Home / Ա / Նիւթեր (page 7)

Ա / Նիւթեր

ԲԱԼԱՊԵԽ ԿԱՐԱՊԵՏ

Բալապեխ Կարապետ` Սերոբ Աղբիւրի ամէնէն նշանաւոր ֆետայիներէն մէկը, ահարկու կռուող էր եւ աններող հայութեան թշնամիներուն ու Դաշնակցութեան հակառակորդներուն հանդէպ: Հայաստան աշխարհի ամեհի լեռներուն պէս ըմբոստ, սարսափազդու, վճռական եւ ազնուական ֆետայի մը, այլ խօսքով՝ զտարիւն հայ մը եւ նոյնքան զտարիւն հաւատացեալ մը, որ մանուկի մը պէս կ՛ըլլար հեզ ու խոնարհ Սերոբի …

Read More »

ԽԱԹԱՒԻՆԻ ԵՒ ՋԱՂԱՑՔԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

19րդ դարու ‎ֆետայակաան շարժումի հերոսական դրուագներու շարքին կը պատկանին Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, որոնք հիմնովին յեղաշրջեցին քիւրտերու մօտեցումը հայկական յեղափոխութեան եւ ֆետայութեան հանդէպ: 1898ի աշնան մղուած այս կռիւներէն ետք, քիւրտերը տեսան, թէ անկարելի է ողջ-ողջ ձեռք ձգել հայ ֆետային: Անոնք անդրադարձան, որ դժուար է պարտութեան մատնել հայ ֆետային առանց բազմապատիկ …

Read More »

Գ.ԽԱԺԱԿ (ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԱԳԱԼԵԱՆ)

Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ՝ Գարեգին Խաժակ, ծնած է Ալեքսանդրապոլ 1868ին: Կանուխէն կը կորսնցնէ իր հայրը, իսկ մայրը չարքաշ աշխատանքով, իբրեւ լուացարարուհի կը հոգայ ընտանիքի ծախսերը, ապահովերլով զաւակին կրթութիւնը: Խաժակ նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը՝ մինչեւ 6րդ դասարանը: Նիւթական կարելիութիւն չ՛ունենար աւարտելու ճեմարանական …

Read More »

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

18 Փետրուար 1921… Հայկական համաժողովրդային շարժումը ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ մարդկային ու ազգային ոչ մէկ արժէք կը դաւանէր: Բանտերը խճողուած էին քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, շարքային քաղաքացիներով եւ գիւղացիներով, որոնք դատապարտուած էին կամ քրէական յանցանքներով եւ կամ հասարակական կարգը խախտելով, ունեցուածքը չյանձնելու եւ երկրի տէրերուն չհնազանդելու յանցանքով: …

Read More »

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (ԷԼԼԷՆ)

             Քրիստափոր հայ յեղափոխական շարժման առաջնորդն է: Կարելի է ըսել, որ ան կերտեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը: Տիրապետեց իր շրջապատին, մէկ դրօշի ներքեւ հաւաքեց ազատատենչ հայ մտաւորականութիւնը եւ մարտիկները: hives treatment Քրիստափորը ծնած է Գողթան պատմական գաւառի Վերին Ագուլիս աւանը, 1859 Հոկտ. 18ին: Հայրը սիրուած էր բոլոր գիւղացիներէն, որոնք զինք …

Read More »

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)

Դ)ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը,                                          կազմուեցաւ Թի‎ֆլիսի մէջ, 1890ին: Ան կը գտնուէր հաւաքական մէկ դրօշի տակ համախմբել Կովկասի թէ երկրի մէջ գործող յեղափոխական բոլոր կազմակերպութիւններն ու խումբերը, միասնական ճիգերով առաջ մղելու համար …

Read More »

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: Հայոց Պատմութեան մէջ կը յիշատակուին կէս կրօնական-հերձուածային բնոյթի, կէս ընկերային բնոյթի շարժումներ, ինչպէս ի մասնաւորի՝ 7րդ 9րդ դարերուն Պաւլիկեան շարժումը եւ 9-րդ 10-րդ դարերուն Թոնդրակեցիներու շարժումը: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ քաղաքական հոսանքի եւ ազդեցութեան հակադրութիւններ …

Read More »

Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ)

Ակնունի ծնած է 1863ին Մեղրի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Թի‎ֆլիսի Ներսէսեան վարժարանը: Իր երիտասարդական շրջանի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Նախքան Դաշնակցութիւնը՝ Կովկասահայերու ազգային ձգտումներու արտայայտիչն էր Գր. Արծրունիի «Մշակ»ը, որուն շուրջ հաւաքուած էր յառաջդիմասէր մտաւորականութիւն մը: Խաչատուր Մալումեան կու գար այդ շրջանակէն, կրելով անոր անմիջական ազդեցութիւնը: Ակնունին թէեւ մասնակցած …

Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

Թէեւ մեր յեղափոխական շարժումի սկիզբէն մեր գլխաւոր դատը թրքական Հայաստանի ազատագրումն էր, բայց հայ ժողովուրդը գանգատներ ունէր նաեւ ռուսական բռնակալութեան դէմ, որ բացառիկ օրէնքներու ենթարկեր էր հայ տարրը, կը հալածէր հայ մշակոյթը՝ դպրոց, լեզու, մամուլ, գրականութիւն, մանաւանդ այն օրէն, երբ կովկասեան կառավարչապետի պաշտօնով Թի‎ֆլիսի մէջ բազմացաւ մոլեգին հայատեաց մը՝ իշխան …

Read More »

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Չկան իրարու նման երեխաներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երեխայ առանձին անհատականութիւն է: Բայց կան որոշ յատկութիւններ, որոնք խումբ մը երեխաներ կը համախմբեն մէկ տեղ եւ ուրիշներ այլ տեղեր եւ անպայման կան ընդհանրութիւններ երեխաներու մէջ: Այսպէս օրինակ հոգեբանները երեխաները իրարմէ տարբերող յատկութիւններուն համաձայն, զանոնք կը բաժնեն չորս խումբերու, սանգվինիկ մանուկներ, ‎ֆ‎լեգմատիկ մանուկներ, մելանխոլիկ …

Read More »