Home / admin (page 11)

admin

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱԺՆՈՒԱԾ Է ՎԱՐՉԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ (3)

Տարբեր երկիրներու մէջ վարչատարածքային միաւորները տարբեր ձեւերով կրնան անուանուիլ մարզ, նահանգ, շրջան, երկրամաս եւ այլն: Տնտեսութեան առանձին ճիւղերու կամ ոլորտներու կառավարման համար ստեղծուած են նախարարութիւններ, օրինակ՝ կրթութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, բնապահպանութեան, պաշտպանութեան, ներքին գործերու, եւայլն: Այսպէս, պետական կառավարումը կը կատարուի երկու ձեւերով՝ ճիւղային եւ տարածքային: Պատմական զարգացման ընթացքին, պետութիւններու արտաքին …

Read More »

ՊԵՏՐՈՍ ՍԵՐԵՄՃԵԱՆ

            Բնիկ Էտիրնեցի, յետոյ Ֆիլիպէ հաստատուած, բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ: Ազգային վարժարանը աւարտելէ վերջ, կը յաճախէ պուլկար երկրորդական վարժարանը, աւելի ետք կ՛աւարտէ պահեստի սպաներու դպրոցը: Մանուկ հասակէն աշխոյժ եւ յանդուգն էր: Պուլկար յեղափոխական գրականութիւնը իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր. կը ցաւէր, որ իր հայրենիքը դեռ Սուլթանի տիրապետութեան տակ գերի էր: …

Read More »

ԶԱՏԻԿ Ս.ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Զատիկուան տօնին հետ կապուած են հնաւանդ կարգ մը սովորոյթներ, որոնցմէ գլխաւորը հաւկիթ ներկելն է: Հաւկիթը, իր արտաքին ձեւով եւ ներքին կազմով, կը ներկայացնէ աշխարհը: Հաւկիթին դեղնուցը կը պատկերացնէ երկիրը, սպիտակուցը՝ ջուրը, մաշկը՝ օդը, իսկ կեղեւը՝ երկինքը: Այլ խօսքով, հաւկիթը բնութեան սկիզբն է, սերմը եւ անվախճան պատճառը համագործակցութեան: Հնդկաց «Մանու» դիցաբանական …

Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ (2)

          Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ներկայի պետական տարածքը եւ սահմանները ժառանգութիւն ստացած է Հայկական ԽՍՀ-էն, որ կազմաւորուած էր Առաջին հանրապետութեան տարածքին մէկ մասին մէջ: buy essays Առաջին հանրապետութեան պետական տարածքն ու սահմանները անոր գոյութեան համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ վերջնական ձեւակերպում չստացան: Սկիզբը, երբ 1918 թ. Մայիսին Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը անկախ …

Read More »

ԹՈՐԳՈՄ (ԹՈՒՄԱՆ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՑ)

«Թորգոմը արդէն կազմակերպող էր, կենդանի գործի մարդ: Ջրաբերդի շրջանում (Կարսի կուսակցական տեղանունը) չմնաց մի գիւղ, ուր Թորգոմը մտած չլինէր: Մինչեւ Թորգոմը՝ Ջրաբերդի շրջանում կար մանսակի եւ անկանոն կազմակերպութիւն. Թորգոմի օրով էր, որ խմբական կազմակերպութիւնը դառնում է համայնական, գիւղի ամբողջ համայնքն է մասնակցում կուսակցական գործին»: Արամ Մանուկեանի այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը …

Read More »

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՀՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (1)

Շուրջ 600 ամենայ ընդմիջումէ յետոյ, 1918 թ. վերականգնեցաւ հայկական ազգային պետականութիւնը՝ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ ընդունուած է որպէս Առաջին Հանրապետութիւն: Յիշենք որ նախքան հայկական պետութիւնը թագաւորութիւններ  ունէինք, այսինքն՝ ունեցած ենք կառավարման միապետական ձեւ: 1920 թ. Նոյեմբերին, Հայաստանը Խորհրդայնացաւ եւ սկսաւ կոչուիլ Հայաստան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (ՀԽՍՀ): Շուտով ան դարձաւ Խորհրդային …

Read More »

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ paper writing             Գաղափարապաշտութիւն, սեփական անձի ամբողջական նուիրումներով լրացուած: Գործունէութիւն, ուժականութիւն, մարտունակութիւն, արիութիւն: Վճռակամութիւն եւ զոհաբերութեան անսահման պատրաստակամութիւն՝ հաւաքական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Անշահախնդրութիւն, ուղղամտութիւն, պարկեշտութիւն, համեստութիւն, ընկերական փոխադարձ սէր ու գուրգուրանք: Կարգապահութեան ոչ միայն լոկ կանոնական, այլ էապէս յեղափոխական բարոյական ըմբռնում:           Այսպէս բանաձեւուած է դաշնակցական …

Read More »

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ Պաքուի գորշ երկինքին տակ, անծանօթ դամբարանի մը մէջ կը հանգչի «հայ մարտական կազմակրպութեան ամենաընտիր նժոյգներէն» Սեբաստացի Մուրատ: Ան, որուն կեանքը անհաշիւ արիւնալի արկածներու շարք մը եղաւ Սեբաստիայէն Սասուն, Սամսուն, Երզնկա, Պոլիս, Զանգեզուր, Պոնտոս եւ մինչեւ Պաքու: Հ.Յ.Դաշնակցութեան ‎ֆետայական փաղանգի ընտրեալագոյն ներկայացուցիչներէն էր Սեբաստացի Մուրատը: 4 Օգոստոս 1918ին, ան …

Read More »

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ write an assignment Ընկերութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, բայց մարդիկ կը մնան նոյնը, հետեւաբար այն ինչ որ օգտակար եղած է ասկէ հարիւր կամ հազար տարի առաջ կրնայ այսօր ալ օգտակար հանդիսանալ: Փորձուած խրատը, ընդհանրապէս գործնական մեծ արժէք ունի: Այստեղ ընկերային կարողութիւններու վերաբերեալ 8 խորհուրդներ կան անցած 2500 …

Read More »

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն Ծրագիր, Աշխարհայեացք, Պատմափիլիսոփայութիւն Ամէն քաղաքական կուսակցութիւն կ՛ունենայ իր ծրագիրը, ուր կը ճշդէ իր աշխահայեացքը, այսինքն  մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին իր ըմբռնումը, կը սահմանէ ու կը հիմնաւորէ իր նպատակը, կը պարզէ իր ռազմագիտութիւնն ու ռազմավարութիւնը, եւ կը թուէ իր նպատակէն ու աշխարհայեացքէն բխող անմիջական պահանջները: Ամէն ծրագիր կ՛ունենայ իր …

Read More »