ՀԱՅ ԴԱՏԸ

Hay tad

Հայ Դատը՝ հայ ազգի կողմէ իր պատմական հայրենիքին մէջ, իր սեփական պետականութեամբ, ինքնիշխան եւ ազատ ապրելու համար մղուող պայքարն է, նուիրագործելու համար իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ:

-Ազգը մարդկային հաւաքականութիւններու կամ խումբերու ամենակազմակերպուած եւ զարգացած մակարդակն է: Մարդկութիւնը անցած է երկար ճանապարհէ, հասնելու համար «ազգ»ին (տոհմ, ցեղ, եւ այլն):

Ազգի մը զաւակները իրարու կը միացնեն նոյն հայրենիքը, նոյն լեզուն, հասարակաց պատմութիւնը, մշակոյթը, նոյն երազներն ու նպատակները, հասարակաց գիտակցութիւնը, նոյն ազգին պատկանիլը եւ մասամբ նոյն կրօնքը:

-Այն աշխարհագրական տարածքը, ուր ազգը կ‏þապրի եւ կը կենսագործէ կը կոչուի հայրենիք:

Հայրենիքը ազգին բնօրրանն է:

Հայրենիքի աշխարհաքաղաքական, Ֆիզիքական յատկութիւնները, որոշ դրոշմ մը կու տան ազգին: Իսկ ազգն ալ այդ տարածքին կու տայ իր ինքնուրոյն դիմագիծը: Նոյնպէս հայրենիքի աշխարհագրական դիրքը եւ հարեւան ազգերն ու ցեղերը որոշ իւրայատկութիւն կու տան ազգի մը նկարագրին:

-Պետականութիւնը ազգի մը անդամներու փոխյարաբերութիւնները բնորոշող ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն օրկանն է եւ կþերաշխաւորէ ազգի եւ հայերնիքի զարգացումը եւ անվտանգութիւնը:

-Ազգը առանց հայրենիքի դատապարտուած է կորուստի ու ձուլման, իսկ առանց ազգի հայրենիք չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Պետականութիւնը կþերաշխաւորէ ազգի մը յարատեւութիւնը իր հայրենիքին մէջ:

 

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …

Leave a Reply