ԱՐՑԱԽԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ
Յունա-հռոմէական եւ հայկական սկզբնաղբիւրներէն յայտնի էր, որ Հայոց արքայ Տիգրան Բ. Մեծը (մ.թ.ա. 95-55 թթ.) հիմնադրած էր իր անունը կրող քանի մը քաղաքներ, որոնցմէ մէկը կը գտնուէր Արցախի մէջ: Արցախի Տիգրանակերտի գոյութիւնը աղբիւրներու մէջ վկայուած է մինչեւ զարգացած միջնադար, որմէ ետք քաղաքն անհետացած է պատմութեան թատերաբեմէն, լքուած է բնակիչներուն կողմէն եւ անոր շինութիւնները անհետացած են հողի հաստ շերտի տակ:
Ըստ նոր ժամանակներու ուղեգրութիւններուն եւ հետազոտութիւններուն, Արցախի Տիգրանակերտի մասին մինչեւ 18-րդ դարու կէսերը այլ տեղեկութիւններ չկան: 18-րդ դարու կէսերուն այստեղ բխող Շահբուլաղ կոչուող աղբիւրներու կողքին, Արցախի մելիքութիւններու կատաղի թշնամի Փանահը կառուցած է ամրոց, ընդ որուն, ամրոցի առաջին շարքերը շարուած են 5-6-րդ դարերու բազիլիկ եկեղեցիէն բարբարոսաբար պոկուած սրբատաշ քարերով, որու շքեղ աւերակները տակաւին կը մնային կանգուն: Սակայն այս ամրոցը շուտով աւերուած է Արցախի մելիքներուն կողմէ: 19-րդ դարու կէսերուն աւերակները այցելած Սարգիս Ջալալեանցը հաղորդելով, որ Շահբուլաղ աղբիւրներու շրջակայքը հայերը կը կոչեն Թնգրնակերտ եւ պարսիկները՝ Թառնագիւրտ, ենթադրած է, որ ճիշդ այստեղ տեղադրուած եղած է Տիգրանակերտը: Գրեթէ նոյն տեղեկութիւններն ու նոյն տեսակէտը յայտնած է Արցախի հնութիւններու հետազոտող Մակար Բարխուդարեանցը, որ աւելցուցած է նաեւ, թէ Խաչենագետի ներքնահովիտը կոչուած է Տիգրանակերտ գաւառ:
Հայրենադարձութեան եւ հիմնաւորման «Երկիր» հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան նախաձեռնութեամբ ու Ֆինանսաւորումով, Հայաստանի հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի արշաւախումբը՝ ղեկավարութեամբ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլետ Լ. Պետրոսեանի, 2005թ.ին ճշգրտած է Արցախի Տիգրանակերտի տեղադրութիւնը, իսկ 2006-2008թթ. պեղումներ իրագործած է քաղաքի եւ անոր մերձակայքի տարբեր հատուածներու մէջ: Պեղումներու արդիւնքով բացուած են միջնաբերդի կառոյցները, ամրացուած թաղամասի պարիսպները, նոյն թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն հենապատը, կեդրոնական թաղամասի բազիլիկ եկեղեցին: Հետախուզական պեղումներ կատարուած են նաեւ ամրացուած թաղամասի եւ կեդրոնական թաղամասի կարգ մը հատուածներուն եւ վաղքրիստոնէական դամբարանադաշտին մէջ: Հետազոտուած են նաեւ քաղաքի մերձակայքը գտնուող պաշտամունքային- քարայրային համալիրը, անոր ստորոտէն անցնող ժայռափոր ջրանցքը, Խաչենագետի ձախ ափին գտնուող վաղմիջնադարեան ամրոցը:
Պեղումներու միջոցով գետնի տակէն վեր հանուած կառոյցներն ու նիւթերը կը հաւաստեն, որ Տիգրանակերտը եղած է քաղաքաշինական առաջադէմ յատակագծումով եւ շինարարական գիտարուեստով (technic) ստեղծուած ընդարձակ բնակավայր մը, որ հիմնադրուելով մ.թ.ա. առաջին դարուն հարատեւած է մինչեւ 14-րդ դարը: Ան ամբողջութեամբ կառուցուած է տեղական սպիտակ կրաքարէն, փռուած է լերան լանջն ի վեր (արհեստական դարաւանդներու տեսքով) եւ ստորոտի հարթավայրին մէջ ունեցած է հզօր պարիսպներ եւ ժայռափոր ջրանցքներ: Տիգրանակերտը եղած է այգիներու մէջ թաղուած սպիտակ քաղաք:
2006 թ. Դեկտ. 14-28, Տիգրանակերտի պեղումները ներկայացուած են Լոս-Անճելոսի մէջ:
2007 թ. Մարտ 1-ին Տիգրանակերտի հետազոտութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս եւ գիտաժողով տեղի ունեցած է Ժնեւի մէջ (Զուիցերիա):
2008 թ. Փետր. 20-28 Տիգրանակերտի պեղումները ներկայացուած են Եգիպտոսի մէջ (Գահիրէ):
2008 թ. Ապրիլ 10-ին պեղումներու արդիւնքները ներկայացուած են Ստեփանակերտի մէջ:
«Երկիր» միութեան նպատակն էր կառուցել պատմա-հնագիտական փաստարկներու շղթայ մը, որ անառարկելի կերպով կը վկայէր Արցախը բնիկ հայկական տարածք ըլլալու եւ այնտեղ համարեա միատարր էթնիկ (ցեղային) հայկական բնակչութեան բնակութեան մասին: Արցախի Տիգրանակերտի յայտնաբերումը եւ հնագիտական հետազոտութիւնը կրնար լաւագոյն կերպով վկայել, սկսած առնուազն մ.թ.ա. առաջին դարէն, ամբողջ Հայստանի հետ Արցախի Էթնո(ցեղա)-մշակութային նոյնականութեան մասին՝ դառնալով այդ շղթայի գլխաւոր օղակներէն մէկը, եթէ ոչ ամենակարեւորը:
Միջնաբերդի Պարսպապատը
Պատը շարուած է սրբատաշ մշակուած շրջանակներ եւ կոպտատաշ բարձիկներ ունեցող պլոքներով, որոնք իրար միացած են «ծիծեռնակապոչ» կապերով՝ առանց շաղախի: Պարիսպը ունէր աւելի քան 2.5մ. հաստութիւն: Բացուած հատուածի երկարութիւնը կ’անցնէր 12 մեթրը, բուն ծիծեռնակապոչ հատուածի երկարութիւնը աիելի քան 7 մեթր էր: Մ.թ.ա. վերջին եւ մ.թ. առաջին դարերուն վերաբերող նման պատեր յայտնի են Հայաստանի ամենանշանաւոր յուշարձաններէն միայն՝ Արմաւիրի, Արտաշատի եւ Գառնիի մէջ: Կառուցման կանոնաւորութիւնը, սալերու կատարեալ համաչափութիւնն ու նուրբ մշակումը հելլենիստական ամենաառաջադէմ դեխնիքայով (գիտարուեստով, technic) անոնք իրար միացնելը անկասկածօրէն կը վկայեն, որ միջնաբերդը կառուցուած է միասնական բլանաւորումով, հմուտ եւ առաջադէմ ճարտարապետներու եւ վարպետներու կողմէ: Ասիկա աւելի կ’ամրապնդէ համոզումը, որ մենք գործ ունինք թագաւորական ու պետական նախաձեռնութեան հետ, ինչպիսին որ պիտի ըլլար Արցախի Տիգրանակերտը: Պարիսպի արտաքին կողմէն պեղուած խեցեղէնին մէջ պարզորոշ կ’երեւին կաւամաններու բեկորներ, որ անվերապահօրէն կը վերաբերին մ.թ.ա. առաջին դարուն, այսինքն Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանին:
Ամրացուած թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն հենապատը
Քանի որ Տիգրանակերտի ամրացուած թաղամասը տեղադրուած է խիստ թէք լանջի վրայ՝ քաղաքային կառոյցներու համար հենապատերու միջոցով ստեղծուած են հարթ դարաւանդներ: Պեղումներով բացուած է նման դարաւանդներէն մէկուն հենապատը՝ 33մ. երկարութեամբ: Ան շարուած է հելլենիզմի ժամանակ տարածուած չոր դեխնիքայով (գիտարուեստով, technic), երբ ամրութիւնը կ’ապահովուէր ի հաշիւ պլոքներու ծանրութեան: Ընդ որուն, հորիզոնական շարքերը կը կազմուէին տարբեր բարձրութիւն ունեցող պլոքներէ: Պատը դրուած է հարթեցուած ժայռի կամ հողէ հիմքի վրայ:
Ամրացուած թաղամասի պարիսպներու հիմքերը
Տիգրանակերտի ամրացուած թաղամասի յիւսիսահայեաց եզրը մօտ 400մ. երկարութեամբ կը զբաղեցնեն ժապաւէնատէսք, աստիճանաձեւ բարձրացող նեղ հարթակները: Նման ձեւով մշակուած են նաեւ Արմաւիր եւ Արտաշատ մայրաքաղաքներու մարմարէ եւ բազալտէ ժայռերը: Ժապաւէնատեսք փորուածքներուն ուղիղ անկիւնին տակ միացած կարճ հատուածները ցոյց կու տան, որ պարիսպներուն կից կառուցուած եղած են զանազան շինութիւններ:
Վաղքրիստոնէական բազիլիկա
Կեդրոնական թաղամասի պեղումները երեւան հանած են խոշոր սրբատաշ պլոքներով ու կրաշաղախով կառուցուած 5-6րդ դարերու բազիլիկ եկեղեցիի աղօթասրահի եւ կիսաշրջանաձեւ բեմի հատուածները, ինչպէս նաեւ կրաքարէ սկաւառակ մը՝ յարդարուած խաչային յօրինուածքով՝ յար եւ նման Հայաստանի զանազան յուշարձաններէն յայտնի վաղքրիստոնէական քանդակներուն (Երերոյք, Ծիծեռնավանք, Կողբ): Ասոնք կարեւոր վկայութիւններ են յօգուտ այն հանգամանքին, որ վաղ միջնադարուն Տիգրանակերտը կը պահպանէր հայկական նշանաւոր բնակավայրի իր կարգավիճակը:
Տնտեսական հորեր
Տիգրանակերտի տարածքի նախնական հետազօտութեան ժամանակ կեդրոնական թաղամասի յիւսիսային հատուածին մէջ նկատելի էին կլոր իջուածքներ: Անոնց մօտ գտնուած կարասներու կտորները կարծէք կը յուշէին, որ գործ ունինք կարասային թաղումներու հետ, որոնք ժամանակին թաղման հիմնական ձեւերէն մէկն էին: Սակայն պեղումները ցոյց տուին, որ անոնք 12-14րդ դդ. տնտեսական հորեր են՝ լեցուած կարասներու, կճուճներու եւ սափորներու ամբողջական եւ բեկորային օրինակներով:
Վաղքրիստոնէական քարայրային- պաշտամունքային համալիրը եւ ժայռափոր ջրանցքը
Կառոյցները կը ներկայացնեն գետի ժայռեղէն ափի մէջ փորուած եկեղեցիէ, նախասրահէ եւ տապանաբակէ կազմուած համալիր մը, դէպի ուր կ’առաջնորդէ ժայռափոր ճանապարհը, եւ որու պատերը պատուած են բազմաթիւ խաչային յօրինուածքներով, հայերէն եւ յունարէն քանի մը արձանագրութիւններով:
Յայտնաբերուած է ժայռափոր ջրանցք մը, որ ունեցած է նաեւ թունելային հատուած: Հաւանական է, որ ան կապ ունի Տիգրանակերտ քաղաքի եւ անոր կից գիւղատնտեսական հատուածի ջրամատակարարման հետ:
Գյաւուրկալա (անհաւատներու բերդ)
Պահպանուած են 5-6րդ դդ. եկեղեցիի աւերակները, սարկոՖագներով դամբարանադաշտը, խաչակիր կոթողներու մասերը, 5-6րդ դդ. խեցեղէնի բեկորներ: Այստեղ գտնուած սարկոՖակներէն մէկուն կափարիչը կը կրէր 9րդ դարու ընդարձակ հայերէն արձանագրութիւն, որ տեղափոխուած է Պաքու եւ ներկայ ճակատագիրը յայտի չէ: Բնակավայրի անուանումը, քրիստոնէական յուշարձանները, հայերէն արձանագրութիւնը լաւագոյնս կը վկայեն այս բնակավայրի քրիստոնէական-հայկական ինքնութիւնը:
Կուրգաններ
Պրոնզէդարեան-երկաթէդարեան մշակոյթը հիմնականին մէջ ներկայացուած է դամբարանային համալիրներու տեսքով: Դամբարանային համալիրներէն առաւել կ’առանձնանան կուրգանները՝ մօտ 6-12մ. բարձրութեամբ եւ 40-70մ. տրամագիծով: Նմանօրինակ դամբարանաբլուրներ Արցախի տարածքին մէջ պեղուած են Խոջալուի մերձակայքը, Շոշի եւ Քարաբլուրի մէջ: Կուրգանային մշակոյթը, ըստ շարք մը ուսումնասիրողներու, կը կապուի հնդեւրոպական հիմնախնդիրի եւ հնդեւրոպացիներու հնարաւոր տեղաշարժի հետ:
Վանքասար
Վանքասարի տաճարը կը պատկանի խաչաձեւ կեդրոնագմբէթ փոքրիկ եկեղեցիներու տեսակին: Ան շատ նման է Թալինի, Քարաշամբի եւ Այլաբերի փոքր եկեղեցիներուն եւ կը վերաբերի 7րդ դարուն: Եկեղեցիի բոլոր քարերը կը կրեն վարպետներու նշաններ, որոնց զգալի մասը հայերէն տառեր են՝ նոյնանման Սիսեանի 7րդ դարու տաճարի նշաններուն:
Տաճարի պատերուն վրայ կան քանի մը հայերէն արձանագրութիւններ, ժամանակին աղած են նաեւ խաչքարեր: Բարաւորը յարդարուած եղած է խաչային յօրինուածքով, զոր ատրպէյճանցիները քերած-հարթած են (ոչնչացուցած են): Զարմանելի է , որ այս ամէնն անտեսելով, ատրպէյճանցիները զայն յայտարարած են «աղուանական»:
Լորիկ Զարիկեան