Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ՍԱՆ ՍՏԵՖԱՆՈՅԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ

ՍԱՆ ՍՏԵՖԱՆՈՅԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ

1877-1878ին, Ռուս-թրքական պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: Պատերազմի ընթացքին հայկական նահանգներու հայութիւնը ենթարկուեցաւ կոտորածներու. հայութիւնը վատ վիճակի մէջ էր: Թուրքիոյ պարտութեան լոյսին ներքեւ՝ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը՝ 1878ի Մարտ 3ին:

Այս դաշնագրին որպէս արդիւնք անկախացաւ Պուլկարիան: Հայ ազգին եւ Հայաստանին վերաբերող հարցերուն՝ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը անդրադարձաւ իր թիւ 16 յօդուածով:

16րդ յօդուածի տրամադրութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.-

ա.-Ռուսիան իր տարածքին մէջ կ‏’առնէր Պաթումը, Արտահանը, Կարսը, Պայազիտը եւ Ալաշկերտը:

բ.-Ռուսիան իր զօրքերը կը պարպէր Էրզրումէն:

գ.-Հայկական վարչական ինքնավարութեան դրոյթը կը հաստատուէր Էրզրումի, Վանի եւ Մուշի նահանգներուն մէջ:

դ.-Ինքնավարութեան դրոյթի հաստատումը պիտի ըլլար ռուսական բանակի հսկողութեան տակ. այս դրոյթի հաստատումէն ետք է, որ Ռուսիան իր զօրքերը պիտի պարպէր վերոյիշեալ երեք նահանգներէն:

Ի տես թրքական պարտութեան եւ Սան ՍտեՖանոյի պայմանագրի ստորագրութեան՝ Անգլեան սկսաւ դիւանագիտական մեծ ճնշումներ բանեցնել Ռուսիոյ վրայ, որպէսզի չգործադրուի Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը: Օրուան Անգլիոյ վարչապետ՝ Տիզրայէլի ինք վարեց վերոյիշեալ քաղաքականութիւնը: Անգլիան օսմանեան կայսրութենէն ստանալով Կիպրոսը՝ երաշխաւորեց թուրքերուն Սան ՍտեՖանոյի դաշնագրի վիժումը իրականացնել: Անգլիոյ այս ճիգերուն միացաւ նաեւ Գերմանիան յանձինս անոր վարչապետ՝ Պիսմարքի ջանքերուն:

Անգլիոյ այս ճնշումները յանգեցան Սան ՍտեՖանոյի դաշնագրի վիժումին ու ձախողութեան:

Սան ՍտիՖանոյի դաշնագրին փոխարինեց Պերլինի վեհաժողովը՝ 13 Յուլիս 1878ին: Միջազգային բնոյթ կրող այս վեհաժողովին կը մասնակցէին զանազան գերպետութիւններ: Ժողովի հայկական պատուիրակութիւնը կազմուած էր հետեւեալ անձնաւորութիւններէ՝ Խրիմեան Հայրիկ, Նարպէյ Եպիսկոպոս, Մինաս Չերազ:

Պերլինի վեհաժողովը հայկական հարցին անդրադարձաւ իր թիւ 61 յօդուածով, որ կարելի է բանաձեւել հետեւեալ կէտերուն մէջ.-

ա.-Թուրքիան իր տարածքներուն պիտի միացնէր Պաթումը, Արտահանը եւ Կարսը:

բ.-Թուրքան իր զօրքերը պիտի պարպէր Պայազիտէն եւ Ալաշկերտէն:

գ.-Բարենորոգումներ պիտի կատարուին հայերով բնակուած նահանգներուն մէջ:

դ.-Բարձր Դուռը (Սուլթանը) Պերլինի վեհաժողովը ստորագրող պետութիւններուն պարբերաբար տեղեկութիւններ պիտի տայ այդ բարենորոգումներուն մասին:

Ուրեմն ինքնավարութիւնը փոխուած էր բարեփոխումներով եւ չկային յատուկ նահանգներ, ուր պէտք է կատարուէին այդ բարեփոխումները, իսկ այդ բարեփոխումներու իրագործման հարցին շուրջ երաշխաւորող կողմ չկար:

Պերլինի վեհաժողովին առնչութեամբ՝ երկու միտքեր ինքզինք կը պարտադրեն.-

ա.-Հակառակ իր բոլոր պակասութիւններուն եւ հակառակ հաշմանդամութեան եւ անիրագործելի ըլլալուն, Պերլինի վեհաժողովը միջազգային բեմի վրայ առաջին արծարծումն է հայկական հարցին. հայութեան համար իրաւունք մը, Թուրքիոյ համար պարտաւորութիւն մը, իսկ մեծ պետութիւններուն համար պարտականութիւն մը:

Պերլինի վեհաժողովը կը մնայ հայկական հարցի օրինական հիմքը, որ զայն դրոշմեց մինչեւ 1914 թուականը:

բ.-Առաջին օրէն հայկական հարցը ներկայացաւ որպէս քար՝ մեծ կայսրութիւններու եւ պետութիւններու խաղատախտակին վրայ, որ օգտագործուեցաւ ոչ թէ հայ ազգի համար արդարութիւն հաստատելու, այլ՝ իրենց (մեծ պետութիւններուն) սեփական շահերը հետապնդելու որպէս միջոց օգտագործուեցաւ միշտ:

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …

Leave a Reply