Արեւելեան հարց ըսելով պէտք է հասկնալ 18-19 րդ դարերուն Ռուսական Կայսրութեան եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւններու ուժի ընդարձակման եւ զօրացման հետ զուգահեռ, Օսմանեան Կայսրութեան տկարացման երեւոյթը՝ թէ՛ զինուորական, քաղաքական առումներով, թէ՛ քաղաքակրթական առումով: Այդ օրերուն արդի աշխարհը չէր ուզեր ընդունիլ այլեւս Օսմանեան Կայսրութեան նման յետամնաց եւ վայրագ կայսրութեան մը տիրապետումը աշխարհագրական հսկայ տարածքներու վրայ, ուր կ’ապրէին տարբեր ազգեր, որոնք կը ձգտէին ազատութեան եւ չէին հանդուրժեր Օսմանեան լուծը: Ուրեմն Օսմանեան կայսրութեան մասնատումը եւ բաժանումը անխուսափելի էր:
Ռուսիան Մեծն Պետրոս եւ Կատարինէ Բ. ձարերու ներշնչումով եւ տաղանդով դարձրած էր մեծ կայսրութիւն մը, որ կ’իշխէր Սեւ Ծովէն Պալթեան Ծով երկարող տարածքներուն վրայ: Ռուսիան՝ կրօնական, ազգագրական (կամ ցեղային) եւ քաղաքական պատճառներով կ’ուզէր իր ազդեցութեան տակ առնել Պալքանեան թերակղզին եւ Պոլիսը (Պալքաններու ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը սլաւներ էին, անոնք ցեղակից էին ռուսերու, իսկ Պոլիսը՝ հին Կոստանդնու Պոլիսն էր՝ Օրթոտոքսներու մայրաքաղաքը: Ռուսերը կ՛ուզէին տիրանալ նեղուցներուն, որպէսզի Սեւ Ծովը պատանդ չմնայ թուրքերուն՝ նեղուցներուն պատճառով՝ Պոսֆոր եւ Տարտանել):
Ուրեմն Օսմանեան Կայսրութիւնը դատապարտուած էր բաժնուելու Ռուսական եւ Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւններուն միջեւ, սակայն երկու այլ մեծ պետութիւններ կը խանգարէին Ռուսիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ միտումները: Անոնք Անգլիան եւ Ֆրանսան էին:
Այս էր կացութիւնը երբ պայթեցաւ Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը 1789ին: Այս յեղափոխութենէն ետք Անգլիան եւ Ֆրանսան սկսան գործնականօրէն խանգարել Ռուսիոյ եւ Աւսրտիոյ ծրագիրները:
Անգլիա.-Տիրապետած էր Հնդկաստանին եւ չէր ուզեր Հնդկաստանի ճամբուն վրայ մեծ եւ հզօր պետութիւններու հաստատումը: Անգլիոյ համար նեղուցները նաեւ Ալեքսանդրէթի ու Պարսից Ծոցերը ունէին ռազմական նշանակութիւն:
Ֆրանսան.-Կ’ուզէր պահել իր դիրքերը եւ որպէս մեծ կայսրութիւն յաւակնոտութիւն ունէր Եգիպտոսի մէջ, որ մրցակից էր Անգլիոյ հետ: Ֆրանսան կը փորձէր Օսմանեան Կայսրութեան հպատակ ժողովուրդներու անկախութեան շարժումներուն նպաստել եւ նորաստեղծ պետութիւնները պահել իր ազդեցութեան տակ:
Արեւելեան հարցը ուրեմն Օսմանեան Կայսրութեան տկար իրավիճակի հետ (որ որակուած էր հիւանդ մարդ) անոր մասնատման եւ բաժանման դժուարութիւնն էր, մեծ պետութիւններու մրցակցութեան պատճառով: Մինչ Օսմանեան Կայսրութեան հպատակ ազգերը սկսած էին ապրիլ ազգային զարթօնք եւ կը ձգտէին ազատութեան (յոյներ, պուլկարներ, հայեր, արաբներ):
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐԸ
Անգլիան եւ Ֆրանսան չէին ուզեր Օսմանեան Կայսրութեան քայքայումը, որպէսզի չբաժնուի ան Ռուսիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիայի միջեւ: Այս պատճառով անոնք, յատկապէս Անգլիան, քաջալերեցին Օսմանեան Կայսրութեան բարեփոխման ծրագիրները:
Բարեփոխման նպատակով եղան հետեւեալ փորձերը.-
Սուլթան Մահմուտ Բ. (որուն մայրը Ֆրանսուհի էր) լուծեց Ենիչէրիներու բանակը եւ փորձեց ստեղծել կազմակերպուած բանակ:
Մահմուտ Բ.ի յաջորդը՝ Սուլթան Ապտուլ Մէճիտը, 1839ին հրապարակեց «Հաթթը ՇէրիՖ» անունով բարեկարգումներու ծրագիր մը, ըստ որուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բոլոր քաղաքացիներու ապահովութիւնը երաշխաւորուած պէտք է ըլլար, առանց ցեղի եւ կրօնի խտրութեան:
1956ին Նորէն Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի ճնշումներուն տակ հրապարակուեցաւ «Հաթթը- Հումայուն» անունով բարենորոգումներու ծրագիր մը, որուն լոյսին տակ քրիստոնեայ քաղաքացիները իրաւունք պիտի ունենային պետական պաշտօններ վարելու:
1876ին հրապարակուեցաւ նոր սահմանադրութիւն:
Այս բոլոր բարեկարգումի փորձերը մնացին միայն գիր եւ երբեք չգործադրուեցան:
1877-1878ին Պերլինի դաշնագրի նախօրէին ապացուցուած էր, որ Օսմանեան Բարեկարգումները ցնորք են:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Ռուսիոյ երեւումը Անդրկովկասի մէջ
18րդ դարու սկիզբէն Ռուսիան սկսաւ երեւիլ Անդրկովկասի մէջ: Ռուսիա շարք մը պատրեզմներ վարեց Պարսկաստանի դէմ (1720-1827), որոնցմէ վերջինին կրցաւ առնել այսօրուան Վրաստանին, Ատրպէյճանին եւ Արեւելեան Հայաստանին տարածքները: Ռուսիան կապի մէջ մտաւ նաեւ Ղարաբաղի հայութեան հետ, ընդունեց Իսրայէլ Օրին:
1813ի Կիւլիստանի դաշնագրով, Պարսկաստանը Ռուսիոյ զիջեցաւ Վրաստանը եւ Ղարաբաղը:
1828ին Թիւրքմէնչայի դաշնագրով Պարսկաստան Ռուսիոյ զիջեցաւ Երեւանի եւ Նախիջեւանի նահանգները:
Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ հայութեան համար կերպար առաւ նոր իրավիճակ: Մէջտեղ եկաւ Արեւմտահայաստանը, որ կը մնար Օսմանեան Կայսրութեան գրաւման ներքեւ եւ Արեւելահայաստանը, որ կը մնար Ռուսական Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Բնականաբար Արեւելեան Հայաստանի հայութեան պայմանները շատ աւելի լաւ էին քան արեւմտահայութեան իրավիճակը:
ՌՈՒՍ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ
Ռուս-պարսկական պատերազմներուն յաջորդեցին ռուս-թրքական պատերազմները: Ռուսաստանի ծաւալման որպէս հետեւանք այս ժամանակահատուածին հիմնական երեք պատերազմներ տեղի ունեցան ռուսական կայսրութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ.-
1828-1829, որուն որպէս հետեւեանք ռուսերը հասան Կարս, Արտահան, Պաթում:
1853-1856
1877-1878, որուն որպէս հետեւանք ազատագրուեցաւ Պուլկարիան եւ այս վերջին պատերազմը աւարտեցաւ Սան ՍթեՖանոյի, ապա Պերլինի դաշնագիրներու կնքումով, երբ Հայկական Հարցը առաջին անգամ հանգամանօրէն մուտք գործեց գերպետութիւններու քաղաքականութեան մէջ: