ՃԷՅՄՍ ԲՐԱՅՍ «ԿԱՊՈՅՏ ԳԻՐՔ»

James Price

Ծիծեռնակաբերդի յիշատակի պատի պահոցներուն մէջ յաւերժական հանգիստ գտած տասնմէկ երեւելիներու մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ճէյմս Բրայսը:

1838ին Իրլանտայի Պել‎ֆաստ քաղաքին մէջ ծնած շոտլանտական ծագումով անգլիացի Ճէյմս Բրայսը, եղած է իր ժամանակուան ճանչցուած գործիչներէն մէկը, իրաւաբան եւ պատմաբան, անգլիական խորհրդարանի անդամ, դիւանապետ, դեսպան ԱՄՆ-ի մէջ, փոխնախարար եւ նախարար, արժանացած է լորտի տիտղոսի: Ան հետեւողականօրէն զբաղած է Հայկական Հարցով, այցելած Հայաստան, բարձրացած Արարատի գագաթը, վայելած հայութեան սէրն ու յարգանքը, ճանչցած է Խրիմեան Հայրիկնին, Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանին, Պօղոս Նուպար փաշային, Արշակ Չոպանեանին, Մինաս Չերազին: Մտերիմ եղած եւ նամակագրութիւն ունեցած է անոնց հետ, հիմնադրած է «Անգլիոյ-հայկական ընկերութիւնը» (1878) եւ «Անգլիոյ-հայկական ասոցիացիա»ն (1893): Մեծապէս նպաստած է Անգլիոյ մէջ Հայկական հարցի լուսաբանման: Հեղինակած է անոր նուիրուած շուրջ տասներկու աշխատանքներ, որոնցմէ՝ հռչակաւոր «Կապոյտ Գիրք»ը: Ճէյմս Բրայսի հայասիրութիւնը նախ եւ առաջ անգլիասիրութիւնն է, եւ հայոց հարցը բարձրացնելով՝ Բրայսը նախ եւ առաջ հետապնդած է Անգլիոյ շահը պաշտպանելու նպատակը:

Որքան ալ տարօրինակ է, բայց այս հանգամանքը ոչ թէ նսեմացուցած, այլ առաւել արժէքաւոր դարձուցած է Բրայսի հայանպաստ գործունէութիւնը, եթէ ոչ հայկական հարցի լուծման անլուծելի գործին մէջ, ապա ցեղասպանութեան փաստերու անուրանալի վկայութեամբ: «Կայպոյտ Գիրք»ը անոր ապացոյցերէն մէկն է:

«Հայերու Վիճակը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին 1915-1916 թթ.» գիրքը հրատարակուած է 1916 թուականին Լոնտոնի մէջ: «Կայպոյտ» կոչուած է կազմի պատճառով: Գիրքը փաստաթուղթերու ժողովածու է: Ունի  յառաջաբան, ուր համառօտ գրուած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ընդհուպ մինչեւ Մեծ եղեռն: Ժողովածուն կը բովանդակէ ցեղասպանութեան հետ առնչուող հարիւր յիսունութ փաստաթուղթ՝ 1915-1916 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքի մէջ հայերու տեղահանման եւ բնաջնջման վկայութիւններ: Ժողովածուի ամենամեծ արժանիքներէն մէկն այն է, որ հիմնականօրէն կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ աշխատող օտարերկրացիներու տեղեկագրերն ու զեկոյցներ իրենց կառավարութիւններուն ուղղուած, ականատեսներու յուշագրութիւններ, դիմումներ ու բողոքներ: Վկայութիւններու հեղինակները միսիոնարներ են, բժիշկներ, ուսուցիչներ, գթութեան քոյրեր, գիտնականներ, զինուորականներ, դիւանագէտներ, պետական գործիչներ եւայլն: Նիւթերը չընտրած Բրէյս հանդէս բերած է անկողմնականութիւն, նախապատուութիւնը տուած է չէզոք երկիրներ ներկայացնող ականատեսներու վկայութիւններուն: Ան կատարած է նաեւ ծաւալուն վերլուծական աշխատանք, համեմատած եւ համադրած է փաստերը, առարկայականօրէն ներկայացուցած է իրադարձութիւնները: Ճիշդ է Բրայսը որոշակի վերապահում հանդէս բերած է հայկական հարցի մէջ Անգլիոյ ցուցաբերած երկդիմի քաղաքականութեան նկատմամբ, սակայն ասիկա չի նուազեցներ «Կապոյտ Գիրք»ի արժէքը՝ որպէս վաւերագրութիւն: Ան վերստին կ՛ապացուցէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը թրքական իշխանութիւններու ծրագրած պետական քաղաքականութեան հետեւանք էր: «Կապոյպ Գիրք»ի արժէքը ներկայիս առաւել զգալի է, երբ Թուրքիոյ մէջ որոշակի շարժում նկատուած է ցեղասպանութեան իրողութիւնը գոնէ փոքր դիտանկիւնէ ընկալելու ուղղութեամբ:

Ճէյմս Բրայս անգլիացի էր եւ կը գործէր Անգլիոյի համար: Պեռլինի վեհաժողովէն առաջ Անգլիոյ աջակցութիւնը ձեռք բերելու նպատակով Լոնտոն մեկնած է հայոց պատուիրակութիւնը՝ Խրիմեան հայրիկի գլխաւորութեամբ: Հոն պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Ճէյմս Բրայսին, որ Մինաս Չերազէն տեղեկատուութիւն խնդրած է յօդուածի համար: Տեղեկութիւնները տրուած են անյապաղ: Ճէյմս Բրայսի հայանպաստ յօդուածը լոյս տեսած է «Ֆորթնայթեր Ռէույու» հանդէսի մէջ: Ահա այն օրէն մինչեւ իր մահը (1922 թ.)՝ շուրջ քառասուն տարի, Բրայսը օրինակելի գործունէութիւն ծաւալած է: Բայց ուրիշ բան է գործունէութիւնը, այլ բան արդիւնաւէտութիւնը: Անգլիան ունէր բոլորովին այլ շահեր ու նպատակներ: Ինչպէս եւրոպական բոլոր այն երկիրները՝ Ռուսիա, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլն, որոնք այս կամ այն չափով հետաքրքրուած կամ շահագրգռուած էին հայկական հարցով: Բոլորն ալ կը հետապնդէին իրենց անձնական շահերը: Այստեղ դեր չէր կրնար խաղալ Բրայսի կամ այլ մէկուն անձնական վերաբերմունքը, այլեւ ցանկացած երկրի առաջին դիրքերու վերաբերմունքը: Այստեղ սայլապանի դերը կը խաղայ պատմաքաղաքական իրավիճակը. երկիրներու եւ պետութիւններու շահը կը որոշուէր պատմաքաղաքական իրավիճակով: Իսկ վերջինս միահեծան բռնակալ է եւ իր կողքին այլ գաղափար ու միտք չհանդուրժելով՝ յաճախ վիշապի նման կուլ կու տար ինքն իրեն: Տուեալ դէպքին Անգլիան կը ձգտէր զօրացնել իր դիրքը, Ռուսիան՝ իր, Ֆրանսան կամ այլ երկիր՝ իրենը, եւ թոյլցնել միւսներու ազդեցութիւնը:

Վերջին հաշուով Բրայսը Անգլիոյ շահը կը պաշտպանէր, ձգտելով հայկական պատուիրակութեան անդամները համոզել, որ յոյսերնին դնեն Անգլիոյ վրայ: Հայկական պատուիրակութիւնը այլ ընտրանք չունենալու պատճառով, շեշտը դրած էր բարոյահոգեբանական, մշակութաքրիստոնէական ու եւրոպական ազդակներուն եւ հեռանկարային խոստումին վրայ: Ժամանակի դէմ անզօր է երբեմն նոյնիսկ ժամանակը: Եւ այն միտքը, որ անշուշտ գաղտնի փայփայած է Բրայսը, թէ Անգլիոյ եւ հայութեան շահը ինչ-որ չափով, ինչ-որ տեղ կրնար համընկնիլ, չիրականացաւ երբեք: «Փոքրիկ դաշնակիցը» անտես մնաց այն երկրի կողմէն, որու հաւատամքը «քաղաքականութեան մէջ չկար բարեկամներ ու թշնամիներ, կան շահեր» նշանաբանն է:

Այս կապակցութեամբ թերեւս հարկ է անդրադառնալ նաեւ Թուրքիոյ վերաբերմունքին Անգլիոյ նկատմամբ: Այս գնահատականը տրուած է դեռեւս 1868 թուականին Ֆուադ փաշայի կողմէ սուլթան Ապտուլ Ազիզին ուղղուած քաղաքական կտակին մէջ: Ահա այն. «Մեր օտար դաշնակիցներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ Անգլիան… Ան անհուն ծառայութիւններ մատուցեց մեզ եւ անկարելի է թուել անոնք, որ ան կարող է մատուցել ապագային մէջ: Ինչ որ ալ ըլլայ, անգլիական ամէնէն հաստատամիտ ու ամէնէն հրաշալի ժողովուրդը մեր առաջին դաշնակիցը ըլլալու է: Առաւել ձեռնատու է կորսնցնել քանի մը գաւառ, քան տեսնել, որ Անգլիան կը լքէ Բարձր Դուռը»:

Այս էր, Թուրքիոյ կարծիքը Անգլիոյ մասին: Ահա առաւել յստակ կը ներկայացնէ իրերու դրութիւնը, անգլիացի նշանաւոր քաղաքական գործիչ Գլադաթոնի թեւաւոր խօսքը. «Ծառայել Հայաստանին՝ կը նշանակէ ծառայել քաղաքականութեան»: Կեանքը ցոյց կու տայ, որ աշխարհը այնքան ալ չէ մտահոգուած քաղաքականութեան ծառայելու խնդիրով, իսկ Բրայսի ժամանակներու Անգլիան՝ առաւել եւս:

Չմոռնանք, սակայն, որ ժողովուրդները սովորաբար անհամեմատ բարձր են իրենց պետութիւններէն եւ կը ծնին անհատներ, որոնք կ՛առաջնորդուին ոչ թէ միայն շահով, այլ եւ հողով: Այսպիսիներու շարքին կրնանք դասել նաեւ Ճէյմս Բրայսը: Ըսուածներու ապացոյց է նաեւ յուշաքարը Յիշատակի պատի մէջ եւ մակագիրը. «Ճէյմս Բրայս. 1838-1922»:

ՎԿԱՅԱՐԱՆ

          Ճէյմս Բրայս երիտ-թրքական կառավառութեան պատասխանատուութեան մասին.

Հայերու կոտորածը հետեւանք է այն քաղաքականութեան, որ որքանով կարելի է պարզել, որոշ փուլի մէջ ընդունած էր այն անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը, որու ձեռքը ներկայիս կը գտնուի թրքական կայսրութեան մէջ: Անոնք չէին համարձակեր իրագործել այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէր հասած նպատակադրուած պահը: Այդ պահը, կը թուէր, վրայ հասաւ Ապրիլին (1915 թ.), երբ հրամաններ արձակուեցան, որոնք բոլորը կը բխէին Կոստանդնու Պոլիսէն եւ պաշտօնատար անձեր պարտաւոր էին կատարել հեռացուելու վախէն:

Այդ մահմետականներու կողմէ՝ հայ քրիստոնեաներու դէմ ուղղուած ցասումի բռնկում չէր: Ամէն ինչ կատարուեցաւ կառավարութեան կամքով, եւ ոչ թէ կրօնական մոլեռանդութեան, այլ քաղաքական նկատառումներու հետեւանք էր. կառավարութիւնը կ՛ուզէր ազատիլ ոչ մուսուլման ժողովուրդներէն, որոնք կը խախտէին կայսրութեան միատարրութիւնը՝ կազմելով մէկ տարր, որ միշտ չէ, որ պատրաստ էր հնազանդ հանդուրժել կեղեքումը…

Կեդրոնական կառավարութիւնը իր ներկայացուցիչները ունէր՝ «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կոմիտէի տեղական բաժանումներու ղեկավարները, տեղական ժանտարմայի պետեր կամ նոյնիսկ նահանգապետերու վարչական ապարատի առանձին ստորին պաշտօնեաներ: Եթէ գթասիրտ նահանգապետները արագօրէն չ՛ենթրկուէին հրահանգներու՝ անոնց կը ստէպէին այդ կատարել, հակառակ պարագային, կը փոխարինուէին աւելի յարմար պաշտօնեաներով: Այսպէս թէ այնպէս, կեդրոնական կառավարութիւնը կը ճնշէր գործադրելու եւ հսկելու ծրագրի գործադրումը, որ կը բխէր միայն իրենցմէ. երիտ-թուրք նախարարները անոնց պոլսեցի պաշնօնակիցները անմիջականօրէն եւ անձամբ լիակատար պատասխանատուութիւն կը կրէին այն ահռելի ոճրագործութեան համար, որ 1915 թուականին ամայացուց Մերձաւոր Արեւենքը»:

«Յիշատակի Պատ» աշխատութենէն
Հեղինակ՝ Յակոբ Սողոմոնեան
Խմբագիր՝ Ալպերթ Աճէմեան

 

About admin

Check Also

Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)       Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. …