Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա.ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա.ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Ապտուլ Համիտ Բ.ը ոչ միայն ոչ թուրքերու, այլ թուրքերու կողմէ սկսած էր մերժելի դառնալ:

Փարիզի մէջ հաստատուած Ահմէտ Ռիզաի շուրջ կը հաւաքուէին այլախոհ տարրեր, «Երիտասարդ Թուրքերու շարժում» անունով:

Երբ Սապահէտտին իշխանը կը կազմէ «Ազատական» կուսակցութիւնը, Երիտ Թուրքերը կը ստեղծեն «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը, կեդրոն ունենալով՝ Սելանիկը: Այս շարժումը հետզհետէ հետեւորդներ կը սկսի ունենալ թուրք սպաներու, պաշտօնեաներու եւ մտաւորականութեան շարքերէն: Ճնշուած ժողովուրդներու յեղափոխական կուսակցութիւններն ալ կը սկսին գործակցիլ անոր հետ, որովհետեւ անոր յայտարարած նպատականերէն էր՝ Օսմանեան Կայսրութիւնը վերածել դաշնակցային զօրաւոր յառաջդիմական ուժի, ուր բոլոր ժողովուրդներն ու ազգերը՝ թուրք, հայ, քիւրտ, արաբ, մակեդոնացի, եւ այլն, պիտի ունենային իրենց իրաւունքները ընդդէմ միւս կայսերապաշտ ուժերուն (Գերման, ռուս, եւայլն):

1908ի Յուլիսին «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը՝ Մակեդոնիոյ թուրք բանակին ճիգերով կը տապալէ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ը: Սուլթանը կը պարտաւորուի Օսմանեան Կայսրութիւնը «Սահմանադրական Միապետութիւն» յայտարարել, ուր երաշխաւորուած պիտի ըլլային անհատական եւ հաւաքական ազատութիւնները:

1909ի Ապրիլին, սուլթանին հաւատարիմ ուժերը կը փորձեն իրագործել հակայեղափոխութիւն, որ կը ձախողի: Հայերը կը նպաստեն այս ձախողութեան գործին, օգնելով Երիտասարդ Թուրքերը այս շրջանին:

Սակայն նոյն օրերուն տեղի կ‏’ունենան Ատանայի ջարդերը, որուն զոհ կ‏’երթան 30.000 հայեր: Հայութեան համար յստակ չ‏’‏ըլլար այդ օրերուն թէ Ատանայի ջարդերը հին ռէժիմին վրէժխնդրութեան վերջին պա՞րտքն էր, թէ Երիտ թուրքերուն նոր ռեժիմին առաջին գիտակից շարժումը. յետագային պիտի բացայայտուէր Երիտ թուրքերու մեղսակցութիւնը տեղի ունեցած ջարդերուն:

Ժամանակի ընթացքին «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան ղեկավարութեան գլուխ կ‏’անցնին ծայրայեղ եւ ցեղամոլ տարրեր՝ փոխարինելով Ահմէտ Ռիզայի նման չափաւոր տարրերու:

Այս նոր ղեկավարութիւնը արտաքին ճակատի վրայ սերտ գործակցութիւն կը մշակէ Գերմանիոյ հետ: Իսկ ներքին ճակատի վրայ կը կիրարէ թրքացման քաղաքականութիւն:

1912ին, Պալքանեան Ա.պատերազմին՝ հայերը հաւատարիմ գործակիցը կ‏’ըլլան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, սակայն այս պատերազմին Թուրքիա կը կորսնցնէ եւրոպական իր բաժնին մեծ մասը (Մակեդոնիա, Արեւմտեան Թրակիա): Թուրքերը կը վախնան, որ Ասիոյ բաժնին մէջ ալ այլ ազգեր ուզեն անջատուիլ Թուրքիայէն, ուստի արաբներու եւ քիւրտերու նկատմամբ կը կիրարեն թրքացման քաղաքականութիւն, իսկ հայերու նկատմամբ արդէն անոնց մէջ կը ձեւաւորուէր հայերէն ձերբազատուելու համոզումը:

1913-1914ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կը հրապարակուի բարենորոգումներու նոր ծրագիր: 1914ի Փետրուարի 8ին կը ստորագրուի բոլոր մեծ ուժերու (ներառեալ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ) միջեւ բարենորոգումներ իրագործելու համաձայնագիր մը, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ ձեւով.-

Հայկական նահանգներու համար նշանակել չէզոք երկիրներէ ընտրուած քննիչներ, որոնք կը հսկեն հայկական նահանգներու վարչական գործերը: Երկու քննիչներէն մէկը Հոլանտացի Վեսթենկը, միւսը՝ Նորվեկիացի՝ ՀոՖը կը հասնին Վան եւ Էրզրում: Սակայն կը պայթի համաշխարհային Ա.պատերազմը:

Համաշխարհային Ա.պատերազմի նախօրեակին հայութեան թիւը կը պարզէր հետեւեալ պատկերը.-

Ընդհ.թիւ՝                                                         4.100.000

Օսմանեան կայսրութեան տարածքին՝          2.100.000, որոնմցէ 1.400.000ը թրքահայաստան եւ

Կիլիկիա:

Ռուսիա՝                                                          1.700.000, որոնցմէ 1.300.000ը ռուսահայաստան:

Պարսկաստան՝                                               100.000:

Մնացած երկիրներ՝                                        200.000:

Այսինքն՝ 4.100.000էն 2.700000կ կ ‘ապրէր պատմական Հայաստանի տարածքներուն վրայ:

 

 

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …

Leave a Reply