Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ

ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ

ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ

Անձի ձեւաւորման երեք գործօններն են.

1-ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

2-ՄԻՋԱՎԱՅՐ

3-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

1-ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ժառանգականութիւնը այն երեւոյթն է երբ կենետիկ գօթի միջոցով ժառանգաբար մարդուն կը փոխանցուին իր նախնիներու տուեալները: Փոխանցուած այդ տուեալները կը բաժնուին երկու խումբի.

ա.-Համամարդկային տուեալներ

բ.-Անհատական տուեալներ Համամարդկային կը կոչուին այն տուեալները, որոնք բնորոշ են համայն մարդկութեան, անկախ՝ սեռէն, ազգային պատկանելութենէն, մաշկի գոյնէն, ընկերային վիճակէն, դաւանանքէն, եւայլն: Համամարդկային տուելաներն են.-

1-Մարդու ուղաձիգ կեցուածքը

2-Մտածելու ունակութիւնը

3-Խօսելու կարողութիւնը Անհատական տուելաները այն տուեալներն են, որոնք մարդուն կը փոխանցուին իր նախնիներուն կողմէն եւ բնորոշ են միայն իրեն: Անհատական տուեալները ունին անհատական իւրայատուկ առանձնայատկութիւն, որոնք երբեք նման չեն իրարու այլ բնորոշ են միայն մէկ մարդու: Ասոնք կը ստեղծեն մարդոց բազմազանութիւնը, որ ինքնին հետաքրքրիր կը դարձնէ մարդկային կեանքը: Ժառանգաբար կը փոխանցուին հետեւեալ յատկութիւնները.-

Ա.-Ֆիզիքական

1-Մարդու արտաքին ֆիզիքական տուեալները

2-Մարդու մարմնի կազմուածքը:

3-Հասակը:

4-Աչքերու ձեւը:

5-Գոյնը:

6-Մազերու որակն ու գոյնը:

7-Դէմքի շարժումները:

8-Քալուածքը:

9-Կեցուածքը:

10-նստելաձեւը:

Բ.-Հիւանդութիւններ

1-Ուռուցքային

2-Արեան

3-Սիրտ-անոթային համակարգի հիւանդութիւն:

4-Շաքարախտ

5-Երիկամային հիւանդութիւններ

6-Հայկական հիւանդութիւն:

7-Ուղեղի բորբոքային հիւանդութիւն:

8-Ընկրկում Ժառանգաբար փոխանցուած հիւանդութիւնները չեն բուժուիր, բժշկական ներգործութիւնը կրնայ մեղմացնել կամ կասեցնել ընթացքը բայց վերացնել՝ երբեք:

Գ.–Ֆիզիքական եւ մտաւոր արատներ

Դ.–Արուեստի, գրականութեան, գիտութեան կամ նմանօրինակ իւրայատկութիւններու տուելաներ:

Ե.–Խառնուածքի տիպեր:

Զ.-Ժառանգաբար կը փոխանցուին նաեւ՝ աշխատասիրութիւնը, նպատակասլացութիւնը, յամառութիւնը, կամքը, առատաձեռնութիւնը, մարդամօտութիւնը, եւայլն:

2-ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Միջավայրի ազդեցութիւնն ու դերը հսկայական է մարդու զարգացման գործին մէջ: Միջավայր ըսելով կը հասկնանք այն մարդիկը, առարկաներն ու երեւոյթները, որոնք կը շրջապատեն մեզ. Միջավայրի օղակներն են.

1-Ընտանիք:

2-Կրթօճախ:

3-Աշխատանքային միջավայր:

4-Հասարակական, քաղաքական կազմակերպական կուսակցութիւններ:

5-Մշակութային, գիտական, արուեստի եւ մարզական միութիւններ:

6-Բարեսիրական, կրթական, հայրենասիրական, երիտասարդական միութիւններ, կազմակերպութիւններ:

7-Հոգեւոր ընկերակցութիւններ, եկեղեցական միութիւններ:

3-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Անձի ձեւաւորման հիմքին մէջ գտնուող երրորդ գլխաւոր գործօնը դաստիարակութիւնն է: Ան ունի նպատակասլաց եւ ուղղակի ներգործութիւն անձի ձեւաւորման գործընթացին վրայ: Դաստիարակութիւնը բարենպաստ պայմաններ ու բերրի հող կը ստեղծէ ժառանգական տուեալներու զարգացման համար, այսինքն՝ դաստիարակութիւնը նախ եւ առաջ վեր կը հանէ ժառանգական տուեալները եւ ուղղութիւն կու տայ անոր զարգացման:

Դաստիարակութեան գործընթացին չափազանց կարեւոր է, դաստիարակողին անձը, անոր անհատականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ դաստիարակողը վայելէ դաստիարակուողի սէրը, հաւատը, յարգանքն ու վստահութիւնը: Կարեւոր է նաեւ դաստիարակողի անձնական օրինակը, անոր խօսքի եւ գործի միասնութիւնը:

About admin

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704 ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 …