ՄԻՋԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(6)
Այս վարդապետութիւնները տիեզերքի մէջ կ’ընդունին մէկ կողմէ մնայուն բաժին մը որ կը ներկայացնէ Միութիւն, Նոյնութիւն, եւ միւս կողմէ փոփոխուող բաժին մը, որ կը ներկայացնէ Շատութիւն, Այլազանութիւն, փոփոխութիւն: Անոնք կը ջանան այդ Բազմութիւնը, Այլազանութիւնը, եւ Փոփոխութիւնը բացատրել Միութեամբ, նոյնութեամբ եւ Մնայունութեամբ. այսինքն խնդրին երկու եզրերն ալ հաւասար չափով իրական կ’ընդունին եւ սակայն երկրորդը կը բացատրեն առաջինով: Հետեւաբար այս վարդապետութիւնները իրարմէ կը զանազանուին այն տեսակէտով թէ՝ ինչ բանի մէջ կը տեսնեն Միութիւնը եւ ասով ի’նչպէս կը բացատրեն Այլազանութիւնը:
Ա . ԴԵՄՈԿՐԻՏԷՍԻ ՎԱՐԴԱՊԷՏՈՒԹԻՒՆԸ Democritus (ATOMISME)
Այս վարդապետութիւնը էապէս կը կայանայ այն ըմբռնումին մէջ թէ տիեզերքը մեզի կը ներկայացնէ շատ երեւոյթներ, մարմիններ, իրեր, էակներ յարաժամ փոփոխութեան մէջ, բայց այդ մշտափոփոխ եւ տարբեր յատկութիւններով մարմինները արդիւնք են խորապէս միութիւն, անփոփոխութիւն ու մշտագոյութիւն ներկայացնող տարրերու: Այդ տարրերը անտեսանելի , անբաժանելի , տեսանելիօրէն անորակ, ոչ ծնող եւ ոչ չքացող , յաւերժական եւ իրենց բնութեան մէջ անփոփոխ տարրեր են, զորս Դեմոկրիտէս իրենց անկոտորակելիութեան պատճառաւ կը կոչէ ա-թոմ, այսինքն ան-հատ
ա ժխտական մասնիկ, թոմ կտրել, հատանել կը նշանակէ Յունարէն ինչ որ չէ կարելի հատանել:
բայց Հայերէնի մէջ կը գործածուի Հիւլէ բառը, որ կը նշանակէ Նիւթ. որովհետեւ աթոմը կը ներկայացնէ նիւթի յետին անկոտորակելի մասնիկը:
Տիեզերքը, կ’ըսէ Դեմոկրիտէս, իբրեւ յաւերժական, հետեւաբար անծին եւ անսկիզբ եւ միշտ գոյութիւն ունենալիք անվախճան նիւթի յետին մասնիկներուն իրարու գալէն յառաջ եկած է:
Մեր տեսած իրերը զանազան բաղադրութիւններն են անտեսանելի – որովհետեւ շատ փոքր- եւ միայն մեր ըմբռնումին համար գոյ, զգայարանքներով անտեսանելի այլ մտքին միայն տեսանելի ամենայետին մասնիկներու՝ աթոմներու: Աթոմները իրենք չէն փոխուիր, այլ իրենց բաղադրութիւնները միայն: Ուրեմն փոփոխութիւնը արդիւնք է անփոփոխ տարրերու բաղադրութեան: Կը տեսնենք որ տիեզերքի իրերը չգոյութիւնէն կը գոյանան եւ գոյութենէն կը չքանան: Այս գոյանալը, չգոյանալը խաբկանք չեն: Իրենց տարրերն են, որ գոյանալ չգոյանալ չունին: Նոյնպէս մեր տեսած իրերը կը փոխուին՝ կը մեծնան կը պզտիկնան, իրենց որակները կը փոխեն, բայց զիրենք բուն իսկ գոյ ընող տարրերը փոխուիլ չունին: Ուրեմն իրենց մէջ բնութեան անշարժութիւն մը կայ, բայց իրենց բաղադրութիւնները կը ներկայացնեն տարբեր յատկութիւններ, այսինքն անոնց բնութիւնը կը փոխուի: Այս ձեւով կը հասկնանք որ փոփոխութիւնը, այլազանութիւնը, բազմութիւնը, ծնիլ-մեռնիլը, մէկ խօսքով այն բաները, որոնք կը ներկայացնեն տեսանելի տիեզերքը, կը բացատրուին վերածուելով մշտօրէն գոյ, ոչ բաղադրութիւն եւ ոչ ալ որակ ներկայացնող մնայուն միութիւններու:
Հիւլէապաշտութիւն կը կոչուի այս վարդապետութիւնը որովհետեւ տիեզերքը կը վերածէ խորապէս հիւլէներու: Նիւթապաշտութիւն ալ կը կոչուի ըստ Դեմոկրիտէսի ամէն ինչ նիւթի կը վերածուի. գոյացութեան մէկ բնութիւն կայ որ բնութիւնն է նիւթին: Երբ ուրիշ բնութեամբ բաներ կը տեսնենք, օրինակ՝ հոգի, անոնք ալ կազմուած են նոյն տարրերէն, բայց աւելի նուրբ կազմութիւն մը ունին: Ուրեմն ամբողջ տիեզերքը նիւթ-բնոյթով տարրերու կը վերածուի: Հետեւաբար ինչ որ տեսնուածին մէջ բնութեան, մեծութեան, տեղի տարբերութիւն կ’երեւի, գոյանալ-չգոյանալ, ծնիլ-մեռնիլ ունի, այլազանութիւն ու փոփոխութիւն կը ներկայացնէ՝ ասոնք բոլորը պէտք է բացատրել անփոփոխ, անհատելի, փոքրագոյն եւ ատով անտեսանելի տարրերու իբրեւ շատ տեսակ բաղադրութիւնը:
Ուր են այդ Հիւլէները:
Անոնք անհուն պարապին մէջ են: Անմիջապէս որ նիւթը ըմբռնուի կտորներէ բաղկացած՝ հարկ կ’ըլլայ ընդունիլ պարապին իրականութիւնը: Պարապին մէջ նիւթը շարժում ունի, ուր այդ տարրերը իրարու հանդիպելով կը կազմեն մեր զգայարանքներուն զգալի որակներ՝ ինչպէս գոյն, ջերմութիւն, համ, հոտ, եւ այլն: Այս որակները հիւլէներու մէջ գոյութիւն չունին: Հիւլէները չունին ֆիզիք, բնագիտական, որակ այլ միայն երկրաչափական յատկութիւններ ունին, օրինակ լեցուհութիւն մը, անշուշտ իր որոշ ձեւը ունեցող, կը ներկայացնեն պարապին մէջ: Բնագիտական որակները կու գան բաղադրութիւններէն, որոնք մեզի կ’երեւին: Անոնք նիւթին չեն պատկանիր այլ մեզի երեւլիներ են, որ իրենց կարգին ուրիշ բան չեն կրնար ըլլալ եթէ ոչ շատ նուրբ բաներ կազմուած նրբագոյն հիւլէներէ, որովհետեւ հիւլէներէն զատ ուրիշ տեսակ բան գոյութիւն չունի:
Ահա հանճարեղ հասկացութիւն մը տիեզերքին, որ նիւթի շարժումներու մեքենականութեամբ կը բացատրէ բոլոր երեւոյթները: Այս հասկացութիւնը ամէնէն մեծ դերը պիտի կատարէ բնութեան գիտութիւններուն՝ ֆիզիքին եւ շիմիին զագացման մէջ: Գիտութիւնը միշտ պիտի փնտռէ տարրեր եւ պիտի ջանայ մարմիններն ու անոնց յատկութիւնները բացատրել այդ տարրերուն բաղադրութիւններով: Օրինակ կենդանի մարմիններու գիտութիւնները պիտի փնտռեն կենդանի մարմինները կազմող տարրերը՝ բջիջները, եւ օրկանները պիտի բացատրեն իրենց յատկութիւններուն մէջ բջիջներով: Ուրեմն բջիջը հիմը պիտի կազմէ կենսաբանական բացատրութիւններու: Քիմիաբանութիւնը մարմիններու տարբեր յատկութիւններ պիտի ջանայ բացատրել որոշելով իւրաքանչիւրին համար տարբեր տեսակ տարր մը, որուն Մոլեքիւլ պիտի ըսէ: Այդ մոլեքիւլներն ալ տակաւին ցոյց պիտի տրուին որպէս աթոմներու բաղադրութիւններ. ուրեմն քիմիաբանութիւնը պիտի բացատրուի բնագիտական տարրերով: Իսկ բնագիտութիւնն ալ երբ ուզէ այդ տարրերը վերածել յետին՝ փոքրագոյն, լոկ լեցուն բայց իրարու բաղդատմամբ կտոր կազմող մարմիններու, այն ատեն իր բացատրութիւնը պիտի գտնէ հատակտոր տարրերու մեքանիքի մը մէջ: Ահա հոս կը տեսնենք այն հիմնական ձգտումը, որ տիրապետած է բնական գիտութիւններու զարգացման մէջ:
Այս հիմնական ըմբռնելու կերպը կը գտնենք յունական առաջին Հիւլէապաշտ վարդապետութեան մէջ: բայց մինչդեռ իմաստասիրութեան մէջ ասիկա խոշոր վարկած մըն է՝ գիտութիւններու մէջ փորձականօրէն ապացուցած տեսութիւններ պիտի բերէ, որոնք շատ անգամ օրէնքներ պիտի ծնին: Ուրեմն բնութեան ուսումնասիրութեան մէջ ամենամեծ բեղունութիւն ներկայացնող տեսութիւն մը եղած է Աթոմիզմը, որ այսօրուան միքրոֆիզիքին մէջ մասամբ մը կը գտնէ իր արդարացումը եւ մասամբ ոչ: Ինչ որ կը վերաբերի հատակոտորութեան գաղափարին, թէ իրապէս նիւթը կտորներէ շինուած է՝ իր արդարացումը կը գտնէ: Բայց թէ այդ կտորներու բնութիւնը Նիւթ, լեցունութիւն է՝ իր արդարացումը չի գտներ, որովհետեւ այսօր տինամիսթ ըմբռնումը տիրող է, որ ուժի բնութիւն մը կը վերագրէ այդ կտորներուն, զորս ուժի հատիկներ կը կոչէ (Grain denergie):
Գալով աթոմներու յատկութիւններուն, որոնք միայն լեցունութիւն են, այդ իմաստով՝ միասեռ նիւթ, այսինքն երկու աթոմ միեւնոյն ատեն նոյն տեղը չեն կրնար գրաւել: Ուրիշ ստորոգելի չունին բայց եթէ այդ բացարձակ անհատանելի լեցունութիւնը: Ինչ որ մենք բնութեան մէջ կը տեսնենք, օրինակ ուժ եւ այլն, ուրիշ բան չեն եթէ ոչ այդ տարրերուն արդիւնքը: Անոնք շարժումը սկիզբէն ունին եւ մշտնջապէս: Շարժումը պատճառ կ’ըլլայ որ անոնք իրարու հանդիպին եւ բաղկացնեն փոքր կամ խոշոր մարմիններ, որոնք զանազան որակներով կը ներկայանան մեր զգայարանքներուն:
Հոս կը տեսնենք իր նախնական ձեւին մէջ վարդապետութիւն մը, որ ամբողջ Տէքարթի ֆիզիքը պիտի նախաձեւէ, սա տարբերութեամբ որ Տէքարթ նիւթի լեցունութիւնը շարայար կ’ընդունի, մինչդեռ Դեմոկրիտէս պարապ կ’ընդունի: Տէքարթ նիւթը կը համարէ շարայար լեցունութիւն մը եւ ամէն ինչ կը բացատրէ այդ լեցունութեան մէջ մասերուն իրարու հանդէպ շարժումով. Նոյն բանը կը գտնենք նաեւ Դեմոկրիտէսի մէջ: Ուրեմն որակներու նոյն մեքանիսթիք բացատրութիւնը կայ երկուքին ալ մէջ:
Դեմոկրիտէս իր այս հասկացութիւնէն կը հանէ մարդուն բնութեան, աստուածներու բնութեան մասին հետեւութիւններ: Աստուածներն ալ կազմուած են հիւլէներէ, մարդիկ ալ: Ուրեմն մարդուն բարին կեանքի վայելք մը կը դառնայ, զոր սակայն պիտք է իմաստութեամբ ձեռք բերել:
Այս բարոյական գաղափարները իրենց զարգացումը պիտի գտնեն Եպիկուրի վարդապետութեան մէջ, որ շատ մեծ պատիւ պիտի ընէ Դեմոկրիտէսի, զայն համարելով յոյն իմաստասիրութեան ամէնէն իմաստունը: Դեմոկրիտեան վարդապետութիւնը քիչ մը մէկ կողմ կը մնայ Պղատոնի եւ մանաւանդ Արիստոտէլի վարդապետութեանց մէջ, թէեւ Պղատոն քիչ մը կ’օգտուի Դեմոկրիտեան Հիւլէի տեսութիւնէն: Պէտք է անցնիլ Արիստոտէլը ալ յետսոկրատեան շրջանի Եպիկուրեան վարդապետութեան, տեսնելու համար Դեմոկրիտէսի դէմքը աւելի պայծառացած:
Բ. Պիւթագորի վարդապետութիւնը Pytagore (Idealisme)
Դեմոկրիտեան Հիւլէապաշտ, նիւթապաշտ դրութեան կը հակադրուի նոյն շրջանին Պիւթագորեաններու գաղափարապաշտ վարդապետութիւնը, որ տիեզերքը մաթեմաթիքով բացատրելու ձեռնարկ մըն է:
Պիւթագորականութիւնը տեսակ մը փիլիսոփայական –կրօնական եղբայրակցութիւն, միութիւն մըն է, որուն անդամները անհատական սեփականութիւն չունէին, կ’ապրէին միասին՝ որոշ կանոններով՝ եւ տեսակ մը կարգ ունէին. նուիրապետական այդ կարգերուն մէջ հետզհետէ բարձրանալով էր, որ վարդապետութեան խորհուրդներուն կը թափանցէին:
Զուտ իմաստասիրական տեսակէտով Պիւթագորականութիւնը կը ներկայացնէ տիեզերքը բացատրելու կերպ մը, ուր տիեզերկի մնայուն բանը կը համարուին օրէնքներ, որոնց վրայ միշտ կը ձեւուին ու կը քայքայուին, առաջ կու գան ու կ’անհետին տիեզերքի բոլոր երեւոյթները , իրերն ու էակները: Այդ օրէնքները էապէս թուային օրէնքներ են: Պիւթագորին է սա խօսքը թէ ամէն բանի իսկութիւնը թիւն է:
Պիւթագոր ամէնէն մեծ չափագէտը եղած է իր ժամանակին, առաջին յոյն մեծ չափագէտը: Ուրեմն իր խորհրդածութիւնները կը մեկնին չափագիտութենէն: Արդ մեր աչքերը մեզի կը ցուցնեն իրեր, որոնք մեզի կը ներկայացնեն ձեւեր. այդ ձեւերը բարդ ձեւեր են եւ ամէն վայրկեան ալ կը փոխուին: Բայց կրնանք այդ բարդ ձեւերը վերածել աւելի պարզ, տիպար ձեւերու –անշուշտ մտքով-, ու այսպէս բարդ ձեւերը համարել պարզ ձեւերու բաղադրութիւններ: Արդ տիպար ձեւերը մնայուն յատկութիւններ, մնայուն յարաբերութիւններ կը ներկայացնեն: Մէյ մը որ հասնինք այդ յարաբերութիւնները ճշդելու՝ բոլոր այդ կարգի գոյանալիք ձեւերուն ինչու’ ատանկ ըլլալուն գաղտնիքը կ’ունենանք: Ու թէեւ այդ ձեւերը իրենց վրայ թանձրացող իրերը կը փոխուին, բայց բոլոր գոյանալիքները պիտի հպատակին մեր գտած օրէնքներուն , որով անոնք մնայուն են: Տիեզերքի իրերուն ներկայացուցած բազմաթիւ, փոփոխական ձեւերը կը հպատակին անփոփոխ, մնայուն ձեւի օրէնքներուն:
Այդ օրէնքները իւրաքանչիւր ձեւի էական տիպարին համար նոյնն են, մինչդեռ զիրենք իրագործող իրերը շատ են: Այսպէս, օրինակ, շատ մը տեղեր կրնան շրջանակներ գոյանալ, յետոյ աւրուիլ, բայց ո’ւր որ շրջանակ մը կը գոյանայ շրջանակ ըսուած բանին՝ շրջանակութեան օրէնքներուն կը հպատակի –օրինակ շառաւիղները իրարու հաւասար կ’ըլլան, եւ այլն: Այդ յատկութիւնները առանձինն շրջանակներու չեն պատկանիր, այլ շրջանակութեան, եւ տիեզերական են ու յաւերժական եւ առանց իրենց շրջանակ չկայ: Մասնաւոր շրջանակները մասնաւոր տեղ մը եւ մասնաւոր ժամանակի մը մէջ մնայուն բան մը չեն ներկայացներ: Շրջանակութիւնն է, որ մնայունութիւն կը ներկայացնէ: Ուրեմն տիեզերքի իրերը իրենցմէ վեր, մնայուն ու տիեզերքը կերպաւորող օրէնքներու տիրապետութեան տակն են:
Բայց ի վերջոյ կը տեսնենք որ այդ ձեւերը երկրաչափական օրէնքներ կը ներակայացնեն, զորս թուային յարաբերութիւններով կարելի է բացատրել: Օրինակ, շրջանակ մը շրջանակ է որոշ օրէնքի մը համաձայն. երբ մակարդակի մը վրայ կէտ մը առնենք եւ նոյն մակարդակին վրայ ուրիշ կէտ մը ու երբ սկսինք շարժել այս երկրորդ կէտը յարաբերաբար առաջինին միշտ նոյն հեռաւորութիւնը պահելով, այն ատեն կ’ունենանք շրջանակ մը : Արդ հեռաւորութեան թիւերու հաւասարութիւն մը կայ հոս: Պարագան նոյնն է նաեւ քառակուսիին համար, որուն չորս կողմերը անպայմանօրէն պէտք է նոյն երկարութեան թիւը ներկայացնեն: Բայց եթէ այս այսպէս է տարածութեան մէջ գոյացող ձեւերուն համար, արդեօք միւս որակներուն համար ալ այսպէս է:
Պիւթագոր եղած է նաեւ առաջին ձայնագէտը, որ ուսումնասիրած է ձայներու յատկութիւնները, ձայներու իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները , եւ գտած է որ, օրինակ, երբ լար մը պրկես ու թրթռացնես այն որոշ ձայն մը կ’ատաբերէ: Երբ լարին կէսը առնես եւ թրթռացնես կ’ունենաս առաջին ձայնին ութերորդ բարձրութիւնը (octave): Ուրեմն առաջին եւ երկրորդ ձայներուն իրարմէ ունեցած բարձրութիւնը կը հպատակի կէսի օրէնքին, ուրիշ խօսքով՝ մէկը եւ միւսը միշտ այսինչ որակը ունին, որովհետեւ լարին թրթռացումին քանակը անգամ մը այսքան է եւ անգամ մըն ալ այնքան: Ու այլապէս լարերու վրայ կատարած փորձերով Պիւթագոր կե հաստատէ թէ լարին թուային բաժանումները՝ կէս, երկու երրորդ, մէկ չորրորդ՝ կը համապատասխանեն ձայներու մէջ իրարու հետ ներդաշնակութիւն տուող յարաբերութիւններու: Ու երբ մեր ականջին ներդաշնակութիւն մը կը հնչէ քէնդի կամ օքթաւի՝ արդիւնքն է լարին թրթռացումին պարզ թուային քանակին: Հետեւաբար, թէեւ մենք ձայներ կը լսենք, բայց անոնց խորը անոնց ներդաշնակութիւնը կազմող թիւերու պարզ յարաբերութիւններ կան:
Ուրեմն Պիւթագորեաններ այն գաղափարը ունէին թէ ըսուածը-բոլորովին որակային յատկութիւն մը –իրեն յատուկ օրէնքներ ունի, որոնք արդիւնք են որոշ թիւով թրթռացումներու, եւ նոյն թիւով թրթռացումներ միշտ նոյն ձայնը կու տան: Ձայները չտրուած, երբ գիտենք թրթռացումներուն թիւը , թուային յատկութիւնները, կրնանք ըսել՝ թէ ի’նչ ներդաշնակութիւն պիտի տան : Ուրեմն ձայները կը հպատակին թուային օրէնքներու: Ասկէ’ է որ յետոյ Լայբնից պիտի առնէ իր խօսքը թէ «Երաժշտութիւնը ականջի’ն զգալի մաթեմաթիք մըն է»: Գիտութիւնը կը յաջողի զգալիին տակ եղող քանակութեան օրէնքները բռնել եւ հասկնալ թէ այդ թիւերն են ձայնական effetները տուողը, եւ թէ ձայները երբեմն կան երբեմն չկան բայց թիւերը միշտ կան:
Միւս որակներն ալ երբ ուսումնասիրուին, ինչպէս պիտի ընէ Տէքարթ, այսպիսի օրէնքներու որպէս ենթակայ ձեւեր պիտի ցոյց տրուին: Մեզի տեսանելի ձեւերուն տակ ուրեմն այսպէս թուային օրէնքներ կան , զորս երբ յաջողինք գտնել գտած կ’ըլլանք գաղտնիքը տեսանելի աշխարհի բոլոր զգալի որակներու յառաջ գալուն: Այդ օրէնքներն են, որ կը բացատրեն որակներուն մէջ գտնուող հիմնական նոյնութիւնը:
Եթէ Դեմոկրիտեաններ նիւթը կը համարէին տիեզերքի մնայուն բաժինը, Պիւթագորեաններ կ’ըսէն թէ նիւթի տարրերը օրէնքներու համեստ քով քովի գալով եւ ոչ թէ պատահական ձեւով կը կազմեն իրերը. ուրեմն իրերը կազմողները օրէնքներն են: Տարրերը այնքան կարեւոր չեն որքան օրէնքները, որովհետեւ այդ տարրերը կրնան փոխուիլ, բայց յարաբերութիւնները, օրէնքները միշտ նոյնը կը մնան:
Եզրակացնելով կրնանք ըսել թէ տեսանելի տիեզերքը կը կազմեն ոչ թէ անտեսանելի աթոմներու բաղադրութիւնները, այլ անոնց իմանալի օրէնքներուն յառաջ բերած ձեւերը:
Պիւթագորեան ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պիւթագորեաններ տիեզերքը կը նկատեն տեսակ մը ընդարձակ գունդ , որովհետեւ գունդը երկրաչափական ամէնէն կատարեալ ձեւն է: Այդ գունդը կեդրոն մը ունի, կեդրոնական հուր մը, որուն շուրջ կը դառնայ: Արեւը չէ ատիկա, այլ արե’ւն ալ, երկի’րն ալ, բոլոր աստղե’րն ալ կը դառնան կեդրոնական հուրի մը շուրջ, զոր չենք տեսներ, որովհետեւ միշտ մեր երկրի տակը կը մնայ: Գունդին ինք իր վրայ թաւալումը յառաջ կը բերէ տիեզերական երաժշտութիւն մը, որովհետեւ տիեզերքի շարժումները թուային օրէնքներու հպատակող շարժումներ են եւ այդ պատճառով է որ բախում չի պատահիր: Եւ քանի որ կանոնաւոր շարժումները, թրթռացումները ձայն յառաջ կը բերեն, ուրեմն տիեզերքի այդ կանոնաւոր թաւալումը յառաջ կը բերէ տիեզերական ներդաշնակութիւն մը, որուն համար սակայն մենք ականջ, իմացողութիւն չունինք:
Պիւթագորեան ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԸ
Մարդուն հոգին մարմնին մէջ անոր զանազան մասերուն իրարու հետ որոշ օրէնքներով յարաբերելու կազմը յառաջ բերած է: Հոգի’ն է, որ մարմնին կազմաւորութիւնը յառաջ կը բերէ: Եթէ հոգին բաժնուի մարմնէն՝ մարմինը կը կորսնցնէ իր կազմաւորութիւնն ու կենդանութիւնը եւ իր անկազմ տարրերու վիճակին կ’իջնէ , դիակ, փոշի կը դառնայ:
Հոգիին բնոյթը բարձրագոյն, աստուածային բնոյթ մըն է եւ մարմնին մէջ տեսակ մը աւելի վար բնութիւն մը զգեցած է: Մահը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հոգիին մարմնէն զատուիլը: Բայց հոգին մարմնէն զատուելով չի մեռնիր, այլ կրնայ ուրիշ մարմիններու մէջ մտնել եւ ուրիշ մարմիններ ոգեւորել, վերստին մարմնացեալ կեանքեր ապրելու համար աւելի վար կամ աւելի վեր աստիճանի մարմիններու մէջ: Օրինակի համար կրնայ ուրիշ կեանքի մը մէջ կենադանիի մը մարմնի մէջ մտնել, կրնայ վերստին գալ եւ նորէն մարդուն մէջ մտնել: Հոգեփոխութեան վարդապետութիւնն է ասիկա (metmpsychose):
Արդ, կ’ըսեն Պիւթագորեաններ, երբ հոգին մարմնին մէջ ապրի կեանք մը ուր կարենայ տիրել մարմնին եւ ոչ թէ տիրապետուի անկէ, այսինքն՝ մարմնին մէջ ըլլալով հանդերձ իբրեւ հոգի մաքուր մնայ եւ զօրաւոր, այն ատեն կ’արժանանայ վերջին վիճակի մը ուր ա’լ մարմնին մէջ չ’աքսորուիր եւ զուտ հոգեկան վիճակի մը՝ աստուածայինին մէջ կը հաստատուի: Եւ եթէ այսպէս մէկ մահէն վերջ ուրիշ մարմնի մը մէջ կ’երթայ՝ ատիկա արդիւնք է իր վարած կեանքի մաքրութեան աստիճանին: Ուրեմն այս կեանքին մէջ իմաստութիւնը կը կայանայ մամնին եւ անով ապրուած կեանքին մէջ հոգիին բարձր , տիրակալող եւ մաքուր մնալուն մէջ, որով մարդ մահէն վերջ կը վաստկի զուտ հոգեկան, աստուածային կեանք մը:
Պիւթագորեան այս ըմբռնումները համապատասխան են արեւելեան ինչ-ինչ կրօնքներու մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող ըմբռնումներու՝ ինչպէս Հնդկական կամ Եգիպտական կրօնքներու հոգեփոխութեան հաւատքին, նոյնպէս համապատասխան յոյներու մէջ գոյութիւն ունեցող Օրֆիզմին՝միսթերներու վարդապետութիւններուն, ասոնց հետ սերտ յարաբերութիւն ունին Պիւթագորեաններու գաղափարները հոգիի մասին:
Բայց ինչով հոգին մարմինը կը կազմաւորէ
–Միշտ թուային օրէնքներով. այսինքն մարմնին մասերուն, գործարաններուն (organs) եւ անոնգ գործունէութեան մէջ յարաբերութիւններ եւ համեմատութիւններ մտցնելով, որոնք իրենց իսկութեան մէջ թիւերով կ’ըմբռնուին: Հետեւաբար հոգին թուային օրէնքներով կը կազմաւորէ ու կը կենադանացնէ մարմինը:
Ասկէ կը հետեւի Պիւթագորեաններու մարդկային առաքինութիւններուն եւ բարոյական ըմբռնումներուն թուային խորհրդանիշներ տալը: Օրինակ միտքը, որ մեր բոլոր տեսածները իր մէջ կ’առնէ, կը միացնէ, 1 կը համարէին: Արդարութիւնը 4 թիւով կը ներկայացնէին, որովհետեւ երկու հաւասարներու բազմապատկութեան արդիւնքէն է 4-ը: Արդ արդարութիւնն ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հաւասարութիւն հաստատել:
Պիւթագորեան դպրոցը երկար կեանք մը ունեցաւ եւ իրեն հետեւողներ, Պղատոն իր տիալոկներուն մէջ կը խօսեցնէ Պիւթագորեաններ, նոյնպէս յունական փիլիսոփայութեան վերջին շրջանին –Աղէքսանդրեան շրջան- կը տեսնենք Պիւթագորականութեան կենսունակութիւն եւ նոր ձեւ ստանալը ՆՈՐ Պիւթագորականութիւն անուան տակ:
Գ . Եմփետոկղէսի Վարդապետութիւնը Empodocles (Dynamisme)
Մեծ համբաւ ունեցած է իբրեւ աստղագէտ, բժիշկ, իբրեւ դիւթութեանց արուեստին վարպետ, բայց այդ բոլորը տիրապետուած են իր յատուկ փիլիսոփայութեամբ մը:
Իմաստունը, ըստ իրեն, մարդուն բարձրագոյն տեսակն է. եւ կ’ըսուի թէ իր կեանքին եւ նոյնիսկ հագուածքին մէջ այդ բարձր ըմբռնումը արտայայտած է տեսակ մը հանդիսական հանդերձանք կրելով եւ ազնուական բարքեր մշակելով: կ’ըսուի նաեւ թէ մեռած է էթնա հրաբուխին մէջ իյնալով կամ նետուելով:
Եմթետոկղէս բնագիտութեան կու տայ որոշ դրութենակացում մը, ճշդելով նախ նիւթերու կամ տարրերու չորս տեսակներ, որոնք դասական քիմիաբանութիւնը պիտի կազմեն երկար ատեն: Այդ տարրերն են Հողը, Ջուրը, Օդը եւ Հուրը: Անոնք իրարու կը միանան, իրարմէ կը զատուին, մասերու կը բաժնուին, կը գումարուին, բայց չորսն ալ կը մնա իբրեւ տարբեր բնութիւններ, անխառն եւ տեւականօրէն նոյնը: Սակայն անոնց վրայ կ’ազդեն ուժեր, եւ այդ ուժերն են որ յառաջ կը բերեն անոնց խառնուիլը, միանալը, զատուիլը, իրեր եւ էակներ կազմելը եւ այս վերջիններուն չքանալը:
Տիեզերքի բոլոր իրերուն վրայ ազդող եւ անոնց գոյացումներուն ու չքացումներուն մնայուն պատճառը հանդիսացող տիեզերական երկու ուժեր կան .—
– Այն որ էապէս կը միացնէ , կը ներդաշնակէ :
– Այն որ էապէս կը զատէ եւ դէմ դէմի հանել , կռուիլ կու տայ :
Առաջինը կը կոչէ ՍԷՐ իսկ երկրորդը ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ : Ուրեմն սէրը կը միացնէ, ատելութիւնը կը բաժնէ :
Այս ըմբռնումին մէջ այդ երկու ուժերը մէկ կողմէ ձեւով մը ֆիզիքական ուժեր են եւ միւս կողմէ տեսակ մը հոգեկան բնոյթ ունին: Սկզբնական ժամանակի մը մէջ ՍԷ’Րը տիրած է տիեզերքի մէջ, եւ այդ շրջանին սիրոյ ազդեցութեան տակ տեսակ մը գունդ եղած է տիեզերքը՝ սքանչելի ներդաշնակութիւն եւ միութիւն ներկայացնող: Սակայն յետոյ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆը մտած է այդ սկզբնական կատարեալ տիեզերքին մէջ եւ այդ օրէն սկսած են յառաջ գալ հակառակութիւն, բաժանում եւ քայքայում : Մեր տեսած տիեզերքին մէջ այդ երկու ուժերը միշտ ներկայ են եւ իրարու դէմ կ’աշխատին: Այնտեղ ուր ներդաշնակութիւն կը տեսնենք պիտք է հասկնալ որ հոն սէրն է յաղթականը, թէեւ հոն նոյն ատեն ատելութիւն ալ կայ. ներդաշնակութիւնը, ուրեմն, երկու ուժերու ենթակայ է: Ապրող էակի մը մէջ երբ տկարանայ սիրոյ ուժը եւ տեղի տայ ատելութեւն՝ մահը կու գայ ու կը քայքայէ սիրոյ շինած շէնքը: Հիւանդութիւններ արդիւնք են ատենուան մը համար ատելութեան տիրելուն: Ամէն կենադանի էակ տեսակ մը գետին է կամ գոցուած դաշտ, ուր իրարու հետ կռուի բռնուած են այս երկու հակառակ ուժերը:
Հոս կը տեսնընք ԵՐԿԱՐՄԱՏԵԱՆ վարդապետութիւն: Որմիզդ եւ Ահմիրան ՉԱՐԻՔի եւ ԲԱՐԻՔի արմատներ են, որոնք այս կեանքին մէջ պայքարի մտած են իրարու դէմ: Զարադաշտ կ’ըսէր թէ մենք պէտք է բարիին կողմը բռնենք: Երկուքն ալ, բարին եւ չարը, հաւասար ուժ ունին, բայց ի վերջոյ յաղթանակը բարիին պիտի մնայ, որովհետեւ ան իմաստուն, տեսնող, լուսաւոր ուժ մըն է, իսկ չարը իր հարուածները կու տայ կուրօրէն:
Տիեզերքը կ’անցնի շրջաններէ, որոնց մէջ այս երկու ուժերը մէկը երթալով կը զօրանայ ու տիրակալէ մինչեւ որ այնպիսի կէտի մը հասնի ուր միւս զօրութեան շրջանը կու գայ եւ ա’ն կը սկսի տիրապետել: Այս երկու ուժերուն ազդեցութիւնը փոխնիփոխ կ’աճի եւ կը նուազի: Ըստ Եմփետոկղէսի տիեզերքը այն շրջանին մէջ է, ուր ատելութեան ուժը կը զօրանայ: Բայց երբ ատելութիւնը այնքան զօրանայ որ այլեւս տիեզերքի քայքայումը յառաջ պիտի բերէ, այն ատեն սէրը նահանջէն յառաջացումի կ’անցնի եւ թոյլ չի տար որ տիեզերքը քայքայուի:
Եմփետոկղէսի մէջ կը գտնենք տիեզերքի մեծ տարիներու , մեծ շրջաններու ըմբռնում մը , որուն յետոյ պիտի ըսեն «Յաւերժական Վերադարձ » (Retour Eternel)-ՆԻՑՉԷ , ըստ որում հազարաւոր տարիներու շրջաններէ վերջ ամէն ինչ նոյնութեամբ պիտի վերադառնայ :
Դ. Անաքսակորի Վարդապետութիւնը Anaxagore (Rationalisme)
Անաքսակոր կ’ընդունի ոչ թէ չորս տարրեր այլ անհաշուելի, բազում տեսակ նիւթե : Ըստ իրեն երբ որեւէ նիւթի մը վրայ որակ մը տեսնենք անոր յետին մասնիկներն ալ նոյն որակը կը ներկայացնեն: Ասոնք կը կոչուին Օմոմերի (homomeri): Օրինակ՝ քար մը կը ներկայացնէ որոշ յատկութիւններ. արդ այդ քարին յետին մասնիկներն ալ նոյն յատկութիւնները կը ներկայացնեն: Դարձեալ, մետաղ մը, ըսենք ոսկիի կտոր մը, կը ներկայացնէ որոշ յատկութիւններ, անոր յետին տարրերն ալ նոյն ոսկին են: Ուրեմն անոր յատկութիւնները չեն գար տարրերու սա կամ նա բաղադրութիւնէն, այլ արդէն իւրաքանչիւր մասնիկ ունի զանոնք իր վրայ:
Սակայն Անաքսակոր կ’ըսէ թէ այդ տարրերը ունին բաղադրութեա’ն յատկութիւնները. ուրեմն որքան տեսակ նիւթ որ գտնենք այնքան տարր պէտք է ընդունինք. եւ քանի որ այդ նիւթերուն ներկայացուցած յատկութիւնները անհաշուելի են, ուրեմն տիեզերքի մէջ միայն մէկ տեսակ տարր պէտք չէ ընդունիլ, եւ ոչ չորս տեսակ տարրեր, այլ անհաշուելի տեսակ տարրեր :
Հետեւաբար պէտք է մեկնիլ այդ բազմատեսակ տարրերու գոյութիւնէ: Եթէ զանոնք իրենց բազմատեսակութեան մէջ մտածենք կ’ունենանք սկզբնական բազմորակ եւ բազմաթիւ խառնակութեան մը գաղափարը՝ քաոսը: Անոնք, իւրաքանչիւրը իր տարբեր յատկութիւններով ու շարժումներով, կը կազմեն խոշոր, անմտածելի խառնակութիւն մը:
Սակայն ի՞նչպէս կայ տիեզերքը, ուր կը գտնենք բազմատեսակ էակներ, իրեր, որոնք որոշ, նոյն ձեւով կրկնուող, նոյն յատկութիւնները ներկայացնող էակներ կազմած են, եւ ունին շարժումներ՝ առանց իրարու բախելու, վերջապէս մտքին համար հասկնալի կարգ մը կը ներկայացնեն, որուն օրէնքներուն կրնայ թափանցել միտքը. ուրիշ խօսքով՝ կը կազմեն Քոզմոսը՝ Քաոսին տեղ, կարգաւոր ամբողջը՝ խառնակ ամբողջին տեղ: Արդ ի՞նչ բան է որ այդ խառնակ, անկարգ, անհաշուելի որակներով, տարբեր տարրերով եւ որեւէ տիրապետող օրէնք չունեցող եւ բոլորովին զիրար չէզոքացնող շարժումներով անհուն խառնակութենէն մեր այս հրաշալի կարգաւոր տիեզերքը յառաջ կը բերէ:
Անաքսակոր, անշուշտ դիտելով մարդը, որ իր հասողութեան սահմաններուն մէջ այդպէս անկարգ բաներէ կարգաւոր բաներ կ’ըստեղծէ, եւ տեսնելով որ մարդուն մէջ այդ բանը իրագործողը միտքը ՝բանականութիւնն է, կ’եզրակացնէ թէ տիեզերքն ալ տիեզերք ընողը այդ քաոսէն դուրս եւ անկէ վեր Տիեզերական բանականութիւն մը եղած է, զոր կը կոչէ ԲԱՆ՝ Ն՜ՈՒՍ:
Անաքսակոր տեսած է Նոր Ակրոպոլիսի շինութիւնը եւ թէ ինչպէս լեռներէն ջոկուած քարի վիթխարի ու տձեւ ժայռերէն ,իրարու վրայ անկարգ ձեւով մը դիզուած, բարձրացած են տաճարներ, որոնք կը ներկայացնեն հրաշալի կարգ, սքանչելի գեղեցկութիւն: Այդ քարերու խառնակութիւնէն ի՞նչպէս յառաջ կու գայ այդ սքանչելի, միեւնոյն ատեն իմանալի, ըմբռնելի, հիանալի բանը որ Փարթենոն տաճարն է:
Անկարգութենէն, քաոսէն տիեզերական կարգ հանող, քաոսը օրէնքներու ենթարկող եւ զանազան շարժումները օրէնքներու տակ մտցնող եւ որոշ տեսակի էակներ յառաջ բերող ու անոնց մէջ օրկաններու զանազան մասերը իրարու կապելով կեանք յառաջացնող ԲԱՆը կարգ մտցնել մըն է, ու ատով՝ քաոսին տեղ քոզմոսին յառաջ գալը: Այս կարգ մտցնելու կարողութիւնը անտեսանելի, իր ըրածէն դուրս եղող ու ամէն բան անդրանցող, այդ տարրերէն տարբեր՝ ոգեղէն բնոյթով բան մըն է՝ ՄԻ’ՏՔը՝ զոր իր դրած կարգին մէջ կը գտնես, որոհետեւ իր ըրածին մէջ ի’նք դրոշմուած է, բայց վեր, դուրս մնալով անկէ: Փարթենոն ըսել քարերու կարգ ըսել է եւ ոչ քարերու կոյտ: Փարթենոնին յառաջ գալը նախկին խառնակութեան տեղ կարգին գալը ըսել է: Այդ կարգը գեղեցկութիւնն է անշուշտ, եւ գեղեցկութեան պատճառը միտքն է:
Կարգին բուն ստեղծողը ուրեմն մի’տքն է:
Մարդկային ստեղծագործութեան հանգիտութեամբ՝ տիեզերական քաոսին տեղ քոզմոսին յառաջ գալուն պատճառը տիեզերական ՆՈՒՍՆ է, որ թէ’ քաոսը եւ թէ քոզմոսը անդրանցող բան մըն է եւ որ կարող է խառնակութեան մէջ կարգ մտցնելու: Ուրեմն ստեղծող մտքի մը գոյութիւնը անհրաժեշտ է տիեզերքը տիեզերք դարձնելու համար:
Հետեւաբար այլազանին եւ նոյնին, բազումին եւ միին, փոփոխութեան եւ մնայունութեան հաշտեցման այդ խոշոր խնդրին մէջ Անաքսակոր կը բերէ տիեզերքը անդտարնցող, ստեղծիչ, օրէնսդիր, կարգաւորող աստուծոյ մը գործը՝ իբրեւ բացատրութիւն տիեզերքին մէջն իսկ տեսնուած միութեան եւ բազմութեան ներդաշնակութեան, որովհետեւ կարգը բազմութեան մէջ միութեան մը մտնելն է: Պարզ բազմութեան մէջ, երբ բազմութիւնը ինքն իրեն կը մնայ ներդաշնակութիւն գոյութիւն չունի: Դարձեալ, երբ այդ բազմութեան շարժումները իրենք իրենց թողունք անոնք չեն կրնար կարգ յառաջ բերել : Կարգ ըմբռնելու եւ կարգ ստեղծելու կարողութիւնը ՆՈ՜ՒՍ ն Է:
Գիտութիւնը այսօր կը գտնէ օրէնքներ, այսինքն երեւոյթներուն մէջ մնայուն կարգեր : Ուրեմն այդ կարգերը մտքին կողմէ ըմբռնելի, իմանալի են, եւ քանի որ մտքին իմանալի են կը նշանակէ թէ մտքի գործ է կարգը, մտքի մը որ ուժ մըն է միեւնոյն ատեն՝ ինքզինք պարտադրող իրերո’ւն եւ երեւոյթներո’ւն: Այսպէս տիեզերքին անդրգոյ էակի մը ստեղծումը ըլլալու գաղափարը առաջին անգամ Անաքսակորի մէջ կը գտնենք: Նախորդները այդ ստեղծիչը կը նկատէին ներգոյ (immanent ) բան մը:
Յետագային Պղատոն եւ Արիստոտէլ պիտի գովեն Անաքսակորը տիեզերքէն վեր ստեղծիչ միակ աստուածութեան գաղափարը յոյն փիլիսոփայութեան մէջ առաջին անգամ յստակ ու զօրաւոր կերպով մտցուցած ըլլալուն համար: