Շուրջ 600 ամենայ ընդմիջումէ յետոյ, 1918 թ. վերականգնեցաւ հայկական ազգային պետականութիւնը՝ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ ընդունուած է որպէս Առաջին Հանրապետութիւն: Յիշենք որ նախքան հայկական պետութիւնը թագաւորութիւններ ունէինք, այսինքն՝ ունեցած ենք կառավարման միապետական ձեւ:
1920 թ. Նոյեմբերին, Հայաստանը Խորհրդայնացաւ եւ սկսաւ կոչուիլ Հայաստան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (ՀԽՍՀ): Շուտով ան դարձաւ Խորհրդային Սոցիալական Հանրապետութիւնն ու Միութիւն (ԽՍՀՄ) կոչուղ վիթխարի պետութեան մէկ մասը եւ զրկուեցաւ ինքնիշխանութենէ, վերածուելով կիսանկախ պետական կազմաւորում մը: Հայաստանի այդ քաղաքական կարգավիճակը շարունակուեցաւ աւելի քան 70 տարի: Այժմ ընդունուած է ՀԽՍՀ-ն կոչել Երկրորդ Հանրապետութիւն:
1991 թ. Սեպտեմբեր 21-ին հանրաքուէի արդիւնքներով, որոշում ընդունուեցաւ՝ ԽՍՀՄ-ի կազմէն դուրս գալու եւ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերականգնելու մասին: Այս այն Երրորդ հանրապետութեան ծնունդն էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը 29.740 քքմ է, բնակչութիւնը՝ 3.8 մլն մարդ (առ 1 Յունուար 1999 թ.):
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տարածքի ձեւը եւ սահմաններու գծագրութիւնը պարզորոշ կ՛երեւի քարտեզէն: Տարածքը ունի Հիւսիս-Արեւմուտք, հարաւ-Արեւելք ձգուածութիւն եւ այդ ուղղութեամբ աստիճանաբար կը նեղանայ: Ամենանեղ մասին՝ ծայր հարաւ-արեւելքին, անոր լայնութիւնը հազիւ 40 քմ-ի կը հասնէր, մինչդեռ ամենալայն՝ կեդրոնական մասը աւելի քան 200 քմ-ի: Տարածքի ամենամեծ ձգուածութիւնը 360 քմ է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանակից է 4 պետութիւններու՝ Վրաստանին, Ապրպէյճանին, Իրանին եւ Թուրքիոյ: Պետական սահմանի ընդհանուր երկարութիւնը աւելի քան 1400 քմ է, որու ամենաերկար հատուածը Ատրպէյճանի հետ է:
Հայ-Ատրպէյճանական սահմանը ընդհատուող է: Ան բաղկացած է երկու անջատ հատուածներէ: Առաջին հատուածը արեւելեանն է, որ կ՛երկարի Վրաստանէն մինչեւ Իրան: Երկրորդ հատուածը հարաւ-արեւմտեանն է, որտեղ կը գտնուի տարածականօրէն Ատրպէյճանէն անջատ, բայց քաղաքական առումով անոր կազմին մէջ մտնող Նախիջեւանի Հանրապետութիւնը:
Պետական սահմանի՝ իր ձգուածութեամբ երկրորդ հատուածը Թուրքիոյ հետ է, երրորդը՝ Վրաստանի եւ չորրորդը՝ ամենակարճը, Իրանի:
Ընդուանուած է համաաշխարահագրական (մաթեմատիկաաշխարհագրական) դիրքէն բացի տարբերել նաեւ ֆիզիքաաշխարհագրական դիրք, տնտեսաաշխարահագրական դիրք եւ քաղաքակաաշխարհագրական (աշխարահագրական) դիրք:
Այժմ պարզենք տնտեսաաշխարահագրական եւ քաղաքաաշխարահագրական դիրքի առանձնայատկութիւնները:
Առաջին. ըլլալով ցամաքային պետութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը լիովին բաժնուած է ծովերէն ու Ովկիանոսներէն եւ ուղղակիօրէն չի կրնար օգտուիլ անոնց հաղորդակցութեան ուղիներէն եւ բնական հարստութիւններէն:
Երկրորդ. համեմատաբար հեռու է աշխարահի բարձր զարգացած արդիւնաբերական երկիրներէն ու հզօր տնտեսական կեդրոններէն:
Հասկնալի է, որ այս յատկանիշը նոյնպէս, ինչպէս եւ առաջինը,տնտեսութեան զարգացման տեսակէտէն աննպաստ յատկանիշ է:
Երրորդ. կը գտնուի Եւրոպան՝ Կեդրոնական ու Հարաւային Ասիոյ եւ Ռուսիան՝ Մերձաւոր Արեւելքին կապող միջազգային ուղիներու խաչմերուկին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով կ՛անցնի Թուրիան Իրանին, Ատրպէյճանին ու Կասպից Ծովի աւազանին, ինչպէս նաեւ Հիւստսային Կովկասը եւ Սեւ ծովը Իրանին ու արաբական երկիրներուն կապող երկաթուղիներն ու ինքնաշարժային գլխաւոր ճանապարհները:
Հարաւային Կովկասով (եւ Հայաստանով) կ՛անցնի Հարաւ-արեւելեան Ասիան Եւրոպային միացնող ցամաքային ճանապարհը, որ միջնադարու հռչակաւոր «Մետաքսի ճանապարհի» օրինակով ստացեր է «Մետաքսի նոր ճանապարհ» անունը: Անոր զարգացումով շահագրգռուած են ոչ միայն տարածաշրջանի երկիրները, այլեւ ԱՄՆ-ն եւ Արեւմուտքի միւս խոշոր տէրութիւնները:
Չորրորդ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հետ միասին կը գտնուի Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Թուքիոյ ու Իարնի տնտեսական ու քաղաքական շահերու բախման ոլորտին մէջ: Այստեղ իրենց շահերը ունին նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները:
Հինգերորդ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Վրաստանի հետ միասին) կը գտնուի երեք համաշխարհային քաղաքականութիւններու փոխազդեցութեան գօտիին մէջ:
Այս ամէնը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը պետութիւններու միջեւ եղած անհաշտ հակասութիւններու պատճառով, ամբողջ տարածաշրջանը ունի քաղաքական անկայունութիւն, որ լրացուցիչ դժուարութիւն կը ստեղծէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսաաշխարահագրական եւ քաղաքաաշխարհագրական դիրքի գլխաւոր առանձնայատկութիւնները.
Ներմայրցամա- Զարգացած Միջազգային Խոշոր պետու- Համաշխարահային
քային դիրքը երկիրներէն եւ ուղիներու թիւններու շա- տարբեր քաղաքա-
հզօր տնտե- խաչմերուկի հերու բախման կրթութիւններու
սական կեդ- մէջ գտնուիլը ոլորտին մէջ փոխազդեցութեան
րոններէ հեռու գտնուիլը ոլորտին մէջ գըտ-
գտնուիլը նուիլը