Home / Ա / Նիւթեր / Գիտական / ՆԱԽԱՆՁԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է ….

ՆԱԽԱՆՁԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է ….

ՆԱԽԱՆՁԸ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է ….

 

 Տասնաբանեայ պատուիրաներէն մէկն է նախան‎‎‎‎‎ձը, որ բանաձեւուած է՛ «ընկերոջդ, կամ դրացիիդ ունեցածին աչք մի տնկեր»:

Նախանձը քիչ թէ շատ չափով գոյութիւն ունի իւրաքնաչիւր անձի նկարագրին  մէջ:

Բայց ինչպէս ամէն չափաւորութիւն չի վնասէր, եթէ նախնձն ալ չափաւոր ըլլայ, գուցէ քիչ վնասակար ըլլայ մարդուն անձնական կեանքին թէ ընկերային կեանքին մէջ:

Նախանձին գլխաւոր մղումը կու գայ գոհանակութեան պակասէն: Մարդուն իրաւունքն է երազել , տենչալ, բարձրանալ, հարստանալու ձգտում  ունենալ:

Այս բաղձանքնիրը իրականացնելու համար կը պայքարի անհատ մարդը: Այս ալ իր իրաւունքլ է, բայց երբ կը հետապնդէ անկարելին, երբ անհատը չունի գիտակցութիւնը իր կարողութիւններուն չափին ‎Ֆիզիքական, հոգեկան թէ մտային այն ատեն ծայր կու տայ ներքին, ներաշխարհային պայքար մը: Այդ պայքարին գլխաւոր մղիչը կ՛ըլլայ ենթակայէն առաւել զօրաւոր, գեղեցիկ, հարուստ կամ հեղինակաւոր ըլլալը: Անձը կը սկսի հարց տալ .- դրացիս, կամ՛ բարեկամս, կամ այդ անձը ինչու հարուստ է ու ես՛ ոչ …Ան ինչպէ՞ս հարստացած է …ինչո՞ւ ան կարելիութիւնը ունի ուզածը  իրագործելու իսկ ես մնամ կարօտեալ:

Դեռ կայ գեղեցիկին նախանձելու, ճաշակաւորին նախանձելու, արուեստի մարզին մէջ շնորհք ցուցաբարողներու դէմ նախանձի դիրքաւորում մը:

Բոլոր տեսակի կամ բոլոր փափաքները իրականացած չտեսնելու եւ ուրիշին ցանկալու նախանձն ալ կը յառաջացնէ ներքին թունաւորում: Կը տուժէ անհատին առողջութիւնը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ նախանձը յոռետես կը դարձնէ մարդը:

«Փարք Աստուծոյ» ըսող մարդը գոհունակութիւն արտայայտած կ՝ըլլայ, ան նոյնիսկ չի հետաքրքրուիր ուրիշին ունեցածով.

ՍԽալ է այն կարծիքը, թէ փառասիրութիւնը այսինքն տեղ մը հասնելու մարմաջը անպայման յաջողութիւներու գրաւականն է: Մարդ պէտք է աշխատի անպայման իր ուժերուն ներած չափով, միշտ գիտակցելով իր ուժերուն տարողութեան: Բայց հոս է բուն հարցը: Եթէ ամէն մարդ ինքզինք խելացի, տաղանդաւոր ու գեղեցիկ կարծէ, կը սխալի, Սոկրատ այս մասին տուած է իր հրաշալի  կարծիքը եւ պատգամը ուղղուած մարդուն. «Ծանիր զքեզ»: Այս խօսքին մէջ կայ հրաշալի փիլիսոփայութիւն: Ինքզինքդ ճանչիր. այսինքն՝ գիտցիր-գիտակցիր թէ որքան են քու սահմաներդ: Մինչեւ ու՞ր պիտի կրնաս հասնիլ:

Բարոյախօսութիւն չէ սա, այլ կեանքի յստակ կողմնորոշում: Ամէն մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը, բայց դարձեալ կ՛ինանք ծուղակին մէջ. փորձենք…

Եթէ շարունակ տրտնջաս կեանքին ու ճակատագրին դէմ, ոչինչ կը շահիս. ընդհակառակը՝ կը մթնցնես օրդ, կը թունաւորես հոգիդ, կ՛ըլլաս միշտ տխուր: Եթէ մարդիկ խնդան կը նախանձիս նոյնիսկ անոնց խնդալուն: «Այո, անշուշտ կը խնդան, որովհետեւ հարուստ են, որովհետեւ գեղեցիկ են եւ այլն, եւ այլն …:

Եթէ իւրաքանչիւր անձ ճանչնայ ինքզինք, չի նախանձիր, կը յարգէ միւսին յաջողութիւնը, հարսիութիւնը: Եթէ նոյնիսկ ապօրինի միջոցներով հարստացած է, վնասած է իր հոգիին. մեզի չի վերաբերիր: Աստուծոյ հետ է անոր գործը: Դուն շարունակէ աշխատիլ կառողութեանդ չափ, գոհունակութիւն յայտնէ: Եթէ առողջ ես, գոհ եղիր որ առողջ ես. մեծագոյն հարստութիւնը ունիս…

  • * * * *

Նախանձը կարելի է հեռացնել մեր հոգիներէն, երբ գոհունակ սիրտ ունինք: Գոհունակ սիրտ ունենալու համար միշտ հարկ է հետեւիլ բնութեան օրէնքներուն. օր մը ձմեռ է, օր մը գարուն, կայ աշուն եւ ամառ: Կան փոթորկոտ օրեր ու պայծար եղանակ: Կ‎՝անցնի բոլորն ալ:

  •  * * * *

Նախախնամութիւն կոչուած իրողութիւն մը կայ, որուն կ՛ըսենք ոմանք՝ բախտ, ճակատագիր, դիպուած եւ այլն: Եթէ կը հաւատանք բոլորին, ուրեմն իւրաքանչիւր անհատ ունի իր բախտը, իր ճակատագիրը, իրեն վերապահուած ՕՐԸ: Միւսին նախանձելով կը պատժենք մենք զմեզ: Դժգոհելով ոչինչ կը շահինք: Կարեւորը պայքարիլն է ծուլութեան եւ անտարբերութեան դէմ: Կարեւորը ուրիշին ունեցածին չտենչնալն է, այլ ջանալ մագրագործել հոգին նախանձին դեղնախտէն:

  • * * * *

Դարը փոխուած է կ՛ըսեն. ճիշդ է: Դարերը միշտ փոխուած են բայց մարդը մնացած է մարդ: Պատուիրանը կը հնչէ նոյն  շեշտով: «Ուրիշին ունեցածին մի ցանիար»: Ուրեմն, եթէ ճանչնաս զքեզ, նախանձին թոյնը չի թունաւորեր քեզ ու կը մնաս առողջ…

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin

Check Also

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու …