ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

ՄեսրոպՄաշտոց

Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն Գաւառի  Հացեկաց գիւղը:

Մեսրոպ Մաշտոց կիսազնուական Վարդանի որդին էր: Հայաստանի մէջ ստացած էր յունական կրթութիւն: Կը տիրապետէր յունարէնին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին: Սկզբնական շրջանին անցած է ծառայութեան հայոց Խոսրով III (մօտ 385 − 388) թագաւորի արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա` պալատական գրագիր: Մօտ 395396-ին դարձած է հոգևորական:

Մաշտոցը հոգեւոր առաքելութեան ժամանակ սկսած է լրջօրէն մտահոգուիլ երկրի վիճակով: Թէև քրիստոնէութիւնը Հայաստան մուտք գործեր էր առաջին դարուն և 301թ. Դարձած պետական կրօն, բայց ժողովուրդի զգալի մասը միայն անուանապէս քրիստոնեայ էր, երկրի մէջ եղած աստուածաշունչի գրքերը եւ եկեղեցական այլ երկեր յուներԷն կամ ասորերէն էին, ժամերգութիւնները և ծէսերը կը կատարուէին ժողովրդին համար անհասկանալի այդ լեզուներով:

Մաշտոց Աստուածաշունչը հրապարակայնօրէն կարդալով անմիջապէս բանաւոր կը թարգմանէր հայերէն` ժողովուրդին հասկանալի դարձնելու համար:

387թ. երկու մասի բաժնուած Հայաստանի արևելեան և արևմտեան մասին մէջ թեև կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւն օրէօր կը մեծնար: Երկրի արևմտեան մասին մէջ, որ միացած էր Բիւզանդիոյ, վերացուած էր հայոց թագաւորութիւնը, եկեղեցին ենթակայ էր յունական եպիսկոպոսութեան, եկեղեցւոյ և պետական լեզուն յունարէնն էր: Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրի և ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ դպրոցներու, համալսարաններու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ ասորերէնը, եկեղեցականներու  զգալի մասը յոյներ ու ասորիներ էին, հայ հոգևորականութեան որոշ մասը յունախօս էր:

Այսպէս Մաշտոցի համար հայ դպրութեան հրատապ ստեղծումն ունէր հետևեալ նպատակները.

  1. Հայացնել քրիստոնէական գրքերը, քարոզչութիւնն ու արարաողութիւնները կատարել հայերէն:
  2. Ստեղծել ու զարգացնել մայրենի լեզուով գրականութիւն:
  3. Հայութիւնը փրկել ձուլումէն :
  4. Ամրացնել երկրի քաղաքականապէս երկու մասի բաժնուած հատուածներու հոգևոր, լեզուական և մշակութային միասնութիւնը:

Այս վիճակին մէջ Մեսրոպ Մաշտոց մտադրած է ստեղծել հայկական գիրեր` Աստուածաշունչը թարգմանլելու համար: Վերադարձած է Վաղարշապատ, որտեղ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի: Մօտ 404-ին Միջագետքէն բերուած« Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական և ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն: Այդ ժամանակ ստացեր է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան: Վռամշապուհի և Սահակ Պարթևի հրահանգով անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսի հետ: Եղած է Եդեսիա, Ամիդ, ապա` Սամոսատ:

Մօտ 405406 թթ. Եդեսիոյ մէջ աւարտած է հայոց գրերու ստեղծումը:

About talar

Check Also

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ             Խորենացին կը նկարագրէ Արտաշէսի աշխարահաշինութիւնը, գիտութեան, արուեստի հովանաւոր ըլլալը եւ ապա …

Leave a Reply