Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները այնքան կը բարդանան շահագործման երեւոյթները:

– Ընկերվարութիւնը, որպէս միջազգային վարդապետութիւն, ցայտուն դարձաւ 18-րդ դարուն, որպէս երազային կամ ցնորական ընկերվարութիւն, որուն գլխաւոր արտայայտիչներէն էին անգլիացի Թովմաս Մոր եւ Ֆրանսացի Սան-Սիմոն: Սակայն անոնք չունէին պայքարի յստակ ուղի:

– Համագործակցական ընկերվարութիւն, որու գլխաւոր արտայայտիչն էր Ռոպերթ Օըն: Ան հիմնած էր գործարան մը, որու հասոյթը հաւասարապէս կը բաժնուէր գործաւորներուն: Ան կը ձգտէր իր գաղափարները տարածել իր գիրքերու ընդմէջէն եւ ընկերվարութիւնը իրագործել նեղ շրջանակի մը մէջ:

– Գիտական ընկերվարութիւն, որ փորձեց ընկերութեան մէջ ախտաճանաչումներ կատարել եւ այս հիման վրայ հասնիլ արդիւնքներու:

            Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ կը գործէին երկու խմբակներ.-

Ա.- Առաջին խմբակը ճաքոպիներն էին, որոնք կը հաւատային, որ ծայրահեղ միջոցներով պէտք է տապալի թագաւորութիւնը եւ հաստատուի հանրապետութիւն: Անոր գլխաւոր արտայայտիչն էր Ռոպըս Փիէս: Մարքս, հետագային, ազդուած էր այս գաղափարներէն:

Բ.- Երկրորդ խմբակը կը փորձէր խաղաղ միջոցներով սահմանադրական իրաւունքներ ձեռք բերել:

– Քարլ Մարքսի գաղափարախօսութիւնը

            Մարքս կը հաւատար, որ իւրաքանչիւր անձի աշխատանքը արժէք մըն է, որ պէտք է նիւթապէս գնահատուի: Սակայն երբ այդ աշխատանքը կը վճառուի մեծ գինով, որմէ փոքր մաս մը միայն աշխատաւորը կը գանձէ, յառաջ կու գայ շահագործում, ապա անգործութիւն եւ ապրելու դժուարութիւններ: Այս պատճառով յառաջ կու գայ բանուորներու (բրոլեթարիա) յեղափոխութիւն:

Հ.Յ.Դ. Ընկերվարութիւնը

            Դաշնակցութիւնը գործնական պահանջներէ (Արեւմտահայաստանի դատ) ծնունդ առած է յեղափոխական շարժումէ:

– 1892-ին Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը Մարքսի գաղափարներու յստակ ազդեցութիւնը կը կրէր, որովհետեւ յիշեալ գաղափարները այդ օրերուն ամէնէն ազդեցիկներն էին եւ Ռոստոմ ազդուած էր անոնցմէ:

– 1904-ին ՍոՖիայի (Պուլկարիա) մէջ գումարուած 3-րդ ընդհանուր ժողովին, Դաշնակցութեան ծրագիրը դէպի ընկերվարութիւն քայլ մը արձանագրեց:

– 1907-ին Վիեննայի (Աւստրիա) մէջ գումարուած 4-րդ ընդհանուր ժողովին, վերամշակուած ձեւով Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը ունեցաւ իր ինքնուրոյն դիմագիծը, ուր բիւրեղացաւ ընկերվարութեան գաղափարը:

Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը այսօր կ՛ընդգրկէ հինգ բաժանումներ.-

1.- Հ.Յ.Դ. գաղափարաբանութեան հիմունքներ

2.- Նպատակ

3.- Պատմական հիմնաւորում

4.- Քաղաքական առաջադրանքներ

5.- Ընկերային եւ տնտեսական առաջադրանքներ

Հ.Յ.Դ. գաղափարաբանութեան հիմունքներն են

ա.- Ընկերվարութիւն (ընկերային արդարութիւն)

բ.- Ազգ

գ.- Հայրենիք

դ.- Պետականութիւն

ե.- Ժողովրդավարութիւն

զ.- Յեղափոխութիւն

            Հ.Յ.Դ. Ընկերվարութեան Առանձնայատկութիւնները

1.- Ենթակայական արժէքներու գնահատում, ազգային նկարագիր, անյատական խիղճ, կրօնք, գիտակցութիւն եւ այլն, ինչ որ չկար Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ:

2.- Անհատական նախաձեռնութիւններու արժեւորում: Մարքսի գաղափարախօսութեան մէջ չէր յիշուէր անձնական (անհատական) արժէքներ, մինչ Դաշնակցութեան մօտ անհատին հոգեւոր եւ մտային զարգացումը իր արժէքը կը ներկայացնէ:

3.- Ժողովրդավարութիւն: Մեր ընկերվարութիւնը անըմբռնելի է առանց ժողովրդավարութեան: Ընկերվարութիւնը առանց ժողովրդավարութեան անըմբռնելի է, իսկ ժողովրդավարութիւնը առանց ընկերվարութեան՝ անկատար: Ըստ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ժողովրդավարութիւնը ունի երեք հիմունքներ.-

            Ա.- Օրէնսդրական, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու անջատ, բայց համագործակցաբար աշխատանքը:

            Բ.- Գործելակերպի ապակեդրոնացում

            Գ.- Ազատ քուէի իրաւունք

4.- Ծայրայեղութիւններու Մերժում, օրինակ՝ ծաւալապաշտութիւն:

– Ինչպէ՞ս կիրարկել ընկերվարութիւնը Հայաստանի մէջ:

            ա.- Ազգային տնտեսութիւն ստեղծելու հրամայականը: Հակառակ, որ  ներկայիս աշխարհը կ՛երթայ դէպի ազատ շուկայի քաղաքականութիւն, սակայն ըստ Դաշնակցութեան եւ նկատի առնելով օրուան պայմանները, Հայաստանը ներկայիս պէտք է ունենայ ազգային տնտեսութիւն:

            բ.- Պետութեան հովանաւորումը, բայց ո՛չ սեփականատէրերու իշխանութիւնը տնտեսութեան վրայ, որովհետեւ տնտեսական հիմնական կառոյցներու սեփականաշնորհումը կրնայ վնաս պատճառել:

            գ.- Միջազգային տնտեսական կառոյցներու ունեցած դերին նուազումը Հայաստանի վրայ, օրինակ՝ միջազգային դրամատուներու, որովհետեւ անոնք կրնան ընկերային տաքնապներ ստեղծել երկրին մէջ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի …