ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ Կուկունեանի արշաւանքը զէնքի միջոցով հայ ժողովուրդին պատիւը պաշտպանելու իր տեսակին մէջ առաջին փորձը կը հանդիսանայ:

Այս յանդուգն փորձը արդիւնքը կարելի է նկատել 1880ական թուականներու մարտաշունչ խանդավառութեան, յատկապէս՝ Կովկասի հայութեան եւ ռուսական համալսարաններու հայ ուսանողութեան մօտ: Արդէն իսկ ծնունդ առած էին յեղափոխական միութիւններ, ինչպէս՝ «Միութիւն Հայրենասէրների»ն Ս.Փեթերսպուրկի մէջ (ցարական Ռուսիոյ մայրաքաղաք) եւ «Երիտասարդ Հայաստան»ը Թի‎ֆլիսի մէջ. անոնք թռուցիկներով եւ ինքնազարգացման խումբերով ապագայ ազատագրական շարժումին ենթահողը կը պատրաստէին: Այս միութիւնները գործիչներ ղրկած էին Արեւելահայաստան, ուսումնասիրելու ժողովուրդին վիճակը եւ իրենց վերադարձին ահազանգ հնչեցուցած՝ պարզելով հայ ժողովուրդին կրած հալածանքներն ու զանգուածային ջարդերը: Այս լուրերը լայն արձագանգ գտած էին յատկապէս երիտասարդութեան մօտ եւ Արեւմտահայաստան անցնելու շարժում մը ստեղծուած էր հոն յեղափոխական գործունէութիւն տանելու համար: Այս հայրենասէր երիտասարդներէն էր Սարգիս Կուկունեան:

Սարգիս Կուկունեան, Արցախի Նիժ գիւղէն, իրաւաբանութեան ուսնող էր Ս.Փեթերսպուրկի մէջ: Ան կարեւոր դէմք էր հայ ուսանողութեան մէջ եւ սերտ յարաբարութիւններ ունէր օտար յեղափոխականներու հետ: Գործօն մասնակից էր յեղափոխական գաղտնի աշխատանքներուն եւ ինք անձամբ կը զբաղէր զինավարութեամբ, ապագային Երկիր անցնելու հեռանկարով: Իր սկզբնական ծրագիրը կ՛ըլլայ հաստատուիլ ռուս-թրքական սահման, ազդեցիկ պաշտօն մը ապահովել պարսիկ պետութեան մօտ եւ կազմակերպել Վասպուրականի շրջանը: Սակայն յետագային, Կուկունեան կը հրաժարի իր այս ծրագիրէն եւ կ՛որոշէ զինեալ խումբով անցնիլ Արեւմտահայաստան:

1889ին, խումբ մը ընկերներով ան կ՛անցնի Թի‎ֆլիս, ուր կ՛ընդունուի մեծ խանդավառութեամբ, յատկապէս «Երիտասարդ Հայաստան» գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ, որ յետագային պիտի միանար Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Կը տրամադրուին մեծ գումարներ հայ հարուստներու կողմէ եւ հետզհետէ իր շուրջ կը համախմբուին մեծ թիւով կամաւորներ հայկական զանազան շրջաններէ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար «Սուրբ Գործ»ին: Ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ, մեծ թափով պատրաստութիւններ կը տեսնուին
Կուկունեան կը շրջի Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի շրջանները՝ կամաւորներ հաւաքելու համար: Ամէնուրեք ան կը դիմաւորուի ժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ եւ ոչինչ կը խնայուի ապահովելու համար ձեռնարկին յաջողութիւնը: Անհրաժեշտ պաշարն ու պիտոյքները առատօրէն կը տարմադրուին ժողովուրդին կողմէ: Բնակիչներէն շատերը իրենց զաւակները կը բերեն եւ օրհնանքով կը յանձնեն Կուկունեանին: Կը պատահի, որ Կուկունեանի խումբի միանալու փափաք յայտնեն նաեւ կիներ: Քահանաներ բարի ճանապարհ կը մաղթեն խումբին: Գիւղերէն մէկուն մէջ, Կուկունեանին կը մօտենայ պառաւ կին մը, ճամբորդի հագուստ հագած Մուկուչ անունով 20-21 տարեկան երիտասարդի մը հետ եւ կ՛ըսէ. «Ղուրպան Էղնիմ քզի, Սարգիս բէկ ջան (այդպէս կը կոչէին Կուկունեանը Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ), աղաչանք մը ունիմ»:

-Ի՞նչ է մայրս, -կը հարցնէ Կուկունեան:

-Աստուծոյ սիրուն, խնդիրս կատարէ: Էս տղան կը տեսնիս, իմ մեծ տղաս է, էսոր քո հետ պիտի տանիս, մեր Լուսաւորչայ սուրբ հաստատուն, մեր խեղճ տղերանց սիրուն էսոր մատաղ պիտի էնես: Ես էլի զաւակներ ունիմ: Էնոնց, երբ պէտք լինի, կը ղրկեմ էդ սուրբ գործին:

Չկարենալով ծեր կնոջ մերժել, Կուկունեան կը համաձայնի իր խումբին մէջ ընդունիլ անոր զաւակը:

Կուկունեանի խումբին կը զինուորագրուին Ալեքսանդրապոլի գաւառէն՝ Սարդար Աւետիսեանը, ղարաբաղցի՝ Աբրահամ Աղմալեանը, բուլանըխցի՝ Նատօ Շահնազարեանը, վանեցի՝ Վարդանը, ախալցխացի՝ Գրիգոր Էքմէքճեանը, արցախցի՝ Սահակ Մինասեանը, կարսեցի՝ դարբին Ստեփանը եւ ուրիշներ:

Ռուս կառավարութիւնը, որ սկզբնական շրջանին աչք գոցած էր, կը սկսի հսկողութեան տակ առնել կարեւոր գործիչները, երբ շարժումը կը սկսի մեծ ծաւալ ստանալ:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ կազմուած էր Թի‎ֆլիսի մէջ: Նորաստեղծ կազմակերպութիւնը իր համամտութիւնը կը յայտնէ արշաւանքին եւ սուրհանդակներ կ՛ուղարկէ Կուկունեանի մօտ, պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակել ձեռնարկին: Ի վերջոյ, 22 Սեպտեմբեր 1890ին, արշաւախումբը կ՛ուղղուի սահմանագլուխ: Խումբին մաս կը կազմեն մօտ 100 հոգի, 24ը՝ ձիաւոր: Շատեր իրենց գիւղերը կը վերադառնան զէնքի չգոյութեան պատճառով: Զգեստներու ուսերուն վրայ դրուած էին Մ.Հ. («Մայր Հայաստան», «Միութիւն Հայրենասէրների») տառերը, որոնք յետագային ռուսական դատարանին կողմէ կը մեկնաբանուի իբրեւ «Միացեալ Հայաստան», հետեւաբար, խումբը կ՛ամբաստանուի ռուսական կայսրութենէն Ռուսահայաստանը անջատելու ձգտումով: Կային ռուսական բանակէն հայ զինուորներ եւ հարիւրապետ մը, որ զինուորական գիտելիքներ կ՛ուսուցանէր: Իսկ օգտագործուած զէնքերը «Այնալու» եւ «Սուրմալու» հրացաններ եւ եւրոպական ատրճանակներ էին:

Խումբը Կուկունեանի, Սարդար Աւետիսեանի, Աբրահամ Աղամալեանի, Եփրեմ Դաւթեանի, (պարսկական ազատագրական շարժումի Եփրեմ Խանը) եւ այլ զինակիցներու հետ երբ սահմանագլուխ կը հասնի, Կուկունեան կը յայտարարէ.

«Մենք շուտով կը մտնենք Թրքաց Հայաստան: Լաւ մտածեցէ՛ք. այնտեղէն վերադարձ չկայ: Մենք կ՛երթանք մեռնելու, որպէսզի ճանապարհ հարթենք գալիք կռուող շարքերուն: Թող ո՛չ ոք ձեզմէ յոյս ունենայ, թէ կարող է ողջ մնալ: Ով որ ատկէ կը վհատի, թող այժմէն վերադառնայ…»:

Ոչ ոք կը վերադառնայ:

Թրքական հողին վրայ, խումբը կը հանդիպի փոքրաթիւ քիւրտերու եւ թուրքերու, որոնք թէեւ խոչընդոտ չեն հանդիսանար խումբի ընթացքին, սակային հաւարը կը տարածուի եւ մեծ թիւով քիւրտեր եւ թուրք կանոնաւոր զօրքը կը սկսին հետապնդել խումբը: Կը մնար նահանջել դէպի ռուսական սահման: Սակայն հոն եւս ռուս սահմանապահ զօրքը կը բռնէ խումբին թիկունքը եւ կռակ կը բանայ: Հակառակ ռուսերուն չդիմադրելու Կուկունեանի հրահանգին, խումբ կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան:

Կուկունեան կը հարահանգէ փախչիլ եւ ազատիլ: Իսկ ինք անձնատուր կ՛ըլլայ, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ բացատրելու խումբի նպատակը: Իր հետ կը ձերբակալուին քանի մը տասնեակ կամաւորներ: Ձերբակալուածները կը տարուին Կաղջուան, հոնկէ՝ Կարս: Կարսի եւ ապա Երեւանի մէջ բանտարկեալները խոր տպաւորութիւն կը ձգեն ժողովուրդին վրայ եւ կ՛ընդունուին իբրեւ ազգային հերոսներ: Բանտարկեալներուն Կարս բերուած օրը, անբողջ քաղաքին հայերը խանութները կը փակեն եւ ճամբաներուն եզերքները հաւաքուած՝ «կեցցէ»ներով կը դիմաւորեն եւ անոնց կը հետեւին մինչեւ բանտ, հակառակ ոստիկանութեան արգելքին:

Կուկունեան եւ ընկերները բանտին մէջ կը ստանան խրախուսանքի բազմաթիւ նամակներ: Այդ նամակներէն մէկը կ՛ըսէ. «Կուկունեան իր գործերով հայ ազգը զարթնեցուց խոր քունէն… իւրաքանչիւր սեղանի ժամանակ առաջին կենացը հայրենիքին նուիրուած կ՛ըլլայ, իսկ երկրորդը՝ հայրենիքի նախավկայ՝ Կուկունեանին… 1890ին ծնունդ առաւ հայ ազգը… այսուհետեւ Կուկունեանը չի պատկանիր ո՛չ իրենց, ո՛չ կուսակցութեան, անոր անունը պիտի անցնի պատմութեան էջերը…»:

Երեք տարիներու բանտարկութենէ եւ քննութիւններէ ետք, ցարական դատարանը կու տայ իր վճիռը. Կուկունեան իբրեւ խմբապետ, կը դատապարտուի քսան տարուան տաժանակիր աշխատանքի, որմէ եօթը՝ շղթայակապ: Այնուհետեւ՝ ցկեանս աքսոր դէպի Սիպերիա: Մնացեալները կը դատապարտուին չորս տարիէին մինչեւ տասնհինգ տարուան տաժանակիր աշխատանքի եւ կը ղրկուին Սախալին կղզին (Ծայրագոյն Արեւելք, Ճափոնի մօտ ռուսական կղզի): Յետագային անոնցմէ քանի մը հոգին կը յաջողի փախչիլ: Կուկունեան տասնվեց տարի կը կրէ բանտային ծանր տանջանքներ եւ ռուս-ճափոնական պատերազմէն ետք բախտով կ՛ազատի. շրջան մը կը մնայ Ճափոն ու ապա կը վերադառնայ Կովկաս, ուր ցարական կառավարութիւնը մեծ հալածանք սկսած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ: 1907ին ան կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի Թիֆլիսի Մետեխի բանտը, ուրկէ կը փոխադրուի Օրիոլի տաժանակիրներու բանտը: Ան կը մահանայ բանտին մէջ, 1913ին, յոգնած ու մաշաճ երկարատեւ բանտարկութենէ:

1910ին, Պաքուի մէջ լոյս կը տեսնէ Կուկունեանի «Վերջին օրերս Սախալինում» գիրքը: «Տանթէն,- կը գրէ ան, երեւակայեց դժոխքի տանջանքները, ու երեւակայութեամբ՝ իր հռչակաւոր «դժոխքը» հրաշակերտեց, իսկ ես, ոչ թէ երեւակայած, այլ 16 անծայր տարիներ կաշիիս վրայ զգացած եմ եւ կաթիլ-կաթիլ քամած եմ դժոխքի իսկական թոյնն ու դառնութիւնը, ինչո՞ւ ի լուր աշխարհի պէտք չէ աղաղակէի, թէ ի՛նչ է 16 տարուան տաժանակիր բանտարկութիւնը, ի՛նչ է Սախալինը»:

Սախալինի դժուար պայմաններուն մէջ Կուկունեան կը պահէ յեղափոխական իր ոգին: Կղզիի ճափոնցիներու եւ այլ աքսորուածներու զաւակներուն ան կը սորվեցնէ ռուսերէն: Ան ճափոնցիներուն կը պատմէ օսմանեան լուծին տակ արեւմտահայերու ծանր վիճակին եւ իր խումբին Հայաստան անցնելուն մասին: «Անոնք զիս կը լսէին խոր ուշադրութեամբ,- կը նշէ Կուկունեան,- իմ պատմուածներուս ամփոփումը անոնք լոյս ընծայեցին ճափոնական թերթերուն մէջ»,- կ՛աւելցնէ ան:

Կուկունեանի արշաւանքը կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի զարթօնքին արգասիքը: Թէեւ անհրաժեշտ արդիւնքը չ՛ունենար, սակայն նորաստեղծ յեղափոխական կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար կ՛ըլլայ թանկագին փորձառութիւն մը, որմէ ան կ՛եզրակացնէ, թէ յեղափոխական գործը անսահման զոհողութիւն եւ լաւապէս ծրագրուած ու յարատեւ աշխատանք կը պահանջէ: Ան նաեւ ապացոյց մը կ՛ըլլայ հայ ազատագրական շարժումին հանդէպ ցարական կառավարութեան ունեցած դաժան կեցուածքին եւ նախազգուշացում մը, թէ կարելի չէ յոյսեր կապել այդ կառավարութեան:

Կուկունեանի արշաւանքին մասնակցողներէն Քեռին, Փալաջանը (Ստեփան Ստեփանեան) եւ Եփրեմը յետագային կը դառնան յեղափոխական նշանաւոր դէմքեր:

Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը խոր ազդեցութիւն կը ձգէ ժողովուրդին վրայ, դառնալով ներշնչման աղբիւր: Յետագային իր օրինակով խումբեր կը պատրաստուին Երկիր անցնելու եւ հայ ժողովուրդին կեանքն ու պատիւը պաշտպանելու:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply