, հայեր, չմոռանաք
Կտրիճ Խանի սուրբ անունը:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply