Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ՊԷՅՊՈՒՏ ԽԱՆ ՃԻՒԱՆՇԻՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

ՊԷՅՊՈՒՏ ԽԱՆ ՃԻՒԱՆՇԻՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

ՊԷՅՊՈՒՏ ԽԱՆ ՃԻՒԱՆՇԻՐԻ

ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

Երբ Պաքուն պաշտպանող Հայկական ուժերը այլեւս անկարող դարձան քաղաքը պաշտպանելու Թրքական կանոնաւոր բանակին եւ բազմահազար պաշըպօզուքներու դէմ, Պաքուն պաշտպանելը անկարելի համարելով, անոնք ալ նաւերով հեռացան դէպի Պարսկաստան, քաղաքի հայութեան մեծ մասը ձգելով իր ճակատագրին հետ: Այս արարքին վրայ ամբողջ շաբաթ մը տեղական եւ շրջանի թուրքերը ազատ ասպարէզ գտան թալանելու, ջարդելու անպաշտպան հայ ժողովուրդը, մօտ 30.000 հայեր ջարդուեցան Պաքուի մէջ:

Այդ հրէշային կոտորածի ղեկավարը, ոգին, կազմակերպողը, Պէյպուտ Խան Ճիւանշիրն էր եւ որու հրամանագրով, Հայ ժողովուրդը օրէնքէ դուրս համարուեցաւ:

Ուստի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը որոշեց պատժել այդ գազանը: Միսաք Թորլաքեանի կը վիճակուի Ճիւանշիրի ահաբեկումը:

1921 թուականին Ճիւանշիր կու գայ Պոլիս: Կ՛իջեւանի Բերա Բալաս մեծ հիւրանոցը: Յուլիս 18-ի գիշերը Ճիւանշիր վեց հոգիի ընկերացութեամբ կը մտնէ հիւրանոցին մօտիկ Փըթի Խանի պարտէզը, ուր բացօթեայ թատրոն կար: Ոճրագործը թատրոնի բակին մէջ սպաննելը անհնարին էր, հոծ բազմութեան պատճառաւ: Երբ ուշ գիշերին Բերայի Փըթի Խան թատրոնէն դուրս կը հոսէր բազմութիւնը, Թորլաքեան կը հետեւի Ճիւանշիրի, որ կ՛ուղղուէր հիւրանոց: Հիւրանոցէն 50-60 մեթր հեռաւորութեան վրայ, ճամբուն մայթին վրայ Թորլաքեան կը հասնի զոհին, կը քաշէ ատրճանակը ու երեք կապարով հրէշը կը փրէ գետին: Կը յաջողի փախչիլ եւ երբ կը փորձէ փողոցին անկիւնը դառնալ ու անյայտանալ, յանկարծ կը լսէ վիրաւորին ձայնը որ օգնութիւն կը կանչէր: Մինչ բազմութիւնը կը խառնուէր, մօտէն տեսնելու համար վիրաւորը, Թորլաքեան ետ կը դառնայ, աջ ու ձախ կը հրէ բազմութիւնը, կը մօտենայ Ճիւանշիրի ու անգամ մը եւս կը կրակէ մահամերձին վրայ: Ու երբ կը փորձէ երկրորդ անգամ փախչիլ, ոստիկանութիւնը կը շրջապատէ ու կը ձերբակալէ զինք:

Ահա այդպէս, Բերայի մայթի վրայ ինկած էր երբեմնի ամենազօր Պէյպուտ Խան Ճիւանշիրը, արժանի վարձատրութիւնը ստանալով իր կատարած սպանդներուն:

Վերադառնալով Ահաբեկիչի ձերբակալութեան, տեղի կ՛ունենայ աղմկալի դատավարութիւն մը: Սակայն դատավարութեան աւարտին Թորլաքեան անպարտ կ՛արձակուի ոճիրի պահուն մտային խանգարում ունենալու պատրուակով:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …