Home / Ա / Նիւթեր / Հոգեբանական / ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատանեկութեան  Տարիքային Առանձնայատկութիւնները

Անհատի տարիքային զարգացման օրինաչափութիւնները. սերտօրէն առնչուած են անոր ապրած ընկերային յարաբերութիւններուն, հոգեկան եւ անձնական յատկանիշներուն զարգացման ընթացքին հետ: Իւրաքանչիւր անհատ, իր կեանքի ընթացքը կ՛ապրի տարիքային պարբերացումներով, այսինքն՝ տարիքային բաժանումներով, ուր ըստ անհատի, կը կատարուին անոր տարիքային զարգացման ընթացքը ու այդ ընթացքին  առաջացած փոփոխութիւնները: Հետեւաբար երբ պիտի վերլուծենք ոեւէ անհատի որեւէ արարք եւ կամ որեւէ դրական ու բացասական կեցուածք, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ անոր տարիքային փուլը (ժամանակահատուածը) եւ տարիքային առանձնայատկութիւնները՝ լուծելու շարք մը խնդիրներ ու բարդութիւններ:

Ընտանիքի շրջապատէն ներս ծնողները կրնան դաստիարակել երկու, երեք, առաւելագոյնը վեց զաւակներ, սակայն անոնք կրնան հարցերը վերատեսութեան ենթարկել ու սրբագրել, իսկ մենք որպէս դաստիարակներ, բոլորիս վստահուած է սերունդներ, որոնց համար կրնանք դառնալ խորհրդանիշներ եւ կամ ճիշդ հակառակը, ուրեմն մենք ունինք յաւելեալ պարտաւորութիւն քալելու ճիշդ եւ հաստատուն ճամբաներէն, այդ ալ կը կատարուի ինքնազարգացումով:

Որպէս դաստիարակներ հարկ է ըլլալ աւելի հեռատես ու փափկանկատ, նկատի առնելով տարիքային առանձնայատկութիւնները: Ուրեմն իւրաքանչիւր դաստիարակ պարտական է գիտնալ, ուսումնասիրել եւ վերլուծել ենթակայ երեխայի տարիքային առանձնայատկութիւնները՝   պատահականութեան չձգելով անոր դաստիարակութեան ընթացքը:

Մեզ շրջապատող ընկերութեան ծանօթ է պատանեկութեան տարիքը, որպէս 11-17-ի միջեւ ինկած տարիքային ժամանակահատուած: Սակայն այդ շրջանը, ըստ կարգ մը մասնագէտներու, ունի տարիքային զարգացման երկու բաժամում (փուլ):

*Դեռահասութիւն 11-14,15

*Պատանեկութիւն 15- 17,18

Այս երկու բաժանումները, այսպէս կարելի է բնութագրել,- դեռահասութիւնը ենթահող կը պատրաստէ պատանեկութեան, ուր դեռահասութեան զարգացման ընթացքին կազմաւորուած յատկութիւնն ու յատկանիշները, կ՛արմատաւորուին պատանեկութեան շրջանին:

Առնենք Դեռահասութեան շրջանը ու աշխատինք ծանօթանալ.

Դեռահասութիւն 11-14,15: Կանուխ դեռահասութեան շրջանի այս տարիքը պայմանական է, կրնայ փոխուիլ՝ սկսիլ մէկ տարի կամ ուշ: Այս տարիքը կը նկատուի անցումային շրջան՝ մանկութենէ դէպի պատանեկութիւն եւ ունի տարբեր անուանումներ օրինակ՝ դժուար տարիք, ճգնաժամային շրջան, անցումային շրջան, որովհետեւ շրջանը շատ դժուար է ու ճգնաժամային (տագնապալից, վճռական վայրկեաններով լեցուն), եւ անհատի մէջ կատարուած սեռական հասունացումի պատճառով ան կը ձգտի իր տեղը գրաւել մեծահասակներու խումբին մէջ: Այս շրջանին տեղի ունեցած ֆիզիքական փոփոխութիւնները (հորմոնային առումով) կը սկսին արագացնել ֆիզիքական աճը (կ՛աճի հասակը, կ՛ուժեղանայ մկանային համակարգը եւ կը զարգանայ սեռային համակարգը) ու այս բոլորը անոնց մէջ կը բերէ այն գիտակցութիւնը, թէ իրենք երեխայ չեն, այլ մեծահասակներ: Օրինակ,- ֆիզիքական աճի բերումով ոտքը կը մեծնայ, հետեւաբար քալուածքը եւ շարժուձեւերը կը փոխուին: Այս տարիքին, դեռահասի զարգացման ընթացքին, կարեւոր ու առաջատար տեղ կը գրաւէ նաեւ միջանձնային շփումը (ընկերներուն եւ զինք շրջապատող անձերուն հետ ունեցած շփումը):

Դեռահասը իր մէջ կը ներառէ երկու տեսակի  յատկանիշներ (մանկական եւ դեռահասակի): Հոս կը նկատուի զարգացման ծայրայեղ տարբերութիւններ (տղաք, որոնք ունին մանկական տեսք եւ վարք, տղաք, որոնք ունին բաւական հասուն տեսք եւ վարք, աղջիկներ, որոնք ունին սորվելու հետաքրքրութիւն, աղջիկներ, որոնք հետաքրքրուած են միայն իրենց արտաքին տեսքով եւ ասոնց նման շատ մը հսկայ, եւ ինչպէս ըսինք՝ ծայրայեղ տարբերութիւններ: Ահաւասիկ այս հսկայ տարբերութիւններուն հետ միաժամանակ մեծ տեղ կը գրաւէ արտաքին ազդակներու ներգործութիւնը. օրինակ,- մեծահասակներու պահանջքները, տեղատուական միջոցներու դրական եւ բացասական ներգործութիւնը, ընկերային յարաբերութիւնները, ուր այս բոլորը կու գան ստեղծելու տարիքային բարդ եւ ճգնաժամային վիճակ:

Այստեղ նշենք, թէ անցումային փուլը սերտօրէն կախեալ է նաեւ ընկերային միջավայրի զարգացման հետ, այսպէս՝ աւելի քիչ զարգացած միջավայրերուն մէջ մանկութենէ դէպի պատանեկութիւն, ապա մեծահասակութիւն, անցումային ընթացքը կ՛ըլլայ աւելի հեզասահ, աւելի հարթ, սակայն զարգացած միջավայրերուն մէջ կը ստեղծուի դեռահասութեան ճգնաժամ (բախում), որովհետեւ հոս դեռահասներուն պահանջքները կը տարբերին մեծահասակներուն ներկայացուցած պահանջքներէն:

Ընկերային միջավայրին մէջ կը հանդիպինք տարբեր խառնուածք ունեցող անհատներու, որոնք դեռահասութեան շրջանին կ՛ունենան շեշտուած բնաւորութիւններ: Ու որպէս ղեկավարող պատասխանատուներ պէտք է ընտրել, հասկնալ, ապա ըմբռնել տուեալ վիճակը, հասնելու դրական լուծումի եւ կանխելու հարցերու բարդացումը, որ կրնայ յառաջացնել  անսպասելի բարդոյթներ անհատին մէջ, ու իր կարգին խարխափումներ ընկերութեան համար: Ուրեմն անհարժեշտ է յիշել ու ճանչնանալ այդ տարիքի բնաւորութեան գիծերը, ապահովելու ընկերային առողջ մթնոլորտ.

1-Դեռահասութեան շրջանին ոմանք կ՛ունենան բարձր տրամադրութիւն, աշխուժութիւն, լաւատեսութիւն, խումբին մէջ կ՛ըլլան առաջնորդող ու նախաձեռնող: կը մերժեն առանձնութիւնը եւ մեծերու խիստ վերահսկողութիւնը: Յաճախ կ՛ունենան բախումներ մեծահասակներուն հետ:

2-Ոմանք կ՛ունենան տրամադրութեան երկարատեւ անկում եւ ճնշուածութիւն: Հեռու կը մնան աղմկոտ խումբերէ եւ յանկարծ կրնան դառնալ ճիշդ հակառակը:

3-Ոմանք կ՛ունենան բարձր գնահատանք՝ բարի վերաբերմունքի նկատմամբ, կ՛ըլլան նուիրուած, կիսուող ընկերներ: Ասոնք դրական դեր կը կատարեն հետագային:

4-Ոմանք ընդհանրապէս դժգոհութիւն կը յայտնեն շրջապատին հանդէպ: Կը սիրեն բուժուիլ եւ հոգ տանիլ իրենց առողջութեան:

5-Դեռահասներ, որոնց մէջ շուտ ձեւաւորուած է պատասխանատուութեան զգացումը, բարոյական գիծերը, հոգեւոր արժէքները: Անոնք իրենց մէջ կը տեսնեն թերութիւններ, կը պայքարին անոնց դէմ եւ կամ կը թաքցնեն (կը պահեն, կը ծածկեն): Իրենց ուղղուած դիտողութիւնները եւ պատիժները, ոչ թէ իրենց մէջ կ՛առաջացնեն հակառակելու ցանկութիւն, այլ խիղճի խայթ, արցունք եւ յուսահատութիւն: Եւ երբ կը նկատենք իր մէջ յարձակողական վարուելակերպ, կը նշանակէ թէ ան խորապէս վիարւորուած է:

6-Ոմանք կը դառնան անհամարձակ, տագնապային, եւ կը զբաղին ինքնավերլուծութեամբ: Ոչ մէկ որոշում կրնան կայացնել, ընտրութիւն չեն կրնար ընել, նոյնիսկ ամէնէն աննշան բաներուն նկատմամբ՝ (ֆիլմի ընտրութիւն, հագուստի, ուտելիքի եւ այլն): Այս բոլորը արդիւնքն է իր մանկութեան շրջանին ծնողներուն բանեցուցած պատասխանատու պահանջքներուն եւ դժուար պարտականութիւնններուն: Այս բոլորին որպէս արդիւնք իրենց մէջ կ՛առաջանայ վախ ամէն բանի նկատմամբ, որ կ՛անհանգստացնէ անոնց կեանքը, տարիքային զարգացման բոլոր հանգրուաններուն մէջ:

7-Ոմանք կը մերժեն շփումը շրջապատի հետ ու կը դառնան մեկուսացած: Սակայն անոնք կ՛ունենան հարուստ ներաշխարհ եւ բարձր մտաւոր կարողութիտւններ, որոնք կը ծածկեն շրջապատեն: Կը սիրեն մինակութիւնը, սակայն յաճախ կը տառապին ընկեր չունենալէ, որովհետեւ ունին շփուելու անկարողութիւնը, որ զիրենք կը դարձնէ անհասկնալի:

Պատանեկութիւն 15-17,18:  Պատանեկութիւնը անցումային շրջան է դեռահասութենէն դէպի մեծահասութիւն: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցինք, այս շրջանին վերջնականապէս կը լուծուին խնդիրները: Այսպէս՝

-արտաքին տեսքի վերջնական ընդունում:

-հնարաւորութիւններու ճիշդ օգտագործում:

-մասնագիտական կողմնորոշում:

-յուզական անկախութիւն:

-ընկերներու հետ աւելի խորունկ յարաբրեութիւններու ստեղծում:

Ընկերութեան մէջ պատանին աւելի ինքնուրոյն է, քան դեռահասը: Այստեղ անհատը ունի շարք մը ընտրելու իրաւունքենր:

Պատանեկութեան, ուսումնական մասնագիտութիւնը կը դառնայ հիմնական կողմնորոշում, ան շատ լուրջ կը սկսի մտածել ապագայի մասնագիտութեան մասին, այս անգամ բախումներու փոխարէն կը սկսի խորհրդակցութիւն մեծերու հետ: Ներկան կը սկսի դիտել ապագայի տեսանկիւնէն (այսօրուն որոշումները, ծրագիրները, մշակած յարաբերութիւնները, ինչ անդրադարձ կրնան ունենալ ու հիմնուելով անոնց վրայ քայլեր հաստատել), եւ այս կը դառնայ անոր ընկերային զարգացման առաջին քայլը: Այս շրջանին կը ձեւաւորուին պատանիին յարաբրեութիւնները, վերջ կը գտնեն փախումները, կրնայ ունենալ թիւով շատ ընկերներ, սակայն մէկ կամ երկու մտերիմ ընկեր, որոնք կը դառնան իր երկրորդ կէսը ու վստահելի անձը:

Ծանօթանալով տարիքային փուլերու զարգացման, եւ որպէս դաստիարակներ, այս տարիքային առանձնայատկութիւնները նկատի առած, չանտեսենք անոնց ունեցած, նոյնիսկ ամենաաննշան յատկութիւնները, ինքնավստահութիւն ներշնչենք, ու անպայման վերատեսութեան ենթարկենք մեր ինքնութիւնը:

Մենք դաստիարակներս պէտք է՝

-Սիրենք դեռահասը կամ պատանին ու ցուցաբերենք համակրանք:

-Ընդունինք անոր սխալները, եւ անոր սխալելու իրաւունքը:

-Ընդունինք անհատը իր ունեցած բոլոր թերութիւններով:

-Ճանչնանք անձը եւ ըստ այնմ վերաբերինք:

-Ունենանք աւելի խորաթափանց մտածողութիւն:

-Անիմաստ եւ չիրականացուելիք պատիժներով չսպառնանք, որոնք միայն կրնան սպառնացողին անյարմար վիճակի մէջ դնել:

-Անհատի պատիժի խստութիւնը չորոշենք ըստ մեր ունեցած տրամադրութեան, որովհետեւ անհաւասարակշռուած վերաբերմունքը կը կորսնցնէ դեռահասին կամ պատանիին կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնը, ուր որեւէ թելադրանք եւ կամ ցուցմունք անընդունելի կը դառնայ:

-Մեր ինքնավստահութեամբ չարհամարհենք դեռահասը կամ պատանին:

-Յարգենք անոր ինքնուրոյն աշխատանքը:

-Ձայնի բարձրացումը չդառնայ միջոց դեռահասին կամ պատանիին ուշադրութիւնը գրաւելու:

-Անհնազանդութեան պարագային, ջանանք հասկնալ պատճառը:

Խօսքը կ՛ըսէ. «Մեծ մարդու վեհութիւնը կ՛արտայայտուի փոքր մարդոց հետ անոր ունեցած վարուելակերպով»:

 

 

 

 

 

zp8497586rq

About talar

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …