Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ՊԱՏԻԺ-ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

ՊԱՏԻԺ-ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

discipline-children1Գնահատանքը աշակերտներու կամ խմբակի մը վարքի ու գործունէութեան հասարակական գնահատման արտայայտութիւնն է:

Ապրելով բաւարարուածութեան զգացումը, դպրոցականը կը զգայ կայտարութիւն, վստահութիւն իր սեփական ուժերուն եւ յետագայ յառաջընթացքին նկատմամբ:

Կարելի չէ ենթադրել թէ՝ խրախուսանք ու գնահատանքը միշտ օգտակար են: Գնահատանքի դաստիարակչական նշանակութիւնը կ՛աճի երբ ան իր մէջ կը բովանդակէ ոչ միայն արդիւնքի այլ նաեւ գործունէութեան դրդապատճառներու ու եղանակներու գնահատումը:

 Պատիժը,  այն ներգործութիւնն է դպրոցականի անձին վրայ, որ կ՛արտայատէ այդ գործողութիւններուն ու արարքներուն դատապարտումը:

Պատիժը կ՛ուղղէ երեխային վարքը եւ կը սորվեցնէ թէ ո՞ւր ու ինչո՞ւ սխալած է նաեւ կը յառաջացնէ անբաւարարուածութեան եւ անյարմարաւէտութեան, ամօթի զգացումը:

Պատիժները պէտք չէ չարաշահել:

Երբեմն շատ աւելի ազդու են անսպասելի ոչ սովորական նկատողութիւնները:

Պատիժը կեանքի ու բնութեան հիւսուածքի բաղկացուցիչ մէկ մասն է, հետեւաբար կարելի չէ զայն բացաձակապէս զեղչել, արգիլել տան կամ դպրոցի կրթական դրութենէն:

Բնութիւնը կը տնօրինէ իր պատիժները: Մատը ելեկտրական հոսանքին դպցնողը սաստկութեամբ պիտի ցնցուի, քանի զարնուող կուժը պիտի կոտրի: Նոյնպէս սխալներ կրկնող տղեկը անել ու ապարդիւն հետեւանքներու պիտի հասնի, մանաւանդ եթէ դիտումնաւոր ու յարակամութեամբ կը գործէ իր սխալները, ի վերջոյ պիտի հանդիպի զսպիչ եւ արգելիչ ուժերու:

Կարեւորագոյն սկզբունքը այս է՝ թէ պատիժը պիտի ըլլայ իբրեւ բնական հետեւանք չար արարքին:

Պատիժը պէտք է բնական ու տրամաբանական կապ ունենայ յանցանքին հետ:

Խաղը շարունակ խանգարող տղան կերակուրէ զրկելը, որեւէ բնական կամ տրամաբանական կապ չունի, բայց զայն որոշ ժամանակ մը խաղալու իրաւունքներէն զրկերը՝ մինչաւ որ խաղի կարգն ու կանոնը յօժարի յարգել, տրամաբանական կապ է:

Իսկ ծեծի պարագային, կեանքի փորձն ու մանկավարժութիւնը կը հաստատեն թէ ծեծը անիմաստ է:

Ծեծին կամ զօրեղին գործադրած ‎ֆիզիքական ճնշումը կ՛ընկտճ, կը խեղճացնէ պատանին, զինք դարձնելով երկչոտ, իսկ իր հոգւոյն խորքը կը բորբոքի ու կը լեցուի վիրաւորանքով, քէնով ու վրէժխնդրութեան ծարաւով:

Վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ խօսքերը պատանիին խորապէս կը խոցեն եւ անոր մէջ հակադրուելու ցանկութիւն կը յառաջացնէ: Երկու տարբեր բաներ են երբ դաստիարակը պատանիին սխալը կ՛ուղղէ կամ այդ սխալին առիթով պատանիին արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ գլխուն տեղացնելով տեղատարափ որակումներ՝ անճարակ, բթամիտ, հարիւր անգամ կ՛ըսեմ խելքդ չի մտներ, անշնորք…

Միջնակարգի դասարանցիներէն Շիրազն ու Սագօն վերջին դասին կը փախին եւ internet club կ՛երթան, ծնողները կ՛իմանան եւ կը վրդովին: Տղաքը տուն կը վերադառնան սովորականէն ուշ եւ կ՛ըսեն յաւելեալ դաս ունէին:

Հիմա, Շիրազին հայրը լսեց, ուշադիր նայեցաւ տղուն աչքերուն խորքը եւ ըսաւ «ես կը կարծեմ, որ դուն internet club գացեր ես, բայց եթէ չուն կ՛ըսես յաւելեալ դասի ժամեր՝ ես կը հաւատամ քեզի, դուն չես խաբեր չէ՞»:

Շիրազ շփոթած յռեց, անվճռական հօրը շուրջը դարձաւ եւ ի վերջոյ ըսաւ.-

Յաւելեալ դասեր չէր, հայր internet club գացինք: Այդպէս պատասխանեց:

Մինչ Սագոյին հայրը մէկ անգամէն զայրոյթէն պոռթկաց, internet-էն վերադարձող տղան կմկմալով ըսաւ.

-Յաւելեալ դաս էր:
-Սո՛ւտ ես: Գոռաց հայրը զայրոյթէն դողալով: Անամօ՛թ:
Տղան հօր կոպտութեան պատասխանեց կոպտօրէն.
-Ի՞նչ ըրի, որ անամօթ եմ:
-Դուն դասէն փախելով internet-ի գացեր ես:
-Լա՛ւ ըսեր եմ:

Հիմա եթէ վաղը ընկերներէն մէկը կրկին առաջարկէ տղաներուն փախչիլ դասէ, արդեօք Սագոյին հօր կոշտ խստութիւնը պիտի զսպէ զինք, թէ՝ Շիրազին հօր անուղղակի յանդիմանութիւնը…

Սխալող պատանիին դիմաց վերադարձի դուռը չփակենք, մեր անվերապահ ու կտրուկ դատապարտումով: Եթէ պատանին իր ըսած սուտին համար ամօթահար դէմքը կը պահէ եւ դուն դէմքին մտրակի հարուածի պէս «ստախօս» կ՛իջեցնես, արդեօք զինք չե՞ս մղեր դէպի երկրորդ սխալ քայլ, մտածել տալով «զիս ստախօս կը համարէք, էհ, ես ալ կը ստեմ»:

Պատանիին անհնազանդութիւնը կը յուզէ եւ կ՛անհանգստացնէ դաստիարակները յատկապէս ծնողները: Անհնազանդութիւնը սովորաբար կը սկսի աննշան կամ անկարեւոր թուացող մանրուքներէն:

Տասնմէկ տարեկան տղան կը խնդրէ մօր արտօնութիւնը ընկերոջ հետ սինեմա երթալու:Մայրը կը մերժէ: Տղան որսալով հօր հայեացքը կ՛առաջարկէ.

-Ի՞նչ ըսիր հայր, երթա՞մ: Շատ լաւ ‎ֆիլմ է դասարանիս բոլոր ընկերները պիտի երթան:
-Մամայէն հրաման առ, թերեւս կ՛արտօնէ, կ՛ըսէ հայրը:

            Մայրը յաղթահարելով իր անհանգստութիւնը կ՛ըսէ.
-Գնա՛, բայց զգուշ կ՛ըլլաս:

Ամուսինը իր արտայայտութիւնը կնոջ զգալ տուաւ, որ իր դրած արգելքին համաձայն չէ եւ հնարաւորութիւն տուաւ նահանջի: Տղան հոս պիտի մտածէ, որ տեղի տուողը մայրն է ոչ թէ հայրը բեկանեց մօրը վճիռը:

Ուրիշ հայր մը աննրբանկատ երեխայի ներկայութեան կը հեգնէ կնոջը ըսելով.

-Մինչեւ երբ պիտի չարտօնես, հաւու պէս ոտքը պիտի կապե՞ս: Գնա՛ տղաս:

 Ուրեմն անսպասելի չէ, որ քանի մը օր յետոյ այդ տղան տան սեմին ձայն տայ մօրը.-

-Մա՛մ, ես կ՛երթամ Անդոյենց տունը խաղալու:
-Դասերդ սորվիր յետոյ գնա:
-Չէ, հիմա պիտի երթամ:
-Հիմա կարելի չէ, չեմ արտօներ.
-Հայրիկը կ՛արտօնէ: Դո՞ւն մեծ ես թէ հայրիկը:
-Հայրդ տունը չէ:
-Եթէ տունը ըլլար կ՛արտօնէր:

Եւ տղան կ՛երթայ:

Եթէ այս արարքին պատասխանը ըլայ հօր անտարբեր լռութիւնը, յաջորդ անգամ տղան ուղղակի դպրոցէն տեղ կերթայ նոյնիսկ առանց մօրը լուր տալու, չէ՞ որ հայրը տունը չէ, միեւնոյնն է:

Մարդկային յարաբերութիւնները շատ բարդ են: Անհնար է արարքներուն ճիշդն ու սխալը, արդարացին ու անարդարը որոշել ստոյգ չափանիշներով:

Հետեւաբար, անհրաժեշտ է փոխըմբռման ձգտումը եւ փոխադարձ կարծիքը չանտեսալը: Եթէ նոյնիսկ տարբեր կարծիքներ կան, կատարել զիջումներ ի շահ երեխաներուն:

Ինչպէ՛ս խորացնել, ամրացնել լաւ յատկութիւնները եւ ինչպէս վանել վատը: Իսկ այս «ինչպէ՞ս»ը լուծելու համար երրարդ անխուսափելի հարցը կայ՝ «Ինչո՞ւ»ն:

Ինչո՞ւ մեր տղան կամ աղջիկը յամառ եղան: Ինչո՞ւ ամէն ինչ փոխուեցաւ, դժուարացաւ երբ 12-13 տարեկան եղան:

Ճիշդ այս ինչո՞ւներէն պէտք է սկսիլ:

Առաջին հերթին կարեւոր է սկսիլ:

Առաջին հերթին կարեւոր է պարզել պատանիին վարքին դրդապատճառները:

Պատանին միշտ ինքզինք կը զգայ, թէ ինք արդէն հասուն ու կազմակերպուած մարդ է: Իսկ երբ ծնողները կ՛ընդգծեն թէ ինք փոքր է պատանին իր արժանապատուութիւնը խորացած կը զգայ:

Վեցերորդ դասարանցի Նազարը կը բողոքէ.-

-Այնպէս կը խօսիք կարծէք ես փոքր երեխայ եմ:
-Հապա ի՞նչ ես:
-Միջահասակ պատանի:

Ծնողներուն ընդգծուած գորովը հանդէպ պատանիին, մանաւանդ հասակակից ընկերներու ներկայութեան, անյամար վիճակի մէջ կը ձգէ զինք: Իսկ պատանին ծնողներուն աննրբանկատութեանը կը պատասխանէ բուռն կոպտութեամբ:

8-րդ դասարանցի Անուշը պայուսակը վերցնելով կը միանայ իրեն սպասող ընկերուհիներուն խումբին:

-Անուշի՛կ աղջիկս, կը մօտենայ մայրը, մոռցար պաչիկ տալու…:

Աղջիկը կարմրելով, կը փակէ դուռը ու առանց խօսք մը արտասանելու կը հեռանայ:

Պատանիին կոպտութիւնը-յանդգնութիւնը յաճախ մեծերուն անարդարացի վերաբերմունքին արդիւնք է:

Երբեմն ծնողներ կը չարաշահին իերնց իրաւունքը եւ պահանջկոտութիւնը կը հասցնեն դաժանութեան:

Դասընկերուհիներէն մէկուն ծննդեան տարեդարձն էր: Ամբողջ դասարանը պիտի հաուաքուէր նշելու տօնը: Սեւան նոյնպէս կը պատրաստուէր երթալ:

-Դո՛ւն չես երթար, կտրուկ ըսաւ հայրը:
-Ինչո՛ւ:
-Չես երթար եւ վերջ:
-Բոլորը կ՛երթան, ես ալ կ՛ուզեմ երթալ:
-Ես բոլորին հայրը չեմ, ես քու հայրդ եմ եւ կ՛ըսեմ պիտի չերթաս:
-Բայց ինչո՞ւ:
-Այսպէս:

Թերեւս հայրը ունի իր նկատառումները, բայց ան հարցը փակուած համարեց: Իսկ աղջիկը…: Արդեօք դիւրութեամբ կը մոռնա՞յ հօրը անարդարութիւնը: Այդ վիրաւորանքը ուշ կամ կանուխ արդեօք պիտի չպոռթկայ յանդգնութեան եւ կամակորութեան կերպով:

Երբեմն պատանիներ շատ արագ կը համակերպին, բայց իրենց հոգիին խորը սառնութիւն մը կը պատէ: Իսկ երբեմն ալ ծնողներու կամայական վարքը շատ արագ կ՛իւրացնեն եւ անմիջապէս կ՛ուղղեն իրենց ծնողներուն:

-Ես գացի:
-Նորէն ո՞ւր: Ո՞ւր կ՛երթաս տղաս:
-Տեղ:
-Երբ կը վերադառնաս:
-Երբ որ եկայ:

Այս անպատկառ խօսքն ու վարմունքը ուրկէ՞ յայտնուեցաւ տղուն մօտ: Ծնողները յուսահատ կը փնտռեն արմատը: Կը փնտռեն զաւակին մէջ, շրջապատին ազդեցութիւններու եւ խաղընկերներու մէջ, բայց ո՛չ իրենց վարքին:

Չէ՞, որ իրենք միշտ իերնց զաւակին ներշնչեր են թէ պէտք է ըլլալ յարգալիր:

Բոլոր պարագաներուն ալ ծնողքին կեցուածքը հիմնական դեր կը խաղայ: Անոնք պէտք է ճիգ թափեն մէկ կողմ դնելու ոստիկանի դերը խաղալու փորձութիւնը եւ երկխօսութեան առիթ ստեղծեն: Այս մէկը անշուշտ չի նշանակեր, որ պէտք չէ արտայայտեն իրենց զայրոյթը կամ պահելով բարկութեան զգացումը չափազանց ներողամիտ գտնուին: Ընդհակառակը, որպէսզի երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ, հայրկ է, որ ծնողքը նաեւ անկեղէօրէն արտայայտուի անոնք միայն պատժողի դեր պէտք չէ ստանձնեն այլ նաեւ՝ լսողի:

Հիմնական է հասկնալ թէ պատանին ի՞նչ կը փորձէ արտայայտել, նկատի առնել անոր տագնապը, ընդունիլ որոշ վերաբերմունքներու փոփոխութեան հաւանականութիւնը եւ ապա միայն որոշել յաջորդ քայլը, պատանիին միասնաբար, նոյնիսկ երբ յաջորդ քայրը պատիժ մըն է:

Իրական կեանքը եւ գործնական դասերը աւելի խոր կը տպաւորեն պատանիին հոգին, քան խրատները: Ան շատ դիւրութեամբ կ՛ընկալէ եւ կ՛ընդօրինակէ:

Իսկ յամառութիւնը իւրատեսակ բողոք է մեծերու դէմ՝ ոտնահարուած արժանապատուութեան համար: Մեծերու հրամանները, հայհոյանքը դեռահասին մօտ վրդովսունք եւ իրենց պնդելու պարտադրանքը կը յառաջացնեն:

Կայ նաեւ յամառութիւն, որ յառաջանայ ճիշդ հակառակ իրադրութեան մէջ:

Շոյուած, փայփայուած ու երես առած տղան, որ մեծցեր է պաշտամունքի մթնոլորտի մէջ, իր բոլոր պահանջները կը կատարուին անխտիր, հետեւաբար իր ցանկութիւններուն ամէն մէկ հակազդեցութիւն կ՛ընդունի որպէս անարդարութիւն: Յամառութեամբ կ՛ուզէ իր պահանջները բաւարարել եւ ամրապնդել իր դիրքը:

Այս պարագային ամենայուսալի միջոցն է կամակորին բանի մը տեղչդնել: Իր պահանջներուն եւ բողոքին անվրդով անտարբերութեամբ վերաբերիլ եւ իր գիտակցութիւնը անուղղակիօրէն շեղել, ինչ որ այլ բանի մը ուղղելով:

Պատանիներուն անկարգութիւններուն պատճառներէն մէկն է նաեւ կեղծ պատկերացումը արիութեան ու համարձակութեան մասին նաեւ խոր արհամարհանքը վախկոտութեան նկատմամբ: Երբեմն տղաք այսպէս կ՛արտայայտուին՝ ես ամէն ինչ կ՛ընեմ, որ զիս վախկոտի տեղ չդնես:

Այնուամենայնիւ պատանիին վարքը ղեկավարելու համար շատ կարեւոր է պատիժի  ու գնահատանքի կամ խրախուսանքի ճիշդ կիրառումը:

Խրախուսանքը կարիք ունի առանձնապէս եւ անվստահ երեխան:

 Ծնողքին կամ դաստիարակին յանդիմանող կամ խրախուսող խօսքը տղուն կամ աղջկան այս ու այն արարքին համար կ՛օգնեն, որ ան հաշուի առնէ միջավայրի կարծիքը եւ ճիշդ գնահատէ իր արարքները: Հոս տեղին է նշել թէ ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը չարաշահէն զիրար:

Երբ գնահատանքի կամ խրախուսանքի խօսքերը կը շռայլենք պատանիին ամէն մէկ սովորական արարքին առթիւ, խնդիրը կը հասնի հոն ուր պատանին իր ամենասովորական եղանակ, այլ առանձնայատուկ, բարձր գնահատանքի արժանի գործ, որ պէտք է ձեւով մը հատուցուի:

-«Եթէ այդպէս է, ես ալ տան պարտականութիւնս չեմ գրեր»: Կը սպառնայ:

-«Երէկ, երբ որ ըսիր գացի քնացայ, պարտէզ չե՞ս տանիր, ես ալ մինչեւ ժամը 12 չեմ քնանար»:

Որպէսզի դաստիարակին խօսքը ըլլայ ազդու, պէտք է ըլլայ զուսպ արդարացի ու սարեկամական: Ամէն առիթի կրկնուող նախատինքներուն վերջ ի վերջոյ պատանին կ՛ընտելանայ, այնքան, որ այդ խօսքերը կը կորսնցնեն ներգործելու ուժը:

Պատանիին համար արդէն դժուար կ՛ըլլայ տարբերել իր աննշան յանցանքները լուրջ ու կոպիտ սխալներէն, որովհետեւ այդ բոլորին ալ ծնողները կամ դաստիարակը կ՛արտայայտուին միեւնոյն դժգոհութեամբ:

Եւ երբ ծնողքը եւ դաստիարակը կը գիտակցի թէ իր խօսքը արժեզրկուեր է, յուսահատ՝ պատիժի նոր միջոցներ կը փնտռէ:

Ինչպէս նշեցինք, պատիժին նպատակը ոչ թէ պատանիին նուաստացնելն է, այլ պէտք է ան գիտակցի իր արարքին, ամչնայ եւ զգաստանայ:

Հարկ է դատապարտել սխալ արարքը եւ ոչ թէ վիրաւորել մարդը, ուրիշ է երբ ըսենք թէ՝ «դուն անշնորհ բան ըրիր» եւ երբ «դուն անշնորհք ես»: Այս արդէն յանդիմանութիւն չէ այլ ընդհանրացում, հայհոյանք, որ բացարձակապէս չի նպաստեր գործին:

Անիմաստ է սպառնալ այնպիսի պատիժներով, որոնք միեւնոյնն է չես իրականացներ՝ «մէկ հատ ալ ընես, կը սպաննեմ», «ձայնդ կտրէ՛ թէ ոչ դուրս կը շպրտեմ տունէն»:

Ասոնք օդին մէջ արձակուած դատարկ կրակոցներ են, որոնք միայն անյարմար վիճակի մէջ կը ձգեն սպառնացողին:

Երբեմն կը պատահի, որ պատիժի խստութիւնը կ՛որոշուի ոչ թէ պատանիին գործած յանցանքին հիման վրայ, այլ փաստօրէն դաստիարակին տուեալ պահուն տրամադրութեան ու վիճակին համաձայն: Պատանին նոյն պահուն երբեմն կը նայի ներողամտութեամբ, կ՛անցնէ (եթէ հոգին խաղաղ է):

Այսպիսի անհաւասարակշիռ վերաբերմունքի պայմաններուն, պատանին կը կորսնծնէ կողմնորոշուելու հնարամտութիւնը: Հետեւաբար յանդիմանութիւնն ու պատիժը չեն շտկեր իր վարքը:

Որպէսզի պատիժները չկորսնցնեն ներգործելու ուժը, անիմաստ դառնան, պէտք է կարգաւորել բանակցութեամբ եւ ոչ թէ գրգռուած ջիղերով եւ ջղային վիճակի մէջ:

Վերջապէս, խորքին մէջ պատասխանատուութիւնը, միշտ ալ սիրոյ պատասխանատուութիւն է, սիրել եւ ընդունիլ պատանին իբրեւ ազատ եւ ինքնուրոյն անհատ:

Դժուար արուեստ է մարդկային էութեան ձեւաւորումը: Ոչ ոք անսխալական է: Զուր չէ, որ ժողովրդական առածը կը հաստատէ «մէկ կոտ կորեկ շարելը աւելի հեշտ է, քան զաւակ մը դաստիարակելը»:

About admin

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ Ղազարոս Աղայեան խորութեամբ ուսումնասիրած է Կոմէնսկիի, Պէսթալոցի, Տիսթերվէկի, Ուշինսկի մանկավարժական …

Leave a Reply