Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՀԱՅՈՑ ԶՐԱՀԸ

ՀԱՅՈՑ ԶՐԱՀԸ

ՀԱՅՈՑ ԶՐԱՀԸ

 

«Յիշէ զանոնք, որ գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին: Քաջաց բարձն է սուրը»:
Գարեգին Նժդեհ

 

Մահուան յաղթող Դումաններ, թշնամիին աչքին փուշեր, անարդարութեան մէջքը կտրող դանակներ, մեր ազգին մէկական սուրբեր: Այս բոլորին եւ տակաւին շատ յատկանիշերու տէր են մեր ֆետայիները: Անոնք ռազմագիտական ձիրքերու կողքին եղած են սկզբունքի տէր մարդիկ: Միշտ պատրաստ են ազգին կանչին հասնելու՝ գիշեր ու ցերեկ, ցուրտ թէ տաք, ձիւն թէ արեւ, առանց վտանգները նկատի առնելու, կը նետուին վասն հայրենեաց:

Ջան ֆետայինե՛ր, դուք ձեր պայքարով գրեցիք ամենագեղեցիկ երգերը, հողին ծարաւը յագեցուցիք ձեր արիւնով, ձեր դէմքերով դարձաք մեր արեւը, ձեր աչքերը փակեցիք յաւիտենական քունով, որ հայրենիքը գոյատեւէ: Ազգը դրիք ամէն բանէ առաջ, որովհետեւ, ինչպէս յայտնի է, ժողովուրդ մը չի գոյատեւեր առանց ազգի, ո՛չ ալ ազգ մը առանց ժողովուրդի:

Բարձրացուցիք ձեր սուրբ դրօշը ռազմի դաշտերուն մէջ, եւ անոր հովանիին տակ կտրեցիք թշնամիի շղթաները եւ զանոնք անվերադարձ ղրկեցիք մթութեան խորերը:

Ժամանակը հասած է, կրկին պէտք ունինք ջան ֆետայիներ, որ անգամ մը եւս վերձնէք ձեր բազուկները ու հարուածէք թշնամին: Ազգը կրկին ձեզ կը կանչէ: Թշնամիին սեւ ամպերը արդէն շատ մօտեցած են մեր հայրենիքին: Ժամանակը հասած է, որ բազմացնենք մեր պայքարի ջանքերը օտար տարրերու դէմ, որոնք կը խաթարեն մեր գոյութիւնը: Թշնամին իր նախնիներու երազը դեռ չէ մոռցած եւ ամէն գնով կը ջանայ իրականացնել զայն: Թուրանի որդիները տակաւին կþերազեն իրենց հսկայ կայսրութեան հիմնադրութիւը, սակայն իրենց առջեւ կայ խոչնդոտ մը, որ կը կոչուի Հայաստան:

Հազար փառք Աստուծոյ, որ մեզ շնորհած է վեհ քաջեր, որոնք միշտ կը հասնին հայրենիքի փրկութան: Փառք մեր առիւծածին մայրերուն եւ թող օրհնուած ըլլան անոնց արքանդները, եւ անշուշտ փառք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ մեզի ցոյց տուաւ ազատութեան ճանապարհը, մեր մէջ սերմանեց քաջութիւն, վեհանձնութիւն եւ հայրենասիրութիւն:

Կեցցէ՛ հայ կամաւորը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ կեցցէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Սագօ Խալոյեան

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply