Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Պատմական Ակնարկ՝
Թուրքերը Հայաստանի Մէջ

Սելճուք Թուրքերը

1045 թուին, երբ հայոց Բագրատունեաց թագաւորութիւնը կը կործանի, Բիւզանդիոնի անհեռատես քաղաքականութեան պատճառաւ երկիրը կ՛իյնայ սելճուքեան տիրապետութեան տակ: Սելճուքի թոռ՝ «Տուղրիլը» եղած է բուն հիմնադիրը սելճուքեան տիրապետութեան: Ան կրցած է իր սուրին տակ հաւաքել նաեւ միւս թուրք ցեղախումբերը:

Տուղրիլի եղբօր որդին եւ յաջորդը՝ Ալփ Արսլան (1062- 1072), իր իշխանութիւնը տարածեց ամբողջ Թիւրքիստանի, Խորասանի, ինչպէս նաեւ Աղուանցիներուն ու վրացիներուն վրայ: Իր ձեռքով էր, որ ինկաւ Անին… Ալփ Արսլանի որդին՝ Մելիք Շահ (1072- 1092), Ասորիքը գրաւելով հասաւ մինչեւ Միջերկրական ծով, Անտիոք:

Սելճուքեան իշխանութիւնը Հայաստանի վրայ եղաւ անտանելի: Շատ քաղաքներ կործենեցան եւ բազմահազար հայեր սպաննուեցան: Սելճուքեան արշաւանքներուն հետեւանքով զանգուածային գաղթ մը սկսաւ Հայաստանէն, յատկապէս դէպի Կիլիկիա, ու յետագային հիմնուեցաւ հայոց Կիլիկեան թագաւորութիւնը:

Թաթարները (1206- 1405)

Ճենկիզ Խան (1206- 1227), որ իր ցեղային պատկանելիութեամբ թուրք կը համարուի, ԺԳ. դարուն Ասիոյ մէջ իր մականին տակ միացուց մոնկոլները, թուրքերը, թունկուզները եւ նման վայրենի ցեղեր, որոնց ընդհանրապէս «Թաթար» անունը կը տրուի պատմութեան մէջ:

Ճենկիզ խան տիրեց Կասպից ծովու Արեւելեան կողմը, ապա իր բանակը երկու մասի բաժնեց. մէկը ղրկեց դէպի Ռուսիայ, իսկ միւսը՝ Պարսկաստանի վրայէն անցնելով հասաւ Հայաստան: 1236-ին անցնելով Պարսկաստանէն Արաքս գետը, թաթարները, Չամաղան զօրավարին առաջնորդութեամբ, մտան Հայաստան:

Թաթարները երկար տարիներ մնացին մեր երկիրը, տարածելով ահ ու սարսափ: 1387-ին «Լենկթիմուր» աշխարհակալը Պարսկաստանէն կը մտնէ Հայաստան եւ ամէն կողմ մահ ու աւեր կը սփրէ: Ան կը մեռնի 1405-ին:

Օսմանեան Կայսրութեան Հիմնադրումը

Օսմանցի թուրքերը Ասիոյ թափառաշրջիկ ցեղերէն մէկն էին: ԺԳ. դարու սկիզբը, իրենց ցեղապետին՝ Էրթողլուրի առաջնորդութեամբ, եկած եւ հաստատուած են Փոքր Ասիայ:

Գոնիոյ Սելճուք թուրքերու տկարացումը պատճառ եղաւ Օսման թուրքերու զորացման: Օսման թուրքերը անուանուած են իրենց տէրութեան հիմնադրին՝ «Օսման»ին անունով: Ան 1299-ին հիմնեց Օսմանեան պետութիւնը:

 

Թանզիմաթ

1839-ին Սուլթան Մէճիտ «Թանզիմաթ»ի օրէնքները հրատարակեց, որուն շնորհիւ հպատակ ժողովուրդներ կարգ մը ազատութիւններ ստացան եւ Պատրիարքին իրաւունքները սահմանափակուեցան, մանաւանդ քաղաքական եւ պատժական մասը: Սուլթանը իր բոլոր հպատակներուն անխտիր կը խոստանար օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն, կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն, հարկերու արդար բաժանում ու գանձում եւ կանոնաւոր զինուորագրութիւն: Այս սկզբունքներով հրատարակուեցան շարք մը օրէնքներ, որոնք «Թանզիմաթ» անունով ծանօթ են:

Թէեւ «Թանզիմաթ»ի բոլոր օրէնքները չգործադրուեցան, բայց անոնք հսկայ յեղաշրջում մը բերին հայ կեանքին մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ հայութիւնը ապրեցաւ զարթօնքի շրջան: Պոլսոյ մէջ զարգացան հայ գրականութիւնն ու միւս արուեստները եւ ստեղծուեցաւ «Ազգային Սահմանադրութիւնը»:

Սուլթան Համիտ Բ. եւ «Համիտեան Ջարդեր»ը

Համիտ Բ իր երկար թագաւորութեան շրջանին կարծես մէկ գլխաւոր մտասեւեռում ունէր՝,  հալածել հայ ժողովուրդը: Պերլինի վեհաժողովէն անմիջապէս վերջ, սկսան անտանելի հալածանքներ, ջարդեր ու խտրականութիւն: Համիտ իր նպատակին հասնելու համար զինեց քիւրտերը: 1894- 1896 տեղի ունեցան «Համիտեան Ջարդերը», որոնց զոհ գացին աւելի քան 300 հազար անմեղ հայեր:

Նոյն շրջանին հայ ժողովուրդին մէջ արթնցան ինքնապաշտպանութեան ու անկախութեան գաղափարները: Յաջորդաբար մէջտեղ եկան հայկական յեղափոխական կուսակցութիւնները, իրենց յեղափոխական գործունէութիւններով, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան ապստամբութիւններ՝ Զէյթունի ու Սասնոյ մէջ:

Թրքական Սահմանադրութեա Հռչակումը Եւ Իթիհատական Թուրքիան

1908-ի Օգոստոս 20-ին Սուլթան Համիտ, Եւրոպական պետութիւններուն աչքին փոշի ցանելու համար Թուրքիոյ մէջ կը յայտարարէ նոր սահմանադրութիւն, որպէս թէ այդ ձեւով բարեկարգումներ մտցուցած պիտի ըլլար երկրին մէջ: Սահմանադրութիւնը թրքական մեծ խաբէութիւն մըն էր:

Հայերը, հաւատալով, որ թուրք պետութիւնը բարենորոգումներու ձեռնարկած է, դադրեցուցին զինեալ պայքարը: Հայ ֆետայիներ լեռներէն իջան, յանձնեցին զէնքերը եւ սկսան խաղաղ կեանք ապրիլ:

1909-ին թրքական անկեղծութիւնը իր ամէնէն փայլուն ձեւով ներկայացաւ Ատանայի կոտորածներով: Կազմակերպութեամբ Իթթիհատական կառավարութեան, սպաննուեցան աւելի քան 30 հազար հայեր: Ջարդերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թրքական բանակն ու թուրք ժողովուրդը: Ջարդերու պատասխանատուութենէն ձերբազատուելու եւ հայկական ու միջազգային կարծիքը խաբելու համար, կառավարութիւնը յանցաւոր գտաւ Սուլթան Համիտը եւ զայն գահընկեց ըրաւ:

Շատ չանցած՝ 1915-ին, Երիտ- թուրքերը փաստեցին, թէ իրենք ալ շատ տարբեր չեն Կարմիր Սուլթանէն: Օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմէն, վերջնականապէս իրականացուցին թուրքիոյ դարաւոր երազը եւ «Լուծեցին» Հայկական Հարցը:

Նայիրի Զագոյեան

Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ 1580-ին

Օսմանցի Թուրքեր

 

 

 

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply