Երբ կը գործադրուէր հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ցեղասպանութիւն յղացքը դեր գոյութիւն չունէր:
Այս բառը առաջին անգամ գործադրուեցաւ հրեայ ծագումով լեհ, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ եւ իրաւաբան ՌաՖայէլ Լեմկինի կողմէ 1944ին, իր հրատակարած մէկ ուսումնասիրութեան մէջ:
Բառի կազմութիւնը
Genocide բարդ բառ մըն է կազմուած Genos յունական բառէն, որ կը նշանակէ ցեղ կամ ազգ եւ Cide լատիներէն բառէն, որ կը նշանակէ ազգի մը սպաննութիւնը կամ բնաջնջումը:
Ապա թերմինը օգտագործուած է 1945ին Նիւրեմպէրկի դատավարութեան ընթացքին (նացիներու պատերազմական ոճրագործներու դատավարութիւն):
Ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿի ուխտը որդեգրուեցաւ 8 Դեկտեմբեր 1948ին:
ՄԱԿԻ ուխտը ցեղասպանութեան մասին
Ըստ ՄԱԿի ցեղասպանութիւն են հետեւեալ արարքները առանձնապէս կամ ամբողջութեամբ.-
ա.-Խմբաւորումի մը անդամներու սպաննութիւնը:
բ.-Խմբաւորումի անդամներու Ֆիզիքական կամ մտային լուրջ վնասներ հասցնելը:
գ.-Դիտումնաւոր կերպով խմբաւորումի մը ենթարկումը այնպիսի պայմաններու, որոնք կը նպատակադրեն մասնակի կամ ամբողջական Ֆիզիքական բնաջնջում յառաջացնել:
դ.-Բռնի ուժով երեխաներու խմբաւորմւմէ մը այլ խմբաւորում փոխանցումը:
ե.-խմբաւորումի մը վրայ ի գործ դնել այնպիսի միջոցներ, որ կը նպատակադրեն ծննդաբերութիւնը (աճը) արգիլել:
ՄԱԿԻ ուխտը պատժելի կը նկատէ ցեղասպանութիւնը եւ անոր հեղինակներն ու գործադրողները կը դատապարտէ գերագոյն պատիժով:
1915-1923ին գործուած հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջական ցեղասպանութիւն է, որովհետեւ իր մէջ կը պարփակէ վերոյիշեան բոլոր կէտերը: Այդպէս ըլլալով հանդերձ պետական շահերէ մղուած հայոց ցեղասպանութիւնը չէ դատապարտուած տակաւին եւ ոճրագործ ու ցեղասպան Թուրքիան տակաւին կը մնայ անպատիժ:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերական վկայութիւններ եւ գիրքեր
Բազմաթիւ են այն վկայութիւնները, որոնք կը խօսին հայոց ցեղասպանութեան մասին, այդ վկայութիւններէն կարելի է առանձնացնել արժէքաւոր հեղինակներն ու անոնց գործերը.-
-Լորտ Վիսքաունթ Ճէյմս Պրայս.- Անգլիացի պետական դէմք եւ գիտնական, «Կապոյտ Գիրք»ի հեղինակ՝ «The Treatment of Armenian in the ottoman empire 1915-1916»:
-Տոքթ.Եոհաննէս Լեփսիւս.- գերմանացի մարդասէր «Deutchland und Armenia 1914-1918» գիրքին հեղինակ:
-ՓրոՖ.Արնոլտ Թոյնպի.- անգլիացի պատմաբան «Armenian Atrocities, the murder of a nation» գիրքին հեղինակ:
-Դեսպան Մորկընթաու.- 1915ին Պոլսոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան «The Tragedy of Armenia, Ambassador Morgenthus Story» գիրքին հեղինակ:
-ՖրիտիոՖ Նանսէն.- Ազգերու Դաշնակցութեան Գաղթականներու համար բարձր յանձնակատար «Armenia And The Near East» գիրքին հեղինակ:
-Արամ Անտոնեան «Նայիմ Պէյի Յուշերը 1920» գիրքին հեղինակ:
-Քլեմանսօ, Ուինըսթըն Չըրչըլ, Հիթլէր եւ այլ ականաւոր գործիչներ ու պետական այրեր բանաւոր թէ գրաւոր անդրադարձած են հայոց ցեղասպանութեան հարցին: