Մովսէս Խորենասցին Տիգրան Մեծի մասին ըսած է.-
«Տիգրանը մեր թագաւորներէն ամենահզօրն ու խոհեմն էր եւ անոնցմէ ամենաքաջը: Ան մեր բնակութեան սահմաններն ընդարձակելով հասցուց մինչեւ հին բնակութեան ծայրագոյն սահմանները: Ան այրերու գլուխն անցնելով եւ արիութիւն ցուցաբերելով, բարձրացուց մեր ազգը եւ լուծի տակ գտնուողներուն կարգեց շատերու վրայ լծադիր եւ հարկապահանջ: Ան բազմացուց պաշարները ոսկիի եւ արծաթի, խաղաղութիւն եւ շէնութիւն բերաւ, լիացուց բոլորին»:
ՏԻԳՐԱՆ ՄԵԾԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ն.Ք.140-55
140 Տիգրան Մեծի Ծննդեան տարեթիւը
110-96 Ան պատանդ էր Պարթեւներու արքայ Միհրդատ Բ.-ի քով:
95 Տիգրանը «70 հովիտները» փրկագին տալով պարթեւներուն, կը վերադառնայ հայրենիք եւ կը թագաւորէ:
93 Կը կնքուի հայ-պարսկական դաշինքը:
Տիգրան կ’ամուսնանայ Միհրդատ Պոնտացիի աղջկան՝ Քիլոպատրայի հետ:
Հայերը առաջին անգամ կ’արշաւեն դէպի Կապադովկիա:
92 Հայկական զօրքերը երկրորդ անգամ կ’արշաւեն դէպի Կապադովկիա:
87 Տիգրան յաղթական ճանապարհներ կը մղէ Նինուէի եւ Արբելայի մօտ:
87-84 Հայ-պարթեւական պատերազմ:
«70 Հովիտները» կը վերամիանան Հայաստանին:
Պարթեւներու թագաւորը Տիգրանին կը զիջի «Արքայից Արքայ» տիտղոսը:
83-82 Տիգրան Մեծ կ’արշաւէ Ասորեստան:
Հայաստանին կը միանան՝ Ասորիքը, Փիւնիկիան, Կոմագէնը եւ դաշտային Կիլիկիան:
80-ականներուն Տիգրանակերտ մայրաքաղաքի հիմնադրումը:
70-69 Կը գրաւէ Պտղոմայիս քաղաքը:
66 Հռոմի հետ կնքուած պայմանագրով Հայաստանը կը պահպանէ իր անկախութիւնը:
55 Կը մահանայ Տիգրան Բ. Մեծը: