Home / admin (page 3)

admin

Գիտութիւնը եւ Կրօնը

                       Սովորաբար, գիտութեան եւ կրօնի հաշտարարները, ապացուցելու համար որ կրօնը յետամնացութեան յատկանիշ չէ, կը դիմեն շարք մը մեծ գիտնականերու հաւատացեալ ըլլալու փաստին, ինչպիսին էին Պղատոնը, Բասթէօրը, Բասկալը, Նիւթոնը, Տարուինը եւ շատեր: Սակայն, այդ օրինակները գրեթէ ոչինչ ապացուցելով, որոշ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն անաստուածներու մօտ, ստիպելով անոնց մտածել գիտութեան եւ կրօնի հաշտութեան …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը 7-րդ Դարէն Ետք

Հայաստանը՝ Արաբական Ազդեցութեան Շրջանին.- 7-րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ Արաբները մուտք գործեցին Հայկական բարձրավանդակ եւ այնուհետեւ շուրջ չորս դար, Հայաստանը մնաց ենթակայ արաբական ազդեցութեան: Աւելի ճիշդ՝ ան կռուախնձոր հանդիսացաւ բիւզանդական եւ արաբական կայսրութեան միջեւ: Մէկ բան որոշ է սակայն, այն՝ որ Արաբները, որոնք իրենց քաղաքակրթութեան, Կրօնքին, երբեմն նաեւ ենթարկեցին բազմաթիւ հզօր …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը Մինչեւ 7-րդ Դար

1.- Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորման Շրջանը.- Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ուրարտուի պետութեան անկումը երկարող շուրջ երկու հազար տարուան շրջանը, հայ ժողովուրդի աստիճանական կազմաւորման շրջանն է: Հայկական Բարձրավանդակի, Տիքրիսի եւ Եփրատի վերին հովիտներուն, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի զանազան շրջաններուն մէջ միաժամանակ ապրած կամ իրարու յաջորդած ցեղային միութիւնները, ոմանք ազիանիկ ծագումով, ոմանք …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին:           Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ …

Read More »

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք:         Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, …

Read More »

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՅԴ 125 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼՍԱՐԱՆ

                Քրիս­տա­փոր Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թիւնը, մնա­լով պատ­նէ­շի վրայ, կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը հա­լէ­պա­հայ կեան­քէն ներս: Միու­թիւնը Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 125 ամ­եա­կին առի­թով կազ­մա­կեր­պեց լսարան մը, որ ու­ղիղ եթե­րով սփռ­ուե­ցաւ նա­եւ հա­մայն հա­յութ­եան, Ռատիօ Երա­զի մի­ջո­ցով: Լսա­րա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Երեքշաբ­թի, 15 Դեկ­տեմ­բեր 2015-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 6:00-ին, ԱՄԺ­Տան «Լե­ւոն Շանթ» սրա­հէն ներս, …

Read More »

Պատմութեան Ընթացքին Պատահած Երկրաշարժներ Հայաստանի Մէջ

             Հայաստան իր դիրքով լեռնային երկիր մը եղած է: Անիկա Սեւ, Կասպիծ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ գտնուելով, կազմած է տեսակ մը լեռնակղզի: Հայաստան լեռնադաշտ մըն է, զոր եւրոպացիները կոչած են ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ:                 Հայաստանի լեռներէն շատերը հրաբուխ եղած են ժամանակին, բայց այսօր անոնք մարած են …

Read More »

Զարգացում, Ազատութիւն եւ Գիտակցուած Պատասխանատուութիւն

        Ազատութիւնը կը մնայ գլխաւոր առանցք զարգացած եւ մշակուած մարդու մտածումներուն, խօսքին, աշխարհահայացքին, մտաթռիչքներուն, երազներուն, անծանօթ հորիզոններ արշաւելու եւ նուաճելու փորձերուն, հեռանկարներուն…: Անոր համար ազատութեան ձգտումը, հոգեմտաւոր կաշկանդումներէ ձերբազատումը շատ աւելի կը նշանաւորուին քան ինքնութեան որոնումը, ինքնաճանաչողութիւնը:          Պարզ բացատրութեամբ՝ զարգացումը կը մնայ անկատար եւ ապազդեցիկ առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը՝ …

Read More »

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան շուրջ, Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր նահատակներուն յիշատակի անմար կրակը կը շարունակէ բոցավառիլ: Հայութեան համար այս դատը ունի երկու երես՝ զգացական եւ գիտական: Անկարելի է, որ հայ մը ցեղասպանութիւն բառը լսելով չընդվզի, չալեկոծի անոր հոգին, չտառապի …

Read More »

Ինքնավստահութիւն

  Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը վարուի բնականապէս առանց մտահոգութեան կամ վախի: Իր վարմունքներուն ինքն է որ կ’իշխէ անոնց վրայ եւ ոչ թէ ուրիշը: Անոր հակառակը անինքնավստահութիւնն է, որ կը ձգէ անձը վարուի եւ կարծէս թէ քննութեան տակ է բոլոր շուրջիններուն …

Read More »