Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11)

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11)

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ  Aristotle ( 384 -322 )
(11)

Կեանքը

Ծնած է  Թրակիոյ Սթակիր քաղաքին մէջ 384-ին: Սթակիր քաղաքը յոյն գաղութ մըն էր և Արիստոտել ալ յոյն մը: Հայրը՝ Նիկոմաքոս' բժիշկն էր Մակեդոնիոյ թագաւորին: Մայրը Խալքիս կղզիէն էր: Կանուխէն կորսնցուցած է հայրը:

Արիստոտէլ  18 տարեկանին Աթէնք կ'երթայ եւ կ'աշակերտի Պղատոնի՝ Ակադեմիայի մէջ՝ 20 տարիներ, մինչեւ անոր մահը: Յետոյ կը ճամբորդէ կ'երթայ Լիւդիա, անկէ կը հեռանայ արքունական դաւերու պատճառաւ եւ կ'երթայ Լէսպոս կղզին, ուր կ'ամուսնանայ: այն ատեն է որ կը կանչուի Մակեդոնիոյ Փիլիպպոս արքային կողմէ իր զաւկին՝ Աղեքսանդրի դաստիարակ ըլլալու: Իր դաստիարակի պաշտոնը կը տեւէ 9 տարի: Երբ  Աղեքսանդր գահ կը բարձրանայ՝  Արիստոտէլ Աթէնք կը վերադառնայ եւ հոն կը բանայ իր դպրոցը, որ կը կոչուի Լիկէոն կամ Լիւկէոն, որովհետեւ Ապողոն Լիկէոնի նուիրուած տաճար մը կար հոն: Պերիպատետիկեաններու այսինքն Ճեմողներու դպրոց, որմէ յառաջ եկած է հայերէն Ճեմարան բառը: Կ'ըսուի թէ Արիստոտէլ սովորութիւն ունէր իր դպրոցի պարտէզներուն մէջ պտտելով ուսուցանելու: Երբ Աղեքսանդր կը մեռնի  Արիստոտէլ Աթէնքէն կը փախի, որովհետեւ Աթէնքի մէջ հակամակեդոնական շարժում մը յառաջ կու գայ, որուն պատճառով իր կացութիւնը կը վտանգուի: Աթէնքէն  կ'անցնի իր մօրը ծնած կղզին՝ Խալքիս, ուր եւ քիչ ետք կը մեռնի 62 տարեկանին:

Գործերը

Արիստոտէլ   խոշոր գործեր ձգած է, որոնք երկար ատեն, Մասնաւորաբար միջին դարերուն, եղած են բոլոր գիտութեանց բուն ուսուցանող գործերը կամ աղբիւրները: Գիտութիւն սորվիլ միջին դարերուն, կը նշանակեր Արիստոտէլ կարդալ:  Միջին դարերուն բնութեան մէջ նոր իրեր , երեւոյթներ չէին փնտռեր, այլ ամէն ծանօթութիւն Արիստոտէլի մէջ կը փնտռէին: Արիստոտէլ համայնագիտական միտք եղած է. իր գործերը կ'ընդգրկեն իր ատենուան գիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը,բացի մաթեմաթիքէն:

Արիստոտէլ իր ատենին վայելած է մեծ գրագէտի համբաւ: Բայց իր գործերուն մէջ մենք գրական արժէք չենք գտներ ,որովհետեւ իր բուն գրական գործերը կորսուած են: Մնացած են իր դասագրքային գործերը, որոնք կը ծառայէին իրեն իբրեւ դասաւանդութեանց նօթեր եւ անոնց մէջ գիտական չոր լեզու մը կայ: Մինչդեռ կ'երեւի թէ Պղատոնի պէս մեծ մը եղած է Արիստոտէլ :

1.Գործնականի վերաբերեալ գործեր

 

Անոնք որոնք արուեստ մը կ'ուսուցանեն, բան մը ընելու գործիքներ են.

-Տրամաբանական գործեր, հաւաքուած Օրկանոն հատորին մէջ.

-Գիտութեան մեթոտի վերաբերեալ գործեր

-Հռետորութիւն

-Քերթողական

-Բարոյագիտական գործեր (Էթիք-Էթիք ա ՆիքոմաքEthique a Nicomaque)

-Տնտեսագիտութիւն

-Քաղաքագիտութիւն

2.Տեսաբանական կամ Գիտական գործեր

-Բնագիտութիւն

-Յաղագս Երկնից

-Բուսաբանութիւն

-Կենդանաբանութիւն

-Հոգեբանական գործեր , որոնք են՝ Յաղաքս Հոգւոյն, Բանի Մասին, Յիշողութեան մասին, Սովորութեան մասին

3.Զուտ Փիլիսոփայական գործեր

Անոնք  որոնք, ինչպէս ինք կ'ըսէ ,բուն՝ առաջին փիլիսոփայութեան կը պատկանին, եւ որոնք իր գործերը դասաւորողներուն կողմէ դրուած ըլլալով իր ֆիզիքէն ետք՝ կոչուած են Մեթաթա-ֆիզիքա, որ յետոյ կրճատուելով եղած է Մեթաֆիզիք եւ նշանակած Բնազանցութիւն, այսինքն ինչ որ կը վերաբերի Բուն Էութեան , եւ որ է Էաբանութիւնը, այսինքն առաջին պատճառներուն եւ վերջին վախճաններուն գիտութիւնը:

 

Արիստոտէլի  Փիլիսոփայութիւնը 

 

Տրամաբանութիւնը (Logique )

Արիստոտէլ խորապէս աշակերտ է Պղատոնի եւ Պղատոնի մէջէն Սոկրատի. ուրեմն Բանապաշտ մըն է, մարդկային բանկանութեան վրայ կատարեալ հաւատք ունի եւ կը խորհի որ անով կարելի է հասկնալ ամէն ինչ: Իսկ մարդկային միտքը կը խորհի գաղափարներով, որոնք, երբ ճիշդ գաղափարներ մարդուն բռնել կու տան բուն իրականութիւնը: Իսկ գաղափարները կամ յղանցքները իրենց սեւեռումը կը ստանան եզրերուն մէջ: Ուրեմն Արիստոտէլ մարդկային միտքը, անոր գործունէութիւնները ու անոնց մէջ ի գործ դրուած մեթոտները կ'ուսումնասիրէ՝ ուսումնասիրելով մարդկային լեզուն, արտայայտութիւնը: Յղացքը  կ'ուսումնասիրէ եզրերուն վրայ, դատաստանը՝ նախադասութիւններուն վրայ, եւ այլն: Ուրեմն Արիստոտէլի տրամաբանութեան մեթոտը լեզուին մէջ արտայայտուած մտածման քննութիւնն է:

Արիստոտէլի տրամաբանութիւնը դարձած է, մինչեւ այսօր, դասական տրամաբանութիւնը: Ան ուրիշ՝ որ իր տրամաբանոթեան մեթոտը խիստ կերպով քննադատուած է արդի ժամանակներուն թէ' Պէյքընի եւ թէ Տէքարթի  կողմէ, որոնք գիտութեան համար անկատար համարեցին զայն, առաջարկելով նոր մեթոտներ:

Տրամաբանութեան այս մեթոտը Արիստոտէլ գործադրած է նաեւ իր փիլիսոփայութեան մէջ: Էութիւնը ուսումնասիրելու համար Արիստոտէլ կը մեկնի խօսքէն, լեզուէն: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ ըստ իրեն մեր միտքը կը գտնէ էութիւնը, իրականութիւնը եւ, ուրեմն, իր մէջ կը ցոլացնէ ճշգրիտ ընդգրկած էութիւնը. միւս կողմէ մեր խօսքն ալ ճշդիւ կ'արտայայտէ մեր մտածումը: Ուրեմն էութիւնը ուսումնասիրելու համար կրնանք խօսքը  ուսումնասիրել:

Ստորոգութիւնք    (Categories)

Ի՞նչ է էութիւնը և քանի՞ տեսակ ըլլալու կերպ կայ: Ատիկա Արիտոտէլ կը գտնէ մարդուն կազմած նախադասութիւններուն մէջ ու այդպիսով կը կազմէ ըլլաու կերպերու ,տեսակներու ցանկը, ինչ որ կը կոչուի Ստորոգութիւն, որոնք տասը հատ են եւ որոնք ուրիշ բան չեն եթէ ու տէր բայիին տրուելու կարելիութիւնը ներկայացնող ստորոգելիներ:

Արիստոտէլ կը դիտէ որ մենք դատած ատեն բան մը կ'առնենք եւ անոր բան մը կը վերագրենք: Այդ բանը իրապէս կա'յ. իսկ այն որ կը վերագրենք անոր ըստ ինքեան չկայ, այլ կայ անով: Այն որ ըստ ինքեան կայ, եւ որուն յատկութիւններն միւսները, Արիստոտէլ կը կոչէ Գոյացութիւն, որ ըլլալու կերպերուն առաջինն է: Մնացեալ  9 քաթեկորիները այլեւս բուն իսկ ստորոգելիներ են, որոնք ըստ ինքեան չկան, այլ ըստ ինքեան եղողին յատկութիւններն են: Այդ  9 Ստորոգութիւնները են .

-Քանակութիւն        – Մեծ է, փոքր է

-Որակութիւն           –  Չար է, բարի է

-Յարաբերութիւն    -Այսինչին զաւակն է, այսինչին հայրը

-Տեղ                           -Հոս է, հոն է

-Ժամանակ              -Հիմա հոս էր, քիչ առաջ հոն էր

-Դիրք                        -Պառկած է, ոտքի է

-Ստացութիւն         – Գետնէն գիրք մը առաւ, ստացաւ

-Գործողութիւն       -քալեց, զարկաւ

-Կրաւորութիւն       -Զարնուեցաւ

Էաբանութիւնը   (Ontologie )

Վերեւ  յիշուած 10 ստորոգութիւններէն 9 հատը ունին իրենց յատուկ գիտութիւնը: Օրինակ քանակութեան գիտութիւնը մաթեմաթիքն է, կարգ մը որակներու  գիտութիւնը ֆիզիքն է եւ այլն: Առաջին ստորոգութեան գիտութիւնն է՛ որ կ'ընէ Արիստոտէլ եւ որ կը կոչուի Էաբանութիւն, եւ որուն նիւթն է էութիւնը ըստ ինքեան իբրեւ զուտ էութիւն:

Այս գիտութեան առաջին խնդիրը այն է, թէ  ոեւէ էութիւն –մարդ, կողով, արձան – ինչո՞վ այդ էութիւնն է: Ինչ որ էութիւն մը ա'յդ էութիւնը կ'ընէ կը կոչուի անոր պատճառը: Ուրեմն այն խնդիրը թէ ինչպէ՞ս բան մըն էր այն, կը վերածուի սա խնդրին թէ գոյացութիւնները ի՞նչ պատճառով այդ գոյացութիւններն են:

Արիստոտէլ կ'որոշէ չորս պատճառներ.

-Նիւթական պատճառ         (Cause Materielle)

-Ձեւական պատճառ            (Cause Formelle)

-Արդիւնարար պատճառ     (Cause Efficiente)

-Վախճանական կամ նպատակային պատճառ (Cause finale)

Որոշ օրինակի մը վրայ բացատրենք այս չորս պատճառները: Դասական օրինակը արձանն է: Առնենք, օրինակ, Փիտիասի (Հին Յունաստանի ամէնէն մեծ քանդակագործը) կերտած Աթենասի արձանը: Այդ արձանը ինչո՞վ ա'յդ արձանն է. ո՞ր բաներն են որոնք ըլլալով այդ արձանը եղաւ, եւ ո՞ր բաներն են որոնք եթէ չըլլային այդ արձանը պիտի չըլլար:

-նախ այդ արձանը պիտի չըլլար եթէ անոր Նիւթեղէնը, ատաղձը  չըլլար: Իր գոյութեան պատճառներէն մէկն է իր նիւթական ըլլալը: Բայց նիւթեղէնը չի բաւեր այդ արձանը ա'յդ արձանը ընելու . անհրաժեշտ պատճառ է , բայց ոչ բաւարար:

-այդ արձանը ա'յդ արձանը ընող երկրորդ պատճառը այն է, որ արձանագործը նախ անոր ձե'ւը  յղացած էր, իր մտքին մէջ երեւակայած էր զայն , եւ արձանը գոյութիւն առաւ, երբ այդ նախապէս  երեւակայուած ձեւը այդ նիւթեղէնին վրայ եկաւ եւ զայն կազմաւորեց:

-Բայց ինչպէ՞ս եղաւ որ այդ նիւթեղէնին վրայ ա'յդ ձեւը եկաւ: Փիտիաս այդ ձեւը յղանալէն  վերջ, որպէսզի զայն իրագործէ, սկսաւ գործել-յղկել,տաշեց, ոսկին ձուլեց: Ուրեմն շարժումներ տեղի ունեցան, որոնք ազդեցին նիւթեղէնին վրայ  եւ անոնց արդիւնքը եղաւ ձեւին նիւթեղէնին վրայ գալը: Ուրեմն այդ արձանը  ա'յդ ձեւը ընող պատճառներէն մէկն ալ ձեւը նիւթեղէնին վրայ դրոշմող աշխատանքն է, որ կը կոչուի արդիւնարար պատճառ:

-Բայց  ինչո՞ւ համար Փիտիաս այդ ձեւը, այդ աշխատութեամբ ա'յդ նիւթեղէնին վրայ բերաւ: -Որպէսզի իր կամ ուրիշներու գեղեցկութեան իտէալը գոհացնէ, եւ կամ որպէսզի գոհացում տայ Աթենացիներուն իրենց աստուածուհին զգալի կերպարանքի մը տակ ունենալու ու պաշտելու պէտքին: Եթէ նպատակ մը չունենար, ինք պիտի չշինէր այդ արձանը: Այս ալ Վախճանական պատճառն է: Վախճանական կ'ըսուի, որովհետեւ նպատակ մըն է, ըլլալիք բան մը, որո'ւն երթալու, հասնելու համար կան միւս պատճառները:

Այս չորս պատճառները սերտօրէն իրարու շղթայուած են: Այսպէս՝ նիւթեղէնը արձանին իր վրայ առնելէն առաջ կը ներկայացնէր արձանին կարելիութիւնը. կրնանք ըսել որ նիւթեղէնին մէջ ապագայ արձանը ի կարողութեան կայ: Բայց ի՞նչ բան իրականութեան կը բերէ այդ կարելիութիւնը: Ձեւը: Բայց որպէսզի այդ ձեւը նիւթեղէնին վրայ գայ բերող մը եւ բերուիլ մը կ'ուզէ: Երբ, սակայն, զայն բերելու շարժումներն ալ դէպի նպատակ մը ուղղուած չեն, արդիւնք չեն տար: Արձանին մէջ գեղեցկութեան իրագործումը նպատակ մըն է, որ կը բացատրէ միւս պատճառները:

Մեր տեսած բոլոր իրերուն մէջ մենք կը գտնենք իրապէս այդ չորս պատճառներէն միայն երկուքը՝ Նիւթեղէնը  եւ Ձեւը. որովհետեւ արդիւնաբար պատճառը ձեւը տալու համար եղած է եւ ձեւը տալէն վերջ դադրած է այլեւս: Իսկ վախճանական  պատճառն ալ այլեւս ուղղակի գործին մէջ չէ, որովհետեւ վախճանը ձեռք բերուած ըլլալով, այլեւս գոհացած է ան:

Արիստոտելի լեզուին մէջ Լինելութիւն կամ շարժուն կը կոչուի ինչ որ նիւթէղէնի մը ձեւ տալու համար կայ. եւ երբ ձեւը նիւթէղէնին վրայ իրագործուի՝ անոր համար եղած շարժումը կը դադրի: Շարժումը ուրեմն միշտ անկատարութեան  նշան է. բայց ինքնին տեսակ մը  յարաբերակա'ն բարիք է, որովհետեւ ի'նքն է որ յառաջ կը բերէ կատարելութիւնը: Առանց իրեն նիւթը իբրեւ կարելիութիւն յաւերժապէս պիտի սպասէր: Օրինակ, եթէ Փիտիաս չգործէր այդ նիւթեղէններուն վրայ՝ մէկը իբր կնճիթ պիտի սպասէր, միւսը իբրեւ ծառի բուն, ուրիշ մը իբրեւ ոսկի: Շարժումը ինքնին վախճան մը, բարիք մը չէ, այլ բարիք մըն է, որովհետեւ դէպի կատարելութիւն կը տանի նիւթը. իր արժէքը իր մէջ չէ, այլ կու գայ իր բերելիք արդիւնքէն ,որուն միջոցն է ինք. ուրեմն միջոցի արժէք ունի եւ ոչ թէ ըստ ինքեան: Փաստը այն է, որ երբ իրագործէ այն բանը, որուն միջոցն է, շարժումը կը դադրի, քանի որ եթէ շարունակուէր անիմաստ պիտի դառնար:

Իսկ արարքը անշարժ է, կատարում է, իրագործում: Շարժումը իրագործման համար է: Կատարեալը անշարժ է: Աստուած ալ,  որ զուտ եւ  բացարձակ կատարելիութիւն է , անշարժ է: Մարդ անկատար էակ մըն է՝ լեցուն կարողութիւններով՝ եւ ամէն օր կ'աշխատի, կը գործէ, որպէսզի ինչ որ իր մէջ ի կարողութեան է դառնայ իրականութիւն, կատարելութիւն. եւ երբ հասնի անոր այլեւս չի շարժիր , չ'աշխատիր:

Քանի որ Աստուած անշարժ է ինչպէ՞ս կ'ըլլայ ուրեմն որ կը ստեղծէ: Աստուած կը ստեղծէ ոչ թէ գործելով, ջանալով, ճիգ ընելով, այլ իբրեւ իտէալ կատարելութիւն աշխարհը հրապուրելով: Աշխարհը իրմէ հրապուրուած կը շարժի ու կը զարգանայ՝ իր բոլոր կարելիութիւնները աքթի մղելով: Ինք չի գիտեր ասիկա, բայց առանց գիտնալու պատճա'ռ է բոլոր բարիքներուն:

Նիւթը իր խոնարհագոյն աստիճաններէն աւելի վերին աստիճաններու կը բարձրանայ. ու Արիստոտէլ տիեզերքը կը բացատրէ այս սանդխային բարձրացումով դէպի վերին, գերագոյն կատարումը Աստուած, որ իրեն կը քաշէ, կը հրապուրէ ամէն ինչ եւ որ պատճառն է աշխարհի բոլոր իրագործումներուն, բայց ոչ արդիւնարար պատճառ, այլ՝ վախճանակա'ն:

Ուրեմն Արիստոտէլի էաբանութիւնը կը յանգի Աստուծոյ գաղափարին: Արիստոտէլի Առաջին փիլիսոփայութեան  առաջին մասը կը կազմէ Էաբանութիւնը, զոր տեսանք վերեւ, իսկ   Բ. Մասը  իր Աստուածախօսութիւնը:

Աստուածախօսութիւնը (Theodicee)

Ասոր մէջ Արիստոտէլ կը ջանայ որոշել Աստուծոյ բնութիւնը: Վերստին ձեռք առնելով արձանի յառաջ գալուն պարագան, կը տեսնենք որ անոր յառաջ գալը կը բացատրուի արուեստագէտի հոգիին մէջ գեղեցկութեան իտէալի մը գոյութեամբ: Եթէ իր հոգիին վրայ գեղեցկութեան իտէալ մը կախուած չըլլար արուեստագէտը պիտի չձեռնարկէր արձանը շինելու. որովհետեւ արձանը ձեւով մը այդ իտէալը աստիճան մը իրագործելու համար է: Այդ իտէալը կը բացատրէ արձանին ծնունդ տուող միւս բոլոր պատճառները: Սակայն այդ իտէալը ինք չի շիներ արձանը: Անշարժ պատճառն է ինք բոլոր եղածներուն՝ առանց որ ուղղակի գործէ:

Արիտոտէլ այս ըմբռնումն է որ կը կիրարկէ ամբողջ տիեզերքին, ուր կը դիտէ որ ամէն ինչ նիւթ եւ ձեւ է: Բայց միւս կողմէ կը դիտէ նաեւ որ վարի աստիճանի նիւթի ձեւեր աւելի վերի աստիճանի նիւթերու նիւթ կրնան ըլլալ. ուստի աստիճանաւորում մը կը տեսնէ տիեզերքի էակներուն մէջ: Այսպէս Նիւթական բնութիւնը, այսինքն անգործարանաւոր (ինօրկանիք) նիւթը իբրեւ նիւթ կը ծառայէ բուսական բնութեան: անգործարանաւոր նիւթին մէջ կարելիութիւն մը կայ բուսական կեանքին բարձրանալու, անոր նիւթ հայթայթելու : Մէկ խօսքով կենսաւոր բնութիւնը իբրեւ նիւթ կ'օգտագործէ անկենսաւոր բնութիւնը, զայն բարձրացնելով նոր, աւելի վեր ձեւի մը: Այդ կենսաւոր բնութեան բուսական աստիճանը, որ համեստ աստիճան մըն է, այս անգամ կենդանիներուն մէջ իբրեւ նիւթ կը ծառայէ աւելի վեր կեանքի մը՝ կենդանական կեանքին, ուր կը տեսնենք զգայնութիւնն ու շարժումը: Կենդանին ունի սակայն միեւնոյն ատեն բուսական բնութեան երեւոյթները, ինչպէս օրինակ սննդառութիւնը, բայց զանոնք  կ'օգտագործէ աւելի վեր կեանքի մը իրագործման համար. ուրեմն այդ երեւոյթները այստեղ աւելի վեր կեանքի միջոց են: Ու այս աւելի վեր կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ վարի կեանքին մէկ նոր ձեւաւորումը՝ աւելի վեր աքթի մը համար: Գործարանը նիւթն է, որու աքթը իր պաշտօնն է: Աչքը նիւթն է տեսնելու: Տեսնելը կամ տեսողութիւնն է աքթը: Ականջն ալ նիւթն է լսողութեան: Ականջը, օրինակ, ա'յնպէս կարելի կ'ընծայէ լսելը ինչպէս մարմարիոնը կարելի կ'ընծայէ արձանը: Ուրեմն կենդանական կեանքին մէջ բուսական օրկանիզմը աւելի վեր օրկանիզմի մը նիւթ կը հայթայթէ: Մարդուն մէջ այդ կենդանական կեանքը՝ զգալու, շարժումներու կարողութիւններով՝աւելի վեր, հոգեկա'ն կեանքի կարելիութիւնը կ'ընծայէ:  Մեր զգայական վիճակները մեզի կը հայթայթեն նիւթը մեր իտէներուն: Մեր տեսածները նիւթ կը դառնան մեր մտքին որ անոնց մէջ անոնց իսկութիւնը տեսնելով իտէներ կը կազմէ: Մտածումը արարք է, որուն  նիւթն է զգայութիւնը:

Այսպէս կը տեսնենք որ տիեզերքի մէջ աստիճանական, դէպի վեր ընթացող ըղձանք մը կայ՝ բուսականէն կենդանականին,կենդանականէն մարդկայինին անցնող, եւ այդ ըղձանքն ալ իր կարգին  բնականաբար վերին առարկայ մը ունի՝ որ է գերագոյն իտէալ մը ուրիշ խօսքով՝ ԱՍՏՈՒԱԾ:

Աստուած աննիւթ մտածում է, որ ինքզի'նք կը մտածէ. ուրեմն ինքզինք խորհող կատարելիութիւն է: Եւ  որովհետեւ, միւս կողմէ, ամէն անգամ որ կարողութիւն մը աքթի վերածուի հաճոյք կան հրճուանք առաջ կու գայ, ուրեմն Աստուած, գերագոյն աքթը, համակ հրճուանքն է, համակ կատարելիութիւնը: Եւ իբրեւ այդ իրեն կը քաշէ ամբողջ տիեզերքը:

Արիտոտէլ Բ. փիլիսոփայութեան մէջ կ'ուսումնասիրէ  բնութիւնը դիտողութեամբ  (Observation):  Այդ տեսակէտով կը հանդիսանայ մեծագոյն ներկայացուցիչը դիտողական գիտութիւններու:

Տիեզերաբանութիւնը  (Cosmogonie )

Տիեզերքը, ըստ Արիստոտէլի, կատարեալ գունդ մըն է, որմէ դուրս բան չկայ բացի Աստուծմէ ,որովհետեւ տիեզերքէն  դուրս տարածութիւն չկայ: Արիստոտէլ այդ կատարեալ գունդը երեք մասերու կը բաժնէ.-

Վերին երկինքը, որ աստղերու երկինքն է եւ զոր թափանցիկ նիւթեղէնէ մը շինուած կ'երեւակայէ.

Միջին երկինքը, որ մոլորակներու  երկինքն է.

Ենթալուսնային երկինքը, որ լուսնէն վար իջնելով կու գայ եւ կը յանգի երկրին:

Երկիրը այդ ամբողջ դրութեան կեդրոնն է: Արիստոտէլ երկիրը չորս տեսակ նիւթերէ –Օդ, Հող, Ջուր, Հուր – կազմուած կ'ընդունի: Բայց ըստ իրեն այդ չորս տեսակ նիւթերը կերպաւորումներն են աւելի նախնական նիւթի մը, զոր կը կոչէ հինգերորդ իսկութիւն: Այս չորս տեսակ նիւթերը  կը ծառայեն իբրեւ նիւթ աւելի վեր տեսակ էակներու, որոնք են բոյսերը եւ որոնք իրենց կարգին իբրեւ նիւթ կը ծառայեն կենդանական կեանքին. իսկ մարդուն մէջ այս կենդանական բնութիւնը կը գտնենք իբրեւ նիւթ աւելի վեր կեանքի մը, որ մարդո'ւն յատկանշական հոգիի' կեանքն է: Ուրեմն Արիտոտէլ կ'ընդունի երեք գործող սկզբունքներ.

Բուսական հոգի

Կենդանական հոգի, որ բուսական հոգիին տուած արդիւնքները կը կազմաւորէ.

Մարդկային հոգի, որ կենդանական հոգիի արդիւնքները առնելով իմացական եւ հոգեկան կեանք յառաջ կը բերէ:

Բարոյագիտութիւնը   ( Ethique )

Արիստոտէլի  բարոյականը կը հետեւի իր էաբանութենէն:  Տեսանք որ ամէն էակ ունի իր նիւթը եւ ձեւը: Ձեւը իր յատուկ իտէին իրագործումն է, որուն պայման է անշուշտ նիւթը:  Եւ էակի մը բարին կը կայանայ ճիշդ իրեն յատուկ իտէին իրագործումին մէջ: Բարին ըսուած բանը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ իւրաքանչիւր էակի իտէի իրագործումը: Այդ տեսակէտով ամէն էակ իր բարին ունի: Երբ նիւթեղէնի մը վրայ արձանութիւնը իրագործուած է այն ատեն աղէկ արձան մը կ'ունենանք, այսինքն արձանը իբրեւ արձան բարի է:

Բարին, երբ էակը զգայուն է, կը յայտնուի հաճոյքով: Արիստոտէլ հաճոյքին նշանաւոր սահման մը տուած է. «Հաճոյքը կ'աւենայ աքթին վրայ, ինչպէս գեղեցկութիւնը կը շողայ երիտասարդութեան վրայ»: Երբ մարմնի օրկաններէն  ոեւէ մէկը կարենայ աքթ ըլլալ, օրինակ աչքը՝ տեսողութիւն, կը տեսնենք որ այդ օրկանը ունեցող զգայուն էակը հաճոյք կ'առնէ ատկէ: Հաճոյքը ուրեմն աքթին վրայ կ'աւելնայ իբրեւ անոր փթթումը: Հաճոյքը չէ բուն բարին, այլ աքթը: Հաճոյքը բարիին նշանն է որոշ կէտի մը վրայ: Ուր որ հաճոյք կայ կը նշանակէ որ հոն բարի կայ: Այս տեսակէտով այդ կէտին վրայ կը նոյնանայ բարիին հետ: Իսկ եթէ պատահի հակառակ պարագան, այսինքն օրկանը չկարենայ յաջող կերպով իրագործել իր կարողութիւնը, այն ատեն ցաւ յառաջ կու գայ:

Խնդիրը, բարոյականին մէջ, գիտնալն է թէ ո'րն է մարդուն բարին:

-Մարդուն մէջ  իր իսկութեան իրագործումը, ուրիշ խօսքով  մարդուն իրա'ւ մարդ ըլլալը: Մարդ իրաւ մարդ ըլլալու համար պէտք է ձգտի իրագործել իր իտէն: Արդ ո՞րն է մարդուն իտէն կամ Էսանսը, այլ խօսքով ո՞րն է մարդուն բնութիւնը: Ատոր համար պէտք է գտնել ինչ որ մարդը իբրեւ մարդ կը յատկանշէ եւ միւս իրերէն ու էակներէն կը զատորոշէ: Արդեօք մարդուն մէջի բնական կեա՞նքն է – ծնիլ, սնանիլ, աճիլ, մեռնիլ: Ո'չ. որովհետեւ իրեն յատուկ չէ ատիկա, այլ բոյսին մէջ ալ կայ: Ատիկա իր խոնա'րհ աստիճանի կեանքն է, որ պայման է իր վերին կեանքին, իր բուսայնութիւնն է, բայց ո'չ իր բնութիւնը: Ուրեմն մարդուն բարին չի կայանար բոյսի մը պէս սնանելուն, մեծնալուն եւ իր նմանը արտադրելուն մէջ:

Այն  ատեն մարդուն բնութիւնը զգայարանքներով  զգալը եւ անոնց համեմատ գործե՞լն է, այսինքն կենդանական հոգի մը իր մէջ կրե՞լը: Բայց ատիկա հասարակաց է կենադանիին ալ: Ուրեմն եթէ մարդ կենդանիին պէս ապրի, ինքզինք իբրեւ մարդ իրագործած չ'ըլլար, այլ իբրեւ կենադանի մը, որ հաճոյքներ կ'առնէ, բայց ոչ մարդկային հաճոյքներ, այլ կենդանական՝ ինչպէս մարմնական պէտքի մը գոհացումը: Ինչ որ կը յատկանշէ մարդը իբրեւ մարդ, զայն զատորոշելով բոյսէն ու կենադանիէն, իր բանաւորութիւնն է: Ուրեմն մարդուն բարին է իրագործել իր մէջ բանաւորութիւնը, բանաւոր էակ մը ըլլալը, այսինքն այն բարձր բնութիւնը որ իրեն յատկանշական է:

Արդ, մարդ ինչպէ՞ս կ'իրագործէ իր բանաւորութիւնը:

-Իր գործերուն մէջ բերելով իր բանաւորութիւնը կամ, պարզ խօսքով, բանաւոր կերպով գործելով, իր մէջի վարի բնութեան ձգտումներուն վրայ տիրելով ու անոնց իրագործման մէջ  բերելով բանաւորութիւն: Այդ տեսակէտէն բանաւորութիւնը միութեան, չափի, կշիռի, հաւասարակշռութեան, ներդաշնակութեան, մէկ խօսքով արդարութեան կարողութիւնն է, որ յառաջ կը բերէ զանազան առաքինութիւններ: Բանաւորութիւնը ամէն բանի մէջ կը գտնէ ճիշդ չափը կամ ճիշդ միջինը: Ճիշդ միջին միջակութիւն չի նշանակեր: Ոմանք այդ սխալին մէջ իյնալով Արիստոտէլի բարոյականը միջակութեան մէջ կը գտնեն, ըստ որում մարդ որպէս թէ ո'չ շատ առաքինի ըլալու է, ո'չ ալ շատ մոլի, այլ միջին բան մը: Արիստոտէլ զանազան պարագաներու մէջ կ'որոշէ ճիշդ միջին մը, օրինակ, վտանգի մէջ մէյ մը կայ վախկոտութիւնը, մէյ մըն ալ յախուռնութիւնը: Ճիշդ միջինը քաջութիւնն է: Քաջութիւնը այդ բոլոր պարագաներուն մէջ բանաւորութեան ցոյց տուած ճամբան է: Փախչիլը, նահանջելը վախկոտութեան նշան չեն, երբ բանաւորութենէն հրամայուած են: Ուրիշ օրինակ մը ՝ դրամը գործածելու պարագան. մէկ կողմէ կայ գձուձութիւնը, միւս կողմէ ալ կայ շռայլութիւնը: Ճիշդ միջինը վեհանձնութիւնն է, այսինքն ծախսել գիտնալը ըստ պարագայի:

Այս զանազան պարագաներուն մէջ բանաւոր կերպով վարուիլ կը նշանակէ բուն ընելիքը գիտնալ: Այս է որ յառաջ կը բերէ զանազան առաքինութիւններ մարմնի ձգտումներուն համար: Ան որ ինքզինք իր ձգտումներուն կը ձգէ բանաւոր մէկը չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ան որ չի ճանչնար մեր ձգտումներուն իրաւունքը, օրինաւորութիւնը՝ նոյնքան բանաւոր մէկը չէ:

Բանաւորութիւնը հոս տակաւին կիրարկուած բանաւորութիւն մըն է, այսինքն հոս միտքը կը կիրարկուի կեանքի զանազան պարագաներուն եւ ճիշդը կը գտնէ ու կը հրամայէ: Բայց միտքը իբրեւ զուտ միտք իր կեանքը ունի: Ան՝ միտքը՝ իբրեւ բարձրագոյն Նո՜ւս իր բարին ունի, որ է ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտութեան ու կատարեալին հայեցումը (Contemplation) որ, ինչպէս ամէն իրագործում, իր հաճոյքը կու տայ, հաճոյք մը որ անբաղդատելիօրէն վեր է քան անոնք զորս կը ստանանք մեր մարմնական ձգտումներուն իրագործումով, որ երանական հրճուանք մըն է եւ որ կու գայ աւելնալու մեր բանաւորութեան աքթին վրայ, ինչպէս գեղեցկութիւնը՝ երիտասարդութեան վրայ: Այս է ահա մարդուն գերագոյն բարին: Արիստոտէլի բարոյականը  կոչուած է նաեւ Երանապաշտութիւն, որովհետեւ  անոր մէջ իբրեւ բարիք կը դրուի Երջանկութիւնը: Հաճոյապաշտութիւն կ'ըսէին  բարոյականին իրմէ առաջ, ինչպէս տեսանք Արիսթիպպոսի վարդապետութեան մէջ:

Քաղաքագիտութիւնը    ( Politique )

«Մարդը ընկերային կենդանի մըն է», կ'ըսէ Արիստոտէլ: Իր մարդու բնութիւնը  կ'իրագործուի ինչպէս իր մէջ նոյնպէս նաեւ ընկերութեան մէջ: Ուրեմն իր անձնական բարոյականին վրայ կ'աւելնայ ուրիշ բարոյական մը՝ Ընկերայինը: Մարդ իր ընկերային բնութիւնը կ'իրագործէ մտնելով կազմակերպուած ընկերութիւններու՝ սիթէներու մէջ:

Արիստոտէլ պետութիւնը կը սահմանէ «ազատ եւ հաւասար քաղաքացիներու միութիւնը»: Սիթէ մը միութիւն մըն է, որուն մէջ ամէն մարդ ազատօրէն կը մտածէ եւ հաւասար է միւսներուն, եւ ուրիշներուն ինչքը կամ գերին չէ, այլ ինքն իր տէրն է:

Այդ ազատ եւ հաւասար մարդիկը պիտի իրագործեն մարդկային յարաբերութիւններու կեանքը: Եւ ուրեմն ընկերային բանաւորութիւնը կը պահանջէ ընել, ինչ որ պէտք է ընել կամ ինչ որ բանաւոր է ընել: Որպէսզի այդ միութիւնը  իրագործուի ամէնքը պէտք է նոյն կերպով գործեն, եւ ատիկա բանաւորութեան թելադրած կերպը ըլլալու է: Այդ հասարակած գործելու կերպերը, որոնք մարդոց բանականութենէն ընդունուած եւ հաստատուած են, կը կոչուին Օրէնքներ: Օրէնքները մարդոց  բանաւորութեան թելադրած գործելու հասարակաց կերպերն են ընկերութեան մը մէջ կարենալ ապրելու համար: Իսկ ինչ որ օրէնքը կը հրամայէ իբրեւ վարուելու կերպ՝ Արդարութիւն կը կոչուի:

Զանազան բաներու համար արդարութիւններ կան: Օրինակ, Բարիքները բաշխելու արդարութիւնը: Այս խնդրին մէջ Արիստոտէլ կ'ընդունի երկու արդարութիւն: Մէյ մը երբ խնդիր է բարիքները փոխանակել՝ Արդարութիւն ի փոխանակութեան, եւ մէյ մըն ալ երբ խնդիր է բարիքները բաշխել՝ Արդարութիւն ի բաշխման: Արդարութիւնը առաջին պարագային կը պահանջէ հաւասարութիւն. երկու հոգի երբ փոխանակութիւն կ'ընեն հաւասար արժէքներ պէտք է փոխանակեն, ա'յն ատեն միայն արդարութիւն գործած կ'ըլլան: Իսկ երկրորդ պարագային հաւասարութիւնը անարդարութիւն կ'ըլլայ. պէտք է տալ, բաշխել ըստ ենթականերու արժանի'քին: Ան որ, Օրինակ, աւելի աշխատած է անոր աւելի շատ պէտք է տալ: Եթէ ամէն մարդ հաւասար առնէ անարդարութիւն եղած կ'ըլլայ: Արդարութիւնը այս երկրորդ պարագային համեմատութիւն դնել է եւ բաշխել ըստ արժանեաց:

Ահա այսպէս բանական օրէնքներով պետութիւնը կրնայ ազատ եւ հաւասար քաղաքացիներու միութիւնը ունենալ եւ ներդաշնակ կեանք յառաջ բերել, որ հաճոյք մըն է սիթէին համար: Սիթէին իրագործումը այն ատեն բոլորին մէջ կը ճառագայթէ:

Իսկ իբրեւ պետութեան ձեւ ո՞րը լաւ է: Արիստոտէլ ուսումնասիրած է իր ատենուան 300 սիթէներու սահմանադրութիւնը եւ գտած երեք էական տիպարներ.

Թագաւորութիւն՝ մէկ հոգիի իշխանութիւնը, ուր թագաւորը ընտանիքի հօր մը պէս կը վարէ սիթէին անդամներուն կեանքը իբրեւ իր հարազատ զաւակները.

Ազնուապետութիւն կան քիչերու իշխանութիւն, ուր կ'իշխէ դասակարգ մը կամ ցեղ մը եւ կամ ոեւէ խմբակցութիւն.

Ռամկավարութիւն կամ ժողովրդային իշխանութիւն, ուր բոլոր քաղաքացիները  հաւասարապէս կը մասնակցին օրէնքներու որոշման:

Այս երեք տիպարներն ալ կրնան ըլլալ, պայմանաւ որ աղէկ ըլլան : Բայց երեքն ալ իրենց վտանգները ունին: Թագաւորը կրնայ բռնապետ դառնալ. ազնուապետութիւնը կրնայ սակաւապետութիւն դառնալ եւ ամէն բան ընել ի'ր շահուն համար. իսկ ռամկավարութիւնն ալ՝ ամբոխավարութիւն: Աւանդաբար ամէնէն յարմար ձեւը հին հայրական թագաւորութիւնն էր, բայց դժուար է միշտ գտնել իրա'ւ  թագաւոր մը: Ազնուապետութիւնը շատ աւելի դիւրին կերպով կրնայ սակաւապետութեան երթալ: Լաւագոյնը ռամկավարութիւնն է, ամէնուն հաւասարապէս տէր ըլլալը սիթէին, ուր օրէնքները դրուելու համար բազմաթիւ միտքեր իրենք մասնակցութիւնը կը բերեն եւ աւելի հաւանականութիւն ունին արդար ըլլալու: Բայց որպէսզի այս ալ անբոխավարութեան չերթայ՝ լաւագոյն է, որ միջին դասակարգը ըլլայ ազդեցիկ դասակարգը: Ուրեմն  միջին դասակարգի Իշխանութեամբ շեշտուած հանրապետութեան ձեւը լաւագոյն կը գտնէ Արիստոտէլ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9)

ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9) Անցնելէ առաջ Պղատոնին, պէտք է տեսնենք կարգ մը վարդապետութիւններ, զորս  իմաստասիրութեան պատմութիւնը …