Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ 17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ 17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ 17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ
 ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

            Ազատագրական Պայքարի Նոր Փուլը (17-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ 18-րդ դարու առաջին կիսուն)

            1-Ազատագրական պայքարի աշխուժացում

           Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի նախադրեալները:

            17-րդ դարու երկրորդ կէսը Հայոց պատմութեան մէջ յատկանշուեցաւ ազգային ազատագրական պայքարով:

            Հայոց ազատագրական պայքարի ծաւալումը ունէր ներքին եւ արատաքին նախադրեալներ:

            Ներքին նախադրեալներու մէջ էականը հայոց ինքնագիտակցութեան մէջ դարեր առաջ կորսուած պետականութեան վերականգման զգացումն էր:

            Հայ իրականութեան մէջ հետզհետէ աւելի անտանելի կը դառնար օտարներու ծանր լուծը. աստիճանաբար աւելի կը ծանրանային հարկերը եւ անօրինականութիւնները՝ չքաւորութեան եզրին հասցնելով բնակչութիւնը:

            Ներքին նախադրեալներու թուին կարեւոր էր այն, որ Հայաստանի մէջ դեռեւս պահպանուած էին հայկական շարք մը իշխանութիւններ: Այդ իշխանութիւնները, դիմագրաւելով բազում արհաւիրքենր, տկարացած էին եւ ի վիճակի չէին ինքնուրոյն գլխաւորելու ազատագրական շարժումը:

            Ժողովուրդի մէջ առեւտրա-արհեստաւորական խաւի զարգացումը յանգած էր սոցեալական նոր շերտի՝ առեւտրական բուրժուազիայի առաջացման: Վերջինս փորձած էր նպաստել հայոց ազգային ինքնագիտակցութեան ամրապնդման՝ հովանաւորելով հոգեւոր-մշակութային տարբեր ձեռնարկներ:

            Ազատագրական պայքարի նախադրեալներու մէջ էական էր դաւանանքի ու ազգային մշակոյթի խաղացած դերը: Օտար տիրապետութեան պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը կը մերժէր օտարի հաւատը՝ յաճախ գերադասելով մահը դաւանափոխութենէն: Ազգային ինքնագիտակցութիւնն ու արժանապատուութեան զգացումը Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարի շուրջ միաւորած էին ոչ միայն Հայաստանի բնակչութիւնը, այլեւ երկրէն արտագաղթած եւ տարբեր երկիրներու մէջ հանգրուան գտած բնակչութիւնը:

            Արտաքին գործօններէն էր Օսմանեան կայսրութեան համեմատական թուլացումը, որ ազատագրական պայքարի յաջողութեան յոյսեր կը ներշնչէր:

            Կարեւոր էին միջազգային յարաբրեութիւններու մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները: Եւրոպական շարք մը երկիրներ, որոնց եւս կը սպառնար Օսմանեան պետութիւնը, պայքար սկսած էին Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Այդ երկիրները կը դիտուէին որպէս Հայաստանի ազատագրութեան համար հնարաւոր դաշնակիցներ:

            Կարեւոր հանգամանք էր նաեւ հայ ժողովուրդի վիճակին մէջ գտնուող այլ ժողովուրդներու՝ յոյներու, ասորիներու, քիւրտ-եզիտիներու, օտար տիրապետութեան դէմ պայքարի պատրաստակամութիւնը: Կը քննարկուէր նաեւ այդ ժողովուրդներու հետ համատեղ հանդէս գալու խնդիրը, որ խոստումնալից կը թուէր:

            Օսմանեան պետութեան եւ Վենետիկի հանրապետութեան միջեւ 1645 թուականին սկսած պատերազմը եւ թուրքերու հնարաւոր պարտութիւնը՝ Օսմանեան լուծը թօթափելու յոյսեր արթնցուցին թրքահպատակ ժողովուրդներու մօտ:

            Պատերազմին Վենետիկի դաշնակիցները՝ Հռոմի պապական Աթոռը եւ Ֆրանսան ջանքեր կը գործադրէին համախմբելու օսմանահպատակ ժողովուրդները՝ հանդէս գալու թրքական լուծին դէմ: Հայազգի գործիչները եւս կոչեր կ՛ուղղէին Հռոմի պապին ու Ֆրանսայի թագաւորին՝ զօրացնելու Օսմանեան կայսրութեան դէմ պայքարին: Այդ առումով կարեւոր էր Հայոց կաթողիկոսի 1663 թ. գրած նամակը Ֆրանսային Լիւդովիկոս 14րդ թագաւորին:

            Կաթողիկոսը նամակներ գրած էր նաեւ Հռոմի պապին ու Վենետիկ այցելած ու բանակցութիւններ վարած էր վենետիկեան բանակի հրամանատարին հետ:

            Հայ առեւտրական բուրժուազիայի ներկայացուցիչները մասնակցութիւն ունեցած էին հակաթրքական պայքարի կազմակերպութեան մէջ: Մօտ երկու տասնամեակ ազատագրական շարժման ծրագիրներու մասնակիցներէն էր բաղիշեցի հայազգի վաճառական Մահտեսի Շահմուրատը: Ան 1666 թ. Փարիզ ժամանած էր եւ ‎ֆրանսական կամ արքունիքին հաւաստիացուցած էր, թէ հայերը յոյներու հետ միասին պատրաստ են ապստամբելու Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Նման առաջարկներով ան դիմած էր Լիւդովիկոս 14ին ապա հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ կրկին ժամանած Փարիզ՝ բանակցութիւնները շարունակելու համար: Պատուիրակութեան կազմին մէջն էր նաեւ Յովհաննէս Թութունջի վարդապետը, որ նախապէս եղած էր Ախթամարի կաթողիկոս: Ապա ան ճամբորդած էր Եթովպիա՝ այդ երկիրը եւս ընդգրկելու հակաթուրքական պայքարի դաշինքին մէջ:

            Հայազգի գործիչները զանազան միջոցներու կը դիմէին համոզելու արեւմուտքը հակաթրքական գործողութիւններու դիմելու: Նման փորձերէն էին Արիստակէս վարդապետի դիմումը Հռոմի պապին, որտեղ ան առաջարկած էր իր ծառայութիւնները՝ ստեղծելու եւ փորձարկելու զէնքի նոր տեսակ, որ սորված էր Չինաստանի մէջ: Ան կը հաւաստիացնէր, թէ այդ զէնքի դէմ «ոչ բերդ, ոչ սար, ոչ ձոր, ոչ ծով, ոչ ցամաք, ոչ բազմութիւն, զօրքերու եւ զինուորներու իմ գիտցած բանի հնարքին դէմ չի կրնար կենալ»:

            Քաղաքական իրականութեան փոփոխութիւնները նպաստաւոր չեղան նման ծրագիրներու իրականացման համար: Ֆրանսան շուտով ստանձնեց Թուրքիոյ հովանաւորելու քաղաքականութիւն: Հայ քաղաքական ուժերը ստիպուած էին ապաւինիլ հակաթրքական նոր ուժերու՝ Աւստրիոյ, Հունկարիոյ, Գերմանիոյ ու Լեհաստանի համագործակցութեան: Թուրքիոյ յարձակողական արշաւանքները դէպի Հունկարիա եւ Աւստրիա ոտքի հանեցին նաեւ տեղի հայ գործիչներուն: Անոնք զէնքով ու հետախուզական ծառայութիւններով իրենց նպաստը կը բերէին Վիեննայի եւ Պուտաբեշտի պաշտպանութիւններուն:

            2-Իսրայէլ Օրի

          Էջմիածնի 1677 թ. ժողովը եւ Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսի պատուիրակութիւնը:

             Հայաստանի ազատագրութեան խնդիրը ոչ միայն Արեւմտեան, այլեւ Արեւելեան Հայաստանի գործիչներու քննարկման առարկան էր:

            1677 թուականին, Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոսը Էջմիածնի մէջ կը գումարէ գաղտնի ժողով, ուր կը քննարկուի Հայաստանի ազատագրութեան հարցը: Ժողովին մասնակցած էին հոգեւոր ու աշխարհիկ 12 գործիչներ: Ներկայ էին Սիւնիքի ու Արցախի մելիքները: Այս ժողովին որոշում կ՛առնուի դիմել Եւրոպական պետութիւններու օգնութեան: Այդ նպատակով կը կազմուի պատուիրակութիւն մը, որ 1678 թ.ի վերջերը Յակոբ Ջուղայեցիի գլխաւորութեամբ կը հասնի Կոստանտու Պոլիս՝ Եւրոպա անցնելու նպատակով: Մօտ երկու տարի մնալէ ետք Կոստանտնու Պոլսոյ մէջ Յ.Ջուղայեցի հիւանդութենէ կը մահանայ, իսկ պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Հայաստան: Սակայն պատուիրակութեան հետ մեկնած 20 ամեայ երիտասարդ Իսրայէլ Օրին, որ Սիւնիքի մելիք Իսրայէլի որդին էր, չի վերադառնար:

            Ան կը շարունակէ ճանապարհը եւ Կոստանտնու Պոլիսէն կը մեկնի Իտալիա, հոնկէ կ՛անցնի Ֆրանսա: Այնտեղ ան կը մտնէ զինուորական ծառայութեան մէջ եւ կը ստանայ սպայի աստիճան: Այնուհետեւ կը տեղափոխուի Գերմանիա, կը հաստատուի Դիւսելդոր‎ֆ քաղաքին մէջ, ուր կը ներկայանայ կայսեր ընտիր իշխան Յովհան Վիլհեմին եւ անոր հետ կը քննարկէ Հայաստանի ազատագրութեան մասին իր մտորումները:  Յովհան Վիլհեմը հետաքրքրուած է Իսրայէլ Օրիի մտայղացումով եւ խոստացած աջակցիլ:

            Մօտ քսան տարի Իսրայէլ Օրին դեգերած է Եւրոպայի մէջ: Յովհան Վիլհէմի խորհուրդով Օրին որոշած է այցելել Հայաստան՝ իրավիճակին ծանօթանալու եւ բանակցութիւններ վարելու համար: Ան ժամանած է Հայաստան, այցելած է Էջմիածին, ապա ճամբորդած Սիւնիք:

            Օրին Հայաստանի մէջ եւ Անգեղակոթի ժողովը

 Սիւնիքի Անգեղակոթ գիւղին մէջ մելիք Սաֆրազիի եւ Օրիի ջանքերով 1699 թ. կը հրաւիրուի գաղտնի խորհրդակցութիւն: Այնտեղ կը վճռուի լիազօրել Իսրայէլ Օրիին, շարունակելու բանակցութիւնները ինչպէս եւրոպական երկիրներու, այնպէս ալ ռուսական իշխանութիւններու հետ: Այդ նպատակով Մելիքները իրենց կնիքներով եւ ստորագրութիւններով հաստատուած նամակներ կը յանձնեն Իսրայէլ Օրիին եւ անոր ուղեկցող Մինաս վարդապետ Տիգրանեանին:

            Յովհան Վիլհէմին յղուած նամակին մէջ հայ մելիքներն ու զինուորականները խնդրած էին արագացնել Հայաստան զօրք ուղարկելը: Անոնք միաժամանակ յայտնած էին, որ փոքրաթիւ օգնական զօրքով Հայաստան ժամանելու պարագային, իրենք Հայաստանի թագաւորութիւնը վերականգնելու համար անմիջապէս զինուած ապստամբութիւն կը բարձրացնեն: Ռազմական օգնութեան դիմաց մելիքները պատրաստակամ էին Յովհան Վլիհեմին ճանչնալ որպէս հայոց թագաւոր: Անոնք տեղակացուցած էին նաեւ, որ իրենք ռազմական պատրաստութիւն տեսած են եւ երբ իշխանի զօրքերը ժամանեն Հայաստան իրենք անմիջապէս կ՛ապստամբեն՝ պարսիկներուն երկրէն դուրս քշելու համար:

            Հայաստանի ազատագրութեան Պֆալցեան ծրագիրը

 Վերադառնալով Եւրոպա Իսրայէլ Օրին կը կազմէ Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր եւ ներկայացուցած Յովհան Վիլհեմին: Այնտեղ թուարկուած էին այն ուղիներն ու միջոցները, որոնք անհրաժեշտ էին պարսիկները Հայաստանէն վտարելու համար: Ծրագրին համար կարեւոր տեղ յատկացուած էր ինչպէս Եւրոպայէն սպասուած օգնութեան, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ հայկական ապստամբանական ուժերու մասնակցութեան հարցին: Ծրագրաւորուած էր ապստամբութիւնը մասնակից դարձնել եւ ազատագրական շարժման մէջ ընդգրկել նաեւ օսմանեան լծի տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանը: Յովհան Վիլհէմը հաւանութիւն տուած է Իսրայէլ Օրիի ծրագրին եւ առաջարկած երթալ Ֆլորենիա եւ Վիեննա՝ անոնց տիրակալներու համաձայնութիւնը եւս ստանալու համար: Ֆլորենիայի դուքսը խոստացած է զօրք տարամադրել, իսկ Վիեննայի արքունիքի մէջ հրաժարած են մասնակցիլ Հայաստանի ազատագրման գործին, քանի որ թուրքիոյ հետ 1699 թ. արդէն կնքած էին հաշտութեան պայմանագիր:

            Եւրոպայի մէջ երկար դեգերելէ եւ յաջողութեան չհասնելէ ետք՝ Իսրայէլ Օրին կը համոզուի, որ Թուրքիոյ եւ Պասկաստանի տիրապետութեան դէմ պայքարելու համար, այդ պահուն Հայաստանի համար իրական դաշնակից կրնար ըլլալ միայն Ռուսիան:

          Իսրայէլ Օրին Ռուսիոյ մէջ

 1701 թ. ամրան Իսրայէլ Օրին Ռուսիա կ՛երթայ եւ Պետրոս Ա. կայսրին կը ներկայացնէ Ռուսիոյ օգնութեամբ Հայաստան ազատագրելու իր ծրագիրը: Նախատեսուած էր կազմակերպել 25 հազարանոց բանակ, որուն մէկ մասը՝ 10 հազարը, Հիւսիսային Կովկասէն պէտք է մտնէր Վրաստան: Այնուհետեւ ռուս-վրացական զօրքերուն պէտք է միանային նաեւ ապստամբութիւն բարձրացուցած հայերու զինուած ուժերը: Կ՛ենթադրուէր Արեւելեան Հայաստանը ազատագրել շատ կարճ ժամանակի մէջ, որովհետեւ թուլցած Պարսկաստանը չէր կրնար դիմադրել այդ միացեալ բանակին:

            Պետրոս Ա.-ը, որ այդ ժամանակ զբաղած էր հիւսիսային պատերազմով, յուսադրած է Իսրայէլ Օրիին, թէ պատերազմի աւարտէն յետոյ կը զբաղի այդ հարցերով: Միաժամանակ Պարսկաստանի եւ Անդրկովկասի մէջ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու նպատակով՝ Պետրոս Ա.-ը որոշեց դեսպանութիւն ուղարկել Պասրկաստան: Դեսպանութեան ղեկավար նշանակուեցաւ Իսրայէր Օրին, որուն տրուեցաւ ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան: Դեսպանութեան նկատմամբ կասկածներ չյարուցելու նպատակով՝ Իսրայէր Օրին նախ գնաց Եւրոպա: Ան իր հետ վերցուց նաեւ Հռոսի պապի նամակը՝ ուղղուած պարսից շահին, ուր կը խնդրէր քրիստոնեայ բնակչութեան նկատմամբ հալածանքներ թոյլ չտալ:

          Պարսկական դեսպանութիւնը եւ Իսրայէր Օրիի բանակցութիւնները

            Ռուսիոյ մէջ ստանալով Պետրոս Ա.-ի յանձնարարութիւններն ու նամակները՝ Իսրայէլ Օրին 1708 թ. հասաւ Շամախի քաղաքը: Ռուսական դեսպանութեան ղեկավարի հայազգի ըլլալու հանգամանքը՝ Անդրկովկասի մէջ մեծ տպաւորութիւն գործեց: 1709 թ. Իսրայէլ Օրին շարունակեց իր ճանապարհը, եղաւ Պարսկաստանի մայրաքաղաք Սպահան եւ նոյն թուականի կիսուն վերադերձաւ Անդրկովկաս:

Անդրկովկասի մէջ ան կապեր հաստատեց Ղուբայի եւ Շամախի խաներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազատագրութեան համար պայքարելու պատրաստակամութիւն յայտնած տարբեր գործիչներու հետ: Ան մեծ աշխատանք կատարեց նաեւ Ռուսիոյ նկատմամբ համակրանք ստեղծելու ուղղութեամբ:

Ռուսիա վերադառնալու ժամանակ Իսրայէլ Օրիին միացաւ նաեւ Գանձասարի կաթողիկոս՝ Եսայի Հասան-Ջալալեանը: Աստրախանի մէջ 1711 թ.ին, Իսրայէլ Օրին անակնկալ մահացաւ, իսկ Եսայի Հասան-Ջալալեանը վերադարձաւ Արցախ:

Մեծ է Իսրայէլ Օրիի գործունէութեան նշանակութիւնը ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ: 17-րդ դարու վերջի եւ 18-րդ դարու սկիզբի հայ ազատագրական շարժման զարթօնքը մեծապէս կապուած է անոր անուան հետ: Ան Հայաստանի ազատագրուեթան հարցը դրաւ գործնական հողի վրայ՝ կապելով Ռուսիոյ հետ: Օրին գիտցած էր ընդհանուր թշնամիի դէմ բոլոր հնարաւոր դաշնակիցները համախմբելու նշանակութիւնը: Այդ պատճառով ալ բանակցութիւններ վարած էր ինչպէս վրաց Արչիլ թագաւորին, այնպէս ալ պարսկական տիրապետութենէն դժգոհ շրջակայ մահմետական տիրակալներուն հետ:                    

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply