Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (8)

ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (8)

ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ա.ՍՈԿՐԱՏ   Socrates

Սոկրատ իր ժամանակի մարդոց համար Սոփեստ մըն էր, որ սակայն իր սորվեցուցածին համար դրամ չէր առներ. բայց զինք աղէկ ճանչցողներուն համար ան ոչ միայն չի շփոթուիր Սոփեստներուն հետ, այլ ընդհակառակը անոնց մեծագոյն հակառակորդը կը նկատուի: Զինք այդպէս տեսնողները եղած են իր աշակերտները, որոնցմէ ամէնէն մեծը՝ Պղատոն, կը զգայ որ իր ամբողջ եղածը անոր կը պարտի եւ իր մտածումները  իբրեւ ճշմարտութիւն՝ անոր բերանը կը դնէ:

Իրապէս տարօրինակ ըլլալու չափ ինքնատիպ դէմք մը եղած է Սոկրատ: Աթենացի է. ծնած Աթէնքի արուաձաններուն մէկուն մէջ 470–ին: Հայրը քանդակագործ էր, իսկ մայրը՝ մանկաբարձ: Ինքն ալ ատեն մը հօրը պէս քանդակագործ  կ’ըլլայ նախքան բոլորովին նուիրուիլը իմաստասիրութեան քարոզութեան, որ բուն իսկ քարոզութիւն չէ, որովհետեւ կը կայանայ խօսակցութեան մէջ  ոեւէ մարդու հետ, երբեմն ամէնէն խեղճ գերիի մը հետ, իսկ երբեմն  ալ ամենաբարձր դասու երիտասարդներու հետ , մէկ խօսքով ոեւէ մէկու հետ, որ մարդ է :

Մեծ հայրենասէր մը եղած է Սոկրատ. հայրենասէր մը. որ կ’ուզէ Աթէնքը տեսնել մեծ եւ ատոր պայման կը դնէ Աթէնքի օրէնքներուն  արդարութեան վրայ հիմնուած ըլլալը: Այդ մտահոգութենէն  մղուած կը խորհի օրէնք, արդարութիւն ըսուած բաներուն մասին:

Կ’արհամարհէր բոլոր արտաքին շքեղանքներն ու սին պերճանքները: Ամառ, թէ ձմեռ նոյն գորշ վերարկուին մէջ փաթթուած, գլուխը բաց եւ ոտքերը բոպիկ կը քալէր: Երբեմն կեցած կ’ըլլար իր մտածումներուն մէջ խորասուզուած, երբեմն ալ երիտասարդներու հետ  եռանդուն խօսակցութեան բռնուած:  Աթէնքի մտաւորական երիտասարդներէն անոնք, որոնք կը մօտենան իրեն, կը գրաւուին իր մտքի ու հոգիի մեծ զօրութեամբ եւ իր հմայքով հրապուրուած կը դառնան իր աշակերտները: Հետեւորդներ են ասոնք, ոչ թէ միւս Սոփեստներուն պէս  դասախօսութիւններու ունկնդիր ըլլալու՝ այլ իրեն հետ ըլլալու եւ իր ուղղութեան տակ մտածելու համար:

Այսպէս է, որ իր անունը երթալով կը ստանայ մեծ հեղինակութիւն եւ իր մահէն վերջ պիտի գայ ժամանակ մը, ուր շատ մը փիլիսոփաներ ինքզինքնին պիտի համարեն Սոկրատի հետեւորդներ՝ Սոկրատեաններ: Պատմութիւնը այդ Սոկրատեանները երկու խումբի կը բաժնէ .

-Անոնք, որոնք Սոկրատի  ազատ ուսուցողութեան գործը կը շարունակեն ամբողջական ձեւով:

-Անոնք, որոնք Սոկրատի ուսուցողութեան մէկ մասնաւոր երեսը կ’առնեն եւ այդ ուղղութեամբ կը շարունակեն:

Առաջինները պիտի կոչուին  Բուն Սոկրատեաններ, իսկ միւսները՝ Կիսասոկրատեաններ: Բուն Սոկրատեաններէն ամէնէն մեծերը պիտի ըլլան Պղատոն եւ անոր ուղղութեան վրայ շարունակող՝ Արիստոտէլ: Իսկ Կիսասոկրատեաններ պիտի ըլլան Կիէրենական Դպրոցը, Փետոն, Շնականներու խումբը, որոնց նշանաւորներէն մէկն է Դիոգինէս, եւ  այլն:  Ուրեմն Սոկրատէն յառաջ պիտի գան բազմաթիւ դպրոցներ, որովհետեւ երթալով պիտի մեծնայ Սոկրատի մտածողութեան կամ փիլիսոփայութեան հմայքը:

Բայց ի՞նչ եղած է այդ փիլիսոփայութիւնը: Դժուար է պատասխանել, որովհետեւ Սոկրատ ինք որեւէ գործ չէ գրած: Խօսած է ոչ թէ սիստեմաթիք դասախօսութեան ձեւով, այլ որեւէ նիւթի մասին պատահական խօսակցութեան ձեւով:  Ուրեմն թէ ի՛նչ եղած է իր փիլիսոփայութիւնը՝ ուղղակի կերպով չենք գիտեր:

Սոկրատի փիլիսոփայութեան աղբիւրները :

Սոկրատի փիլիսոփայութեան մասին գաղափար կրնանք կազմել իր աշակերտներէն,  որոնք իր մասին խօսած են եւ կամ իրենց գործերուն մէջ զինք խօսեցուցած:

Իր աշակերտներէն Քսենոփոնն է (պատմագիր եւ հրամանատար), մէկ աղբիւրը իր փիլիսոփայութեան, որ իր մասին ջատագովական մը գրած է (Apologie de Socrate). ունի նաեւ ուրիշ գործ մը «Յիշատակելի խօսակցութիւններ»  (Les dits memorable de Socrate )  անունով, ուր Սոկրատի եւ իր խօսակցութիւնները կը յիշէ: Բայց Քսենոփոն, թէեւ պարկեշտ եւ լաւ դիտումերով,  բարձր փիլիսոփայական միտք մը ունեցող չէ: Այն Սոկրատը, որ կը ներկայանայ իր գործերուն մէջ, տեսակ մը հասարակ տեղիք իմաստասիրութիւն սորվեցնող մէկն է, եւ երբեք այն մեծ եւ հզօր միտքը, որ պէտք է եղած ըլլայ Սոկրատ՝ երբ նայինք իր ունեցած մեծ ազդեցութեան: Յայտնի կերպով չենք կրնար Քսենոփոնի մէջէն Սոկրատի բուն մտածողութիւնը հանել: Քսենոփոն չէ կրցած հասկնալ այդ մտածողութիւնը իր զօրութեան  եւ  խորութեան  մէջ եւ զայն վերածած է հասարակ  իմաստութեան մը:

Միւս աղբիւրը Պղատոնն է: Եթէ առաջին աղբիւրը անվստահելի է իր պակասութեամբ,  այս  աղբիւրն ալ  նոյնքան  անվստահելի է իր առաւելութեամբ: Պղատոն իր բոլոր գործերուն մէջ, որոնք տիալոկներ՝ փիլիսոփայական տրամախօսութիւններ են, իբրեւ գլխաւոր դէմք կամ անձնաւորութիւն Սոկրատը կը դնէ եւ անո’ր բերնով կ’ըսէ իր ըսելիքը տեսակ մը համեստութեամբ, ըսել ուզելով, թէ իր ամբողջ մտածումը Սոկրատին կը պարտի: Ասիկա մեծ դժբախտութիւն մըն է, որովհետեւ չենք կրնար գիտնալ, թէ մինչեւ ո’ւր  Սոկրատին կը պատկանին իր գրչով եկած մտածումները եւ ուրկէ’ անդին Պղատոնին են անոնք:

Նոյնպէս այդ տեսակէտով շատ մեծ տարակոյսներու կը մատնուինք, երբ դիմենք երրորդ աղբիւրին, որ անուղղակի ձեւով մը եղած է Արիստոտէլ: Արիստոտէլ,  օրինակ կ’ըսէ, թէ Պղատոնի ամէնէն աւելի հիմնական եւ կարեւոր տեսութիւնը -Գաղափարներու ըստ ինքեան գոյ ըլլալու տեսութիւնը – Սոկրատ չէ ունեցած: Արդ այդ տեսութիւնը Սոկրատի բերանը դրուած է Պղատոնի գործերուն մէջ: Ուրեմն շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ որոշելու համար Սոկրատի բաժինը Պղատոնի գործերուն մէջ: Կը պատմուի, թէ նոյնիսկ Սոկրատի ողջութեան Պղատոն սկսած էր գրել, եւ օր մը Սոկրատի ձեռքը կ’անցնի օրինակ մը անոր տրամախօսութիւններէն , որուն մէջ ինք Սոկրատ ալ կար. Սոկրատ զամացած կ’ըսէ. «ի՜նչ բաներ ընել կու տայ ինծի այս երիտասարդը , որոնց մասին անգամ խորհած չեմ»:

Ուրեմն Սոկրատի ուսուցողութեան եւ տեսութիւններուն մասին այս երկու գլխաւոր աղբիւրներն ալ – Քսենոփոն եւ Պղատոն  – կարելի չէ նկատել իբրեւ ստոյգ կերպով մեզի բուն իսկ Սոկրատի մտածողութիւնը բերող: Բայց երբ այս երկու աղբիւրները իրարու բերենք եւ նայինք, թէ ի՛նչ բաներու մասին կը խօսի Սոկրատ Քսենոփոնի մէջ, եւ Պղատոնի մէջէն ալ ա’յդ բաները միայն առնենք, այն ատեն ձեւով մը մօտաւոր գաղափար մը կրնանք կազմել Սոկրատի ուսուցման մասին:

Սոկրատի Փիլիսոփայութիւնը

Այս մեթոտով յայտնի կ’ըլլայ, որ Սոկրատ նախ ամբողջական փիլիսոփայական տեսութիւն մը չէ ունեցած: Եթէ ան հասած ըլլար տիեզերքի ամբողջական բացատրութեան տեսութեան մը, հաւանաբար գրած պիտի ըլլար զայն: Ինչ որ սակայն իր մտածման էութիւնը կը կազմէ՝ ուղղութիւնն է խորհելու:  Փիլոսոփայութեան նիւթին, զբաղելիքին մասին որոշ հարցումներ ունի եւ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ մեթոտով պէտք է խորհիլ, ի՛նչպէս կարելի է հասնիլ այդ նիւթին մասին վստահելի ծանօթութեան մը, ի՛նչպէս կայ եւ կարելի է այդպիսի  վստահելի ծանօթութիւն մը , գիտութիւն մը եւ ոչ թէ կարծիք, թէ ուրիշ բան է կարծիքը եւ ուրիշ բան է գիտութիւնը, թէ մարդ կարող է գիտութեան հասնելու եւ թէ այդ գիտութեան մեթոտը ի’նչ է: Տեսակ մը հետզհետէ կազմուելիք փիլիսոփայութեան ծրագրին, ուղղութեան եւ նիւթին ըմբռնումը, այդպիսի փիլիսոփայութեան մը անհրաժեշտ եւ կարեւոր ըլլալու հանգամանքը՝ ասոնք են  իր ուսուցման կազմիչ տարրերը: Ինք ուղղութիւն բերող մը եղած է, փիլիսոփայութեան բուն ընելիքը, արժէքը, անհրաժեշտութիւնը, մեծութիւնը մատնանշող մը, անոր եռանդը իր հետեւողներուն մէջ արծարծող մը:

Նախ որոշենք, թէ Սոկրատ ի’նչպէս կ’ըմբռնէ փիլիսոփայութեան նիւթը : Այս տեսակէտով իր ուղղութիւնը կը հակադրուի նախասոկրատեան վարդապետութիւններուն: Անոնք փիլիսոփայութեան նիւթ կու տային տիեզերքը եւ զայն բացատրել կը ջանային: Սոկրատ անշուշտ այդ հարցը չ’արհամարհեր, բայց զայն իր ատենուան գիտութեան միջոցներէն վեր ու անդին կը համարէ:

Տիեզերքը ի՞նչ է. աստղերը ի՞նչ են: Ասոնք աստուածներուն գաղտնիքներն են, կ’ըսէ Սոկրատ: Անոնց մասին շատ աղէկ բաներ կրնանք ըսել, բայց մեր ըսածները կրնան լոկ կարծիքներ մնալ: Եթէ գիտնալ ըսուած բանը առնենք իր զօրաւոր իմաստով՝ ատոնք գիտութիւն չեն: Ուրեմն փիլիսոփայութեան նիւթը անոնք – տիեզերք եւ աստղերը – պէտք չէ ըլլան, որովհետեւ, եթէ անոնք ըլլան՝ փիլոսփայութիւնը թէեւ շատ աղէկ  տեսութիւններ կրնայ բերել, բայց անոնք կրնան լոկ տեսութիւններ մնալ, որովհետեւ չունին վստահելի, ստոյգ ծանօթութեան մը արժէքը: Բայց միւս կողմէ պէտք է գիտնանք, որ տիեզերքի եղածին, շինուածքին, անոր խորունկ օրէնքներուն մեր անծանօթութիւնը եւ ատանկ գիտութիւն մը ստուգութեան արժէքով մեր չկարենալ կազմելը մեծ վնաս մը չունի մեզի համար: Ինչ որ անհարժեշտ է մարդուն՝ ատիկա մարդուն ինչ ըլլալու գիտութիւնն է,  այլ խօսքով՝ բո’ւն հոգիին եւ հոգիներուն կազմած ընկերութեան, այսինքն մարդկային ընկերութեան ինչ ըլլալը: Փիլիսոփայութիւնը կրնայ բնագիտութիւն մը կամ տիեզերաբանութիւն մը չըլլալ, ատիկա խնդիր չէ, որովհետեւ ատիկա անպատճառ գիտնալու  պէտք չունինք. բայց  անհրաժեշտ է, որ փիլիսոփայութիւնը նուիրուի մարդո’ւն ինչ ըլլալու ճանաչումին, մարդո’ւն հոգեկան եւ բարոյական աշխարհին հասկացութեան, որովհետեւ եթէ այս երկրորդը  չունենանք, չենք կրնար մեր կեանքը եւ մանաւանդ ընկերութիւնը – Սիթէն – իրենց բուն, ուղիղ օրէնքներուն վրայ հաստատել: Մեր կեանքին ուղղութիւնը եւ սիթէին աղէկ օրէնքներու վրայ հաստատուիլը կ’ենթադրեն ճանաչումը մեր եղածին եւ ընկերութեան,  ու ա’յդ է առաջին անհրաժեշտ բանը իմաստասիրութեան :

Կ’ըսուի որ Սոկրատ կարդալով Դելփիսի (Delphes) տաճարին ճակատին արձանագրուած «ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ» խօսքը, զայն կ’ընէ իր փիլիսոփայութեան սկզբունքը:  Փիլիսոփայութիւնը էապէս մարդուն ինքնիր ճանաչումն է: Այս պատճառով է, որ Սոկրատի համար կ’ըսուի, թէ փիլիսոփայութիւնը փոխադրեց երկինքէն երկրի վրայ:

Սոկրատ ասոր համար կը նկատուի բարոյական փիլիսոփայութեան հիմնադիրը: Բայց ստուգութեան հասնելու համար նախ պիտք է հաւատալ՝ թէ ստուգութիւնը կարելի է, եւ յետոյ՝ մեթոտ մի պէտք է  անոր հասնելու: Այս տեսակէտով ալ Սոկրատ հիմնադիրն է տրամաբանութեան, զոր պիտի դրութենականացնէ Արիստոտէլ: Սոկրատ կը հաւատայ բանականութեան եւ երբ ան ուղիղ մեթոտով գործածուի կրնայ ստուգութեան հասնիլ: Սոկրատ ճշմարտութիւնը կը կոչէ այն, որ բոլոր մտքերուն համար անհրաժեշտաբար այդպէս է եւ որ անձնական նախասիրութիւններու թելադրանքէն ազատած է ու մարդկային բանականութեան համար կը ներկայանայ ստոյգ եւ անժխտելիօրէն ընդունելի:

Ահա այս է գիտութիւնը:

Սոկրատի մեթոտը

Ի՞նչպէս հասնիլ այսպիսի գիտութեան:

Սոկրատ կ’ընդունէր, որ այս տեսակ գիտութիւն մը  արդէն ի կարողութեան ձեւով կը գտնուի մարդոց մէջ,  որովհետեւ ամէնքն ալ կը մտածեն ըստ կարգ մը յղացքներու որոնք, որովհետեւ բառերու կապուած են, բոլոր մտքերուն մէջ նոյն ձեւով կը գտնուին: Ուրեմն կը բաւէ ճշդել այդ յղացքներուն պարունակութիւնը  եւ այն ատեն նոյն բանին համար տարբեր կարծիք չի կրնար ըլլալ մարդոց մէջ. օրինակ՝ դատաստաններ կ’ընենք՝ այս բանը աղէ՞կ է թէ ոչ. մէկը կ’ըսէ աղէ’կ է միւսը՝ ո’չ : Կամ՝ այս արարքը արդա՞ր է թէ ոչ : Ասո՝ր ալ նոյն ձեւով կը մօտենան մարդիկ, ինչ որ կ’ենթադրէ թէ’ այս եւ թէ’ այդ արդար ըսուած բանին գաղափարը ունին, որ նոյն գաղափարն ըլլալու է: Բայց ինչու՞ երկուքը տարբեր ձեւով կը դատեն, որովհետեւ նոյն յղացքին նո’յն պարունակութիւնը չեն տար: Ուրեմն ճշմարտութեան հասնելու մեթոտը կը կայանայ  յղացքները բոլոր միտքերուն  մէջ նոյնացնելուն, միտքերը գիտակից դարձնելուն մէջ: Այն ատեն բոլոր խաղերը, վարդապետութիւնները անկարելի կը դառնան եւ մէկ բանի համար մէկ ճշմարտութիւն յառաջ կու գայ, ու կարծիքին տեղը կը բռնէ գիտութիւնը:

Սոկրատի մեթոտը ուրեմն  կը կայանայ մարդկային էութեան, վարմունքին մասին էական յղացքներու ճշդելուն մէջ: Այդ ճշդումն ալ կը կատարուի այդ յղացքներու զանազան կիրարկումները առնելով եւ ցոյց  տալով, թէ այդ բոլոր կիրարկումները ի՛նչ հասարակաց բան կ’ենթադրեն, ուրիշ խօսքով մէջտեղ բերել անոնց էականը, օրինակ, արդար կ’ըսենք. մէկը ուրիշի մը պարտք ունէր՝ տուաւ.արդա՞ր է: Այո’: Մէկը  յանցանք մը գործած էր, այսինչ պատիժը տրուեցաւ իրեն. արդա՞ր է: Այո’: Արդարութիւնը դրա՞մ տալուն մէջ կը կայանայ: Ո’չ, որովհետեւ ուրիշ բանի ալ կը կիրարկուի. օրինակ՝  յանցանքի: Պէտք է փնտռել  եւ գտնել, թէ երկու պարագաներուն մէջ հասարակաց ի’նչ կայ, որուն համար արդար կ’ըսենք երկուքին ալ: Մէյ մը որ արդարութեան յղացքին մասին ամէնքս ճիշդ գաղափար կրցանք կազմել, այլեւս ոեւէ կերպով կարծիքի տարբերութիւն չի կրնար ըլլալ:

Ուրեմն գիտութիւն հաստատելու միջոցը յղացքները զուտ կերպով ճշդելն է: Յղացքները ճշդելը կը նշանակէ տարբեր, շատ պարագաներէ մեկնիլ եւ հասնիլ էականին, որ իր մէջ կ’առնէ այդ տարբեր պարագաները: Ասիկա կը կոչուի խելամտութիւն կամ ներընծայութիւն  ( induction ):

Սոկրատի համար ըսուած է, թէ երկու մեթոտ կը գործածէր Ironia  եւ Maieutique կոչուած: Իրոնիա կը նշանակէ հեգնանք, ուրեմն հեգնական կամ հեգնաբանական մեթոտ: Մայիօթիք կը նշանակէ Ծննդաբերական մեթոտ:

Առաջինը Իրոնիա կը կոչուի, որովհետեւ ժխտական մեթոտ մըն է , սխալը մէջտեղ բերելու կը ծառայէ:  Երկրորդը  Մայէօթիք՝ Ծննդաբերական կը կոչուի, որովհետեւ այդ մեթոտով Սոկրատ իր դիմացինին մտքէն հանել կու տար ճշմարտութիւնը «այնպէս ինչպէս մայրս (դայեակ) կ’օգնէ մայրերուն, կ’ըսէր, իրենց զաւակները ունենալու» Այդ զաւակները  իրենց մէջն են եւ իմ մայրս միայն կ’օգնէ անոնց դուրս գալուն, այնպէս ալ ես ծնունդ չեմ տար ճշմարտութեան, այլ ճշմարտութիւնը կայ արդէն մտքերուն մէջ, բայց ես կ’օգնեմ միտքերուն, որպէսզի ճանչնան զայն եւ անով դատեն. մէկ խօսքով՝ կ’օգնեմ մարդոց, որպէսզի ճիշդ մտածեն:

Երկու մեթոտներուն մէջ ալ  Սոկրատ չի քարոզեր, այլ կը հարցնէ . այսինքն ինք չ’ուսացաներ ճշմատութիւնը, այլ դիմացինին գտնել կու տայ զայն. իր դերը կը կայանայ հարցնելուն մէջ: Սոկրատ համոզուած ըլլալով, որ ճշմարտութիւնը էապէս այն է, զոր ենթական ինք կը գտնէ, իր ուսուցումը կ’ընէ  հարցումով, եւ ոչ թէ պատգամով, աւելի միտքը գրգռելով, որ ի’նք գտնէ ճշմարտութիւնը քան թէ անոր մատուցանելով զայն, ուր ենթական իր կողմէ որեւէ ճիգ չ’ըներ: Այսպիսով բոլորովին անուս մարդոց, օրինակ գերիի մը, երկրաչափական տեսութիւններ ապացուցանել կու տար:

Առաջին մեթոտը կը գործածէր Սոփեստներուն դէմ, ուր նախ իր հակառակորդին համակարծիք կը գտնուի, դիմացինին հետ առժամաբար նոյն դիրքը կ’առնէ, ապա կը սկսի հարց ու փորձելու .

–      Եթէ այդպէս է , այս պարագային համար ի՞նչ կ’ըսես:

–      Այդ ալ այդպէս է :

–      Այն ինչ պարագային համար ի՞նչ կ’ըսես:

–      Անիկա այդպէս չէ:

Այս  ձեւով Սոկրատ  հարցուփորձը կ’երկարէ մինչեւ որ դիմացինին գտնել տայ իր սխալը զայն հակասութեան մէջ ձգելով: Խորապէս ներընծայական մեթոտ է ասիկա: Երբ իր դիմացինին հետ նոյն կարծիքը կ’առնէ Սոկրատ, որոշ ցուցմունքներով յղացքին  կիրարկումը ընել կու տայ անոր: Առաջին պարագային անդրադառնալ կու տայ անոր, թէ ինչո’ւ այդպէս է . Եթէ երկրորդ պարագային, որ տարբեր պարագայ մըն է, նոյն յղացքը գործածէ, ուրեմն հակասութեան մէջ  կ’իյնայ. օրինակ այս յղացքին համար սա պատիժը արդար է: Ուրիշ պարագայի մը մէջ, որ նոյն պարագան է եւ միայն ենթական փոխուած է, պատիժը արդար չէ կ’ըսեն:

Մայէօթիքին մէջ դրական է մեթոտը. օրինակ այս բանը այսպէ՞ս է, թէ՞ այնպէս: Բայց  պատասխնելէ առաջ պէտք է ճշդել անոր էապէս ի’նչ ըլլալը ու սահմանը տալ, այսինքն այսինչ բանը ըսելով դիմացինը ի՞նչ կը հասկնայ: Ուրեմն եզրերը ճշդել: Բաղդատութիւններ ընել տալով կ’իրագործուի այս մեթոտը, որ կը կայանայ էականը ճշդելով յղացքին սահմանին հասնելուն եւ կիրարկել տալուն մէջ :

Մանկավարժութեան պատմութեան մէջ Սոկրատեան մեթոտ ըսելով կը հասկնանք հարցուփորձի մեթոտը, բայց փիլիսոփայութեան մէջ իր մեթոտը կը կայանայ յղացքները  ճշդել տալուն եւ դատաստանները ճիշդ յղացքներու վրայ գործածել տալուն մէջ:

Սոկրատի Բարոյագիտութիւնը

Սոկրատ կ’ըսէ, թէ առաքինութիւնը գիտութիւն մըն է, կը սորվուի. մէյ մը որ անով ճանչնանք բարին՝ բնականօրէն կը կամենանք զայն: Բարոյականը առաքինութիւնը  ապրելու արուեստն է . ասիկա գիտութիւն մըն է այնպէս ինչպէս միւս արուեստները գիտութիւններ են. օրինակ՝ այսինչը լաւ նաւուղիղ է, այսինքն գիտէ նաւը լաւ ուղղել, նաւը ուղղելու ծանօթութիւնը, գիտութիւնը ունի: Այսինչը լաւ երաժիշտ է, այսինքն գիտէ երաժշտութիւն ընել , երաժշտութիւն ընելու գիտութիւնը ունի: Արուեստը էապէս բան մը ընելու գիտութիւնն է : Ամէն արուեստ կը կայանայ իր առարկային մասին պէտք եղած ծանօթութիւնները ունենալուն մէջ: Այդպէս ալ աղէկ ապրիլ կարենալու  համար պէտք է այդ աղէկութիւնը գիտնալ , ուրեմն առաքինութեան , բարիին գիտութիւնը ունենալ: Մէյ մը որ գիտենք, թէ ի’նչ է, ո’րն է բարին չենք կրնար զայն չկամենալ, որովհետեւ ճիշդ մեր կամեցման առարկան բարին է: Ոչ ոք կամաւորպէս չար է, ո’չ ոք գիտութեամբ չար է, որովհետեւ ինչպէս որ միտքը իրեն  առարկայ ունի ճշմարտութիւնը, այնպէս ալ կամքին գործին առարկան բարին է: Կամեցողութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բարիին կամեցողութիւնը: Երբ մենք բարին չենք կամենար, պատճառը այն է, որ չենք գիտեր, թէ ո’րն է ան կամ սխալ տեղ կը տեսնենք զայն:

Որպէսզի  մարդիկ լաւ գործեն եւ լաւ գործելով լաւ ըլլան, այսինքն երջանկութիւն ունենան՝ պէտք է գիտնան, թէ ի’նչ է իրենց լաւութիւնը . եւ մէյ մը որ գիտնան թէ ինչի’ մէջ կը կայանայ այդ լաւութիւնը, ա’լ չեն կրնար զայն չկամենալ: Օրինակ մէկը կը գողնայ, որովհետեւ կը մտածէ թէ գողնալով աղէկ բան մը պիտի ունենայ, բայց եթէ գիտնայ, որ գողնալը աղէկ բան մը չէ , այն ատեն, որովհետեւ իր աղէկութիւնը միայն կ’ուզէ, պիտի չգողնայ: Ուրեմն, կ’ըսէ Սոկրատ, մարդոց պէտք է սորվեցնե’լ  աղէկութեան  ինչ  ըլլալը. եւ այդ սորվեցնելն ալ ուղղակի իրե’նց գտնել տալով կ’ըլլայ, որովհետեւ իրապէս ունին անոնք աղէկութեան իմացումը (sens), որ սակայն ծածկուած է եւ զոր պէտք է լոյսին բերել զիրենք հարցուփորձելով . այդ ձեւով իրենց իսկ կողմէ կազմել բարիին գիտութիւնը : Ինչպէս որ աղէկ նաւուղիղ մը ունենալու համար պիտք է սորվեցնել անոր նաւը ուղղելու գիտութիւնը, անանկ ալ, որպէսզի աղէկ մարդիկ ունենանք, կամ որպէսզի մարդիկ աղէկ ապրին՝ պէտք է անոնց սորվեցնել  առաքինութեան  գիտութիւնը:

Բարին բոլոր մարդոց համար նոյն բանն է: ինչպէս բոլոր միտքերուն համար մէկ ճշմարտութիւն կայ , այդպէս ալ բոլոր կամքերուն համար մէկ բարի կայ: Թէեւ կեանքի զանազան յարաբերութիւններուն մէջ բարիին առաջնորդող զանազան ճամբաներ կան, որոնք են մասնաւոր առաքինութիւնները, բայց առաքինութիւնը խորապէս մէկ բան է՝ Բարիին կամեցումը , որ պայմանաւոր է Բարիին գիտութեամբ:

Սոկրատ գլխաւոր առաքինութիւնները կ’ընդունի աւանդական  չորս կերպով.

1 – Ժուժկալութիւն ( temperance ), որ է մարդուն ինքնատիրութիւնը իր ձգտումներուն, ախորաժակներուն, որոնք մարմնին պէտքերէն կու գան եւ որոնց բարին հաճոյքն է: Հաճոյքի ախորժակներուն, կիրքերուն վրայ տիրութիւնն է ժուժկալութիւնը: Հաճոյքը գէշ բան չէ, որովհետեւ մարմնին գոհացումն է, բայց մարդուն հոգին աւելի’ վեր է քան մարմինը: Մարդ անշուշտ հաճոյք զգալու է, բայց խնդիր է, թէ ո՞րչափով պէտք է մարմնին գոհացում տալ: Պէտք չէ գերին ըլլալ մարմնի ախորժակներուն, ընդհակառակը պէտք է զանոնք մեր տիրութեան տակ ունենանք:

2 – Բարեկամութիւն (Amitie), որ է ուրիշներու հանդէպ բարի կամեցողութիւն, սէր, զանոնք մարդու արժանաւորութեան մէջ դնելով վարուիլ անոնց հետ եւ  աւելին, զանոնք սիրել իրենց մարդո’ւ , հոգիի’ հանգամանքին մէջ:

3 – Արդարութիւն (Justice), որ է ճանչնալ օրէնքները եւ ըստ այնմ վարուիլ, ինչ որ կարելի կը դարձնէ կեանքը Սիթէին՝ այն մեծ ընկերութեան, որուն մէջ ենք եւ որով կրնանք   իբրեւ մարդ ապրիլ:

4 – Բարեպաշտութիւն (piete), որով կը ճանչնանք նախախնամութիւնը, տիեզերքին կարգը, մեր կեանքին կարգ դնողը, Անաքսակորի ըսած Տիեզերական իմաստութիւնը՝ Աստուծութիւնը՝ անոր սէրը  եւ պաշտամունքը ունենալով:

Ասոնք մասնաւոր առաքինութիւններ են, որոնց իւրաքանչիւրով մենք ի վերջոյ մեր բարին կը կամենանք  եւ մեր բարին կամենալով ընդհանուր մարդու բարին կը կամենանք, եւ մարդու բարին կամենալով  Տիեզերական կամքը կամեցած կ’ըլլանք:

Ահա’ այն բարոյական գիտութիւնը, որուն հիմնադիրը կրնանք համարել Սոկրատ:

Սոկրատի մահը

Սոկրատի կեանքը ինքնակոչ առաքելութիւն մըն էր: Իր նպատակն է մարդուն միտքը առաջնորդել բարիին գիտութեան, այսինքն անոր օգտին աշխատիլ: Բոլոր Աթենացիներուն հանդէպ տեսակ մը վեհանձնութեան կեանք մը կ’ապրէր: Ճիշդ ատով ունեցաւ ամէն դասակարգէ աշակերտներու կամ հետեւորդներու խումբ մը, որով իր ազդեցութիւնը մեծցաւ, բայց քանի  որ, միւս կողմէ, սխալի, չարաշահութեան դէմ որեւէ քննադատութիւն չէր խնաեր, շատցան իր թշնամիները քաղաքական գետնի վրայ, շատցան նաեւ Սոփեսներու շրջանակին մէջ մտաւորական թշնամիները: Ի վերջոյ  ինք անոնց թուեցաւ մէկը, որ հանգիստ պիտի չձգէր զիրենք: Եօթանասունի մօտ տարիքին Սոկրատի դէմ  ամբաստանութիւն մը ըրին: Զինք ամբաստանեցին իբրեւ Սիթէին աստուածները չճանչցող , նոր աստուած մտցնել ուզող, ուրեմն իբրեւ անբարեպաշտ, իբրեւ երիտասարդութիւնը մոլորեցնող, մէկ խօսքով իբրեւ Աթէնքի վնասակար մէկը:

Սոկրատ դատական ատեան բերուեցաւ: Դատաւորները 500 հոգի էին: Ժողովրդական դատարան էր տեղի ունեցողը, բոլորովին տգէտ մարդիկ, որոնցմէ ոմանք հազիւ լսած ըլլային Սոկրատի անունը: Սոկրատ իր պաշտպանողականը  ըրաւ շատ վերէն, ձեւով մը գրեթէ հեգնական , եւ ցոյց տուաւ, թէ ինք Աթէնքի բարին կ’ուզէ. ոչ թէ աստուածները չի ճանչնար, այլ  ընդհակառակը , աստուածային նախախնամութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասէ , առաքինութի’ւնը քարոզած է, եւ այլն : Բայց որովհետեւ իր թօնը վերէն էր, տեսակ մը արհամարհական, շատ գէշ տրամադրեց դատարանը իր դէմ եւ զինք ճանչցան յանցաւոր: Բայց իբրեւ շնորհք մը իրեն, որոշեցին, որ ինք որոշէ իր պատիժը: Այն ատեն Սոկրատ ըսաւ. « Ի՞նչպէս կ’ուզէք որ ես իմ պատիժս որոշեմ,  քանի որ ես անմեղ եմ. պատիժը կ’ըլլայ յանցաւորին համար: Բայց քանի կ’ուզէք, որ անպատճառ բան մը որոշեմ, տրուած ըլլալով որ ես կեանքս Աթէնքի բարիքին, երիտասարդութեան առաքինութեան նուիրած եմ, թող պետութիւնը պատուէ՛ զիս»: Ասիկա բոլորովին գրգռեց դատաւորները, որոնք տուին  իրեն  ամենածանր պատիժը՝ մահապատիժը :

Սոկրատ բանտարկեցին, որպէսզի սպասէ պատիժին գործադրութեան, 30 օր բանտարկուած մնաց: Այդ միջոցին իր ազդեցիկ աշակերտներէն ոմանք պատրաստեցին ծրագիր մը զինք բանտէն փախցնելու:  Սակայն Սոկրատ մերժեց  ըսելով. «Ես իմ հայրենիքս կը սիրեմ եւ կը նախընտրեմ անարդարօրէն մեռնիլ քան անոր օրէնքներուն առջեւէն փախչիլ»: Չկրցան համոզել զինք: Երեսուներորդ օրը Սոկրատ քաջութեամբ եւ արդար վստահութեամբ դիմաւորեց մահը :

Պղատոնի «Փետոն» անուն գործին մէջ պատմուած է Սոկրատի վերջին օրը: Իր շուրջն ունենալով իր աշակերտները, ամենայն հանդարտութեամբ, յստակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ կը խօսի: Ատեն մը ներս կը մտնեն իր կինն ու ազգականները, որոնք կու լան: Դուրս հանել կու տայ զանոնք, որ հանդարտութիւնը չխռովի: Աշակերտները սատիկ յուզուած են, որովհետեւ իր ժամերը համրուած են, բայց ինք կը պահէ իր հոգիին խաղաղութիւնը, մինչեւ որ գերին ներս կը մտնէ մոլեխինդի բաժակը ձեռքը: Աշակերտները կը գրգռուին գերիին դէմ: Սոկրատ կը սաստէ զանոնք եւ կ’ըսէ. « Շատ բարի մարդ մըն է ան, իր պարտականութեան գլուխը»: Յետոյ նոյնքան հանդարտութեամբ կը խմէ մոլեխինդը: Կամաց-կամաց կը սկսի սառիլ: Վերջին խօսքը կ’ըլլայ. «Էսքիւլապին աքլոր մը պարտական եմ, մի՛ մոռնաք զայն վճարել»: Ասիկա կը մեկնեն իբրեւ խօսք մը, որով ըսել կ’ուզէ, թէ այդ աստուածը զինք բժշկեց կեանքէն եւ անմահութեան տարաւ : Ապա կը մեռնի…

Պատմութեան մեզի բերած շատ մը վսեմ մահերէն ամէնէն  վսեմներէն մէկն է Սոկրատի մահը, ուր մահուան դիմագրաւումը տեղի կ’ունենայ հոգիի կատարեալ  խաղաղութեան մէջ վստահութեամբ եւ քաջութեամբ: Մեծագոյն վսեմութեան մը առջեւ կ’աւարտի Սոկրատի կեանքը: Եթէ իր կեանքը, առաքելութիւնը, քարոզութիւնը շատ մեծցուցած էին զինք, իր մահը ա’լ աւելի մեծցուց: Կը տեսնենք, որ իրմէ վերջ եկող շրջանին Սոկրատի հետեւորդ ըլլալը ձեւով մը արժէք կը ստանայ յունական փիլիսոփայութեան մէջ: Շատեր իրենք զիրենք Սոկրատեաններ կը կոչեն, որովհետեւ այդ կոչումը  հմայք մը ունի իր մէջ:

 

 

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …