Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
%%anc%%
19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ

Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ մշակութային յառաջընթացքի պայմաններ չկային: Այդ պատճառով հայկական մշակոյթը պահպանուած ու զարգացած էր գերազանցապէս Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարբեր երկիրներու հայկական գաղութներու մէջ: Այս շրջանին հայկական մշակոյթի աչքի ինկող կեդրոններէն էին՝ Թի‎ֆլիսը, Կոստանդնուպոլիսը, Մոսկուան, Աստրախանը, Նոր Նախիջեւանը, Վենետիկը, Կալկաթան եւ այլ քաղաքներ: Արեւելեան Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ միացումէն յետոյ մշակութային աշխուժացում նկատուած էր: Սակայնի այնտեղ մշակոյթի բուռն զարգացումը տեղի ունեցաւ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն:

1-Լուսաւորութիւն, Գիտութիւն

Լուսաւորութիւն.- Կրթական-լուսաւորական էական դեր կատարած էին դպրոցները: 19րդ դարու առաջին կիսուն մեծ առաջընթաց կատարուեցաւ ուսումնական գործին մէջ: Հիմնուեցան այնպիսի դպրոցներ, որոնք ամբողջ հայութեան համար տեւական կրթական-մշակութային կարեւոր կեդրոններ դարձան: Աստարխանի մէջ 1810թ. բացուեցաւ Աղաբաբեան դպրոցը: Լազարեան գերդաստանի համբաւաւոր ներկայացուցիչ Յովհաննէս Լազարեանի կտակի համաձայն՝ Մոսկուայի մէջ 1815թ. բացուեցաւ Լազարեան ճամարանը: Ուսումնական այս օճախը գործեց աւելի քան մէկ դար եւ դարձաւ հայագիտութեան, արեւելագիտութեան, առհասարակ մշակութային ճանչցուած կեդրոն: Ներսէս Աշտարակեցիի ջանքերով 1824թ. համանման դպրոց հիմնուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, որ հիմնադրողի անունով կոչուեցաւ Ներսիսեան: Երեւանի մէջ 1832թ.  հիմնադրուեցաւ գաւառական, իսկ 1837թ.՝ թեմական դպրոցը: Մէկ տարի յետոյ թեմական դպրոց բացուեցաւ Շուշիի մէջ: Հայկական դպրոցներ բացուած են Վենետիկի, Զմիւրնիայի, Կոստանդնուպոլսոյ, Կալկաթայի, Վանի, Էրզրումի, Փարիզի եւ այլ բնակավայրերու մէջ: Բացուած են նաեւ ծխական դպրոցներ, որոնք անմխիթար վիճակի մէջ եղած են:

Անդրկովկասի մէջ բարձրագոյն դպրոց չըլլալու պատճառով, ուսումնատենչ հայ երիտասարդը մեկնած էին Ռուսիա եւ Եւրոպայի ճաչցուած կրթական կեդրոնները: Այնտեղ կրթութիւն ստացած հայ մտաւորականութեան առաջին սերունդը (Հ.Ալամդարեան, Խ.Աբովեան, Ս.Նազարեան, Ղ.Ալիշան եւուրիշներ) ակնառու դեր կատարեց լուսաւորութեան ու մշակոյթի ասպարէզի  մէջ:

Յաջողութիւններ նկատուած են նաեւ լուսաւորութեան այլ բնագաւառի մէջ՝ ամսագրերու ու թերթերու՝ պարբերական մամուլի հրատարակութեան մէջ, որոնք բոլորը լոյս տեսած են Հայաստանէն դուրս: Այս շրջանի նշանաւոր պարբերակներէն են «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Շտեմարարն», «Ազգասէր» (Կալկաթա), «Լրագիր» (Կ.Պոլիս), «Հայրենասէր» (Զմիւռնիա), «Կովկաս», «Արարատ» (Թիֆլիս) հանդէսները:

Գիտութիւն.- Հետաքրքիր աշխատանքներ կատարուած են գիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ: Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղ.Ինճիճեանը հրապարակած է պատմաաշխարհագրական շարք մը ծանռակշիռ աշխատութիւններ: Վիեննայի մէջ լոյս տեսած է Հ.Գաթրճեանի «Տիեզերական Պատմութիւն» երկհատորեակը: Հրատարակուած է Ռուս պատմաբան Սերգէյ Գլինկայի «Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան Տեսութիւն» աշխատութիւնը: Արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններէն է քանի մը հեղինակներու շուրջ 50 տարուայ համատեղ աշխատանքի արդիւնքը՝ «Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» գիրքը: Երկու ստուար հատորներէ բաղկացած այդ բառարանը մինչեւ այսօր չէ կորսնցուցած իր գիտական արժէքը:

Հետաքրքրութիւնը մեծցած է բնական գիտութիւններու նկատմամբ: Նշանաւոր բժիշկ-գիտնական Պետրոս Գալանթարեանը, որ լաւ ծանօթ էր Եւրոպական եւ Արեւելեան բժշկութեանը, հրատարակած է «Բժշկարան» ուսումնասիրութիւնը: Դասագիրքեր, հետազօտութիւններ կատարուած է թուաբանութեան եւ երկրաչափութեան վերաբերեալ:

2-Գրականութիւն եւ արուեստ

Գրականութիւն.- 19րդ դարու առաջին կէսին ձեւաւորուած է հայ նոր գրականութիւնը: Հայ գրականութեան այս նոր փուլը նախապատրաստելու գործին մէջ նշանակելի է Հ.Ալամդարեանի, Մ.Թաղիաթեանի եւ յատկապէս Խ.Աբովեանի դերը: Յարութիւն Ալամթանեանը (1795-1834) որպէս ուսուցիչ աշխատած է Լազարեան ճամարանի եւ Ներսիսեան դպրոցներուն մէջ: Իր ոչ մեծաքանակ քնարական բանաստեղծութիւններով ան նոր երանգ բերած է գրականութեան մէջ, երգած աշխարհիկ կեանքը, սէրը: Մեսրոպ Թաղիադեանը (1803-1858) ապրած ու գործած է Հնդկաստանի մէջ: Ան գրական, մանկավարժական բեղմնաւոր գործունէութիւն ծաւալած է, թողած գրական հարուստ ժառանգութիւն: Թաղիադեանը ջերմ հայրենասէր էր: «Մեր արմատը,-գրած է ան,- մեր հայրենիքն է: Ով որ կ՛ուզէ երջանիկ ըլլալ, ան պէտք է նախ եւ առաջ ձգտի հայրենիքի երջանկութեան»:

Խաչատուր Աբովեանը (1809-1847) 19րդ դարու առաջին կիսուն հայ գրականութեան եւ լուսաւորութեան շարժման ամենանշանաւոր դէմքն է, հայ նոր գրանկանութեան հիմնադիրը, լուսաւորիչը, մանկավարժը: Ան սորված է Էջմիածինի եւ Թիֆլիսի Նէրսիսեան դպրոցներուն մէջ, Ապա նշանակուած է կաթողիկոսի թարգմանն ու գրագիրը:

1829թ. Էջմիածին եկած է Դորպատի (Տարտու) համալսարանի փրոֆէսոր Պարրոտի արշաւախումը՝ Արարատ լեռը բարձրանալու համար: Աբովեանը, որպէս թարգմանիչ, միացած է արշաւախումբին եւ անոնց հետ բարձրացած Արարատի գագաթը: Ուշիմ պատանին գրաւած է Պարրոտի ուշադրութիւնը եւ վերջինիս ջանքերով ընդունուած Դորպատի համալսարան: Վեց տարիներու ուսման ընթացքին Աբովեանը հիմնաւոր կրթութիւն ստացած է, տիրապետած քանի մը լեզուներու: Վերադառնալով հայրենիք՝ ան Թիֆլիսի ապա Երեւանի մէջ նուիրուած է գրական-մանկավարժական աշխատանքներու: 1848թ. Ապրիլ 2ին ՝ առաւօտեան, դուրս ելած է տունէն եւ այլեւս չէ վերադարձած: Մինչեւ այսօր պարզուած չէ անոր անյայտացման պատճառը:

Իր բեղմնաւոր գործունէութեամբ Աբովեանը ձգտած է դպրոցները դուրս բերել յետամանց վիճակէն: Անոր նախաձեռնութեամբ վերացուած են մարմնական պատիժները: «Մանուկները կրթելը,- ըսած է ան,- աշխարհիս երեսին ամէն բան է ինծի համար… Ուսուցիչը պէտք է սիրէ աշակերտը անյպէս, ինչպէս հայրը՝ որդիին»:

Մեծ է Աբովեանին գրական վաստակը: Անոր ստեղծագործութիւններու գլուխ գործոցը հռչակաւոր «Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի» պատմավէպն է: Անոր մէջ գեղարուեստօրէն ներկայացուած է 19րդ դարու առաջին տասնամեակի պատմական անցքերը: Վէպի հիմնական գաղափարը հայրենասիրութիւնն ու ազատութիւնն է: «Շո՛ւնչդ տուր, հոգի՛դ,- բայց քու հայրենիքդ մի՛ տար թշնամիին»: Դրուատելու Ռուսիոյ կատարած դրական դերը՝ ան գրած է, «Օրհնուած ըլլայ այն սահաթը, երբ ռուսերը ոտ դրին մեր հայկական հողը»:

«Վէրք Հայաստանին» աշխարահաբար լեզուով գրուած առաջին վէպն է: Անով սերունդներ դաստիարակուած են: Խաչատուր Աբովեանը նոր ուղի բացաւ գալիք սերունդներու համար:

Արուեստ.- Արուեստը զարգացում ապրեցաւ, իր բազմաճիւղերով: Կերպարուեստի մէջ նշանաւոր է Յովնաթանեաններու գերդաստանը: Յակոբ Յովնաթաեանը (1809-1884) ապրած եւ ստեղծագործած է հիմնական Թիֆլիսի մէջ: Ան դիմանկարչութեան ժամանակի ճանչցուած վարպետն էր, որու գործերէն մեզի հասած են շուրջ 60 կտաւ: Աղաֆոն Յովնաթանեանը, աւարտելով Բեդերսպուրկի գեղարուեստի ակադեմիան, զբաղած է գեղանկարչութեան տարբեր ճիւղերով: Նոյնպէս Բեդերսպուրկի գեղարուեստի ակադեմիան աւարտած է ղրիմահայ Յովհաննէս Այվազոսկին, որ դարձաւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ: Այդ նոյն ակադեմիային մէջ կրթութիւն ստացած է նաեւ Աբովեանի մանկութեան ընկեր՝ Ստեփան Ներսիսեանը, որու գործերէն նշանաւոր են Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Պեթհովենի դիմանկարները նաեւ «Խնճոյք Գետափին» նկարը:

Երաժշտութեան մէջ աչքի ինկած է Համբարձում Լիմոնճեանը: Ան ստեղծած է հայկական նոդաները: Այդ նոդաներով իր հետեւորդներու հետ ձայնագրած են եկեղեցական շարականներ, ժողովրդական երգեր ու պարեր: Մեծն Կոմիտասը ուշադրութիւն դարձուցած եւ բարձր գնահատած է Հ.Լիմոնճեանի դերը:

Աշխուժութիւն նկատուած է թատերական արուեստի բնագաւառին մէջ: Թերեւս մասնագիտացուած թատրոններ չկային, բայց դպրոցներու մէջ եւ այլ տեղեր կազմակերպած էին սերտողական ներկայացումներ: Նման ներկայացումներ կազմակերրպուած են Թիֆլիսի, Ղրիմի, Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղութներու մէջ: 1827թ. Երեւանի մէջ դեկաբրիստ սպաներու մասնակցութեամբ առաջին անգամ բեմադրուեցաւ Ա.Գրիբոյէդովի «Խելքից Պատուհաս» բիէսը:

Թուք-Պարսկական տիրապետութեան ընթացքին գրեթէ դադրած էին շինարարական աշխատանքները: Հետեւաբար, վերացած էին ճարտարապետութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները: Հարուստ աւանդութիւններ ունեցող հայ ճարտարապետութիւնը զարգացած է փոքր ձեւերով: Ստեղծուած էին նրբաճաշակ խաչքարեր, մատուռներ, տապանաքարեր, դարպասներ եւայլն: Գողտրիկ յուշարձաններու ստեղծումը նպաստեց քանդակագործութեան զարգացման: Հայ վարպետներու նուրբ քանդակներով ստեղծուած խաչքարերն ու շիրմաքարերը արուեստի սքանչելի գործեր են:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …