Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ  

Արժէքներու իմաստասիրութիւնը քննութիւն է մարդուն իր
գործերուն եւ շատ անգամ բնութեան մէջ գտած եւ իր կողմէ ստանձնուած արժէքներուն, անոնց
պատճառն ու իր կողմէ արդարացումին:

Կապրինք տիեզերքի մը մէջ որ մեզի համար չէզոք չէ,այլ ան կը
ներկայացնէ քաշողութիւններ,այսինքն տիեզերքի մէջ մեր գտած էակներէն եւ իրերէն, անոնք
ոչ միայն մեզի կը ներկայանան մեր դիմացը պարզապէս գոյ,այլ մեզ կը քաշեն,կը
հրապուրէն զանազան տէսակէտներով:

Որովհետեւ անոնք արժէք մը կը ներկայացնէն մեզի համար հետեւաբար
մենք արժէքի դատաստան մը կը սահմանենք անոնց նկատմամբ որ կրնայ իւրաքանչիւր արժէքի
համար երկու տեսակ ըլլալ, դրական, ժխտական  Օր.Բնութեան մէջ որոշ տեսարաններ «Լեռ, ձոր, երկինք»
ոչ միայն իբրեւ տեսարան կը դիտենք, այլ զանոնք կրնանքգտնել «գեղեցիկ», ուրեմն գեղեցկութիւնը
արժէք մըն է զոր կը գտնենք այդ տեսարաններուն մէջ: Մեր աչքերը գեղեցկութիւնը չեն
դիտեր,որովհետեւ գեղեցկութիւնը չդիտուիր, այլ տեսարանը, բայց այդ տեսարանին մէջ
այս անգամ մենք կ՝ըզգանք, կ’ապրինք:

Ուրեմն արժէք մը կայ որ մեզ կը գրաւէ,որովհետեւ մեր մէջ այդ
արժէքին իմանալու յատուկ կարողութիւնը կայ: Սակայն եթէ չունինք այդ իմացումը, եթէ
այդ արժէքին կոյրն ենք, այդ պարագային արժէքը գոյութիւն չունենար մեզի համար
այնպէս ինչպէս կոյրին համար գոյները գոյութիւն չունին,ի ծնէ կոյրը չի կրնար
երեւակայել ու հասկնալ զանոնք որքան ալ բացատրենք:

Գեղեցկութեան իմացումը չունեցողը «գոյնը,տեսքը» կը տեսնէ
բայց գեղեցկութիւնը չի տեսներ, որովհետեւ արժէքի ներքին իմացում չունի: Կան նաեւ ուրիշ արժէքներ. մէկու մը վարմունքին մէջ կրնանք գտնել անոր
բարոյականութիւնը, ազնուութիւնը ՝ եթէ բարոյական իմացումը ունինք, եթէ չունինք այդ
իմացումը անոր վարմունքին մէջ բարոյական արժէք չենք գտներ, այլ անոր վարմունքը
մեզի համար կը մնայ լոկ յաջորդական շարժումներու կամ արտաքին երեւոյթներու
ամբողջականութիւն մը:

Ուրեմն պէտք է հաստատել այն իրողութիւնը, թէ կ’ապրինք տիեզերքի
մը մէջ որուն իրերէն, էակներէն շատերը կրնան անտարբեր թողուլ մեզ բայց ոմանք ալ կը
հրապուրեն մեզ իրենց որոշ արժէքներով որովհետեւ մենք այդ արժէքներուն իմացումը
ունինք: Այս տեսակէտով մեզ կրնանք սահմանել էակ մը որ արժէքներու իմացումը ունի, արժէքները
իրարմէ տարբեր են, կրնանք արժէքի մը իմացումը ունենալ առանց անպայման ուրիշ արժէքի
մը իմացումը ունենալու, Օր.Աստուածաշունչ Մատեանը: Անոր մէջ կրնանք տարբեր տարբեր
արժէքներ գտնել,որոնք սակայն իրարու հետ չեն շփոթուիր: Զանոնք բոլորը կը տեսնէ ան
որ բոլորին ալ իմացումը ունի: Իսկ ան որ մէկ արժէքի իմացումը ունի այդ արժէքով
միայն կը տեսնէ Աստուածաշունչը: Օր. ան որ միայն տնտեսական արժէքով կը գնահատէ
Աստուածաշունչը,եթէ մէկը կարդայ զայն առանց ունենալու գրական ճաշակ ունենալով միայն
պատմական հետաքրքրութիւն, ան այդ գրական արժէքը պիտի չտեսնէ եւ անկէ պիտի երբեք
չհրապուրուի, այս երկու արժէքներուն ւրայ կաւելնայ նաեւ բարոյականը: Աստուածաշունչին
մէջ պատմուածքներ կան որոնց ընթերցումը կրնայ մեզ տանիլ դէպի առաքինութիւն ու
բարոյական բարձրացում:նաեւ կրօնական արժէք, երբ մարգարէներուն գործերը կարդանք քը
տեսնենք թէ Աստծոյ իրենց մէջ ներկայութեան զօրաւոր զգացումը ունեցած են,այդ
ընթերցումի ատեն,եթէ կրօնական իմացումը ունինք, մենք ալ կ’ըզգանք Աստուծոյ տաք
ներկայութիւնը:

Պիտի տեսնենք գլխաւոր արժէքները:

  1. Տնտեսական Արժէք
  2. Գեղագիտական արժէք
  3. Տեսական արժէք
  4. Բարոյական արժէք
  5. Կրօնական արժէք

Տեսանք թէ ինչպէս արժէքները կը ներկայանան տեսակէտով մը
իբրեւ առարկայական բաներ,թէեւ առարկաներու պէս չեն տեսնուիր բայց անոնց մէջէն մեր
իրենց հանդէպ ունեցած իմացումին կը պարտադրուի Օր.տեսարանը կը տեսնենք եւ ոչ թէ
գեղեցկութիւնը,բայց գեղեցկութիւնը առարկային մէջ եղող բայց առարկային պէս
չտեսնուող այլ մեզ մեր հոգիէն կանչող ոգեղէն իսկութիւն մըն է որ կը պարտադրուի մեր
իմացումին:Բոլոր արժէքներուն հասարակաց է այն թէ զանոնք որոշ իրերու վրայ կամ որոշ
արաքներու մէջ գոյացնելու,ստեղծելու Օր: եթէ իրերը կրնան տնտեսական արժէք ստանալ՝
մարդը այդ իրերուն տնտեսական արժէք տալու համար կը գործէ:նոյնպէս որովհետեւ
գեղագիտական արժէքը կայ,զայն իրերուն վրայ իրագործելու համար գեղագիտական
գործունէութիւնը կայ:որովհետեւ ճշմարտական արժէքը կայ այսինքն արժէքը
օրէնքներու,որոնք իրերու եւ երեւոյթներու տեսակ մը իմաստը կը կազմեն ,ճիշդ այդ
իմաստը գտնելու համար մարդուն որոնումը կայ որն է գիտական գործունէութիւն,այդ
գործունէութիւնը իր գործողը կ’ուզէ, այսինքն գործաւորը, գիտունը,արուեստագէտը եւ
այլն:

Ամէն արժէք իր իրագործման անհրաժեշտ գործունէութիւնը ունի
եւ այդ գործունէութիւնը կատարողը:

Շարունակելի

                                                    Ծերուն Գահուէճեան

About admin

Check Also

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11)

ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ  Aristotle ( 384 -322 ) (11) Կեանքը Ծնած է  Թրակիոյ Սթակիր քաղաքին մէջ 384-ին: …